Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խիստ բազմացած են ոճիրները՝ ներգրաւելով երիտասարդներ, ու աւելի դաժան դարձած: Ընդ որում ոճիրներ հիմա աւելի շատ կը պատահին ոչ թէ ընկերային, երբ օրինակ գողեր դիտաւորեալ կը սպանեն ականատես մը, այլ՝ վրիժառութեան պատճառներով: Զիրար կը սպանեն ծուռ խօսքի մը, ծուռ նայուածքի մը, բարձր ձայնի, կատարուած նկատողութեան եւ նման անհեթեթ այլ պատճառներով: Գուցէ անհաւատալի թուի, բայց Հայաստանի մէջ մարդիկ պատրաստ են զիրար սպանելու ոչ մէկ պատճառի համար: Օրինակ, միայն այն դէպքը, որ պատահեցաւ 13 յունիսին, վերահաստատեց, որ Հանրապետութեան բնակիչներուն մէջ սաստիկ թշնամանք (aggression) կայ եւ չնչին առիթով մը, ան դուրս կը յորդի: Այլ տեղ մը սպանուած է 26-ամեայ երիտասարդ մը, որ պարզապէս նկատողութիւն կատարած էր անչափահասի մը ինքնաշարժը արագ քշելուն համար, որմէ ետք երիտասարդը գնդակահարած էին: Երիտասարդը Քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն մասնակից էր:
Իրաւաբանները յաճախ կը նշեն, որ անմեղութեան վարկած գոյութիւն ունի, շատ լաւ, ես անձամբ չեմ կրնար ըսել, թէ ո՞վ սպանած եւ ինչո՞ւ, բայց չէ՞ որ երիտասարդը սպանուած է: Ուրեմն մէկը ըրեր է այդ: Ընդ որում յատկապէս Երեւանի են բազմացած են այդ ողբերգութիւնները: Երեւանի փողոցներուն մէջ, ամէն չնչին առիթով, երիտասարդները դանակ կը հանեն իրարու դէմ, ամէն սուր խօսք մահուան պատճառ կրնայ դառնալ: Չ’անցնիր ամիս մը, երբ քանի մը ծանր դէպք չպատահի: Երիտասարդները կը սպանեն զիրար: Ու այս մէկը հասկնալի ու բացատրելի չէ որեւէ ձեւով:
Ի՞նչ կը կատարուի մեր հետ: Ի՞նչ սատանայ մտած է մեր մէջ, որ մենք ձեռք կը բարձրացնենք թանկագոյնին՝ կեանքի վրայ: Ի՞նչ դասստիարակութիւն կը ստանան մարդիկ, որ թքած ունին դիմացինին կեանքին վրայ եւ չեն խորշիր իրենց ձեռքերը արիւնոտելէ: Ու նոյնիսկ 2020-2023 թուականներու ողբերգութիւնները մի՞թէ բաւական չէին, որ ամէն հայ ընտանիքի մէջ ամէն հայր փառք տար Աստուծոյ, որ իր զաւակը ողջ է ու գնահատէր թէ՛ զայն, թէ՛ միւսները, որ դեռ ողջ են ու աւելի մեծ խնամքով լեցուին իրարու հանդէպ: Այդ ի՞նչ մտքերով կ’ապրին մարդիկ, որ թթու խօսքի մը համար պատրաստ են զիրար մորթելու: Ընդ որում այս տողերուն մէջ կաթիլ մ’իսկ չափազանցութիւն չկայ, դժբախտաբար: Ընդ որում անգլիացները հրաշալիօրէն կը բանաձեւեն, թէ «ճիգ մի թափէք ձեր երեխաները դաստիարակելու: Միեւնոյնն է, անոնք ձեզի պիտի նմանին: Դուք ձեզ դաստիարակեցէք»:
Այսօր, երբ ընդհանրապէս կը խօսքինք հայրենիք փրկելու, թուրքին դէմ պայքարելու եւ նման այլ թեմաներու մասին, զայրոյթ կը պատճառէ այն անմիտ չարակամութիւնը, որ ունինք իրարու հանդէպ: Մենք նոյնիսկ իրարու հետ խօսիլ չենք գիտեր: Ամէն երեք վէճի երկուքը կ’աւարտի կրակոցներով կամ դանակահարութեամբ, իւրաքանչիւր հինգին մէկը` մահով: Եւ դեռ մենք ուշքի չենք գար ու չենք կրնար հասկնալ, որ այսքան թշնամական զգացում մեզ կը կործանէ ներսէն: Մենք ինչ որ յիմար ու սահմանափակ պատկերացումներ ունինք պատիւի ու արժանապատւութեան մասին: Այլապէս անհասկանալի է, թէ ինչո՞ւ այսքան ծանր կը տանինք մեր հասցէին ըսուած որեւէ բառ: Մեր երիտասարդները կ’ապրին փիլիսոփայ Հոպսի (Thomas Hobbes) «մարդը գայլ է մարդու համար» սկզբունքով: Բայց ինչո՞ւ: Ինչպէ՞ս պատահած է, որ մենք այսքան անզուսպ ենք դարձած ու թքած ունինք մեր վրայ ալ, դիմացինին վրայ ալ:
Հարկ է նշել, որ հիմա Հայաստանի մէջ աւելիով կենսունակ է 90-ականներուն ծաղկած քրէական պատկերացումները: Խորհրդային Միութենէն մենք շատ վնասներ ստացած են, բայց խորհրդային ժառանգութեան ծանրագոյն բաժինը խորհրդային կայսրութեան մէջ տակաւին 40-50-ականներէն արմատաւորուած «աւազակային կեանքն ու գողերն են»: Այսինքն անոնք, որոնք կը հակադրուին օրէնքին եւ օրինականութեան, կ’ապրին իրենց չգրուած օրէնքներով ու աւելի վոհմակային բարոյականութիւն ունին, քան մարդկայնութիւն: 90-ականներուն այդ քրէական մտածելակերպը դարձած էր համընդհանուր: Կը թուէր թէ 2015-էն ետք դանդաղ նահանջ կ’ապրէր, բայց հիմա ան բաւական տարածուած է ու մահաբեր, որովհետեւ այդ քրէական կարծրատիպերը հայ երիտասարդը կը վերածեն արիւնախում երեւոյթի մը:
Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այն, որ ուսանողը այնպէս կը ծեծեն, որ կը մահանայ, կամ 19 տարեկանը կը սպանէ 17 տարեկանը: Ընդ որում, հաշուի առէք, որ պատճառը ընդհանրապէս ոչ դրամն է, ոչ սիրած աղջիկը, ոչ ալ վերջին ժամանակներուն սրուած քաղաքական քաշքշուկները, այլ՝ խենթութեան հասնող պատուասիրութիւնը: Ընդ որում անոնց մտքերուն մէջ հայրենիքի գաղափարը բաւական քիչ տեղ կը գրաւէ եւ անոնք աւելի զբաղած են ճշմարտութեան ու արդարութեան մասին նեղմիտ փիլիսոփայութեամբ: Այս ամենեւին ալ զուարճալի չէ: Կողքէն դիտողը թերեւս ծիծաղի, թէ այդ ի՞նչ հետաքրքրական հասարակութիւն մըն է, որուն համար արդարութեան ու ճշմարտութեան գաղափարը այնքան թանկ է, որ արիւնով կը պաշտպանեն, բայց իրավիճակը իսկապէս սարսափեցնող է: Որովհետեւ մարդիկ եւ յատկապէս երիտասարդներն ու անչափահասները, որ տաքարիւն են փորձառութեան պակասի ու տարիքի բերումով, անզիջող են ու դաժան: Անոնց շատերը վախ եւ ամօթ չունին: Վախի բացակայութիւնը զանոնք կը դարձնէ վտանգը արհամարհող, ամօթի բացակայութիւնը` ոչինչէ խորշող: Եւ ի՞նչ պիտի ընեն այն երիտասարդները, որոնք համարձակ են ու ոչինչէ կը վախնան:
Բայց մեր մօտ տեսակ մը անհասկնալի լռութիւն կը տիրէ այս առումով: Մենք պէտք չէ բաւարարուինք «երիտասարդութիւնը անդաստիարակ է» յիմար արտայայտութեամբ, կամ ալ ծայրայեղ պարագայի, Իվան Թուրկենեւի «Հայրեր եւ որդիներ»էն (Ivan Turgenev, “Fathers and Sons”, 1862) մէջբերում կատարենք (թէեւ այնքան նահանջային ժամանակներ կ’ապրինք, որ մեծամասնութիւնը ո՛չ գրողին ծանօթ է, ո՛չ ալ գործին) սերունդներու միչեւ գաղափարական տարակարծութեան ու ոչնչապաշտութեան (nihilism) մասին ու լռենք:
Այն ինչ որ կը կատարուի փողոցները, գիշերային ակումբներու մէջ, շէնքներու բակերը աննկատելի ջարդ մըն է, որ մենք կը գործադրենք մեզի հանդէպ: Եւ այս մէկը այսօրուան մեր մեծագոյն հարցերէն մէկն է: Այդ անհանդուրժողականութիւնը, որու արտայայտութեան ձեւերէն մէկն ալ ակրեսիւ երիտասարդութիւնն է: Քիչ չեն դէպքերը, երբ համացանցով իրարու հայհոյելէ ետք, կ’երթան իրարու հետ հաշիւներ մաքրելու, կամ փողոցը մէկը միւսին չզիջելու փաստը աւելի ուշ եւ մութ ժամերուն կը վերածէ իսկական ծեծի ու ջարդի: Բայց մի՞թէ հարկ կայ հատ-հատ նշելու բոլոր դէպքերը: Բաւական շնական (cynic) եւ տխուր արտայայտութիւն մը գոյութիւն ունի․ «մէկ մահը ողբերգութիւն է, հազարաւորները` վիճակագրութիւն»: Հիմա ի՞նչ, նստինք ու ցուցա՞կ թարմացնենք իւրաքանչիւր նոր առիթի:
Հասկնալի է, որ տասնամեակներով վախի մթնոլորտի մէջ ապրած, յետոյ կտրուկ ազատութիւն ստացած ժողովուրդ մը կրնայ այլասերիլ: Հասկնալի է, որ պատերազմի մէջ ծանր պարտութիւնը կրնայ ներքին չսպառած ակրեսիան (aggression) ուղղել իրարու դէմ, բայց այս մէկը վարկածային (hypothetic) վտանգ մը չէ, այլ՝ իրականութիւն: Մարդիկ լոկ այնպէս կը սպանեն զիրար: Ոչ մէկ պատճառի համար: Յետո՞յ: Մենք ինչպէ՞ս պիտի կանխենք այս ներքին սպանդը: Ես չեմ ուզեր այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ Երեւանի մէջ առաւօտէն մինչեւ երիկուն խուլիկաններ զիրար կ’ոչնչացնեն ու փողոցը քալելը վտանգաւոր է: Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ: Երեւանն եւ Հայաստանը կը շարունակեն աշխարհի ամենէն ապահով վայրերէն մէկը մնալ, բայց անոր զուգահեռ մենք ունինք ձեւով մը այլանդակած ու սեւցած դաստիարակութիւն մը պատիւի մասին, որ սուղ կ’արժէ մեզի:
Ու հոս պէտք է հասարակութեան ամէն անդամ լարէ իր ուժերը: Բոլոր անոնք, որոնք թերեւս նուազագոյն հեղինակութիւն ունին, պէտք է առաջնահերթ կարեւորութիւն տան երիտասարդներու խանգարուած հոգեբանութեան՝ զանոնք կրթելով: Սորվեցնելով, որ կեանքը սուրբ է եւ կարելի չէ զայն վտանգել սոսկ այնպէս ու կարելի չէ զայն խլել լոկ այնպէս: Բայց հետեւելով մեր պատկերսփիւռային սերիալներուն ու ֆիլմերուն, որոնք լեցուած են դաժանութեամբ ու լրբութեամբ, ընկեային ցանցերը, որոնք լի են նախնական, մակերեսային մտայնութեամբ, անընդհատ eroticism-ով եւ անզուսպ ատելութեամբ, որ տեղ մը տրամաբանական կը սկսի դառնալ, թէ այդ կեղտին մէջ մեծցող պատանին բնական տեսնէ թթու բառի մը համար կոկորդ կտրելը: Բաց աստի, հասարակութեան գրեթէ բոլոր շերտերուն մէջ կայ այդ այալասերած պատուասիրութիւնը, որ անձամբ ինքը աշխարհի կեդրոնն է եւ իր հասցէին ըսուած որեւէ բառ եւ արարք, հարուած է ճշմարտութեան եւ ինք պատրաստ է պաշտպանելու այդ ցնդաբանութիւնը, թէկուզ եւ մեռնելու կամ սպանելու գնով:
Անհատականացման այս դարաշրջանին, երբ ամէն կողմէ կը ճչան, թէ այս մարդակեդրոն աշխարհ մըն է, կը մոռնան, որ երիտասարդը կը դաստիարակեն ոչ թէ պատուախնդիր, այլ` եսապաշտ, ոչ թէ` արժանապատիւ, այլ` անձնասէր: Ոչ մէկ երիտասարդ վատ կը ծնի, այլ զայն վատ կը դարձնէ չափահասներու փտած միջավայրը: Բայց մենք այս մէկը երբե՛ք չենք ընդունիր ու չենք հասկնար, կը շարունակենք աւելի նեխած պատկերացումներ տալ երիտասարդներուն, որովհետեւ ատակ չենք լաւ օրինակ ծառայելու: Ու հետաքրքրական է, թէ ի՞նչ կը զգան այն ծնողները, որոնց զաւակները կը յայտնուին կա՛մ բանտի, կա՛մ գերեզմանի մէջ` զոհ երթալով պատիւի մասին ծուռ պատկերացումներու:
Աւստրիացի քոմբոզիթոր Կիւսթաֆ Մահլեր (Gustav Mahler) ըսած է․«աւանդոյթը սերունդէ սերունդ կենդանի կրակ փոխանցելն է, ոչ թէ մոխիրի պաշտամունքը»:
Առաջարկություն չկա՞։ Միայն քննադատելը հեշտ է…
Շնորհակալութիւն