Ընկերային ցանցերուն դերը երեխայի հոգեկան աշխարհին մէջ

Image Source - Design Boom

Վերջին տասնամեակին լրատուամիջոցներուն եւ հաղորդակցական ցանցերուն աճը եղաւ արագ եւ կտրուկ։ Ընկերային ցանցերը գրեթէ մշտական ներկայութիւն են դեռահասներու կեանքին մէջ եւ վստահաբար ունին իրենց թէ դրական եւ թէ ժխտական ազդեցութիւնները։

Անկասկած, ընկերային ցանցերը կենսական դեր կը խաղան դեռահասներու կեանքին մէջ՝ ընդլայնելով անոնց ընկերային կապերը եւ օգնելով անոնց արժէքաւոր գիտելիքներ եւ հմտութիւններ ձեռք բերելու։

Միացեալ Նահանգներու մէջ դեռահասներու 45  տոկոս-ը «գրեթէ անընդհատ» առցանց է. ըստ անոնցմէ շատերուն, ընկերային լրատուամիջոցները դրականօրէն ազդած են իրենց ընկերային առողջութեան վրայ։ Անոնք կը վկայեն, թէ ընկերային ցանցերը առիթ ընծայած են իրենց ինքնադրսեւորուելու, նոր մարդոց ծանօթանալու եւ հետաքրքրական զրոյցներ մշակելու անոնց հետ, նորութիւններ եւ տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու, հանդիպելու ուրիշներու եւ անոնցմէ աջակցութիւն խնդրելու։ Մէկ խօսքով, անոնց կարծիքով, ընկերային ցանցերը կը դիւրացնեն դեռահասներուն կապերը իրենց ընտանիքին, ընկերներուն, թէ այլ մարդոց հետ`զգացնել տալով, թէ իրենք «յարմարած են» որոշ խումբի մը եւ ալ մեկուսացած կամ մինակ չեն զգար։

Միսուրիի համալսարանի ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ ընկերային ցանցերով օգտուողներ, որոնք աշխուժօրէն կը հրապարակեն կամ մեկնաբանութիւններ կը կատարեն կապի մէջ մնալու համար ընկերային միջավայրին թէ ընտանիքի անդամներու հետ, ընկերայնօրէն շատ աւելի առողջ են քան անոնք, որոնք ընկերային լրատուամիջոցները կը գործածեն «հսկողութեան» համար, պարզապէս հետեւելով ուրիշներուն, առանց ոչ մէկ գրառումի կամ մեկնաբանութեան։

Այս բոլորէն ետք, սակայն, ինչո՞ւ Ամերիկեան Մանկաբուժութեան Ակադեմիան կը նախազգուշացնէ ծնողները`թելադրելով, որ իրենց զաւակները չօգտուին ընկերային ցանցերէն։

Ամերիկեան Մանկաբուժութեան Ակադեմիան առաջին անգամ օգտագործած է «Facebook depression» արտայայտութիւնը իր զեկոյցներէն մէկուն մէջ, ուր կը թուարկէ ընկերային լրատուամիջոցներու «ներուժը»՝ հոգեկան առողջութեան խնդիրներու յառաջացման մէջ:

Facebook-ը միակը չէ այս հարցի մէջ. պարզուած էր, որ այնպիսի կայքեր, ինչպէս Youtube, Ինսթակրամ, ԹիքԹօք եւ խաղի կայքեր մարդոց կեանքին մէջ ունին իրենց բացասական ազդեցութիւնը։

Հետազօտողները նոր սկսած  են կապ հաստատել հոգեկան ճնշուածութեան եւ ընկերային լրատուամիջոցներուն միջեւ։ Անոնք կը նշեն, որ ընկերային ցանցերը կրնան աւելի ցաւոտ դարձնել մարդուն մէջ արդէն իսկ առկայ տագնապները, նուազեցնելով ընկերային աշխուժութիւնը եւ զարգացնելով միայնութեան ապրումները։

Ըստ Facebook-ի առաջին նախագահ Սիր Փարքըրի, Facebook-ի մէջ «like»`«հաւանել» յատկանիշը ստեղծուեցաւ, որպէսզի օգտագործողին մօտ խթանէ dopamine քիմիական ազդակը, քաջալերելով զայն աւելի ու աւելի աշխոյժ ներկայութիւն ունենալու կայքին վրայ. «Ասոր նպատակն էր շահագործել մարդու հոգեբանութեան խոցելութիւնը» կ՛աւելցնէ ան։

Միւս կողմէ, մենք նաեւ գիտակից ենք, թէ ընկերային լրատուամիջոցներու հարթակներ բազմաթիւ PhD-ի մակարդակով ուսումնասիրողներ գործի կը դնեն եւ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն՝ յայտնաբերելու համար, թէ ինչպէս կրնան «ստիպել» օգտատէրերը աւելի ժամանակ անցնելու իրենց հարթակներուն վրայ։ Այսպէս կոչուած «համոզիչ արհեստագիտութիւն»ը օրէ օր աւելի հասկնալի կը դառնայ ընկերային ցանցերու աշխարհին մէջ, ուր կախուածութեան յանգեցնելու միտումը բացայայտ է։ UCLA-ի ուղեղի քարտէսագրման կեդրոնի հետազօտողներու կատարած ուսումնասիրութեան ժամանակ պարզուած է, որ դեռահասներու ուղեղի որոշ հատուածներ կ’աշխուժանան ընկերային ցանցերու «Like»երով, երբեմն ստիպելով զիրենք աւելի շատ օգտուիլ ընկերային այդ ցանցերէն։

Դեռահասներու զարգացող ուղեղը ոչ միայն խոցելի է համացանցի վրայ շատ ժամանակ անցնելու պատճառով, այլ նաեւ անոր համար, որ դեռահասներ յաճախ դժուարութիւն ունին կարգաւորելու իրենց առցանց սպառած ժամանակը, ինչ որ կ՛աւելցնէ անոնց կախեալ վիճակի վտանգը։

Համացանցի վրայ շատ ժամանակ անցնելը կրնայ զարգացնել կարգ մը առողջական խնդիրներ, զանազան պատճառներով, եւ օրէ օր աւելի ու աւելի մեծ թիւով ապացոյցներ կը բացայայտուին, որոնք կու գան հաստատելու ընկերային ցանցերու եւ հոգեկան ընկճուածութեան միջեւ կապը։

Հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները կը վկայեն, որ դեռահաս օգտատէրերը, որոնք իրարու հետ կ՛անցընեն Facebook-ի , Instagram-ի կամ այլ հարթակներու վրայ, ունին ընկճուածութեան աւելի բարձր մակարդակ, քան անոնք որոնք քիչ ժամանակ կը տրամադրեն այս հարթակներուն վրայ։ Կը խօսուի 13-էն մինչեւ 66 տոկոս տարբերութեան մասին։

Հոս պէտք է ըսել սակայն, որ այս նոյն ուսումնասիրութիւնները  ցոյց կու տան, որ այդ տոկոսին աճը ոչ թէ պատճառական է, այլ յարաբերական, որովհետեւ ճնշուածութեան աճը տեղի ունեցած է Smartphone-երու օգտագործման աճման զուգահեռ։ Գիտնական Ժան Տուէնկէն նկատած է, որ ճնշուածութեան ախտանիշներու բարձր մակարդակ ունեցող դեռահասներու թիւը 2015-ին աւելի էր քան  2010-ին, նշելով որ Smartphone-երը շուկայ մուտք գործեցին 2007-ին, եւ մինչեւ 2015 թուական անոնք արդէն իսկ լայնածաւալ կերպով կը գործածուին դեռահասներու կողմէ: Ամերիկայի մէջ գործածութեան տոկոսը կազմէ  92%։

Հոգեկան ճնշուածութիւնը բարդ խնդիր է, եւ դժուար է յստակ պատասխան տալ, թէ մենք ինչու կը տեսնենք անոր շարունակական աճը։ Անդին, բազմաթիւ փորձագէտներ կը մատնանշեն զգալի տոկոսով մեր ընկերային կեանքին մէջ թուային աշխարհի տիրապետութիւնը եւ անոր խոր ազդեցութիւնը բազմաթիւ ձեւերով, որոնք տակաւին լիովին հասկնալի չեն մեզի համար։

Ճիշդ է, որ վերջնական փաստեր չկան ապացուցելու, որ ընկերային ցանցերու օգտագործումը  ճնշուածութիւն կը յառաջացնէ, սակայն պէտք է արթուն ու զգօն ըլլալ նախազգուշական որեւէ նշանի բացայատման պարագայի։ Այդ ախտանիշերը պէտք է լրջութեամբ քննարկել՝ նախքան որ տեսնենք  անոնց ժխտական ազդեցութիւնը մեր զաւակներու կեանքին մէջ։

Հոս եկեք փակագիծ մը բանանք, նշելու համար, որ ինչպէս կրնայ համացանցի աշխարհը պատճառ դառնալ դեռահասներու հոգեկան ճնշուածութեան ախտանիշերու ուժեղացման, որքան ալ որ համացանցի եւ հոգեկան ճնշուածութեան պատճառահետեւանքային կապը տակաւին ամբողջութեամբ յայտնաբերուած չըլլայ հետազոտողներու կողմէ։ Այս ուղղութեամբ աշխատանքները եւ ուսումնասիրութիւնները տակաւին լիարժէք չեն. կան միայն քանի մը լուրջ ուսումնասիրութիւններ որոնք ցոյց կու տան համացանցի վրայ երկարատեւ օգտագործման կապը հոգեկան ճնշուածութեան հետ։

Ըստ The Pittsburgh School of Medicine-ի կողմէ կատարուած աշխատութեան, անոնք որոնք ընկերային լրատուամիջոցներ կը գործածեն 2.5 անգամ աւելի հակամէտ են հոգեկան ընկճուածութեան։

Ընկերային լրատուամիջոցները կարծէք ստեղծուած են  պարծենալու համար. հոն բոլոր իրերը, իրադարձութիւնները եւ նոյնիսկ երջանկութիւնը երբեմն մրցակցութեան մէջ են։ Հոն կը ներկայացուին մարդու կատարեալ ու լաւագոյն փորձառութիւնները՝ ներշնչելով այն զգացումը կարգ մը դեռահասներու մօտ, թէ իրենց ընկերները աւելի հետաքրքրական կեանք  կը վարեն քան իրենք։ Անոնք կրնան զգալ նուազ հանրաճանաչ, երբ իրենց հասակակիցներէն մէկն ու մէկը աւելի շատ հաւանումներ (likes) կը ստանայ։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է, որ մասնագէտներ կը կարծեն, որ ընկերային ցանցերը կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ անոնց վրայ, որոնք հոգեկան առողջութեան հետ կապուած խնդիրներ ունին։

Ընկերային լրատուամիջոցներու կայքերը դեռահասներուն մէջ շատ յաճախ կը ներշնչեն այն զգացողութիւնը կամ ընկալումը, որ ուրիշները շատ աւելի կը զուարճանան, աւելի լաւ կեանք կ’ապրին, աւելի լաւ բաներ կը զգան։ Այս բոլորը իրենց մէջ կ’արթնցնէ խոր նախանձի զգացումը եւ կ’ազդէ անոնց ինքնավստահութեան վրայ։ Հոս իրենց մէջ ծնունդ կ’առնէ նոր վախ մը՝ «ինչ-որ բան փախցուցած ըլլալ»ու վախը ( FOMO- Fear of missing out), ինչը կը ստիպէ զիրենք միշտ կապուած մնալու վերոյիշեալ ցանցերէն, այլապէս անոնք կրնան մտածել, որ կրնան անջատուիլ ընկերական իրենց շրջանակներէն։ Նմանները հակուած կ’ըլլան անընդհատ հետեւելու իրենց ընկերներուն իւրաքանչիւր գրառման՝ աստիճանաբար աւելի ու աւելի կապուածութիւն ստեղծելով համացանցին հետ, ինչ որ կրնայ բաւական արագ վերածուիլ վնասակար վարքագիծի, ենթական ներգրաւելով բացասական ոլորտի մը մէջ, փոխանակ զայն մղելու մտքի համար աւելի օգտակար գործողութիւններու։

Երկար ժամերով զբաղումը համացանցին վրայ բնականաբար պիտի ազդէ նաեւ դեռահասի քունին, եւ երբ ան բաւարար չէ քնացած, պիտի դառնայ անտրամադիր, ցրուած, անգործունեայ, անարդիւնաւէտ, ինչ որ իր մէջ պիտի ստեղծէ հոգեկան ընկճուածութիւն եւ անհանգստութիւն։

Նախապէս ծնողներ կը սարսափէին, որ իրենց զաւակները համացանցի վրայ նոր մարդոց  կը հանդիպին. այդ վախը կայ տակաւին: Աւելին. այսօր ընկերային լրատուամիջոցներու եւ հաղորդակցութիւններու աճման հետ, յաճախ այն մարդիկը, որոնք կը ճանչնանք իրական կեանքի մէջ, կրնան իրենք եւս վնաս հասցնել մեր փոքրիկներուն, համացանցային բռնաճնշման ենթարկելով զանոնք։

Անձեր, որոնք իրական կեանքի մէջ չեն կրնար բռնաճնշել իրենց դիմացինը, թերեւս անոր համար, որ իրենք միշտ ենթակայ եղած են բռնութեան, «քաջութիւնը» կը գտնեն այդ բանը ընել ստեղնաշարի կամ բջիջային հեռախօսի ետեւէն։ Աւելին, անոնք կրնան ընկերային ցանցերով կամ խաղերու միջոցով դժոխքի վերածել դեռահասի մը կեանքը, անոր մասին բացասական, վնասակար, կեղծ կամ վարկաբեկիչ բովանդակութիւն ունեցող գրառումներ կամ պատկերներ ուղղարկելով, հրապարակելով կամ տարածելով։

Դեռահասներու մատղաշ մտքերն ու հոգիները վստահաբար մեծ  չափով պիտի ազդուին վերը յիշուած բոլոր բացասական տուեալներէն. անոնք կրնան ապրիլ տրամադրութեան խանգարում, ինչ որ իր մօտ կրնայ յառաջացնել տխրութեան մշտական զգացում եւ հետաքրքրութեան կորուստ, որ կ’ազդէ մտածողութեան, զբաղուածութեան եւ վարքին վրայ։ Այս բոլորը կրնայ յանգիլ շարք մը յուզական կամ ֆիզիքական խնդիրներու, հասնելով մինչեւ ինքնասպանութեան վտանգին։

Ծնողներու պարտականութիւնն է օգնել երեխաներուն առողջ եւ տրամաբանական յարաբերութիւն մը ստեղծելու իրենց եւ ընկերային ցանցերուն միջեւ, նախքան որ անոնք ինքնուրոյն կապեր հաստատեն համացանցի հետ։ Ծնողները պէտք է միշտ տեղեկացնեն իրենց զաւակները ընկերային ցանցերու եւ համացանցի օգտագործման հետ կապուած վտանգներուն մասին եւ պէտք է վերահսկեն, թէ իրենց զաւակները ինչ կ’ընեն առցանց։ Անոնք պէտք է վստահ ըլլան, որ «երեխաները իրականութեան չափաբաժին մը կը ստանան եւ իրենք իսկ կը դառնան առողջ վարքագծի տիպարներ» կ’ըսէ մասնագէտ մը ։

Ընկերային լրատուամիջոցները երբ առողջ ձեւով կը գործածուին, կը դառնան հսկայական օգուտներու աղբիւր։ Վերջաւորութեան, որպէս ծնողք, կ’ուզենք, որ մեր զաւակները ըլլան ուրախ եւ յաջող։ Երբ կը վստահեցնենք անոնց, որ զիրենք կը սիրենք եւ հպարտ ենք իրենցմով՝ այնպէս ինչպէս որ են- «չզտուած», չսրբագրուած, ոչ կատարեալ- կ’օգնենք, որ իրենց մէջ զարգանայ ինքնավստահութիւնը՝ ընդունելու իրենք զիրենք այնպէս ինչպէս որ են, մնալով ապահով եւ առողջ, երբ նոյնիսկ հեռու են հարազատներէն։

Մասնագիտութեամբ մանկավարժ եւ անգլերէնի ուսուցչուհի, մօտ երեսուն տարուայ ուսուցչական փորձառութեամբ՝ Եւա Գորեսեան (Պէյրութ, Լիբանան) լիբանանահայ մամուլին մէջ ստորագրած է մանկավարժական նիւթերու մասին բազմաթիւ յօդուածներ: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Երախտագիտութեան» մետալով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x