Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով (Է. մաս եւ վերջ)

Յարութիւն Քիւրքճեան

«Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածին հետագայ վերջին մասով, Յարութիւն Քիւրքճեան կ’անդրադառնայ սփիւռքի մէջ հայ ըլլալու մարտահրաւէրներուն՝ նշելով, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ըմբռնել ու ընդունիլ հայկական ինքնութիւնը՝ միաժամանակ զայն պատշաճեցնելով աւելի ընդհանրական, համամարդկային արժէքներու: Ինչպէս յօդուածին նախորդ բաժնով (Զ.) տեսանք, թէ Քիւրքճեան որքա՛ն կարեւոր կը նկատէ ֆրանսահայ երիտասարդներու ապրած փորձառութիւնը 1968-ի մայիսեան ուսանողական շարժման ատեն՝ ընդգծելով, որ անոնց յանձնառութիւնը համամարդկային արժէքներու հանդէպ, նպաստեց աւելի նրբերանգ եւ մտածուած հայկական ինքնութեան մը ձեւաւորումին:

Ապա Քիւրքճեան կը բաղդատէ Երեւանի եւ սփիւռքի տարբեր «հաւասարումները»՝ մատնանշելով, որ թէեւ անոնք ունին պատմական եւ մշակութային նոյն հիմքերը, սակայն այս երկու հաւասարումները կ’ընթանան տարբեր ուղղութիւններով: Փոխարէնը, իւրաքանչիւրը զարգացուցած է իր անկախ գոյութիւնը՝ ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական, մշակութային եւ ընկերային տարբեր հանգամանքներով: Հակառակ իրենց հասարակաց ժառանգութեան, Երեւանի եւ սփիւռքի տարբեր իրականութիւնները առաջնորդած են փոխադարձ թիւրիմացութեան եւ զիրար ճանչնալու դժուարութեան: Այսպիսով, Քիւրքճեան աւելի նպատակայարմար կը նկատէ, որ առայժմ այս երկու հաւասարումները գործեն անջատաբար՝ իւրաքանչիւրը իր ձեւով դիմակալելու առկայ առաջնահերթութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Քիւրքճեան չի բաժներ հայկական ինքնութեան մասին նախորդ սերունդի պարզունակ հայեացքները, որոնք կը կեդրոնանան լոկ հայապահպանման եւ նահանջի վրայ: Փոխարէնը, ան կ’առաջադրէ աւելի ճկուն սահմանում մը՝ հիմնուած ներկային վրայ, որ կ’ընդգրկէ թէ՛ հայկական, եւ թէ՛ համամարդկային մարտահրաւէրները՝ իբրեւ ինքնութիւնը հարստացնող ազդակներ: Քիւրքճեան կ’ընդգծէ իսկական յանձնառութեան կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, որ հայութիւնը պէտք չէ յամառօրէն սահմանուի միայն աւանդութիւններով, այլ ըլլա՛յ դիւրահաղորդ փոփոխութիւններու եւ բարդութիւններու: Ի վերջոյ, ան կոչ կ’ուղղէ մարդկայնական մօտեցում ցուցաբերելու հայկական ինքնութեան նկատմամբ, ուր թէ՛ որպէս հա՛յ եւ թէ՛ որպէս մա՛րդ լիարժէք ապրելու ուղին կը ձեւաւորուի անհատական համոզումով ու ճիգով:

Հուսկ, այս վերջին մասը՝ յօդուածին կեդրոնական թեման կը կապէ անոր մէջ քննարկուած տարբեր գաղափարներուն ու տեսակէտներուն՝ ինքնութեան հասկացողութիւնը ներկայացնելով որպես բարդ, անդադար զարգացող «հաւասարում» մը, զոր կարելի չէ լուծել պարզեցուած միջոցներով, այլ յարատեւ յանձնառութեամբ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ համամարդկային արժէքներու նկատմամբ:

Վ. Թ.

 Արդէն մութը իջած էր Էտմոն Ռոսթան հրապարակին վրայ, մինչ ինը փարիզցի ուսանողներ ու պէյրութցի ուսանող մը մը լռեր էին ա՛լ։ Հայեր էին անոնք: Թերեւս նոր տեսակի հայեր։ Իրենց հայրերու սերունդին պէս, եկեր նստեր էին անոնք Լիւքսամպուրկի քառուղիին, պայմաններու որոշ տարբերութիւններով, ի հարկէ, բայց էապէս նոյն կացութիւնն էր իրենց դիմագրաւածը։ Սերունդէ սերունդ՝ կեցուածքները կը տարբերէին այդ նոյն կացութեան դէմ։ Միւսներուն համար պարզ եղած էր ամեն բան, ու սա քաֆէներու հրապարակը, Լիւքսամպուրկի քառուղին՝ անել նահանջի մը վերածուած էր շուտով։ Իսկ ասոնք, այդ նահանջին ծնունդները, ճիշդ է՛, եղեր էին որոշ չափով «օտար՝ մտածումով, խօսքով ու գործով»: Բայց ուշ չէր հաւանաբար, ՈՒՇ ՉԷ հաւանաբար ըսելու, թելադրելու, ներշնչելո՛ւ համար անոնց, որ հայութիւնը վիճակի մը յաւերժական պահպանումը չէ, որ այդ հայութիւնը պէտք է վերստեղծել տեւաբար, հիներուն վրայ աւելցնելով նոր տուեալներ, որ անխուսափելիօրէ՛ն, եւ բարեբախտաբա՛ր, բա՛րդ, շատ բարդ հաւասարում մըն է այդ հայութիւնը, բազմաթիւ անյայտներով մաթեմաթիքական հաւասարում մը։ Որ՝ Լիւքսամպուրկի քառուղին կրնայ զիրենք նո՛ր, մտածուած հայութեան մը տանիլ համադրուա՛ծ, տեւաբար համադրուող հայութեան մը, որ ստանձնումի հիանալի դպրոց մը կը դառնայ անհատի կեանքին մէջ։

Մութը կոխած էր Լիւքսամպուրկի քառուղիին վրայ։ Տասնեակ հազարաւոր ուսանողներու բազմութիւնը, Սէն-Միշէլէն ի վար, կը լեցնէր պողոտան մինչեւ Սէն գետ: Տենդը, որմով կը թրթռար մթնոլորտը՝ հսկայ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման ու երկունքին տենդն էր։ Բայց չէ՛ր հակադրուէր ան՝ Մոնրուժ, Ժանթիյի կամ Ալֆորվիլ ծնած ու ապրած ֆրանսախօս Փաթրիքի, Փօլի կամ Ժոսլինի հայածնութեան երկունքին. իրենց մէջ միաժամանակ կը ծնէին ստանձնող մարդը ե՛ւ գիտակից հայը, կը լրացնէին իրար, կը հարստանային իրարմով…

Չերթամ, իմ կարգիս, քնարականութեան: Հարցը լաւատեսութեան կամ յոռետսութեան հարց չէ։ Հարցը կը վերաբերի Սփիւռքի տարածքին հայութիւնը ըմբռնելու եւ կիրարկելու կարելիութեան։ Այսինքն նախ գոյութենական, ապա դաստիարակչական հարց է։ Ապրելու եւ ապրեցնելու հարց: Իսկ վերջին սա քանի մը հատուածներուն մէջ` փորձարկումի մը կարելի առարկայականութամբ ներկայացումի հարցը։ Մեր թուարկութհան 1968 տարուան Մայիսին, քսանեակ մը ֆրանսահայ երիտասարդներ հայութեան նոր որակի մը գիւտը ըրին իրենց մէջ, շնորհիւ ֆրանսական ուսանողական շարժումէն իրենց թելադրուած ստանձնումի ոգիին: Լիւքսամպուրկի քառուղին իրենց բացաւ նոր ճամբայ, ներշնչեց նոր, բարդ, մտածուած հայութեան մը ըմբռնումը։ Վերը պատմուած երեկոյէն ետք այդ ուսանողները, անոնք մանաւանդ՝ որոնք «առաջին անգամ» եկեր էին քանի մը ամիս առաջ, հակեցան հայ իրականութեան, հայ մշակոյթի ու հայ դատի զանազան երեւոյթներուն վրայ։ Դադրելով հակադրուելէ առօրեայ արժէքներուն, միջազգային արժէքներուն, ուսանողական շարաժումներու հսկայ փորձանօթին մէջ՝ Հայութիւնը իրենց համար դարձաւ այդ արժէքներու հաւասարազօր դաշնակիցը։ Այս կարելիութիւնը կ’արժէր որ տեղ մը արձանագրուէր, Սփիւռքի վաղուան տեսաբանին, կամ անոր ապագայ պատմագրին համար։

Ես շատ հեռացայ քեզմէ, Վարդգէս Պետրոսեան: Բայց չէ՞ որ սպասելի էր ատիկա։ Որքա՜ն տարբեր են յաճախ իրարմէ հաւասարումները, որոնց լուծումը նոյն անյայտներուն կը տանի: Նոյն անյայտնրուն…անշուշտ ա՛յդ ալ բացայայտ չէ դեռ: Այնքա՛ն մեծ է տարբերութիւնը՝ աշխարհագրական–քաղաքական, մշակութային ու առօրեայ տուեալներու՝ մեր երկու հաւասարումներուն միջեւ։ Ժոսլին Սարգիսեանի եւ Արեւիկ Շաւոյեանի հաւասարումնրուն միջեւ։ Փարիզի ու Երեւանի, Քարթի Լաթէնի ու Նոր Զէյթունի, Պուրճ Համուտի ու Աջափնեակի հաւասարումներուն միջեւ։ Մեծ են տարբերութիւնները, հակառակ բոլոր «կապ»երուն, բոլոր «օրգան»ներուն, բոլոր «անսամպլ»ներուն ու բոլոր հաղորդումներուն: Երեւանը ու Սփիւռքը գոյութիւն ունին ի հարկէ իրարու համար, մանաւանդ տասնամեակէ մը ի վեր, բայց պարզ է որ սահմանափակ է այդ փոխադարձ ճանաչումը։ Երեւանը սփիւռքցիին գոյութեան մաս չի կազմեր, ինչպէս Սփիւռքը՝ երեւանցիին։

Պարզ հաստատում է սա. գոյութենական այս երկու հաւասարումները այսօր անկախ են իրարմէ, ու դժբախտաբար բնական է ատիկա: Պատճառները վերլուծել հոս՝ շատ հեռու պիտի տանէր: Իսկ գոյութենական, վաւերական կապ մը ո՛չ շրջաբերականով կը ստեղծուի, ո՛չ բաժակաճառով, ո՛չ ալ, մանաւանդ, Սփիւռքէն փոխ առնելով շահնուրեան պաթոս մը… Եւ զայն վերստին Սփիւռքին հրամցնելով (տարագիր, թափառական, եւ այլն…) ինչպէս կ’ընէ որոշ Երեւան մը, սկսելով «պաշտօնական» Երեւանէն: Ատո՛ր համար ինծի երիտասարդ սփիւռքցիիս աւելի դրական կը թուի՝ ինքզինք ու իր Ներկան փնտռող Երեւան մը, քան այն միւսը, որ իր յաճախ անշահախնդիր ու սրտցաւ կեցուածքը կը վրիպեցնէ նպատակէն՝ Սփիւռքի երիտասարդութեան այլեւս անհասկնալի լեզու մը գործածելով։ Աւելի դրական կը թուին՝ մաթեմաթիկական բարդ հաւասարումի ոճով ապրող ռատիոֆիզիկոս օրիորդը հւ արագացուցիչի երիտասարդ գիտնականները: Որովհետեւ կը բաւէ, գոյութենական առաջին վաւերական հաղորդութիւնը ստեղծելու համար՝ որ լուծենք դուք եւ մենք, ամեն մէկս ի՛ր տախտակին վրայ։ Լուծենք՝ իւրաքանչիւրս իր բարդ հաւասարումը։ Եւ արդէն արհամարհելի չէ ատիկա: Դեռ երէկ՝ նուազ վստահ էի իմ սփիւռքեան հաւասարումիս. բարդ էր, անյայտները՝ բազմաթիւ ու խճճուած: Մինչ այնքան պարզ էր միւսը՝ Շահնուրի՛նը, հօրս սերունդինը – Հայապահպանում առաւել Նահանջ՝ հաւասար է Սփիւռք։ Պարզ՝ իր ամլութեան, իր անյուսութեան գինով:

Բայց այսօր – այսօր գիտեմ, ճանչնալէ ետք Քեզ՝ Պետրոսեան, ու քու սերնդակիցներդ – Սիմոնեանը, Արշակեանը, միւսները -, որ դուք ալ կը մերժէք պարզ հաւասարումները, Աւանդութիւն եւ Ներկայ հակադրող, հում տուեալին մէջ ապաստան փնտռող, պարզացուած բանաձեւերը: Եւ արդէն հաւանաբար ա՛յդ է հիմնականը ա՛յն՝ որ յաւերժական ինքնապահպանման ձգտող համակարգերէն անդին, տրուած բաներէն անդին – փնտռենք նոյն Ներկան, կենդանի, բարդ, մարդկային Ներկան: Այդ ճամբուն վրայ հաւանաբար իրարու մօտենան կարէնը, Փաթրիքը, Արեւիկը, Ժոսլինը, – Մարդկային նոր եզր մը տալով իրենց հայութեան։ Հայութեան՝ որ մարդկայնօրէն ապրելու ձեւերէն մէկն է, կամ կրնայ ըլլալ: Ատիկա ալ, ի վերջոյ, մեզմէ ամեն մէկէն ու բոլորէս կախում ունի:

(վերջ)

Նախորդ բաժինը (Զ. մաս) կարելի է կարդալ այս կապով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x