ԳԱՂԱՓԱՐԷ ՄԻՆՉԵՒ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

CALOUSTE GULBENKIAN FOUNDATION ARMENIAN COMMUNITIES

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը հովանաւորէ տարեկան մօտաւորապէս 100 զանազան չափի նախագիծեր շուրջ քսան երկիրներէ։ Առաւել՝ հարիւրաւոր կրթանպաստներ կը շնորհէ համալսարանի ուսանողներու եւ հետազօտողներու։ Նախագիծեր կ՚ընդունուին իրերայաջորդ փուլերով եւ կը գնահատուին տարին երեք անգամ։ Յունուարին գնահատուեցան 125 նախագիծեր, որոնցմէ 32-ը ընտրուեցան նպաստատուութեան համար։

Վաւերացուած նախագիծերէն ոմանք շարունակութիւնն էին առկայ նախաձեռնութիւններու, ինչպէս՝ Զարմանազան, Երդիք, Ուս Հարթակ եւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի ՔարՏես հեռախօսային յաւելուածը։ Այլ նախագիծեր նոր նախաձեռնութիւններ էին առկայ գործընկերներու հետ, օրինակ՝ Vlume-ի ընդարձակումը մանուկ պատանի ընթերցողներու համար նախատեսուած հայալեզու 84 նոր հրատարակութիւններով, որոնք աւելցան չափահաս ընթերցողներու համար պատրաստուած լսողական եւ ելեկտրոնային գիրքերուն կողքին։ Սա նոր ուղղութիւն մը կը բերէ մանկական դաստիարակչական նիւթերու պատրաստութեան մէջ Բաժանմունքին ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ գիրքերու թարգմանութեան իր սեփական Զարդիս մատենաշարին։

Խրախուսիչ որոշ նոր նախաձեռնութիւններ, որոնց Բաժանմունքը համաձայնած է զօրակցիլ, կը ներառեն կրտսեր գիտաշխատողներու հետազօտական խումբի մը ստեղծումը Լայփցիկի համալսարանի Արեւելեան Եւրոպայի Պատմութեան եւ Մշակոյթի Լայպնից Հիմնարկին (GWZO) մէջ։ Հիմնարկութիւնը դոկտորականի երկու կրթանպաստ պիտի շնորհէ GWZO-ի մէջ հայկական ժամանակակից նիւթերու հետազօտութեան։ Երկու այլ կրթանպաստներ պիտի շնորհուին նոյնինքն Հիմնարկին կամ արտաքին աղբիւրներու կողմէ։ Կը նախատեսուի որ այս հիմնարկը դառնայ հայագիտական հետազօտութեան առաջատար կեդրոնը Գերմանիոյ մէջ։ Նաեւ եռամեայ ժամկէտով կը հովանաւորենք INALCO-ի Հայագիտական Մագիստրոսի Աստիճանի Միջազգային Ծրագիրին՝ հետազօտութեան եւ դասաւանդումի իր կարողութիւնները լրացնելով միամսեայ այցելու աւագ գիտաշխատողի հետ։

Հայաստանի մէջ ԹՈՒՄՕ-ի հետ գործակցութիւնը պիտի երաշխաւորէ Վենետիկի Ճարտարապետական 19-րդ միջազգային պիեննալէին Հայկական տաղաւարին կազմակերպումը։ «Մանրաճարտարապետութիւն արհեստական բանականութեան միջոցով. ստեղծելով նոր յիշողութիւններ հնադարեան կոթողներով» վերնագիրը կրող նախագիծը պիտի պեղէ արհեստական բանականութեան զարգացող դերը մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մէջ եւ իբրեւ նոր արտայայտչաձեւերու ուղի։ Դարձեալ Հայաստանի մէջ Հանրային Քաղաքականութեան Ինստիտուտի տրամադրուած նպաստ մը պիտի զօրակցի «Գիրք եւ միտք» ծրագրին՝ պատրաստելու 36 փոտքասթ-տեսանիւթերու շարք մը վերջին քանի մը տարիներուն հայերէնի թարգմանուած նշանակալից գիրքերու մասին։ Շարքին նպատակն է քննական մտածողութիւնը խթանել այս գիրքերուն եւ ընկերաքաղաքական ու մշակութային միտքին վրայ անոնց ներգործութեան առնչուող քննարկումներով։ Վերջապէս՝ զօրակցութիւնը «Հայ Հալէպ» նախաձեռնութեան. Հալէպի հայ համայնքին վերաբերող բանաւոր պատմութեան այս ծրագիրը պիտի ստեղծէ համապարփակ կայքէջ մը ուր պիտի տեղադրուին տեսագրուած հարցազրոյցներ, լու- սանկարներ եւ այլ նիւթեր ներկայիս լուրջ վտանգի ենթակայ համայնքին մասին։

Թէեւ Բաժանմունքը մեծ մասամբ կը գործէ Փորթուկալէն դուրս, սակայն պատեհ առիթներով կը զօրակցի Փորթուկալի մէջ հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող նախաձեռնութիւններու։ Ան հովանաւորեց Սերգէյ Փարաճանովի ժապաւէններու շարքը Cinemateca Portuguesa-ի մէջ ուր Փարաճանովի բոլոր ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին փորթուկալցի հանրութեան։ Հիմնարկութիւնը նաեւ կը զօրակցի «Սասունցի Դաւիթ» հայկական ժողովրդական դիւցազնավէպին փորթուկալերէնի թարգմանութեան՝ տեղացի երիտասարդ ակադեմականի մը կողմէ որ հայ լեզուի խոր գիտութիւն ձեռքբերած է Լիզպոնի Նովա համալսարանի Լեզուներու հիմնարկին (IL-Nova) մէջ Կիւլպէնկեանի հովանա- ւորած դասընթացներուն միջոցով։

Ինչպէս Հիմնարկութեան տրամադրած բոլոր նպաստներուն պա- րագային այս նախագիծերը վաւերացուած են իր նախագահին՝ փրո- ֆեսէօր Անթոնիօ Ֆէյժոյի եւ Հոգաբարձու մարմինին կողմէ։ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը զեկուցէ նախագահին որ ստանձնած է Բաժանմունքին անմիջական պատասխանատւութիւնը 2024-ի վերջերուն պրն Մարթին Եսայեանի հանգստեան կոչուելէն ետք։ Վերոնշեալ նախագիծերը վաւերացնելու առիթով նախագահը ըսաւ.

«Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը, որուն խոր արմատները կ’երթան մինչեւ Հիմնարկութեան հաստատումին թուականը 1956-ին, հիմքը կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան: Բաժանմունքը մեզ կ’աղերսէ մեր հիմնադիրին եւ իր մշակոյթին, իր մարդասիրութեան եւ միջազգային աշխարհահայեացքին հետ: Մենք կը փափաքինք ընդլայնել մեր յանձնառութիւնը աշխարհատարած Հայկական Սփիւռքին եւ Հայաստանի նկատմամբ: Այս նախագիծերը դրսեւորումն են այդ երկարաժամկէտ յանձնառութեան»:

Յառաջիկայ շաբաթներուն Հիմնարկութիւնը վաւերացման դիտանկիւնով պիտի քննարկէ ժամանակակից հայ մշակոյթի նպաստատուութեան առնուազն 10 դիմումներ որոնք ներկայացուած են իր արդ եւս նորարարական ծրագրին։ Հիմնարկութիւնը այլ նոր նախագիծերու շարքին կը մշակէ Հայկական Սփիւռքի Հետազօտական Կեդրոն անունով հետազօտական նոր նախաձեռնութիւն մը որ պիտի ստանձնէ Սփիւռքի ինչպէս նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուող քաղաքականութեան հետաքննութիւններ։ Ինչպէս նախագահը նշեց՝ «Կարեւոր է ոչ միայն պահպանել մշակոյթը այլեւ վեր- աշխուժացնել զայն եւ խրախուսել նոր մշակոյթի ստեղծումը: Նմանապէս՝ ուրոյն հետազօտութեան զօրակցելու զուգահեռ Հիմնարկութիւնը կը ձգտի զարգացնել քննական մտածողութիւնը եւ անոր տարածումը»:

Նախապէս հովանաւորուած նախագիծերու ցանկերը կրնաք գտնել հոս՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/hy/հովանաւորուած-նախագիծեր-եւ-տրամադրո/հովանաւորուած-նախագիծեր/

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x