«The Stories»՝ պատահական ֆիլմ մը, որ դարձաւ հայելի
August 19, 2026
Cinema-ի սրահի մէջ ֆիլմ դիտելու ախորժակս վերագտած ըլլալով հանդերձ, ընտրանքներս շատ չեն։ Վերջին ամիսներուն Լիբանանի Metropolis Cinema-ի յաճախակի յաճախորդը դարձած եմ եւ ամիսը մէկ կամ երկու անգամ անպայման կ’այցելեմ ֆիլմ դիտելու։

Վերջին անգամ, շուրջ մէկ ամիս առաջ էր: Դիտեցի Christopher Nolan-ի չափազանց մեծ աղմուկ հանած The Odyssey(1) ֆիլմը։ Համարձակօրէն կրնամ ըսել, որ սրահէն դուրս եկայ մեծ յուսախաբութեամբ։ Բացի քանի մը դրուագներէ եւ դերասանական ընտրութիւններէ, որոնք իսկապէս տպաւորեցին զիս եւ գոհացուցին ճաշակս, մնացեալը, եւ յատկապէս Christopher Nolan-ը, անակնկալօրէն յուսախաբ ըրին զիս։

The Odyssey-ն դիտելէ ետք՝ կարծես Metropolis Cinema-ի յուլիս ամսուան խաղացանկին մէջ իմ ճաշակին համապատասխանող բոլոր ֆիլմերը արդէն դիտած էի։ Մէկ ամիս անցած էր, եւ նոր ֆիլմ մը աչքիս չէր զարներ։ Պէտք էր սակայն բան մը դիտէի։ Օրին, կը ցուցադրուէր եգիպտական The Stories / القصص(2) ֆիլմը, որ թէեւ շարունակ ուշադրութեանս կը հանդիպէր, բայց մեծ կարեւորութիւն չէի տար։
Եգիպտական ֆիլմերու երկրպագու եղած եմ միշտ։ Թէ՛ մանկութեան տարիներուն դիտած եւ մեզ տպաւորած ֆիլմերը՝ իրենց դերասաններով ու պատմութիւններով, եւ թէ՛ 2000-ականներէն սկսած եգիպտական նոր սերունդի ֆիլմերը, որոնց մէջ հանդէս եկաւ նաեւ նոր սերունդի դերասաններու մեծ խումբ մը, որոնցմէ մէկն է Նելլի Քարիմը(3)։
The Stories-ը դիտելու հիմնական պատճառս Նելլի Քարիմն էր. ֆիլմին նիւթն ալ, տարօրինակ կերպով հարազատ կը թուէր ինծի, մանաւանդ՝ Լիբանանի ներկայ կացութեան լոյսին տակ։

Երկու ժամ տեւող ֆիլմը դիտելէ ետք՝ սրահէն դուրս եկայ ճնշուած զգացումով։
Բացատրեմ։
Ֆիլմը շատ մտերմիկ, բնական ու հարազատ մթնոլորտ մը ունի։ Պատմութիւնը կը սկսի 1960-ական թուականներուն եւ կը ներկայացնէ համեստ խաւի ընտանիք մը։ Հայրը հաւատաւոր պաշտօնեայ մըն է Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մէջ, մայրը՝ տանտիկին, որուն դերը կը մարմնաւորէ Նելլի

Քարիմը։ Զաւակներէն մէկը, ֆիլմին գլխաւոր հերոսը՝ Ահմատը(4), կ’երազէ դասական երաժիշտ դառնալ։ Իր երկուորեակ եղբայրը ռուսերէն կը սորվի եւ բանակ կը մեկնի ծառայութեան։ Իսկ փոքր եղբայրը մանկութենէն կ’երազէ Եգիպտոսի հանրածանօթ «Զամալէք» ֆութպոլի խումբէն խաղալ։ Սակայն լաւ խաղացող չըլլալուն պատճառով, ի վերջոյ, կը նշանակուի խումբին հանդերձարանի պատասխանատու։

Ֆիլմին պատմութեան մէջ քանի մը հիմնական գիծեր կան։ Վաթսունականներէն մինչեւ ութսունականները կը հետեւինք Եգիպտոսի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական կեանքի վերիվայրումներուն՝ երկրի նախագահներուն՝ Ապտըլ Նասիրէն մինչեւ Անուար Ալ Սատաթ եւ ապա Հոսնի Մուպարաք։
Այս բոլոր իրադարձութիւնները մեզի կը փոխանցուին հեռատեսիլի նոյն խօսնակին միջոցով, որ անընդհատ կոչ կ’ուղղէ ժողովուրդին միասնական մնալու եւ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, երկրէն չհեռանալու։
Միեւնոյն ժամանակ, ֆիլմը կը հետեւի նաեւ Ահմատի անձնական կեանքին։ 1967-ի եգիպտական-իսրայէլեան պատերազմէն ետք, ան նամակագրական կապ կը հաստատէ աւստրիացի աղջկայ(5) մը հետ։ Այդ կապը հետզհետէ կը վերածուի իրական սիրոյ, եւ կը հետեւինք անոնց ծանօթացումի, ամուսնութեան եւ ընտանիք կազմելու պատմութեան։

Զուգահեռաբար, «Զամալէք» ֆութպոլի խումբին խաղերը(6), որոնք կը սփռուին հեռատեսիլով կամ ռատիոյով, կը դառնան ընտանիքին եւ շրջապատին առօրեային մէկ մասը։ Հակառակ խումբին կրած բազմաթիւ պարտութիւններուն, հաւատարիմ երկրպագուները յոյսը երբեք չեն կորսնցներ։ Ամէն տարի կը շարունակեն հաւատալ, որ «այս տարի մեր տարին է»։
Իսկ ի՞նչն էր զիս այդքան ճնշողը։
Առաջին հերթին՝ Եգիպտոսի շուրջ երեսուն տարուան քաղաքական կեանքը եւ անցեալի որոշ խաղաղական համաձայնութիւններու հետեւանքները։ Երկիրը կը գտնուի արտաքին ազդեցութիւններու եւ քաղաքական անորոշութեան պայմաններուն մէջ, եւ այդ վիճակը շատ կը յիշեցնէ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը։ Տարբերութիւնը, սակայն, այն է, որ Եգիպտոսի պարագային այդ իրադարձութիւնները պետութեան անունով կը ներկայացուին մէկ պաշտօնական բանբերի կողմէ։ Ան ոչ միայն լուրերը կը փոխանցէ, այլ նաեւ ժողովուրդին կը հասցնէ հայրենասիրութեան եւ միասնականութեան պատգամներ։ Լիբանանի պարագային, ընդհակառակը, նոյնպիսի իրավիճակ մը ժողովուրդին կը ներկայացուի «փրթած» ու անկանոն ձեւով։
Երկրորդ՝ տնտեսական տագնապէն ազդուող ընտանիքին առօրեան է, որ կեանքի ամենափոքր մանրամասնութիւններով կը տեսնենք։ Կարուած ու նորոգուած հագուստներ, մաշած կահկարասի, չբանող փուռ մը, որ ոտքով հարուածելով կը փորձեն կրկին գործի դնել, երեք չափահաս զաւակներ, որոնք նոյն անկողինին մէջ կը քնանան, կոտրած դաշնամուրի վրայ փորձ ընող Ահմատը։

Երրորդը՝ սովորական, միամիտ քաղաքացի ըլլալու զգացումն էր։ Մարդ մը, որ տարիներ առաջ իր գործին մէջ մէկ սխալ բառ գործածած ըլլալուն պատճառով, ամբողջ կեանքը կը շարունակէ վախի մէջ ապրիլ։ Կամ մարդիկ, որոնք պետութեան անկարողութեան, սխալ որոշումներուն եւ տնտեսական դժուարութիւններուն հետեւանքով կ’ապրին ծանր պայմաններու մէջ, բայց հակառակ ամէն ինչի՝ կը շարունակեն ապրիլ ամուր յոյսով։
Այս եւ բազմաթիւ այլ մանրամասնութիւններով՝ The Stories-ը, որ սկզբունքով ինծի համար պարզապէս պատահական ընտրանք մըն էր, աստիճանաբար դարձաւ հայելի։