Ծանօթանանք աղտորին եւ գինձին

August 27, 2025

 

  1. Աղտոր

        Լատիներէնը`  rhus coriaria:

        Շատ աւելի ծանօթ է ան սումախ անուանումով, որ յատուկ էր հին եբրայերէնին. այս անունով ալ զայն կը ճանչնան ֆրանսացիները՝ sumac des corroyeurs,  անգլիացիները՝  elm-leaved sumach  եւ շատ ուրիշ լեզուներ:

        Աղտոր կը կոչուի նաեւ ծառը,  որուն հասակը կրնայ հասնիլ մինչեւ չորս մեթրի: 

        Թթուաշ համեմ մըն է, որուն հատիկները  աղալով կը ստացուի կարմիր փոշի մը, որ կը ցանեն զանազան ուտելիքներու, ինչպէս՝ սոխի,  խորովածի, ձուկի վրայ:

  1. Գինձ

           Լատիներէնը՝ coriandrum sativum:

             Ֆրանսերէնը՝  coriandre, անգլերէնը՝ coriander:

Մեր արաբ հայրենակիցերը զայն կ’անուանեն   كسبرة  “քսպարա”.  թրքերէնը  քիշնիշ  կը կոչէ զայն:

             Մեղմ համեմ մըն է, որուն համը  յստակ  կը զանազանուի ազատքեղինէն: Իսկ տեսքով շատ   յաճախ դժուար զանազանելի են այս երկուքը: Միայն  մօտէն դիտելով կարելի է ճանչնալ  գինձը:

        Բացաստի գինձը օժտուած է մանր, մարգարտանման եւ օգտագործելի հատիկներով, մինչ  ազատքեղինը զուրկ է նման յատկութենէ:

         Ի դէպ, Աճառեան կը մտածէ, որ  գինձ բառը յառաջացած է  հայերէնի գինդ-էն, որ «օղ» կը նշանակէ: Համեմին ձեւը թելադրած է, որ ան նմանցուի օղի՝ դ>ձ հնչիւնափոխութեամբ, որ սովորական է հայերէնի մէջ:                

                                              *   *   *

        Ուրեմն այս վերջին սերտողութիւնը կատարեցի՝ յուսալով փարատել շփոթ մը, որ երկար  տեւած է  արեւմտահայ սննդագէտներու մէջ, որոնք  սնուպար-ով  կը շփոթէին գինձը: Այսպէս ալ գրուած է, օրինակ,  Անդրանիկ Կռանեանի եւ Գնել Ճերեճեանի բառարաններուն  մէջ:  Կարգ մը սննդագէտներ, օրինակ՝ «Ազդակ»-ի կնոջական էջը,  օրին յաջողեցան սրբագրել այս սխալը, սակայն  այլ աղբիւրներու մէջ  յիշեալ շփոթը կը մնայ, օրինակ՝ տիկին Տօնիկեանի՝ հայկական ճաշերու նուրուած աշխատութեան մէջ:

        Ծանօթ.- Արաբերէն սնուպար կը կոչեն շոճին եւ անոր պիստակը:

  1. Յենուլ եւ յենիլ

     Սկսելու համար ըսենք՝ արեւմտահայերէն ոչ մէկ բառարանի մէջ կը գտնենք

յենիլ բայը, որ այնքան սովորական է արդի աշխարհաբարի մէջ: Իսկ բոլորը ունին յենուլ գրաբարեան ձեւը, որ ոչ մէկ կիրարկութիւն ունի աշխարհաբարի մէջ:

            Մի՞թէ մեր բառարանագիրները չէին գիտեր այսքանը կամ թէ իրապէս դժուա՞ր էր գիտնալ, թէ յենուլ-ը այլեւս կիրարկելի չէ արդի հայուն կողմէ: Միայն անորոշ դերբայը չէ, այնտեղ կը գտնենք նաեւ գրաբարեան այլ կառոյցներ, ինչպէս՝  յեցակ,  յեցակէտ, յեցարան, որոնք կազմուած են յենուլ-ի անցեալ կատաեալի հիմքով՝ յեց-ով եւ որոնք վաղուց ինկած են գործածութենէ՝ իրենց տեղը զիջելով  յեն արմատով կազմուած յենակ, յենակէտ , յենարան ձեւերուն:

            Վերջերս շրջանառութեան մէջ մտած են յեն վերջարմատով շատ յաջող ու կենսունակ բառեր եւս, ինչպէս՝

            —բարոյայեն՝ բարոյականի յենած, բարոյականի վրայ հիմնուած

            —գիտայեն՝ գիտութեան  յենած, գիտական հիմնաւորում ունեցող

            —կանոնայեն

            —մշակութայեն

            —պատերազմայեն՝ պատերազմի վրայ յենած, պատերազմով հարց լուծող

            Այս եւ նման օրինակներ ցոյց կու տան, թէ որքան խոցելի են մեր բառարանները, միւս կողմէ՝ աւելի լաւը ունենալու ոչ մէկ հեռանկար կը պարզուի մեր առջեւ:

            Արեւմտահայութիւնը սկսած է ձանձրանալ իր լեզուէն, որուն հոգը կրելու

տրամադրութիւնները հետցհետէ կը չքանան:

     4.Միասնաբար սերտենք հետեւեալ նախադասութիւնը, որ կը պատկանի հայերէնը   շատ վարժ գրող ազգայինի մը.

–«Անընդունելի նկատուեցաւ հարցերու այս ձեւով բարձրացումն ու արծարծումը, որոնք չեն առաջնորդեր լուծումներու» («Ազդակ», 18/6/2025, էջ 3):          

Նկատուեցաւ բայը կիրարկուած է եզակի, մինչ ունինք երկու՝ բազմակի  ենթակայներ՝ բարձրացում   եւ արծարծում, որոնք միասնաբար կ’ընկալուին իբրեւ յոգնակի եւ կը պահանջեն յոգնակի բայ:

Այս երկուքին յոգնակի նկարագիրը յարգուած է ստորադաս նախադասութեան մէջ, ուր յարաբերական դերանունը դրուած է յոգնակի՝ որոնք:

  1. Хрип, grippe եւ… խռիպ

Հայրենի լեզուաբան Պետրոս Պետիրեանէն քաղելով կու տամ հետւեալը.

Ուրեմն կրիփ բառը առաջին անգամ գործածուած է գերմաներէնի մէջ 1872-ին տեղի ունեցած համաճարակ մը անուանելու համար. ան փոխառութիւնը եղած է ռուսերէն хрип  բառին, որ կը հնչէ խռիպ եւ ըստ հայ-ռուսերէն բառարանի,  կը նշանակէ խռխռոց, խզխզոց , որ  հիւանդ թոքը կամ կոկորդը կ’արձակէ:

Արդ, ասկէ անդին թոյլատրելի չէ՞, որ մենք նոյնութիւն մը գտնենք այս երկուքին  եւ մեր խռիպ-ին  միջեւ, որ արմատն է խռպոտ-ին: Խռպոտ ըստ   Աճառ-եանի կը նշանակէ «անհեթեթ, կոշտ ձայն» ունեցող, իսկ այլուր կը գտնենք «անախորժ՝ խժալուր (ձայն)» բացատրութիւնը[1]:

[email protected]                                                    Արմենակ Եղիայեան

[1]  Հայր Անդրանիկ Կռանեան, «Հայերէնի գործնական բառարան»:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x