Ոչ միայն… այլեւ (= այլ նաեւ)

July 30, 2025
  1. Ոչ միայն… այլեւ (= այլ նաեւ)

            Յօդուածագիր մը՝ Մարիա Սադոյեան, իր մէկ յօդուածին տուած է հետեւեալ խորագիրը.

            –«Մօտ է ոչ միայն խաղաղութեան, այլեւ նոր պատերազմի ուրուականը: Յօդուածի աւարտին նշուած է, թէ ան «թարգմանութիւն է եւ  կը հրատարակուի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ»:

            Յօդուածին բովանդակութեան մասին չէ որ պիտի խօսիմ, այլ անոր… խորագիրի քերականական կառոյցին. աւելի ճիշդը՝ ոչ միայն…այլեւ շաղկապին:

            Ոչ միայն… այլեւ  մաս կը կազմէ խումբին համադասական այն շաղկապներուն, որոնք  կը կոչուին «միաւորիչ-յաւելական»:

            Միաւորիչ-յաւելական շաղկապներու տիպարն է եւ/ու-ն. 

            Այսպէս՝ հոմանիշ են՝

            –Ան հաց եւ/ու պանիր կերաւ:

          –Ան ոչ միայն հաց, այլեւ պանիր կերաւ:

          Ասոնք, ուրեմն, նշանակութեամբ նոյնն են, կը հաստատեն  ան ենթակային կերած երկու  առարկաները՝ հաց, պանիր:

            Այս շաղկապուող բառերը միշտ կ’ընտրուին այնպէս մը, որ իրարու հետ ներդաշնակ եւ համատեղելի ըլլան. իրապէս ալ հացն ու պանիրը հաւասարապէս կը ծառայեն ուտողը յագեցնելու եւ զայն սնուցելու:

            Նաեւ՝

–Ոչ միայն ծառերը ծաղկեցան, այլեւ ծիծեռնակները վերադարձան:

Ոչ միայն  յաջողեցաւ, այլեւ մրցանակ ստացաւ:

            Սադոյեանի խորագիրը չի լրացներ այս պայմանը. ան շաղկապած   երկու հակասական  հասկացութիւնններ՝ պատերազմ եւ խաղաղութիւն, որոնք  անհա-մատեղելի են, իրարու հականիշ են: Ասոնք չեն կրնար միաժամանակ ու միատեղ գտնուիլ եւ գումարուիլ, համադասուիլ իրարու վրայ:

            –Հոն ուր պատերազմ կայ, բացակայ է խաղաղաութիւնը,

            –Իսկ հոն ուր խաղաղութիւն կայ, բացակայ է պատերազմը:

                                                         *   *   *

            Նման հակասական հասկացութիւնները շաղկապելու համար ունինք «համադասական  ներհակական»  շաղկապներ, որոնք կը ծառայեն կապելու հակադիր, հականիշ  հասկացութիւններ. օրինակ՝ 

            –Մօտ է ոչ թէ խաղաղութեան, այլ նոր պատերազմի ուրուականը:

            Ուրեմն այդ շաղկապն է՝ ոչ թէ… այլ:

            –Ան ոչ թէ կը սիրէ քեզ, այլ կ’ատէ:

            –Ան ոչ թէ յաջողեցաւ, այլ ամօթալի ձախողութիւն կրեց:

  1. Յստակացում եւ յստակեցում

Եթէ ուշադրութիւն դարձուցած էք, ապա պէտք է նկատած ըլլաք, որ հոն ուր արեւմտահայերս կ’ըսենք յստակացում, նոյն տեղը արեւելահայը կ’ըսէ յստակեցում: Ըստ այնմ ալ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն փոխադրուած այլազան գրութեանց մէջ ուշադիր ու գիտակ գրողը կը կատարէ անհրաժեղտ փոփոխութիւնը՝ արեւելահայուն յստակեցում-ին փոխարէն կը դնէ յստակացում:

Իսկ ուրիշներ յստակեցում-ը կը պահեն նոյնութեամբ:

Գիտցածնին այդչափ է:

Հարցում՝

-Ինչո՞ւ այսպէս է, ուրկէ՞ յառաջացած է այս տարբերութիւնը:

                                                      *    *    *

Յստակ ածականը արեւմտահայերէնի մէջ տուած է յստականալ եւ յստակացնել բայերը: Որոնց մեքենաբար կը հետեւի յստակացում բայանունը:

Արեեւելահայերէնը իր կարգին  յստակ ածականէն ստացած է յստականալ եւ յստակացնել: Այնպէս ալ  յստակացում բայանունը:

Ուրեմն մեր երկու բարբառները ունին նոյն յարացոյցը:

Բայց…

Բայց ահա  չես գիտեր ինչպէ՛ս, արեւելահայերէնի մէջ  յառաջացած են նաեւ  յստակել եւ  յստակեցնել բայերը, որոնք կու տան յստակեցում բայանունը:

Ուրեմն մեր մէկ հատին փոխարէն, արեւելահայը ունի երկուքը՝

յստակացում    եւ յստակեցում:

Եւ ահա ասոնց երկրորդը՝ յստակեցում-ն է, որ առհասարակ կը կիրարկուի:

Ինքս որեւէ ատեն արեւելահայու մը գրիչին տակ յստակացում-ի հանդիպած չեմ:

Ինչո՞ւ այս զատողութիւնը… չեմ գիտեր:

Եթէ գիտցող մը կայ, թող գրէ, հաճոյքով կը լուսաբանուիմ, այլեւ կ’իրազեկեմ ընթերցողներս եւս:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն:

  1. Ծխամորճ եւ … մորճ

Իմ  տպաւորութիւնս այն է, որ գրեթէ ամէն հայ, մասնաւորաբար՝ ամէն արեւմտահայ, կը ճանչնայ ծխամորճ   բառը եւ անոր նշած առարկան:

Ինքս մոլի ծխող մը եղած ըլլալուս՝ 10-12 հատ ունէի անկէ ու դեռ տրամադիր էի շարքը մեծ հաճոյքով երկարելու, եթէ բժիշկս խստիւ չարգիլէր ծխախոտը ընդհանրապէս:

-Գոնէ ծխամորճ գործածեմ,- թախանձեցի- կ’ըսեն, թէ  անվնաս է…

-Նոյն քա՛քն է,- եղաւ անոր կտրուկ ու արգելական պատասխանը:

                                                                  *   *   *

Միւս կողմէ՝ քիչեր գիտեն,- եթէ իրապէս գիտեն,- թէ ան բարդ բառ մըն է, որուն  երկրորդ բաղադրիչն է մորճ:

Ամբողջ կեանքս  որեւէ անգամ չեմ կիրարկած այս բառը, ոչ ալ  լսած եմ զայն  ուրիշէն: Այսուհանդերձ ան ներկայ է բոլոր բառարաններուն մէջ:

Որքա՜ն շատ են բառարաններու մէջ  պառկող անծանօթ բառերը:

Մեր բառարանագիրները անոր կու տան հետեւեալ  մեկնաբանութիւնը.

«Մորճ - դալար գաւազան, ծառի դալար ճիւղ, ոստ, շառաւիղ»:

[email protected]                                                               Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x