Միասնաբար փրկենք հայերէնը

August 13, 2025
  1. Խնկենի

Ծառին լատինական  անուանումն է pistacia:

            Ըսենք՝ հայերէն պիստակենի. այսպէս է, քանի այս նոյն ծառին խեժէն կը ստացուի անուշաբոյր խունկի տեսակ մը:

Ժղովրդախօսակցական լեզուով՝արեւմտահայը կը  կը զանազանէ Հալէպի պիստակը, որ ծառի վրայ բուսնողն   է, տեղացիները զայն կը կոչեն «ֆստո Հալեպի». եւ սովորական պիստակը, որ հողին մէջ կ’աճի, եւ  արաբերէն կը կոչուի «ֆստո ապիտ»:

Գրական հայերէնը, ներառեալ գրաբարը,  ասոնց առաջինը կը կոչէ պարզապէս պիստակ (ֆրանսերէն՝ pistache, անգլերէն՝ pistachio), իսկ երկրորդը՝ գետնապիստակ   կամ  գետնանուշ (ֆրանսերէն arachide, անգլերէն՝ peanut):

                                                 *    *    *

  1. Զիատ Ռահպանիի ցաւալի մահը առիթ հանդիսացաւ, որ անոր երգերէն մէկուն անունը ծնունդ տայ տառադարձական նոր ու աննախընթաց սխրանքի մը:

Հանրածանօթ الناس      سألوني   երգն է այդ, որ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը փութաց տառադարձելու   Սաըալունի Նաս (28/74/2025, էջ 2):

-Սակայն հայերէն չէ այս, - պիտի անհանգստանայ առաջին կարդացողը, հայու կոկորդը եւ բանականութիւնը չեն ընդունիր իրարայաջորդ «աըա» հրէշաբանութիւնը, նմանը չէ պատահած ողջ Հայոց պատմութեան մէջ:

Չէր կրնար պատահած ըլլալ հանուր մարդկութեան պատմութեան մէջ եւս, քանի մարդկային կոկորդը չի կրնար արտասանել «աըա» շարքը:

Մեզի կը մնայ մեր տկար ձայնը բարձրացնելով հարց տալ, թէ՝

-سألوني բառին ո՞ր տառը կամ նշանն է, որ «Ազդակ»-ի կորովաբիբ լեզուաբանը «ը» կը թարգմանէ: Խաշած հաւն ալ կը նկատէ, որ նման հնչիւն գոյոգթիւն չունի այստեղ եւ անսանձ ու անպատասխանատու կամայականութեան մէկ վիժուածքն է Սաըալունի-ն:

Մխիթարական է, որ «Ազդակ»-ի 8/8/2025-ի թիւի ներքին մէկ էջին մէջ  Նարէ Քալեմքէրեան որդեգրած է ճիշդ ու հարազատ ձեւը՝ Սաալունի (էջ 4):

«Արարատ» ու «Զարթօնք» տուած են, առաջինը՝   Սաալունի, երկրորդը՝ Սա’ալունի.  իսկ տեղական եւ միջազգային օտարալեզու թերթերը իրենց կարգին գրեցին նոյնը՝ Saalouni կամ Sa’alouni:

Որոնց չորսն ալ ներդաշնակ են եւ հարազատ են արաբերէնին:

  1. «Ասպարէզ» հայերէն կը գրէ

***Ասոր բացման ժամկէտը եւ պայմանները կախեալ են երկու կողմերու՝ իբրեւ անկախ պետութիւններ, համաձայնութենէն («Ասպարէզ», 31/6/2025):

—Ասոր բացման  ժամկէտը եւ պայմանները կախեալ են երկու կողմերու՝

իբրեւ անկախ պետութիւններու  համաձայնութենէն:

            ***Այդ տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք (անդ):

            —Խորհրդակցութիւններու շնորհիւ:

***Համաձայնութիւն տուին առաքելութեան որոշումին, որմով եւրոպացի դիտորդները երկու տարի եւս պիտի մնան Հայաստանի մէջ (29/1/2025)։’

Որ  դերանունը կու  տայ՝ որով.

Որով եւրոպացի դիտորդները երկու տարի եւս ն պիտի մնան:

***Դիտորդական առաքելութիւնը երկու տարիներով  կ’երկարաձգուի (անդ):

Երկու տարիով  կ’երկարաձգուի:

            ***Նոր կանոնահէն  միջազգային կարգի անհրաժեշտութիւնը (անդ):

            Կանոնահէն  կը նշանակէ «կանոն գողցող», ինչպէս ծովահէն, օդահէն

            —Կանոնայեն կարգի անհրաժեշտութիւն…

Այսինքն՝ կանոնի վրայ յենած, կանոնի վրայ հիմնուած:

Նաեւ՝ մշակութայեն, գիտայեն, բարոյայեն, փողայեն  այլն:

            ***Մարդու իրաւունքների չափանիշները (անդ):

            —չափանիշերը

  1. «Հայրենիք»-ը կը նմանակէ զայն

          ***Միասին քիչ մը ժամանակ անցնէինք (4/8/2025)

—Ժամանակ անցընէինք

***Մայրը գործէն  հասներ ու տուն տաներ (անդ):

—Հասնէր ու տուն տանէր…

***Բերել, խաղալ, խաղցնել եւայլն (անդ):

             —Բերել, խաղալ, խաղցնել եւ այլն:

***Հատիկ հատիկ ըսի (անդ):

—Հատիկ-հատիկ ըսի:

***Դուն գիտես պապիկ (անդ):

Պապիկ-ը կոչական է:

—Դուն գիտես, պապի՛կ:

***Իր ձայնը թողաց (անդ):

—Իր ձայնը դողաց :

***Թոռնուհիս ունեցած սէրը, տակաւին կը պահէր (անդ):

Ստորակէտը աւելորդ ու սխալ է ենթակային ու դիմաւոր բային միջեւ:

—Թոռնուհիս ունեցած սէրը տակաւին կը պահէր:

[email protected]                                                               Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x