Հրապարակի վրայ է դոկտ. Կ. Մումճեանի «ՀՅԴ-ն եւ սահմանադրականութիւնը օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1895-1908» յետմահու հատորը
June 13, 2026

Bloomsbury Academic հրատարակչատունը պաշտօնապէս յայտարարեց հանգուցեալ դոկտ. Կարապետ Կ. Մումճեանի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ սահմանադրականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1895-1908» (The Armenian Revolutionary Federation and Constitutionalism in the Ottoman Empire, 1895-1908) հատորին լոյս ընծայումը։ Գիրքը մաս կը կազմէ «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» (Armenians in the Modern and Early Modern World) մատենաշարին, որուն գլխաւոր խմբագիրն է դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան (Նեպրասքայի համալսարան, Լինքըն)։
Ի՞նչ բնոյթ ունէին յարաբերութիւնները երիտթուրքերուն, որոնք հետագային պիտի հիմնէին ու ղեկավարէին Իթթիհատ վէ Թերաքի (Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն) կուսակցութիւնը ու 1915-էն սկսեալ պիտի իրագործէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ հայ յեղափոխականներուն միջեւ։
Հիմնուելով հայկական, օսմանեան, բրիտանական եւ այլ արխիւային հարուստ փաստաթուղթերու ու պարբերական մամուլի վրայ՝ այս գիրքը կը բացայայտէ այն բարդ ընթացքն ու յարաբերութիւնները, զորս հայկական կազմակերպութիւնները, յատկապէս՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ), կը պահպանէին երիտթուրքերուն հետ 1895-1908 թուականներուն, երբ փոխադարձ կասկածամտութիւնը աստիճանաբար վերածուեցաւ սերտ գործակցութեան։ Նկատի առնելով կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ հայերու վիճակին վատթարացումը, հատորը լոյս կը սփռէ հայ ժողովուրդին վիճակը բարելաւելու նպատակով ՀՅԴ-ի ներքին քննարկումներուն ու բանավէճերուն վրայ։ Միաժամանակ, անիկա կը պարզաբանէ, թէ ինչպէս հայ յեղափոխականները ընդգրկուած էին սուլթան Ապտիւլ Համիտի իշխանութիւնը տապալելու «Իթթիհատի» ռազմավարութիւններուն եւ նկրտումներուն մէջ։ Գիրքը այսպիսով կը բացայայտէ երկու կողմերու յարաբերութիւններուն բարդ եւ աստիճանական զարգացումը՝ նախքան «Իթթիհատ»-ի բացայայտ հակահայ քաղաքականութեան դրսեւորումը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Հատորը նաեւ ցոյց կու տայ ՀՅԴ-ի հաւատարմութիւնը սահմանադրական ծրագրին եւ այն դժուարին ընտրութիւնները, որոնց առջեւ կանգնեցաւ կուսակցութիւնը այդ նպատակներուն հետապնդման ճամբուն վրայ։
Հայոց Ցեղասպանութեան լոյսին տակ դիտուած՝ հայ յեղափոխականներու եւ երիտթուրքերու համագործակցութիւնը առաջին հայեացքով կրնայ հակասական թուիլ։ Սակայն Մումճեանի ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ 1895-1908 թուականներուն իրավիճակը շատ աւելի բարդ էր։ Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ հայ բնակչութիւնը կը դիմագրաւէր աճող բռնութիւն, անապահովութիւն եւ վարչական կամայականութիւն։ Այս պայմաններուն մէջ, Դաշնակցութիւնը կը փնտռէր քաղաքական ուղիներ՝ բարելաւելու հայ ժողովուրդի կացութիւնը եւ սահմանափակելու Համիտեան վարչակարգի ճնշումները։ Միեւնոյն ժամանակ, երիտթուրք շարժումը եւս կը ձգտէր վերջ տալ սուլթան Ապտիւլ Համիտի միահեծան իշխանութեան եւ վերականգնել 1876-ի սահմանադրութիւնը։ Հակառակ գաղափարական տարբերութիւններուն՝ երկու կողմերն ալ որոշ ժամանակահատուածի մը համար կը տեսնէին հասարակաց շահեր։ Այդ պատճառով ալ փոխադարձ կասկածամտութիւնը աստիճանաբար տեղ կու տայ համագործակցութեան որոշակի ձեւերու։
Գիրքին կարեւոր ներդրումներէն մէկը այն է, որ ան Դաշնակցութիւնը չի ներկայացներ որպէս միասնական եւ միաձայն կառոյց։ Մումճեան կը պարզէ այն ներքին քննարկումները, տարակարծութիւններն ու ռազմավարական վէճերը, որոնք գոյութիւն ունէին կուսակցութեան շրջանակներուն մէջ։ Ոմանք կը հաւատային, որ երիտթուրքերու հետ համագործակցութիւնը կրնայ նպաստել հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ սահմանադրական կարգերու վերահաստատման։ Ուրիշներ աւելի զգուշաւոր էին եւ կը կասկածէին անոնց իսկական նպատակներուն։ Այսպիսով, գիրքը կը ներկայացնէ ոչ միայն կազմակերպութիւններու յարաբերութիւնը, այլ նաեւ այն բարդ որոշումները, որոնց դիմաց կանգնած էին ժամանակի հայ քաղաքական գործիչները։
Գիրքին կեդրոնական թեմաներէն մէկը սահմանադրականութիւնն է։ Մումճեան կը փաստէ, որ Դաշնակցութիւնը այդ տարիներուն խորապէս նուիրուած էր սահմանադրական կարգերու վերահաստատման գաղափարին։ Կուսակցութեան համար հարցը միայն ազգային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը չէր։ Ան նաեւ կը վերաբերէր օրէնքի գերակայութեան, ներկայացուցչական կառավարման եւ քաղաքական մասնակցութեան։ Այս առումով գիրքը կը յիշեցնէ, որ հայ քաղաքական շարժումները ուշ օսմանեան շրջանին միայն ազգային հարցերով չէին զբաղեր։ Անոնք նաեւ մասնակցութիւն կը բերէին կայսրութեան քաղաքական ապագայի շուրջ ընթացող աւելի լայն բանավէճերուն։
Պատմաբան Տիգրան Գալիկեան, հեղինակը Armenian Organization and Ideology under Ottoman Rule 1908-1914 աշխատութեան, կը յանձնարարէ «անպայման կարդալ» գիրքը՝ բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն հասկնալ օսմանահայ նահանգներու քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակը սահմանադրական յեղափոխութենէն առաջ։ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօս դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեան իր կարգին կը շեշտէ, որ գիրքը կ’առաջադրէ այս խնդրին «վճռական եւ խիստ անհրաժեշտ վերարժեւորում մը»՝ ցոյց տալով, թէ համագործակցութիւնը եւ գաղափարական տարակարծութիւնը ինչպէս միաժամանակ գոյակցած են երկու կողմերուն միջեւ։
Դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան կ’անդրադառնայ Մումճեանի հետ իր ունեցած մտաւորական սերտ կապին՝ նշելով Միջին Արեւելքէն սերող մարաշցիի իրենց հասարակաց արմատները եւ օսմանեան հայութեան պատմութեան հանդէպ փոխադարձ հետաքրքրութիւնը։ Տէր Մաթոսեան Մումճեանը կը հրաւիրէ իր այս գործին ձեռագիրը ներկայացնելու «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշարին (Armenians in the Modern and Early Modern World series): Աշխատութիւնը կ’արժանանայ մասնագիտական բարձր գնահատականի, որմէ ետք կը սկսի թեքսթին վերամշակումը։ Դժբախտաբար, դոկտ. Մումճեան կը մահանայ 29 Մարտ 2023-ին՝ նախքան ծրագրին ամբողջացումը։ Տարի մը ետք, անոր այրին՝ Նայիրի Մումճեանը, փափաք կը յայտնէ հրատարակուած տեսնելու գործը։ Անոր քաջալերանքով ու աջակցութեամբ, դոկտ. Տէր Մաթոսեան կը հրաւիրէ դոկտ. Մեհմետ Փոլաթելը՝ սրբագրելու եւ ընդլայնելու բնագիրը, իսկ դոկտ. Թամար Պոյաճեանը՝ խմբագրելու եւ կատարելագործելու թեքսթը։
«Թէեւ դոկտ. Մումճեան չապրեցաւ տեսնելու իր այս գիրքին լոյս ընծայումը, սակայն իր գիտական վաստակն ու յիշատակը վառ կը մնան այս աշխատութեան ընդմէջէն։ Գիրքը ձօնուած է իր այրիին՝ Նայիրիին, եւ իրենց զաւակներուն՝ Յակոբին ու Բիւրակին», կը նշէ Տէր Մաթոսեան։
Կարապետ Մումճեան անկախ պատմաբան էր եւ օսմանագէտ։ Ան իր դոկտորական տիտղոսը ստացած է 2012-ին Քալիֆորնիոյ համալսարանէն (UCLA)՝ լուսահոգի փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ։ Անոր աւարտաճառը՝ «Պայքար սահմանադրական վարչակարգի համար. հայ-երիտթուրք յարաբերութիւնները Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի դարաշրջանին, 1895-1909» (Struggling for a Constitutional Regime: Armenian-Young Turk Relations in the Era of Abdul Hamid II, 1895-1909), կը քննէ օսմանեան-հայկական քաղաքական յարաբերութիւններու բարդ հոլովոյթը։ Իր ասպարէզին ընթացքին, ան վարած է Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ Վահան եւ Անուշ Շամլեան ազգային վարժարանի փոխտնօրէնութիւնը։ Ան նաեւ հայոց պատմութիւն դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ (CSUN), Լա Վերնի համալսարանին, UCLA-ին եւ Կլենտէյլի համայնքային քոլէճին մէջ (GCC)։ Ան նաեւ դասաւանդած է Ազգային Ֆերահեան երկրորդական վարժարանին մէջ եւ հեղինակած է հայոց պատմութեան բազմաթիւ դասագիրքեր, որոնք մինչ օրս կը շարունակեն կրթել նոր սերունդները։
Այսօր, այս գիրքը ոչ միայն պատմագիտական ուսումնասիրութիւն մըն է, այլ նաեւ յարգանքի տուրք մը պատմաբանի մը, որ իր կեանքը նուիրած էր օսմանահայ պատմութեան ուսումնասիրութեան։
Եւ թերեւս գիրքին մեծագոյն արժէքը այն է, որ անիկա կը յիշեցնէ մեզի, թէ պատմութիւնը հազուադէպօրէն սեւ ու սպիտակ է։ Ան շատ անգամ կը կազմուի բարդ ընտրութիւններէ, անորոշ դաշինքներէ եւ որոշումներէ, որոնց հետեւանքները միայն տարիներ անց կը դառնան ամբողջովին տեսանելի։
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ սահմանադրականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1895-1908» հատորի օրինակները կարելի է ստանալ Bloomsbury-ի պաշտօնական կայքէն եւ Amazon-էն: