Կը պատերազմիս մէկու մը հե՞տ, թէ՞ մէկու մը դէմ…
September 17, 2025
«Ազդակ»,16/9/2025
***ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ դէմ չի պատերազմիր… ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ հետ պատերազմի մէջ է (էջ 1):
Այս երկուքէն ճիշդը առաջինն է՝ դէմ:
Դէմ-ը ցոյց կու տայ երկու կողմերու միջեւ թշնամութիւն, լարուածութիւն, հակադրութիւն, պայքար, մաքարում:
–Համասը կը պայքարի հրեաներուն դէմ:
–Ռուսիա կը պատերազմի Ուքրանիոյ դէմ:
–Էրտողան լարուած է Նաթանիահուի դէմ:
–Քիւրտերը կը մաքարին թուրքերու դէմ:
Հետ-ը, ընդհակառակաը, ցոյց կու տայ երկու կողմերու համերաշխաթիւնը, միասնութիւնը, գործակցութիւնը, զիրար ամբողջացնելու տրամադրութիւնը:
–Թորոսը կը խաղայ Մարկոսին հետ:
–Մարտիրոսը կ’աշխատի Պիղատոսին հետ:
–Կարոն կը սիրաբանի Մարոյին հետ:
–Հրեաները պիտի հաշտուին արաբներուն հետ:
***«ժողովը տեւեց երկու ժամ, անոր ընթացքին քննարկուեցան շարք մը թղթածրարներ, եւ շատ դրական էր» (էջ 1):
Ճիշդ ի՞նչն էր դրական, - յայտնի չէ. օդին մէջ կախուած բառ մը:
Եթէ դրականը ժողովն էր, ապա պարտէինք գրել՝
—Ժողովը տեւեց երկու ժամ եւ դրական էր. անոր ընթացքին քննարկուեցան շարք մը թղթածրարներ:
Եթէ դրականը թղթածրարներն էին, ապա պարտէինք գրել.
—ժողովը տեւեց երկու ժամ, եւ անոր ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնք դրական էին:
Թող չըսուի, թէ բաւական ժամանակ չունի լրագրողը նման մանրամասնութեանց ուշադրութիւն դարձնելու. եթէ չունի, թող լրագրութիւն չընէ, երթայ մսագործի աշկերտ դառնայ:
***Ապահովական մարմինները ազդու, սակայն լռելեայն կերպով կատարած են գործողութիւններ (էջ 2):
Համադասական սակայն շաղկապը կը կապէ, կը շաղկապէ երկու հակադիր բառեր կամ գաղափարներ:
Օրինակ՝
–Խելացի, սակայն ծոյլ աշակերտ մըն է:
–Գեղադէմ, սակայն շատ կոշտ տղամարդ է:
–Շատ կ’աշխատի, սակայն չի յաջողիր:
–Լաւ կ’ուտէ, սակայն վրայ չի դներ:
Արդ, բերուած օրինակին մէջ ազդու եւ լռելեայն կերպով-ը իրարու հակադիր բառեր չեն, այլ ընդհակառակն զիրար լրացնող երկու դրական հասկացութիւններ են:
Այսպիսիները կը շաղկապենք եւ/ու համադասական շաղկապով.
–Թորոսը մաքուր եւ/ու բծախնդիր մանչ մըն է:
–Ան արագ եւ/ու ճիշդ կը կողմնորոշուի:
–Կը խոստանայ եւ/ու խոստումը կը յարգէ:
–Անոնք ոգի ի բռին պայքարեցան եւ/ու յաղթանակ տարին:
Միւս կողմէ՝ լռելեայն կերպով-ը խոցելի բառակապակցութիւն մըն է. որովհետեւ լռելեայն մակբայը արդէն կերպ ցոյց կու տայ եւ պէտք չունի կերպով կոչեցեալ պոչին: Ուր կ’ուզէք անցուցէք այդ պոչը, ազատ էք, սակայն Հայոց սուրբ լեզուի մակբայներէն հեռո՛ւ պահեցէք զայն:
Այս բոլորը նկատի առած՝ բերուած օրինակը պարտէինք գրել՝
—Ապահովական մարմինները ազդու եւ լռելեայն կատարած են գործողութիւններ:
***Պիտի ըլլան բանակցութիւններ, անոնք վեհաժողով կը կոչէք (էջ 8):
—Պիտի ըլլան բանակցութիւններ, զանոնք վեհաժողով կը կոչէք:
***Երբ ամէն ինչ ըսուի եւ կատարուի, գոյութիւն ունի Համաս կոչուող խմբաւորում մը, որ տակաւին գոյութիւն ունի (էջ 8):
—Երբ ամէն ինչ ըսուի ու կատարուի, Համաս կոչուող խմբաւորումը պիտի շարունակէ քարշ տալ իր գոյութիւնը:
***Առաջնահերթութիւնս պիտի ըլլայ պատանդներու վերադարձը ապահովելը, խաղաղ բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու ուղի-
ներ գտնելը եւ Համասի կողմէ ներկայացուող սպառնալիքի վերացումը (էջ8):
Այսպէս գրողը ունեցած է երեք առաջնահերթութիւն՝
ա) ապահովելը բ) գտնելը գ) վերացումը
Այս երեքին առաջին երկուքը անորոշ դերբայ են, իսկ երրորդը՝ բայանուն, այլ խօսքով՝ ստացուածը անհամասեռ, աններդաշնակ կառոյց մըն է, որ շատ ռամիկ, խոցելի ու վանողական է: Լրագիրի մը չի վայելեր:
Զայն համասեռ ու ներդաշնակ շարադրելու համար պարտէինք ըսել հետեւեալ երկուքէն մէկը՝
—Առաջնահերթութիւնս պիտի ըլլայ պատանդներու վերադարձը ապահովելը, խաղաղ բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու ուղիներ գտնելը եւ Համասի կողմէ ներկայացուող սպառնալիքը վերացնելը:
—Առաջնահերթութիւնս պիտի ըլլայ պատանդներու վերադարձի ապահովումը, խաղաղ բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու հնարքը եւ Համասի կողմէ ներկայացուող սպառնալիքի վերացումը:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան