«Կա՛մ հաց… կա՛մ փամփուշտ» (Բ. Մաս)

May 30, 2026

Երկրորդ մասով պիտի անդրադառնամ ֆիլմին գեղարուեստական բաժինին, եւ անոր կարգ մը թոյլ բաժիններուն:

Նախ ներկայացնեմ շատ հետաքրքրական յատկանիշներով օժտուած ութ պաղեստինցի կարեւոր կերպարները:

1 խաղաղասէր, քաղաքականութենէ հեռու՝ կռուող դարձած Եուսուֆը

Ֆիլմը կեդրոնացած է Եուսուֆ(1) անունով խաղաղասէր, քաղաքականութենէ հեռու, Ալ-Պասմա գիւղէն տղու մը վրայ, որ Երուսաղէմ եկած է աշխատելու իբր վարորդը հարուստ մտաւորական՝ Ամիր Աթեֆին եւ իր կնոջ՝ Խուլուտին քով: Եուսուֆի համար Երուսաղէմը փախուստ մըն է դէպի աւելի հանգիստ կեանք, անսահման առիթներու դուռ բացող վայր: Օրական գիւղէն քաղաք երթալ գալով, աստիճանաբար կը տեսնէ եւ կ’ապրի անգլիական ճնշումները եւ ի վերջոյ վերադառնալով իր արմատներուն, զէնք շալկելով կը միանայ ընդդիմութեան: Բայց Եուսուֆ փամփուշտ մը իսկ չ’արձակեր. այլ իր վերջին պատկերին մէջ, անգլիացի քանի մը հոգինոց խմբուած զինուորներուն վրայ ձեռնառումբ մը կը նետէ`սպասելով, որ ան պայթի, կարծէք բեմադրիչը ըսած ըլլար «այդպէս կեցի՛ր, կերպարդ պէտք է մեռնի»:

2 խաղաղասէր բեռնակիր՝ կռուող դարձած Խալէտը

Երկրորդ կերպարը Խալէտն(2) է, Ճաֆֆայի նաւահանգիստը աշխատող բեռնակիր, նոյնպէս խաղաղասէր եւ համեստ մարդ մը, որ լուռ կ’աշխատի դրամ ապահովելու իրմէ հեռու ապրող ընտանիքին: Հակառակ զէնքի գաղտնի սպասարկութիւնը նկատելուն, եւ հրեական ներգաղթի աճող թիւին ականատես ըլլալուն եւ հասկնալով անոր վտանգը, կը նախընտրէ շաունակել լուռ աշխատիլ: Միայն երբ իր արդար վարձատրութենէն բռնութեամբ կը զրկուի, այն ատեն է որ զէնք շալկելով կը միանայ ընդդիմութեան: Խալէտ՝ բանուոր էր, դարձաւ կռուող, յանկարծ վիրաւորուած մէջտեղ եկաւ, եւ Ալ-Պասմայ գիւղի քարայրի մը մէջ ապաստանեցաւ, որ գիւղացիները բուժեն վէրքը: Վերջին կռիւին`շուտով եւ դիւրաւ կը ձեռբակալուի: Անոր հերոսութիւնը արտայայտուած է իր անվախ հայեացքով, քան իր գործողութիւններով, ինչ որ թոյլ է մանաւանդ որ Խալէտի՝ «կամ հաց… կամ փամփուշտ» բառերով է որ ընդդիմութեան եւ յեղափոխութեան գաղափարը վճռականապէս կը կազմակերպուի: Աւելին կը սպասուէր այս կերպարէն:

3 Տէր Պուլոս եւ Քարիմ

Անդին կը տեսնենք քրիստոնեայ ընտանիքը, որուն հայրը՝ Տէր Պուլոս(3), Ալ-Պասմա գիւղին քահանան է: Իր կարգին, Տէր Պուլոս, գաղտնաբար կ’օգնէ յեղափոխականներուն՝ եկեղեցիին մէջ պահելով անոնց զինամթերքը, եւ օժանդակելով զէնքի փոխադրութեան: Կարեւոր դեր ունի նաեւ Տէր Պուլոսի պատանի որդին՝ Քարիմը(3): Տէր Պուլոս, գիւղացիներուն կեանքը խնայելու համար, զինամթերքի վայրը կը յայտնէ եւ կը սպաննուի: Այդ պահուն յուսախաբ եղայ, թէ ինչու քրիստոնեայ կերպարին վերապահուած էր մատնութիւնն ու դաւաճանութիւնը:

4 Րապապ

Վերջապէս Րապապը(4)՝ գիւղի նահատակուած ազատամարտիկի այրին, որ կ’ապրի իր ծնողքին եւ պատանի դուստրին՝ Աֆրայի(5) հետ: Րապապ հողի տարբեր մշակութիւններով զբաղող (գլխաւորապէս բամպակի), հողին եւ գիւղական կեանքին կառչած հայրենասէր կինն է, որ նաեւ ամէն գնով նեցուկ կը կանգնի յեղափոխականներուն: Սովորական (ոչ ազատամարտիկ, ոչ ալ քաղաքական մարդ)

5 Րապապ եւ Աֆրա

գիւղացի Րապապի կերպարին ընդմէջէն, ֆիլմը կը բացատրէ հրեայ գաղթականներու ժամանումը Պաղեստին եւ հող կորսնցնելու անոնց վախը: Գոհացում պիտի ստանայի եթէ Րապապ իր կարգին ալ դառնար կռուող ֆետայի. բայց ափսոս, ան մնաց առանձին, փլատակ գիւղին մէջ, սպասելով իր զաւակին վերադարձին:

6 յուսահատ Ամիր

Ամիրն ու Խուլուտը, հայրենիքի հանդէպ հակադիր մտածելակերպ ունենալով, կը բաժնուին՝ Ամիր(6), յուսահատ, կը մնայ անկարող, ներքին տառապանքի մէջ, իսկ Խուլուտ կը միանայ Երուսաղէմի ցուցարարներու խումբին:

7 Աֆրա վազելով դէպի Երուսաղէմ

Գալով Քարիմին եւ Աֆրային, Ալ-Պասմայէն փախչելով կը հասնին Երուսաղէմ: Քարիմ, իր հօր սպանութեան ականատես ըլլալէ ետք, քաջութիւնը կ’ունենայ անգլիացի զինուորի մը աչքերուն նայելով զայն սպաննել: Իսկ Աֆրա(7)՝ խորհրդանշական ձեւով կը ներկայացուի, թէ ինչպէս բոպիկ ոտքերով Ալ-Պասմայէն վազելով կը հասնի իր երազած Երուսաղէմը, ուսերուն վրայ շալկած իր գիւղին եւ ընտանիքին յիշատակը:

8 Robert Aramayo Major General Orde Charles Wingate-ի դերով

Անգլիացիի դեր ստանձնած անգլիացի դերասանները՝ Jeremy Irons եւ Liam Cunningham, հակառակ իրենց համբաւին, բան չաւելցուցին ֆիլմին վրայ. Robert Aramayo-ի մարմնաւորած սիոնական քրիստոնեայ Major General Orde Charles Wingate-ի կերպարն էր որ յիշատակելի էր պարզապէս իր վայրագութեամբ եւ անմարդկայնութեամբ:

9 յեղափոխական ֆետայիներ

Պաղեստինեան դատը ներկայացնող արտադրութիւն մը վստահաբար պիտի դիմագրաւէ քաղաքական եւ նիւթական շատ դժուարութիւններ: Բայց ֆիլմը իր նպատակին աւելի ծառայած պիտի ըլլար եթէ իւրաքանչիւր հերոսի պատմութեան զարգացումը Hollywood-եան ֆիլմերու պէս ըլլար՝ գիւղի լեռներուն մէջ պահուըտած, ձիերով տեղափոխուող, յեղափոխական ֆետայիներու(9) հերոսութիւնը, յատկապէս Եուսուֆի եւ Խալետի պարագային:

Ֆիլմին վերջին կէս ժամուան ընթացքին է, որ բոլոր դէպքերուն կուտակումները կը հասնին գագաթնակէտին եւ կը սկսի բռնութիւնը:

10 անգլիական ժողովը

Հետաքրքրականը այն էր, որ ֆիլմը այնքան կեդրոնացած էր պաղեստինեան հարցի պատմական արմատներուն՝ մասնաւորաբար բրիտանական գաղութատիրական քաղաքականութիւններուն եւ աշխարհով մէկ տարածուած հրեաներու հայրենիք ստեղծելու ծրագիրներուն վրայ, որ պահ մը կարծես ուշադրութիւնը հեռացաւ Պաղեստինի վրայ Իսրայէլի վայրագ գործողութիւններէն:

Երեխայ էի, երբ Լիբանանի մէջ որեւէ տագնապ պատահէր, կամ հայկական ցեղասպանութեան հետ առնչուող նիւթ մը քննարկուէր, մեծ մայրս, իր առաջին բնական պոռթկումէն ետք, միշտ նոյն նախադասութիւնը կ’ըսէր՝ անգլիական քաղաքականութիւնը աշխարհի ամենէն աղտոտն է։

Այն ատեն չէի հասկնար, թէ ինչու այդպէս կ’ըսէր։

Հիմա կը հասկնամ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x