Ինչ է աստիճանաւորումը (5)
November 2, 2025
Հետեւեալը բարձրացող կրկնակի աստիճանաւորումի հոյակապ օրինակ մըն է, ուր լուսարձակի տակ առնուած է՝
ա) նախ գործող մարդոց թիւին աստիճանական աճը,
բ) ապա գործողութեան տեւողութեան աստիճանական աճը.
***Կառուցում էր ոչ թէ մի մարդ, մի ընտանիք, մի գիւղ կամ մի քաղաք. Այլ ամբողջ հայ ժողովուրդն էր կառուցում` օր ու գիշեր, շաբաթներ ու ամիսներ, տարիներ ու տասնամեակներ (Գէորգ Էմին):
* * *
Յակոբ Պարոնեան, աստիճանաւորումներու խորահմուտ կիրարկութեամբ, ցոյց տուած է անառակ կնոջ եւ միամիտ Պաղտասար աղբարի ամուսնական կապերու քայքայումի ամբողջ գործընթաց մը:
Անուշը, թատերախաղին գլխաւոր հերոսուհին, որուն անառակութիւնը երեւան ելած է, կը յայտնէ իր հոմանիին՝ Կիպարին,- որ միաժամանակ սերտ բարեկամն է Պաղտասար աղբարի,-թէ ամուսինը մտադրած է Դատաստանական խորհուրդին յայտնել կնոջը «անբարոյականութիւնը» եւ անշուշտ… ամուսալու-ծում պահանջել:
Ահա Կիպարի՝ նոյնինքն Անուշի հետ շնացողի հակազդեցութիւնը.
***Անբարոյականութեան նշոյլն անգամ չեմ նշմարեր ես. Աստուած մի՛ արասցէ, որբոց իրաւո՞ւնքն յափշտակած ես, այլոց ժառանգութի՞ւնն կորզած ես, գողութի՞ւն ըրած ես, մա՞րդ սպաննած ես… բնաւ երբեք, քաւ լիցի, այլ պարզապէս չես սիրեր եւ անոր տեղ զիս կը սիրես. այս չէ՞ բոլոր թերութիւնդ, եթէ երբեք կրնայ թերութիւն համարուիլ այսպիսի վարմունք մը:
Ան կը թուէ թերութիւններու կամ յանցանքներու այնպիսի շլացուցիչ շարք մը, որուն հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի անառակ կինը, միւս կողմէ՝ բոլորովին մեղմացնելով բո՛ւն յանցանքը՝ ամուսնական անհաւատարմութիւնը, որ, ըստ իրեն, թերութիւն իսկ կարելի չէ անուանել, այլ… պարզ ու մեկին, ինքնուրոյն վարմունք մը:
Այս բոլորէն ետք, այլեւ բոլորովին թեթեւցած՝ Անուշ չի վարանիր անմեղօրէն ու ճակատաբաց խոստովանելու, թէ միայն զինք՝ Կիպարը կը սիրէ:
Այս խոստովանութեամբ գօտեպնդուած՝ Կիպար կ’եզրակացնէ.
***Եւ ինչպէ՞ս կրնայիր սիրել Պաղտասր աղբարի պէս տգեղ, տգէտ, տձեւ ու տմարդի մարդ մը, որու հետ ամէն բանի մէջ հակապատկեր մը կը ներկայացնես. տրամաբանութեան դէմ, հասարակաց կարծեաց դէմ, ճաշակի դէմ, զգացմանց դէմ, բնութեան դէմ սոսկալի անիրաւութիւն մը գործած կ’ըլլայիր, եթէ ինքզինքդ Պաղտասար աղբարի համար ծնած կարծէիր:
Եւ այս հարցումը սիրուհիին ուղղողը, ինչպէս ըսինք, միաժամանակ երկար տարիներու սերտ բարեկամն է Պաղտասար աղբարին, որ ամբողջական, ընդհուպ կոյր վստահութիւն ունի իրեն հանդէպ:
Իրերայաջորդ այս զաւեշտական թուող աստիճանաւորումները՝ առաջին մէկ էջի սահմաններուն մէջ իսկ կը մատնեն ընտանեկան ահաւոր ողբերգութիւն մը, որուն ականատես կ’ըլլայ «Պաղտասար աղբար» թատերախաղի հանդիսականը, եւ անշուշտ ընթերցողը՝ իր կարգին:
Եւ անոնք նոյն թափով կը շարունակուին դէպքերու ընթացքին զուգահեռ:
Ստորեւ փունջ մը հետագայ աստիճանաւորումներէն:
* * *
Պաղտասար աղբար մեծ վարանումներով կը խոստովանի Կիպարին՝ իբրեւ իր սրտակից մտերիմին, թէ կինը սիրած մը ունի, որուն կը հանդիպի գաղտնի վայրերու մէջ:
Կիպար «անակնկալի եկած» հարց կու տայ, թէ ո՞վ կրնայ ըլլալ այդ մարդը:
***Ես ալ կ’ուզեմ գիտնալ, թէ ո՞վ է այդ անառակն, այդ լիրբն, այդ օձն, որ պատճառ եղաւ տունս կործանելու, - իր կարգին հարցումով կը պատասխանէ Պաղտասար աղբար:
Եւ չի վարանիր խնդրելու Կիպարին, որ օգնէ իրեն գտնելու զայն:
***Դուն կրնաս վարպետութեամբ տիկնոջս բերնէն առնել այդ անառակին անունը: Գնա՛ տիկնոջս քով եւ սատանայութեամբ հասկցիր սա լիրբին ո՛վ ըլլալը…
Եւ Կիպար կը փութայ Անուշի առանձնասենեակը՝ «հասկնալու այդ լիրբին անունը»… երախտապարտ ձգելով Պաղտասար աղբարը, որ կ’աւելցնէ Կիպարին ետեւէն.
***Ինչպէ՜ս վազելով կ’երթայ իմ գործիս համար. մարդ մը որ ինծի համար հոգին կու տայ. բարի, պարկեշտ, ազնիւ ու վստահելի անձ մը, որու նմանը գտնելը խիստ դժուար է ժամանակիս մէջ…:
Վրայ կը հասնի փաստաբանը, որուն դիմած է Պաղտասար աղբար՝ ամուս- նալուծման խնդրանքով: Այս վերջինը տատամսումներ ցոյց կու տայ առնուելիք քայլերուն նկատմամբ հոն, ուր Պաղտասար աղբար ամենախիստ պատիժներ կը նախատեսէ.
*** Ազգային հիւանդանոց ղրկել. շղթայով կապել, անօթի պահել, ամէն գիշեր ծեծել, ոսկորները ջարդուբուրդ ընել եւ աշխարհէս վերցնել ասանկ լիրբ եւ անպատիւ կիները:
* * *
Աստիճանաւորումը կայուն ու պարկեշտ հետեւողականութեամբ կիրար-կուած է հայ գրականութեան մէջ, ինչպէս տեսանք բազում օրինակներով: Ան հեղինակէ-հեղինակ կը տարբերի յաճախականութեան եւ յաջողութեան աստիճանով:
Այսուհանդերձ կը հանդիպինք գործերու, ուր կը բացակայի ան:
Օրինակ՝ Սիամանթոյի ծանօթ երկին մէջ, ուր կը գտնենք հայոց լեզուի բոլոր շողշողուն բառերը՝ անկարգ ու անկանոն, առանց որեւէ աստիճանաւո-րումի.
«Օշականի դուն անկորուստ կրօնական,
Անապատին մէջ մխրճուող ճգնաւոր,
Դուն անբասիր եւ մեհենական մենակեաց,
Խունկի՜ անտառ, կնդրուկներո՜ւ բուրաստան,
Քրիստոսի ազնիւ խօսքին դուն տիրական տարածիչ
Եւ գրանիտեայ ուղղափառ սիւն,
Եւ մտքի գմբէթ եւ հոգիի անծայրածիր հորիզոն,
Դո´ւն շնորհքի աշնանային շտեմարան,
Այսպիսիները կրնան մեր աչքերը շլացնել եւ ականջները մրճահարել, սակայն, դժբախտաբար, չեն սնուցեր մեր միտքը ու չեն տպաւորեր մեր հոգին:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան