Ինչ է աստիճանաւորումը (3)
October 19, 2025
Աստիճանաւորում (գ)
Մեր խօսքը աւելի ազդու կը դառնայ, երբ բարձրացող աստիճանաւորումին կը յաջորդէ հակադիր հաղորդում մը, որ ի չիք կը հանէ նախորդին կուտակած տպաւորութիւնը, ինչպէս կը գտնենք հետեւեալին մէջ.
***Ա՜լ իր արմատը թող ուզածին չափ ուռճանար, թող կրցածին չափ խորը մխրճուէր, թող ստորերկրեայ ահագին աշխատութիւններ կատարէր, թող լաւագոյն հիւթերը ծծէր,— անօգո՛ւտ, այդ ծառը պտուղ պիտի չտար… (Ռուբէն Սեւակ, «Ծերերը»):
Նոյնպիսի խառն աստիճանաւորումի օրինակ մըն ալ կը հայթայթէ Շիրվանզադէն՝ ոգեկոչելով Ղ. Աղայեանի եւ Ռաֆֆիի յարաբերութիւնները. ***[Աղայեանը] վրդովւում էր, բոբրբոքւում էր եւ երբեմն խօսքը աւելի համոզիչ դարձնելու համար կա՛մ խփում էր խօսակցի կրծքին, կա՛մ ամուր բռնում նրա թեւը եւ ուժգին թափահարում: Միմեանց մի լաւ գզգզելուց յետոյ, երկու վիպասանները նորից, ի հարկէ, հաշտւում էին եւ սկսում զուարճաբանել (Շիրվանզադէ, երկեր, հտ. 8, էջ 482):
Ուրոյն հրապոյր մը ունի այն խառն աստիճանաւորումը, ուր բարձրացողին զուգահեռաբար կը համապատասխանէ իջնողը. օրինակ՝
***Եօթ ձիերով լծուած կառքը արագ-արագ բարձրանում է գետի ձախ կողմով վեր, եւ գիւղը հետզհետէ հաւասարւում է մեզ, յետոյ ցածրանում եւ մնում մեր ոտների տակ» (Շիրվանզադէ, երկեր, հտ. 9, էջ 81):
* *
*
Աստիճանաւորումի առարկայ են նաեւ այն ժամանակն ու տարածութիւնը, ուր տեղի կ’ունենան գործողութիւններն ու երեւոյթները, որոնց յառաջացման ու ընթացքին ժամանակագրութիւնը իր կարգին պէտք է յարգուի:
Շատ յաճախ ժամանակն ու տարածութիւնը սերտօրէն ընդելուզուած են:
Ստորեւ օրինակներ՝
***Լեռնե՜ր, լեռնե՜ր, հայրենի անմահական դշխոներ,
Որոնց արփին կը դնէ թագ եւ մշուշն ալ պատմուճան…(Դ. Վարուժան):
Վարուժանի այս հատուածին մէջ նրբանկատօրէն յարգուած են ժամանա-կի ու տարածութեան աստիճանումները. ան կ’ակնարկէ արփիի՝ արեւածագի առաջին շողերուն, որոնք իբրեւ թագ կը զարդարեն հայրենի լեռներու բարձրա-գոյն մասերը՝ գագաթները, մինչ տակաւին յամեցող մշուշը, որ աւելի ցած դիրքի վրայ կը գտնուի, պատմուճանի մը պէս կ’ընդգրկէ լեռան մարմինը, ընդհուպ մինչեւ փէշերը:
***Այստեղ ու այնտեղ որոտում էր որսկանի հրացանի ձայնը, անտառը թնդում, արձագանգ էր տալիս (Յ. Թումանեան):
Պարզ է՝ նախ կ’որոտայ հրացանը, որուն որոտէն կը թնդայ անտառը, եւ այդ թնդիւնն ալ արձագանգ կու տայ: Անշուշտ գործողութեանց այս կարգը անխախտելի է, քանի որ անոնք պայմանաւորուած են իրարմով:
* * *
Ժամանակագրական նոյն տրամաբանական յաջորդականութիւնը, որ է աստիճանաւորումը կը գտնենք Աւ. Իսահակեանի հետեւեալ հատուածին մէջ.
***Ձմեռն անցաւ, եկաւ գարուն,
Հալուեց բարձրիկ սարերու ձիւն,
Ճամբայ բացաւ ղարիբներուն…
Եղանակային երեւոյթներու՝ ձմռան, ապա գարնան եւ ձիւնհալի բնական յաջորդականութեամբ կայացած հիանալի աստիճանաւորումը իր լրումին կը հասնի մարդկային/ազգային ցաւոտ երեւոյթով մը, որ… գաղթն է. ձիւներու չքացումով եւ ճամբաներու մատչելիութեամբ կը սկսի հայ տղամարդոց գաղթը, բաժանումը իրենց ընտանիքներէն՝ ի խնդիր աշխատանքի եւ նիւթական վաստակի, որուն կարիքը ունի քիչ մը ամէն գիւղացի:
***«Տնկած ճիւղդ ոչ միայն արմատակալեցաւ, այլեւ սաղարթ կապեց, ծաղկեցաւ ու պտղաւորուեցաւ,- կը գրէ հայ մայր մը իր ղարիբ զաւակին:
Եւ իջնող աստիճանաւորումի գեղեցիկ օրինակ մը.
–Արահետը հետզհետէ նեղնալով վերածուեցաւ բարակ կածանի մը, որ ծառերու բուներուն մէջէն դեղին նեղ ժապաւէնի մը պէս կ’օձապտուտկէր (Լեւոն Շանթ, «Օրը օրին»):
* * *
Ժամանակային ու տարածական աստիճանումը ցայտուն դարձնելու համար յաճախ կը գործածուին նախ, ապա, յետոյ, վերջապէս մակբայները՝ այս բերուած շարքով, ինչպէս նաեւ՝ քիչ առաջ, քիչ ետք ու նման բառակապակցութիւննեr:
Առ այս սերտենք հետեւեալ հատուածին աստիճանաւորումները, որոնք կը ներկայանան այնքան նուրբ ուներդաշնակ ընդելուզումով.
***Քանի առաւօտեան մշուշը կը փարատէր, աւելի յստակ կը զանազանէինք գիւղին համայնապատկերը: Նախ երեւցան բլուրին լերկ գլուխը եւ բարտիներուն սլացիկ գագաթները, որոնց շուրջ արագիլներ պտոյտ կու տային: Քիչ ետք մեր առջեւ պարզուեցան գիւղին միայարկ հողաշէն տուները՝ նեղ փողոցներով եւ մարդկային հատուկենտ կերպարանքներով: Արեւին առաջին ճառագայթներուն հետ զանազանուեցան ցորենի հերկուած գորշ արտերը, որոնք կը տարածուէին գիւղէն անդին ու կը հասնէին բլուրի փէշերուն:
Այստեղ փոխնիփոխ իրարու կը յաջորդեն ժամանակային ու տարածական աստիճանաւորումները:
Հատուածը կը սկսի առաւօտեան մշուշի հետզհետէ փարատումով, որ թոյլ կու տայ նախ զանազանելու գիւղին ընդհանուր համայնապատկերը միայն, որուն, սակայն, քիչ անդին կը յաջորդեն արեւու առաջին ճառագայթները, որոնց շնորհիւ այլեւս տեսանելի կը դառնան դաշտերը ու ապա զանոնք ծածկող ոչ միայն բուսականութիւնը, այլեւ անոր բնոյթը, տեսակը՝ «ցորենի գորշ հերկերով», եւ տարողութիւնը՝ անոնք կը հասնէին մինչեւ «հեռակայ բլուրին փէշերը»:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան