Թուային յեղափոխութեան գինը. ի՞նչ կը շահի ընթերցողը եւ ի՞նչ կը կորսնցնէ գրողը
July 2, 2026
Գիրքերը այսօր ընթերցողին աւելի մատչելի են, քան երբեւիցէ։ Տպագիր, ելեկտրոնային (ebook), ձայնագրուած (audiobook- ձայնագիրք), բաժանորդագրային ծառայութիւններու, հանրային գրադարաններու եւ բազմաթիւ առցանց հարթակներու շնորհիւ ընթերցողը գրեթէ անսահման հնարաւորութիւն ունի գիրքեր ձեռք բերելու։ Սակայն, որքան ալ այս իրողութիւնը առաջին հայեացքով մշակութային իրագործում թուի, անիկա ծնունդ կու տայ նաեւ անհանգստացնող հարցումի մը:
Իսկ այս բոլոր ընթերցողներէն եւ ընթերցանութեան միջոցներէն գրողը ի՞նչ կը շահի։
Այս հարցումին ուշագրաւ պատասխան մը կու տայ Ամերիկայի Authors Guild կազմակերպութեան հրապարակած եւ Codex Group-ի կատարած մէկ նոր հետազօտութիւնը, որ կը վերլուծէ ժամանակակից ընթերցասէրներու գիրք ձեռք բերելու սովորութիւնները (հետազօտութեան արդիւնքները տեսնել այս կապով)։ Ուսումնասիրութեան եզրակացութիւնները կը բացայայտեն միտում մը, որ կրնայ արմատապէս փոխել գրական ստեղծագործութեան տնտեսական հիմքերը։
Հետազօտութիւնը կը պարզէ, որ Մայիս ամսուան ընթացքին ընթերցողներու եւ ձայնագիրք լսողներու միայն 36 առ հարիւրը նոր գիրք գնած է կամ օգտուած վճարովի ծառայութենէ, որ հեղինակային իրաւունքի վճար կը յառաջացնէ։ Այլ խօսքով՝ ընթերցուած գրականութեան գրեթէ երկու երրորդը հեղինակին ուղղակի եկամուտ չի ստեղծեր։
Պատկերը աւելի մտահոգիչ կը դառնայ տպագիր եւ ելեկտրոնային գիրքերու պարագային։ Ընթերցուած գիրքերուն միայն 25 առ հարիւրը ձեռք բերուած է նոր օրինակ գնելու կամ վճարովի բաժանորդագրութեան միջոցաւ։ Իսկ ընդամէնը 19 առ հարիւրը իսկապէս նոր գնուած գիրք է։
Մնացեալները ստացուած են այլ աղբիւրներէ։
- 29 առ հարիւրը՝ հանրային գրադարաններէ,
- 10 առ հարիւրը՝ գործածուած գիրքերու շուկայէն,
- 6 առ հարիւրը՝ թուային քիչ վարձատրութեամբ բաժանորդագրութիւններէ,
- իսկ մնացեալ 35 առ հարիւրը՝ անձնական հաւաքածոներէ, բարեկամներէ փոխ առնուած օրինակներէ կամ նոյնիսկ անօրինական պատճէններով։
Առաջին հայեացքով, այս երեւոյթը կրնայ բնական թուիլ։ Հանրային գրադարաններ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են, մարդիկ միշտ ալ գիրքեր փոխանակած են: Սակայն ուսումնասիրութիւնը կը մատնանշէ, որ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած է աւելի խոր փոփոխութիւն մը։
Ընթերցանութիւնը չէ նահանջած, բայց գիրք գնելու մշակոյթը՝ այո՛։
Գրողը կը վարձատրուի՞
Այս փոփոխութիւնը ուղղակի ազդեցութիւն ունի հեղինակներու ապրուստին վրայ։
Հետազօտութիւնը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ լիաժամ աշխատող հեղինակի մը տարեկան միջին եկամուտը իր գիրքերէն կը կազմէ ընդամէնը 10.000 տոլար, իսկ 2009-էն ի վեր հեղինակային եկամուտները շուրջ 42 առ հարիւրով նուազած են։
Աւելի հետաքրքրական է այն երեւոյթը, որ հանրային գրադարաններէ ամենէն աւելի օգտուողները հիմնականօրէն ցած եկամուտ ունեցող անձեր չեն։ Ընդհակառակը, անոնք յաճախ համալսարանական կրթութիւն ստացած, լիաժամ աշխատող եւ տարեկան 75.000 տոլարէն աւելի եկամուտ ունեցող մարդիկ են։
Անոնք աւելի շատ կը կարդան, բայց զգալիօրէն աւելի քիչ նոր գիրք կը գնեն։

Թուային յեղափոխութեան հակասութիւնը
Թուային յեղափոխութիւնը ընթերցողին համար անկասկած մեծ նուաճում մըն է։ Այսօր հազարաւոր գիրքեր հասանելի են մէկ կոճակի սեղմումով։ Բայց նոյն յեղափոխութիւնը աստիճանաբար փոխած է այն տնտեսական ձեւաչափը, որով գրողները դարեր շարունակ ապրած են։ Երբ ընթերցողը բաժանորդագրութեամբ կը կարդայ գիրքը, հեղինակին հասնող հատուցումը շատ աւելի փոքր կ’ըլլայ։ Երբ գիրքը փոխ կ’առնուի կամ կը ներբեռնուի ապօրինի կերպով, այդ հատուցումը երբեմն ընդհանրապէս գոյութիւն չունի։
Այս երեւոյթը միայն գրականութեան չի վերաբերիր։
Նոյն մարտահրաւէրը այսօր կը դիմագրաւեն երաժիշտները, լրագրողները, լուսանկարիչները, թարգմանիչները եւ ընդհանրապէս բոլոր ստեղծագործողները։ Թուային աշխարհը աննախադէպ կերպով ընդարձակած է մշակութային բովանդակութեան հասանելիութիւնը, բայց միաժամանակ վարկազրկած է անոր տնտեսական արժէքը։
Իսկ ի՞նչ կը կորսնցնենք
Հետազօտութեան մեծագոյն ահազանգը թերեւս ոչ թէ հեղինակներու եկամուտին, այլ ապագայի գրականութեան կը վերաբերի։
Երբ գրողը այլեւս արժանապատիւ ապրուստ չ’ապահովեր, շատ տաղանդաւոր մարդիկ կը հեռանան գրականութենէն կամ կը շարունակեն գրել միայն որպէս երկրորդական զբաղում։ Հրատարակիչներն ալ կը դադրին ներդրում ընելէ նոր հեղինակներու վրայ եւ նախապատուութիւնը կու տան արդէն ծախուող «վաճառանիշ» դարձած գրողներու։
Հետեւանք կրնայ աւելի քիչ նոր ձայներ ըլլալ, աւելի քիչ համարձակ գրականութիւն եւ աստիճանաբար աղքատացող մշակութային դաշտ մը։ Հետազօտութիւնը չի յանձնարարեր հրաժարիլ գրադարաններէն կամ բաժանորդագրային ծառայութիւններէն։ Ընդհակառակը, ան կը յիշեցնէ, որ ընթերցանութեան տարածումը ինքնին դրական երեւոյթ է։
Բայց ան նաեւ մտածել կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել, որ մշակութային բարիքը լայնօրէն հասանելի ըլլայ՝ առանց հեղինակները զրկելու արժանապատիւ եկամուտէ։
Որովհետեւ ի վերջոյ, եթէ ապագային ընթերցողներ ունենանք, բայց գրողներ այլեւս չունենանք, մշակոյթի մեծագոյն կորուստը ոչ թէ գիրքերու պակասը պիտի ըլլայ, այլ՝ նոր գիրքերու ծնունդը։
«Տարբերակ21»