Ընկերային ցանցերու արգելքը եւ չափահասներու մոռցուած կախեալութիւնը

June 21, 2026

Բրիտանական Financial Times թերթը վերջերս հրապարակեց Քլէր Պարէթի ստորագրութեամբ «Մեր հեռաձայններն ալ առէ՛ք․ ընկերային ցանցերու արգելքը միայն երեխաներո՞ւն համար» խորագրեալ յօդուածը, որ կ’անդրադառնայ ընկերային ցանցերու վտանգներուն՝ 16 տարեկանէն վար անչափահասներուն ընկերային ցանցերու օգտագործման արգելքի հաստատման մասին բրիտանական կառավարութեան որոշումին լոյսին տակ։ Նիւթ մը, որուն մասին արդէն շատ գրուած է։ Աւելի ուշագրաւ է յօդուածին մատնանշած հակասութիւնը. չափահասները կը փորձեն պաշտպանել երեխաները այն բանէն, որմէ իրենք նոյնքան կախեալ դարձած են։ Հարցը միայն պատանիներու մասին չէ, այլ ամբողջ հասարակութեան։ Ընկերային ցանցերը աստիճանաբար վերածուած են ժամանակակից կեանքի ենթակառոյցներէն մէկուն, որ կ’օգտագործուի տեղեկութեան, ժամանցի, ընկերային կապերու եւ նոյնիսկ ինքնութեան ձեւաւորման համար։ Հետեւաբար, խնդիրը պարզ արգելքով լուծելու փորձը կրնայ աւելի խոր հարց մը բացայայտել. թերեւս մենք չենք քննարկեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգտագործել այս հարթակները, որովհետեւ տակաւին չենք համարձակիր ընդունելու, թէ չափահասներն ալ նոյնքա՛ն կարիքը ունին թուային ինքնակարգապահութեան, որքա՛ն երեխաները։

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ծնողները կը կարծէին, թէ մինչեւ 16 տարեկաններու ընկերային ցանցերու օգտագործումը արգիլելու կառավարութեան խոստումը իրենց աղօթքներուն պատասխանն էր։ Հիմա, երբ վարչապետը կը սկսի յստակեցնել ծրագրին մանրամասնութիւնները, անոնք կամաց-կամաց կը գիտակցին, որ այս բոլորին մէջ «հաւնելու» շատ բան չկայ։

Այն, ինչ մենք կ’ուզէինք, ընկերային ցանցերը աւելի անվտանգ դարձնելն էր՝ ստիպելով արհեստագիտական մեծ ընկերութիւններուն, որ կանխեն վնասակար բովանդակութեան հասանելիութիւնը եւ արգիլեն չարաշահողներուն մուտքը երեխաներու կեանքէն ներս։ Իսկ այն, ինչ պիտի ստանանք, եթէ համապատասխան օրէնսդրութիւնը ուժի մէջ մտնէ յաջորդ գարնան, պարապութիւն մըն է, զոր ո՛չ երեխաները, ո՛չ ծնողները եւ ո՛չ ալ կառավարութիւնը գիտեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է լեցնել։

Այսուհանդերձ, արգելքին ի նպաստ արտայայտուողներու պակաս չկայ։ Իսկ ո՞ւր․ Ի հարկէ՝ ընկերային ցանցերուն մէջ: Անվերջ գրառումներ եւ մեկնաբանութիւններ կը տեսնեմ՝ գրեթէ առանց անդրադառնալու այն հեգնանքին, որ մենք՝ չափահասներս, որքա՛ն կախեալ դարձած ենք այս հարթակներէն՝ աշխարհին նայելու պատուհան մը ունենալու համար։

Իսկ երեխանե՞րը։ Անոնք արդէն ընկերային ցանցերու միջոցով խորհուրդներ կը փնտռեն, թէ ինչպէս կարելի է շրջանցել արգիլքը։ VPN-ներու (Virtual Private Networks) մասին որոնումները կտրուկ աճ արձանագրած են յայտարարութենէն ետք։

Աւստրալիոյ մէջ, ուր արդէն իսկ գոյութիւն ունի մինչեւ 16 տարեկաններու ընկերային ցանցերու արգելքը, կ’ըսուի, թէ երեխաներուն մօտաւորապէս 60 առ հարիւրը ձեւով մը կը յաջողի շրջանցել զայն։ Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքական գործիչները կը խոստանան յաւելեալ միջոցառումներ, ներառեալ՝ հեռախօսներու օգտագործման պարէտային ժամեր (curfews) եւ էջերու գլորումի (scrolling) սահմանափակումներ։

Ես ալ կը բաժնեմ անոնց մտահոգութիւնը՝ ընկերային ցանցերու չափազանց օգտագործման ազդեցութեան երեխաներու հոգեկան առողջութեան վրայ։ Սակայն կը կորսուին նաեւ անոնց դրական կողմերը՝ կապ հաստատելը, համայնքներ գտնելը, համախոհներու շրջանակ ստեղծելը եւ տարբեր հետաքրքրութիւններ զարգացնելը։ Մենք կրնանք կարծել, թէ երեխաները պիտի յարմարին այս արգելքին, բայց արդեօք մե՞նք պիտի կարենանք։

Եթէ իսկապէս կ’ուզենք լաւ օրինակ ծառայել մեր երեխաներուն, պէտք է նախ մենք մեր սեփական կախեալութիւնը վերաքննենք։ Ամէն երկուշաբթի սարսափով կը սպասեմ այն հաղորդագրութեան, որ կը տեղեկացնէ, թէ շաբաթուան ընթացքին քանի ժամ անցուցած եմ հեռաձայնիս առջեւ։ Իմ մէկ մասս կը փափաքի, որ առաջարկուած գիշերային պարէտային ժամը տարածուի բոլորին վրայ։ Ընկերային ցանցերուն մէջ տարիքի ստուգման համար թուային ինքնութեան (digital ID) պարտադրումը անպայման պիտի վանէ որոշ չափահասներ։

Ոեւէ մէկը, որ փորձած է պատանի մը հեռացնել իր հեռախօսէն, պիտի հասկնայ, թէ ինչու գրաւիչ է մեղադրանքը կառավարութեան վրայ բարդելը։ Բայց երբ արգելքը սկսի, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք։ «Պատին պիտի նայիմ»,- եղաւ պատանի աղջնակի մը սառնասիրտ պատասխանը BBC-ի հարցազրոյցի մը ընթացքին, եւ ինչպէս կը սպասուէր, պատասխանը արագօրէն տարածուեցաւ համացանցին մէջ։

Նախարարները այս շաբաթ հաճոյքով կը կրկնէին, թէ երեխաներուն համար լաւ է երբեմն ձանձրանալը։ Իսկապէ՞ս։ Արդեօք նոյնը պիտի ըսե՞ն, երբ փորձեն տունէն աշխատիլ, մինչ  իրենց զաւակները Zoom-ով ժողովի ընթացքին ետեւի պաստառին վրայ միաձայն պիտի գոռան, թէ ընելիք բան չունին։

Այս արգիլքը մեզ դէմ յանդիման պիտի դնէ քանի մը անհաճոյ ճշմարտութիւններու։ Մենք արհեստագիտութիւնը կ’օգտագործենք որպէս խնամատար։ Անիկա աժան եւ յարմար միջոց մըն է երեխաները զբաղեցնելու։ Անոնք զբաղուած են եւ, կարեւորը, ներսը՝ մեր աչքին տակ։ Թերեւս կը վարանինք երեխաներուն հեռախօս տալու, բայց գոնէ այդպիսով կրնանք հետեւիլ անոնց շարժումներուն։

Շատ մը գերհոգատար ծնողներ պիտի վախնան այն հեռանկարէն, որ իրենց զաւակները աւելի ազատ պիտի շրջագային։ Տարիներ առաջ, երբ Լոնտոնի Հաքնիի շրջանին մէջ կը մեծցնէի իմ խորթ որդիներս, իմ մէկ մասս գոհ էր, որ անոնք տունը կը մնային՝ խաղեր խաղալով եւ առցանց զրուցելով իրենց Լոնտոնի միւս ընկերներուն հետ։ Բայց միաժամանակ տխուր է լսել, թէ քանի՛ դեռահասներ հարցազրոյցներու մէջ այսօր կը խոստովանին, թէ կը վախնան դուրս ելլելէ:

Ընկերային ցանցերու վերելքը համընկնեցաւ երիտասարդներու համար նախատեսուած բազմաթիւ վայրերու փակման՝ երիտասարդական կեդրոններ, գրադարաններ, մարզական ակումբներ։ Արդեօք ընկերային ցանցերու արգելքին պիտի յաջորդե՞ն միլիառաւոր փաունտեր՝ զանոնք վերաբանալու կամ դպրոցէն ետք արտադասարանային ժամանցային եւ կրթական գործունէութիւններ ֆինանսաւորելու համար։

Աւելի բարեկեցիկ ծնողները կրնան վճարել աւելի շատ ակումբներու, սինեմայ երթալու եւ Uber-ներու փոխարժէքը։ Սակայն ես կը մտահոգուիմ, որ առեւտրական կեդրոններու կամ տեղական զբօսայգիներու մէջ թափառող ձանձրացած պատանիներու խումբերը պիտի շարունակեն դիտուիլ որպէս անհանգստացնող ներկայութիւն, փոխանակ կարեկցանքով դիմաւորուելու։

Անցեալ շաբաթավերջին հարիւրաւոր պատանիներ տեսայ Epping Forest-ի մէջ, որոնք եկած էին Duke of Edinburgh Award-ի ծրագրին շրջանակին մէջ կողմնորոշման մրցումներու մասնակցելու։ Անոնցմէ ոմանք ջուրէ դուրս նետուած ձուկի կը նմանէին, բայց գիտէ՞ք ինչ․ հրաշալի է, որ անոնք դուրսը՝ բնութեան մէջ են։

Ըստ դաստիարակութեան մասնագէտ Lorraine Candy-ի, այս արգելքին դրական կողմերէն մէկը այն է, որ ընտանիքները պիտի ստիպուին դժուար, բայց անհրաժեշտ զրոյցներ ունենալ։ Ան կը պատրաստէ ընտանեկան համաձայնագիր մը իր դեռահաս զաւակներուն հետ՝ հեռաձայններու օգտագործման ողջմիտ սահմաններու շուրջ, ներառեալ ընթրիքի սեղանին վրայ կամ ննջարաններուն մէջ հեռաձայն չունենալը։

Մինչ հիմա, միայն արհեստագիտական մեծ ընկերութիւններն են, որ լուռ կը մնան։ Սակայն եթէ անոնք իսկապէս աւելի ապահով դարձնեն իրենց հարթակները, այդ քայլը բոլորին համար հաճելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ։

Քլէր Պարէթ

Financial Times

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x