Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) առասպելն ու իրականութիւնը. Տարօն Աճեմօղլուի զգուշացումները

June 27, 2026

Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) վերջին տարիներուն դարձած է համաշխարհային տնտեսութեան, կրթութեան, աշխատանքի եւ քաղաքականութեան ամենէն քննարկուած նիւթերէն մէկը։ Շատեր զայն կը ներկայացնեն որպէս նոր «արդիւնաբերական յեղափոխութիւն» մը, որ պիտի փոխէ տնտեսութիւնները, աշխատանքի շուկան եւ նոյնիսկ մարդկային քաղաքակրթութեան ընթացքը։

Սակայն աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, տնտեսագիտութեան 2024-ի Նոպէլեան մրցանակակիր հայազգի Տարօն Աճեմօղլու այս լաւատես պատկերին կը մօտենայ զգուշաւորութեամբ։ Վերջերս ամերիկեան Fortune պարբերաթերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ (որուն կարելի է ծանօթանալ այս կապով), ան կը պնդէ, որ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) շուրջ ստեղծուած ակնկալութիւններուն զգալի մասը չափազանցուած է, իսկ հանրային քննարկումները յաճախ կը շրջանցեն իսկապէս կարեւոր հարցերը՝ աշխատանքի ապագան, տնտեսական անհաւասարութիւնը եւ իշխանութեան կեդրոնացումը։

Արհեստագիտութի՞ւն… թէ՞ հաստատութիւններ

 Տարօն Աճեմօղլուի ակադեմական ամբողջ աշխարհահայեացքը հիմնուած է այն գաղափարին վրայ, որ ժողովուրդները չեն բարգաւաճիր միայն նոր արհեստագիտութիւններ ունենալով։ Անոնք կը յառաջդիմեն, երբ ունենան այնպիսի քաղաքական եւ տնտեսական հաստատութիւններ, որոնք կը խրախուսեն մասնակցութիւնը, նորարարութիւնը եւ արդար մրցակցութիւնը։

Այս պատճառով ալ ան չի սիրեր «դրամատիրութիւն» բառը։ Իր կարծիքով, այդ մէկը չափազանց ընդհանրական հասկացողութիւն մըն է։ Շուէտը, Հարաւային Քորէան, Միացեալ Նահանգները կամ Արժանթինը նոյն տնտեսական համակարգը չունին, թէեւ բոլորը շուկայական տնտեսութիւններ են։ Ըստ իրեն, իրական տարբերութիւնը այն է, թէ հաստատութիւնները արդեօք մարդը ընդգրկո՞ղ (inclusive- օրէնքի գերակայութիւն, թափանցիկ կառավարութիւններ եւ բաց շուկաներ) են, թէ՞ շահագործող (extractive- իշխանութեան եւ հարստութեան կեդրոնացում եւ մասնակցութեան սահմանափակում)։

Նոյն սկզբունքը, ըստ Աճեմօղլուի, կը վերաբերի նաեւ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ)։ Հարցը այն չէ, թէ որքան խելացի պիտի դառնան մեքենաները, այլ՝ ո՞վ պիտի տնօրինէ զանոնք եւ որո՞ւ շահերուն պիտի ծառայեն։

Արտադրողականութեան խոստում

 Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) պաշտպանները յաճախ տնտեսական աննախադէպ աճ եւ արտադրողականութեան կտրուկ բարձրացում կը նախատեսեն։

Աճեմօղլու, սակայն, աւելի զգուշաւոր է։ Իր հաշուարկներով, յառաջիկայ տասը տարիներուն արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) կրնայ տնտեսութեան արտադրողականութեան աճը բարձրացնել ընդամէնը շուրջ 0,55 առ հարիւրով։ Ան նաեւ կը գնահատէ, որ ներկայ պայմաններուն մէջ ընդհանուր աշխատանքներուն միայն շուրջ 5 առ հարիւրը կրնայ շահաւէտ կերպով ինքնագործ (automated) դառնալ, ինչ որ աշխարհի համախառն ներքին արտադրութեան (global gross domestic product – GDP) վրայ կրնայ միայն 1-1,5 առ հարիւրի ազդեցութիւն ունենալ։

 Փոխարինո՞ղ… թէ՞ նոր արժէք ստեղծող

 Աճեմօղլուի համաձայն, արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) իսկական արժէքը այն չէ, որ անիկա մարդոց փոխարէն աշխատի, այլ՝ մարդոց հնարաւորութիւն ընձեռէ կատարելու այնպիսի գործեր, որոնք մինչեւ հիմա անկարելի կամ դժուար էին։

Այս իմաստով ան կը տարբերակէ երկու ուղղութիւն։

Առաջինը կը ձգտի մարդը փոխարինելու։

Երկրորդը կը փորձէ ընդլայնել մարդուն կարողութիւնները եւ ստեղծել նոր մասնագիտութիւններ, նոր ծառայութիւններ ու տնտեսական նոր արժէք։

Իր համոզումով, երկարաժամկէտ զարգացումը կրնայ գալ միայն երկրորդ մօտեցումէն։

Աշխատանքի շուկան՝ մեծագոյն մարտահրաւէրը

Աճեմօղլուի հիմնական մտահոգութիւնը, սակայն, արհեստագիտութիւնը չէ, այլ անոր ընկերային հետեւանքները։

Ան կը զգուշացնէ, որ եթէ համալսարանաւարտ երիտասարդներուն 30 կամ 40 առ հարիւրը չկարենայ արժանապատիւ աշխատանք գտնել, հետեւանքները կրնան ծանր ըլլալ ոչ միայն տնտեսութեան, այլեւ ժողովրդավարութեան եւ հասարակական կայունութեան համար։

Պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ երբ ամբողջ սերունդ մը տնտեսական փակուղիի մէջ կը յայտնուի, քաղաքական լուրջ ցնցումներու հաւանականութիւնը զգալիօրէն կ’աւելնայ։

Մարդակեդրոն ապագայի անհրաժեշտութիւնը

 Աճեմօղլու կը պնդէ, որ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) ապագան չի կրնար հիմնուիլ միայն արհեստագիտական մեծ ընկերութիւններու շահերուն վրայ։ Ան կոչ կ’ուղղէ հասարակական աւելի լայն քննարկման, որուն առանցքը պիտի ըլլան աշխատատեղիները, աշխատավարձերը, արժանապատիւ կեանքը եւ հանրային բարեկեցութիւնը։

Իր կարծիքով, աշխարհի հիմնական խնդիրը այսօր այն չէ, թէ որքան արագ պիտի զարգանայ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ), այլ այն, թէ մարդկութիւնը ի՛նչ տեսակի ապագայ կ’ուզէ կառուցել անոր միջոցով։

Վերջապէս, Աճեմօղլուի պատգամը պարզ է։ Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ որեւէ մեծ արհեստագիտութիւն ինքնին ո՛չ կը փրկէ հասարակութիւնները, ո՛չ ալ կը կործանէ զանոնք։ Վերջնական հաշուով որոշողը միշտ մարդիկն են, անոնց հաստատութիւնները եւ անոնց քաղաքական ընտրութիւնները։

Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) բացառութիւն չի կազմեր։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x