Աշակերտները պէտք է սորվին նաեւ, թէ ի՛նչ ՉԻ կրնար ընել ԱԻ-ն
September 1, 2026
Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) շուրջ այսօրուան բանավէճը յաճախ կը կեդրոնանայ այն հարցումին վրայ, թէ ի՞նչ կրնայ ընել ԱԻ-ն։ Կրնայ գրել, վերլուծել, թարգմանել, ստեղծագործել, նոյնիսկ՝ մտածե՞լ մեր փոխարէն։ Սակայն թերեւս նոյնքան կարեւոր է հակառակ հարցումը. ի՞նչ չի կրնար ընել ԱԻ-ն։
Հարցը առանձնապէս կարեւոր է կրթութեան համար։ Եթէ աշակերտը հետզհետէ վարժուի մեքենային յանձնելու ոչ միայն տեղեկութիւն փնտռելու, այլեւ մտածելու, մեկնաբանելու եւ արտայայտուելու աշխատանքը, ի՞նչ կը պատահի այն կարողութիւններուն, որոնք միայն աշխատանքային հմտութիւններ չեն, այլ մարդկային մտածողութեան մաս կը կազմեն՝ երեւակայութիւն, կարեկցանք, բնազդ, կասկած, ներհայեցողութիւն։
Ստորեւ թարգմանաբար տրուած յօդուածին մէջ The importance of teaching students what AI can’t do, Պիլլի Ճ. Սթրաթըն հարցը կը քննէ գրականութեան դասի պահուն կատարուած հետաքրքրական փորձի մը միջոցով։ Անոր հիմնական միտքը պարզ է, բայց կարեւոր. կրթութեան պարտականութիւնը այլեւս միայն աշակերտին սորվեցնելը չէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գործածել ԱԻ-ն, այլ նաեւ՝ հասկցնել, թէ ո՛ւր կը վերջանան անոր կարողութիւնները եւ ո՛ւր կը սկսի մարդուն անփոխարինելիութիւնը։
Մտահոգիչ է պատկերացնել ապագայ մը, ուր մարդկային մտածողութիւնը կրնայ աւելորդ նկատուիլ կամ ստորադաս համարուիլ՝ արուեստական իմացականութեան զարգացման պատճառով։ Բայց իր բոլոր բացասական կողմերով հանդերձ՝ ԱԻ-ն կարելի չէ անտեսել կամ պարզապէս ցանկալ, որ անհետանայ։ Ան եկած է մնալու, եւ ես կ՚ուզեմ, որ աշակերտներս հասկնան, թէ ի՛նչ վտանգներ կան այս արհեստագիտութենէն չափազանց կախեալ դառնալուն մէջ։
Չեմ կրնար մեղադրել զանոնք, երբ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ այսքան ժամանակ եւ ճիգ պէտք է տրամադրեն իրենց գրելու եւ քննական մտածողութեան կարողութիւնները կատարելագործելու, եթէ լեզուական մեծ մոտելները կարծես բաւական ընդունելի գործ կը կատարեն։ Սակայն այս կացութիւնը մշակոյթներու եւ հաւաքականութիւններու համար լուրջ հետեւանքներ ունի։
Դիւրին է պատկերացնել ապագայ մը, ուր ԱԻ-էն կախեալութիւնը կը յանգեցնէ մտաւոր միօրինակութեան եւ քննական մտածողութեան քայքայումին։ Հետազօտողները արդէն կը փաստագրեն այս ազդեցութիւնները, որոնք կը սպառնան գաղափարներու խորազնին վերլուծութիւնը վերածելու անտեսուած հմտութեան մը։
Ահա թէ ինչո՛ւ կը կարծեմ, որ կրթական մշակները ԱԻ-ի հարցը պէտք է ուղղակիօրէն դիմակալեն։ Իմ կարծիքովս՝ բանալին ուսանողներուն սորվեցնելն է տարբերակել ԱԻ-ի օրինաչափութիւններու ճանաչումը՝ անոր երազելու, աշխարհը մարդոց պէս ապրելու կամ մարդկային վաւերական յոյզեր փոխանցելու անընդունակութենէն։
Ըսէ՛ք ինծի, թէ ի՛նչ կը մտածէք
Վերջերս դասաւանդած դասընթացքիս ընթացքին, որ նուիրուած էր ամերիկեան Հարաւի գոթական գրականութեան, աշակերտներուս վարժութիւն մը տուի։ Անոնք պէտք է ԱԻ-ն յանձնարարութիւն տային՝ վերլուծելու Քարսըն ՄըքՔալըրզի 1940-ին հրատարակուած «Սիրտը միայնակ որսորդ մըն է» (The Heart Is a Lonely Hunter) վէպէն տեսարանի մը «զգացական մթնոլորտը»։
ՄըքՔալըրզի գործերուն նման Հարաւային գոթական գրականութեան մէջ ընթերցողին հանդիպող կերպարներէն շատերը տարօրինակ եւ դաժան են։ Խեղաթիւրուած ու անբնական դիտանկիւնէ ներկայացուած՝ անոնք կը խօսին տարօրինակ բարբառներով եւ կը ստեղծեն այն, ինչ Ֆլանների Օ՛Քանըր «կերպախեղուած» (grotesque) կը կոչէր։ Անոնք կ՚ապրին մեկուսացած վայրերու մէջ, որոնք կարծես անցեալին մէջ սառած են եւ, Օ՛Քանըրի մէկ այլ բնորոշումով, «Քրիստոսով յաճախուած» (Christ-haunted) են։
Շատ մը ընթերցողներ կը դժուարանան ամբողջական պատկերացում կազմել այս կերպարներուն տարօրինակ աշխարհներուն մասին։ ԱԻ-ն առաւել եւս կը դժուարանայ ընդհանրացնել հաւատքի եւ անհաւատութեան, կամ բարիի եւ չարի միջեւ այն բարդ լարուածութիւնները, որոնք կեանք կու տան այս պատմութիւններուն։
Պատասխաններուն շրջանակը սահմանափակելու եւ օգտակար բաղդատութիւններ կատարելու համար աշակերտներուն տուի վէպին գլխաւոր կերպարներուն առնչուող տեսարաններ։ Անոնցմէ մէկը սրտաճմլիկ այն դրուագն էր, երբ խուլ Սփիրոս Անթոնափուլոսը կը ղրկուի պետական հոգեբուժարան՝ ետին ձգելով իր միակ բարեկամը՝ Ճոն Սինկըրը։
Տեսարանը շօշափելի սարսափի եւ տխրութեան զգացում մը ունի։ Աւելի՛ն, ան արդարացի զայրոյթ կը յառաջացնէ Անթոնափուլոսի զարմիկին նկատմամբ, որ զինք կը հեռացնէ՝ յարմարութեան համար տրուած որոշումով մը եւ Սփիրոսի դժուարութիւնները իբրեւ շեղած ու հակաընկերային վարք սխալ հասկնալով։ Իսկ այն հանգամանքը, որ ան գաղթական ծագում ունի եւ կ՚ապրի Ճորճիա նահանգի փոքր քաղաքի մը մէջ, տեսարանին աւելի սուր իմաստ մը կու տայ։
ChatGPT-ն, սակայն, տեսարանը ներկայացուց չոր եւ վերացական բառապաշարով։ Աշակերտներէս մէկուն ներկայացուցած բնորոշ պատասխաններէն մէկը կ՚ըսէր.
«Մթնոլորտը կործանարար չափով միայնակ է եւ կարծես ժամանակին մէջ առկախուած։ Տեսարանը լուռ, անօգնական եւ զգացականօրէն միակողմանի կը թուի։ Չկայ տրամաթիք հրաժեշտ. փոխարէնը՝ պահը կը բնորոշուի Սինկըրի լուռ տառապանքով։ Շոգեկառքին մեկնումը կը խորհրդանշէ անդառնալի բաժանումը»։
Այս գնահատումը ախտաբանական է եւ պաղ։ Ան չի յաջողիր փոխանցել խոր տխրութեան ծանրութիւնը, որ կը բխի երկու բարեկամներու բաժանումէն, որոնք իրարմէ զատ ուրիշ ոչ ոք ունին։ Աւելի՛ն, պատասխանը փաստական սխալ մըն ալ կը պարունակէր. մեկնողը հանրակառք մըն է, ոչ թէ շոգեկառք։
Կը բացակայի նաեւ Սինկըրի վախին յստակ ընկալումը այն սարսափներուն հանդէպ, որոնք կրնան սպասել Անթոնափուլոսին, ինչպէս նաեւ այն տրամաթիք հեգնանքը, որ կը ստեղծուի Անթոնափուլոսի՝ իր կեանքին գլխիվայր շրջուելուն նկատմամբ թուացեալ անգիտակցութեամբ։ ԱԻ-ն պարզապէս չունի այն ապրուած փորձառութիւնը, որ անհրաժեշտ է ձեռք բերելու այն համատեքստային գիտակցութիւնը, որով կարելի պիտի ըլլար հարազատօրէն ըմբռնել Մաքքալըրզի մղձաւանջային վէպը։
Քանի որ ԱԻ-ն մեծ մասամբ կը գործէ իբրեւ բարելաւման (optimization) համակարգ՝ համադրելով առցանց հսկայական քանակութեամբ տուեալներ եւ ամփոփելով արդիւնքները, այս եւ այլ տեսարաններու անոր վերլուծութիւնները ընդհանրապէս մակերեսային էին։ Ինչպէս երկու աշակերտներ բնորոշեցին՝ անոնք «խորքէ զուրկ» էին եւ լեցուն՝ «անորոշ ընդհանրացումներով»։

Մարմնաւորուած փորձառութեան հասնիլը
Այնուհետեւ աշակերտներուս խնդրեցի ԱԻ-ին յանձնարարել, որ իրենց ընտրութեամբ առնուազն երեք կերպարներ ներառող «նոր տեսարան մը» ստեղծէ։
Ստեղծագործական արդիւնքը նոյնիսկ աւելի անոգի էր։ Աշակերտները յատկապէս զուարճացան, երբ ԱԻ-ն Ճոն Սինկըրը՝ միւս բոլոր կերպարները իրարու կապող առանցքային դէմքը, ներկայացուց զանազան նիւթերու շուրջ խօսելու ընթացքին։ Խնդիրը, անշուշտ, այն է, որ Սինկըրն ալ, Անթոնափուլոսի նման, խուլ է։
Այն, որ ԱԻ-ն չի կրնար ըմբռնել լսելու անկարողութեան ապրուած փորձառութիւնը, զարմանալի չէ։ Կարեւոր է նշել, որ ԱԻ-ի հետ գործ ունենալ կը նշանակէ գործ ունենալ սինթեթիք իմացականութեան մը հետ, որ չունի մարմին՝ աշխարհը զգալու եւ անոր ազդելու համար։
Առանց մարմնաւոր ներկայութեան՝ ան չի կրնար ինքզինք օգտագործողին տեղը դնել եւ մարդկային կարեկցանքի մօտեցող բան մը զգալ։ Մինչ արհեստագիտութեան մարզի միլիառատէրեր, ինչպէս Իլոն Մասքն ու Մարք Անտրիսընը, կրնան կարեկցանքն ու ներհայեցողութիւնը տկարութիւն նկատել, այդ յատկանիշները գրականութեան եւ արուեստի բաբախող սիրտն են՝ ստեղծագործութեան եւ մարդկային կապի ակունքները։
Այլ խօսքով՝ զգացումը, կարեկցանքը եւ նոյնիսկ անտրամաբանականութիւնը կարելի է նկատել ԱԻ-ին հակակշռող մարդկային ամենէն զօրաւոր ուժերէն։
Ընդունիլ մարդկային տկարութիւնը
Կրնան պարագաներ ըլլալ, երբ ԱԻ-ն օգտակար է աշակերտներուս համար, եւ ես կը կարծեմ, որ անոր գործածութիւնը արգիլելու փորձերը անիրագործելի եւ անարդիւնաւէտ են։
Այս գործիքներէն ամբողջովին հրաժարելու կարելիութիւնը մեծ մասամբ շռայլութիւն մըն է։ Ինչպէս շատեր չեն կրնար իրենց տան մաքրութիւնը, պարտէզին խնամքը կամ երեխաներուն հոգատարութիւնը ուրիշներու վստահիլ, նոյնպէս նիւթական դժուարութիւններու մէջ գտնուող մարդիկ կրնան ԱԻ-ի օգնութեան կարիքը ունենալ։
Բայց յոյսս այն է, որ աշակերտներս, մանաւանդ իրենց մտաւոր աշխատանքին մէջ, պիտի հասկնան, որ այս արհեստագիտութեան դիմելը կրնայ նշանակել հրաժարիլ մարդկային մտածողութեան եւ ստեղծագործութեան համար էական կարողութիւններէ՝ երեւակայութենէն, բնազդէն եւ ներհայեցողութենէն։
Կ՚ուզեմ, որ երկու անգամ մտածեն, նախքան զրուցավար (chatbot) գործիքով մը փորձեն ծածկել մարդկային միտքին բնածին տկարութիւնները, թերութիւնները, մոլուցքներն ու շեղումները։
Ընդհակառակը՝ կ՚ուզեմ, որ ընդունին մարդկային այս հակումները եւ անձնատուր ըլլան այն բանին, զոր բանաստեղծ Ուիլիըմ Ուըրտզուըրթ կոչած է «զօրաւոր զգացումներու ինքնաբուխ յորդում»։
Ի վերջոյ, մեծագոյն արուեստը յաճախ կը ծնի այն մարդոցմէ, որոնք իրենց ամենէն խոցելի, շփոթած եւ մոլորած վիճակին մէջ են։
Պիլլի Ճ. Սթրաթըն