Ազգային հպարտութեան շերտերը՝ մարդը, մշակոյթը եւ քաղաքականութիւնը
April 5, 2026
Pew Research Center հետազօտութեան կեդրոնը, որ կը համախմբէ տարբեր ոլորտներէ, վայրերէ եւ տարբեր ծագումներով մտաւորական հետաքրքրասէր անձեր, 17 փետրուար 2026-ին, իր կայքէջով հրապարակած է «ի՞նչ բան մարդիկ հպարտ կը դարձնէ իրենց հայրենիքով» խորագրեալ հետազօտութիւն, որ կարելի է գտնել այս կապով «What Makes People Proud of Their Country?»:
Աշխարհի տարբեր անկիւնները, մարդիկ տարբեր ձեւերով կը սահմանեն, թէ ի՞նչ բան զիրենք «հպարտ» կը դարձնէ իրենց հայրենիքով։ Ոմանք զայն կը տեսնեն իրենց ժողովուրդին՝ մարդուն ու անոր նկարագրին մէջ, ուրիշներ՝ պատմութեան, մշակոյթին կամ բնութեան մէջ, իսկ ոմանք ալ՝ այն ազատութիւններուն, զորս կը վայելեն իրենց երկրին մէջ։ Երբ շուրջ երեսուն հազար հոգիի, աշխարհի քսանհինգ երկիրներէ հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ բան զիրենք հպարտ կը դարձնէ իրենց հայրենիքով, պատասխանները կը դրսեւորեն մարդկային փորձի բազմաթիւ շերտեր, ուր կը հանդիպին սէրը, ինքնութիւնը եւ երբեմն ալ քննադատութիւնը։
Որոշ երկիրներու մէջ հպարտութիւնը առաջին հերթին կը բխի մարդոցմէ։ Արժանթինի, Աւստրալիոյ, Ճափոնի եւ Սպանիոյ մէջ մարդիկ կը խօսին իրենց համաքաղաքացիներուն մասին՝ որպէս հաշտ, օժանդակող, աշխատասէր եւ անկեղծ։ Ճափոնի մէջ այս զգացումը գրեթէ ամբողջական է, ուր ժողովուրդը կը նկարագրուի որպէս կարգապահ, լուրջ եւ նրբազգաց, մինչ Աւստրալիոյ մէջ կը շեշտուի «ընկերային» ոգին՝ դժուար պահերուն իրարու ձեռք մեկնելու պատրաստակամութիւնը։
Ուրիշ տեղեր, հպարտութիւնը կը կապուի բազմազանութեան։ Ինտոնեզիոյ մէջ տարբեր ցեղերու, լեզուներու եւ կրօններու համակեցութիւնը կը ներկայացուի որպէս հարստութիւն, իսկ Քանատայի մէջ երկիրը կը նկարագրուի որպէս բազմամշակութային «մոզաիք» մը։ Հոն հպարտութիւնը կը ծնի այն գաղափարէն, թէ տարբերութիւնները չեն բաժներ, այլ կը համադրեն։
Բազմաթիւ ժողովուրդներու համար մշակոյթը եւ արուեստը կը կազմեն ինքնութեան հիմքը։ Ֆրանսայի մէջ կը խօսուի «գլխագիր Մշակոյթ»-ի մասին, Իտալիոյ մէջ՝ Վերածնունդի ժառանգութեան, իսկ Մեքսիքոյ մէջ՝ աւանդութիւններու եւ խոհանոցին։ Ճաշը ինքնին կը դառնայ հպարտութեան աղբիւր՝ գինի եւ պանիր Ֆրանսայի մէջ, աւանդական ուտելիքներ Իտալիոյ եւ Մեքսիքոյ մէջ։
Պատմութիւնը նոյնպէս կը մնայ հիմնական տարր մը։ Յունաստանի մէջ հպարտութիւնը կը սնանի հին քաղաքակրթութենէն եւ ազգային ազտագրական պայքարներէն, իսկ Լեհաստանի մէջ՝ անկախութեան համար մղուած պայքարէն։ Թուրքիոյ մէջ եւս պատմական դէմքերն ու պատերազմները կը կազմեն ազգային ինքնագիտակցութեան մէկ մասը։
Որոշ երկիրներու մէջ, հպարտութիւնը աւելի «կազմակերպուած» բնոյթ ունի։ Գերմանիոյ եւ Շուէտի մէջ մարդիկ կը հպարտանան իրենց քաղաքական համակարգերով՝ ժողովրդավարութեամբ, օրէնքի գերակայութեամբ եւ պետական ծառայութիւններով։ Շուէտի մէջ այս վստահութիւնը այնքան խոր է, որ կը ներառէ նաեւ առողջապահութիւնը, կրթութիւնը եւ կենսոլորտային քաղաքականութիւնը։
Բնութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը այլ կարեւոր թեմաներ են։ Պրազիլի մէջ Ամազոնը, ծովեզերքները եւ ընդարձակ բնաշխարհը կը ներկայացուին որպէս հպարտութեան աղբիւրներ։ Քենիոյ մէջ խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը կը զուգորդուին բնութեան գեղեցկութեան հետ, մինչ Իտալիոյ մէջ լեռները եւ ծովը մաս կը կազմեն ազգային դիմագիծին։
Սակայն այս պատմութիւնը միայն հպարտութեան մասին չէ։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ մարդիկ նաեւ կը խօսին իրենց դժգոհութիւններուն մասին։ Մեծն Բրիտանիոյ, Նիճերիոյ, Հունգարիոյ եւ Հարաւային Քորէայի մէջ զգալի թիւով մարդիկ կը նշեն, թէ կան բաներ, որոնցմով չեն կրնար հպարտանալ՝ քաղաքական հարցեր, տնտեսական դժուարութիւններ կամ անորոշութիւն ապագայի նկատմամբ։ Արդարեւ, հպարտութիւնը միակողմանի զգացում մը չէ։ Ան յաճախ հակասական է, երբեմն՝ երկդիմի։ Մարդիկ կրնան միեւնոյն ժամանակ սիրել իրենց երկիրը եւ քննադատել զայն։
Հուսկ, այս բազմազան պատկերը մեզի նկատել կու տայ, որ հայրենիքին հանդէպ հպարտութիւնը չի սահմանուիր միայն մէկ արժանիքով։ Այդ հպարտութիւնը կը բաղկանայ մարդոցմէ, յիշողութիւններէ, լեզուէն, մշակոյթէն, ազատութիւններէն եւ նոյնիսկ դժգոհութիւններէն։ Եւ թերեւս հո՛ս է ամենախոր իմաստը. մարդ հպարտ կրնայ ըլլալ ո՛չ միայն իր հայրենիքին ներկայ արժանիքներով, այլեւ այն հաւատքով, թէ ի՛նչ կրնայ ան դառնալ ապագային։
Վ.Թ.