Թամարա Ստեփանեանի «Արտոյի երկիրը» (Ա. Մաս)
November 22, 2026

Տարի մը առաջ էր, երբ դիտեցի Թամարա Ստեփանեանի «Իմ հայկական ուրուականները»(1) վաւերագրական ֆիլմը եւ յօդուած մը գրեցի թէ՛ այդ ֆիլմին, թէ՛ միեւնոյն ժամանակ հրատարակուած Թամարայի առաջին գեղարուեստական ֆիլմին՝ «Արտոյի երկիրը»-ի մասին, հակառակ անոր որ վերջինս տակաւին չէի դիտած։

Այս տարի՝ ապրիլ 2026-ին, Հայաստանի սինեմայի բարձրագոյն մրցանակաբաշխութեան՝ «Անահիտ»-ի ընթացքին, «Արտոյի երկիրը» արժանացաւ չորս մրցանակի(2)՝ լաւագոյն խաղարկային (fiction) ֆիլմ, լաւագոյն բեմագրութիւն (scenario), լաւագոյն դերասանուհի (Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի դերասանուհի Յասմիկ Սուվարեան) եւ լաւագոյն բեմադրիչ։

Յուլիս ամսուն տեղի ունեցած Երեւանի 23-րդ միջազգային սինեմայի փառատօնի՝ «Ոսկէ Ծիրան»ի (Golden Apricot)(3) բացման ֆիլմն էր «Արտոյի երկիրը», որմէ ետք ան սկսաւ ցուցադրուիլ Հայաստանի սինեմայի սրահներուն մէջ։ Այդ պահուն հետաքրքրութիւնս անգամ մը եւս արթնցաւ, եւ Յասմիկ Սուվարեանին միջոցով Թամարայէն ուզեցի գիտնալ, թէ ֆիլմը երբ պիտի հասնէր Լիբանան։ Պատասխանը եղաւ, որ այդ ուղղութեամբ կ’աշխատէր, բայց ցուցադրութեան թուականը տակաւին յստակ չէր։
Ահա՛ յոյսի նշոյլ մը։
Օգոստոսին լսեցի, որ ֆիլմը Լիբանանի մէջ պիտի ցուցադրուէր 12-րդ Beirut Art Film Festival-ի (BAFF) ընթացքին։ BAFF-ը, որ 2018-էն ի վեր կը գործակցի Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին (LAU) հետ, առիթ ընծայած էր Թամարային՝ ներկայացնելու իր ֆիլմը` նկատի ունենալով որ ան համալսարանին շրջանաւարտներէն է։ Սակայն այս անգամ ալ ցուցադրութեան թուականին մասին յստակ տեղեկութիւն չկար։

Սեպտեմբեր ամիսը բեղուն եղաւ Թամարային համար։ Յայտարարուեցաւ, որ «Արտոյի երկիրը» ընտրուած է Հայաստանը ներկայացնելու 2027-ի մարտին տեղի ունենալիք Օսքարի 99-րդ մրցանակաբաշխութեան՝ լաւագոյն միջազգային խաղարկային ֆիլմի (Best International Feature Film) բաժինին մէջ։ Իսկ Միացեալ նահանգներու մէջ կայացած Arpa International Film Festival-ի(4) 29-րդ տարեշրջանին ֆիլմը արժանացաւ երկու մրցանակի՝ լաւագոյն խաղարկային ֆիլմ եւ լաւագոյն բեմագրութիւն։
Չմոռնանք նաեւ, որ ֆիլմը Զուիցերիոյ Լոքառնոյի (Locarno) 78-րդ միջազգային սինեմայի փառատօնի բացման ֆիլմն էր եւ 6 օգոստոս 2025-ին ցուցադրուեցաւ շուրջ 8.000 հանդիսատեսի առջեւ։

Հոկտեմբեր ամիսը հասաւ, եւ Յասմիկ Սուվարեանէն իմացայ, որ Beirut Art Film Festival-ի ընթացքին ֆիլմը պիտի ցուցադրուէր նոյեմբեր 13-ին։ Ունեցած յոյսս անմիջապէս մարեցաւ, որովհետեւ այդ թուականին Թորոնթօ, Գանատա պիտի ըլլայի։ Բայց շուտով անդրադարձայ որ այդ թուականներուն, Թորոնթոհայ համայնքի Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղին կազմակերպած նշանաւոր «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը (Pomegranate Film Festival (POM))(5) տեղի կ’ունենայ։ Ուստի սպասեցի մինչեւ հոկտեմբեր 18, որ տեսնեմ փառատօնին ցուցադրուելիք ֆիլմերուն ցանկը։ Եւ ահա, պարզուեցաւ, որ POM-ի 19-րդ տարեշրջանին «Արտոյի երկիրը» եւս պիտի ցուցադրուէր։ Աւելի հետաքրքրականը, սակայն, ցուցադրութեան թուականն էր՝ նոյեմբեր 13։ Անմիջապէս տոմսս ապահովեցի այն մտավախութեամբ, որ ֆիլմը դարձեալ ձեռքէս կրնար փախչիլ։

Ֆիլմը դիտելու երկու պատճառ ունէի։ Առաջինը՝ Թամարայի ֆիլմը ըլլալն էր, իսկ երկրորդը՝ անոր մէջ ընկեր դերասաններ ունենալս։ Խօսքը Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի երկու դերասաններուն՝ Յասմիկ Սուվարեանի եւ Արսէն Սաղաթէլեանի(6) մասին է։

Հասաւ սպասուած պահը, եւ անհամբեր մտայ սրահ։ Ֆիլմը սկսաւ, եւ ընթացքին չորս անակնկալի առջեւ գտնուեցայ։ Յասմիկէն(7) ու Արսէնէն զատ, նոյն թատրոնէն եւս չորս ծանօթ դերասաններ յայտնուեցան պաստառին վրայ։ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտներ Սուսաննա Պաղտասարեան(8)՝ պետական պաշտօնեայի դերով, եւ Յովհաննէս Յովհաննէսեան(9)՝ իր իսկ հիմնած Գիւմրիի «Մտորումների թատրոն»-ին մէջ հազիւ երեւելով, հիւրերը ընդունելով եւ ներս անցնելով (ափսոս որ չհասայ նկարելու), Սեդա Մկրտչեան(8)՝ հիւրանոցի պաշտօնեայի դերով, եւ Արկադի Ղարագուլեան(8)՝ սեւ Mercedes-ով անցորդի դերով։ Պահ մը այն տպաւորութիւնը ունեցայ, թէ ֆիլմ դիտելու փոխարէն եկած էի ընկերներս տեսնելու։
Ֆիլմը մեծ մասամբ նկարահանուած էր Գիւմրիի մէջ։ Հայ-ֆրանսական համատեղ արտադրութիւն ըլլալով՝ նաեւ արհեստագիտական բաժինի անձնակազմին մեծ մասը գիւմրեցի էր։
Ֆիլմը դիտելու ամբողջ ընթացքիս, ուրախութիւնս աննկարագրելի էր։ Մանաւանդ երբ յիշեցի, որ յունիս 2024-ին Գիւմրի կը գտնուէի

եւ առտու կանուխ, երբ «ֆռռալու» ելած էի քաղաքի թաղամասերուն մէջ, պատահմամբ հանդիպած էի Թամարային։ Կարճ խօսակցութիւն մը ունեցած էինք, որովհետեւ ան զբաղած էր «ֆրանսական խումբի մը հետ ֆիլմ նկարահանելով»։ Այն ատեն չհարցուցի, թէ ինչ ֆիլմ կը նկարահանէր։
Պատասխանս ստացայ 13 նոյեմբեր 2026-ին։
Փաթիլ Գուլաճեան
Շարունակելի