Միասնաբար փրկենք հայերէնը

Միասնաբար փրկենք հայերէնը

May 18, 2025

Չափազանցութիւնը, իբրեւ ոճական հնարք, շատ սովորական է գտնել Հայ գեղարուեստական գրականութեան մէջ եւս: Շատ ընդհանրացած է թուային չափազանցութիւնը:

May 14, 2025

Գիտէի՞ր, թէ Գրիգոր Զոհրապ ոտանաւոր եւս գրած է՝ ընդհանրապէս ոգեկոչելով երիտասարդ տարիներու անվաղորդայն սէրերը, ինչպէս կը վկայեն ստորեւ բերուած երկու ապշեցուցիչ քնքշութեամբ պարուրուած նմուշները:

May 11, 2025

Չափազանցութիւն. Այսպէս կը կոչենք ոճական այն հնարքը, որ կը կայանայ առարկաները՝  անձեր, անասուններ, իրեր, երեւոյթներ կամ անոնց  յատկանիշերն ու գործողութիւնները չափազանցուած ներկայացնելու մէջ:

May 8, 2025

Յետայսու ըսուածը հայերէն չէ: Սխալ կառոյց մըն է. որովհետեւ յետ նախադրութիւնը սեռական հոլով  խնդիր կը պահանջէ. օրինակ՝ յետ մահու: Իսկ այսու՝ գործիական հոլով է.  ուրեմն անհամատեղելի են այս երկուքը:

May 4, 2025

--Ամբողջ օրը հեռաձայնեցի, սակայն միշտ ալ զբաղած էր: Ո՞վ կամ ի՞նչը: Ամբողջ օրը հեռաձայնեցի, սակայն միշտ ալ զբաղած էր բարեկամս (հետեւաբար  ժամանակ չգտաւ զրուցելու հետս) կամ՝ հեռախօսը (հետեւաբար չկրցայ կապուիլ բարեկամիս հետ):

April 30, 2025

«Հայրենիք»-ը իր 28/3/2025-ի թիւին մէջ ունի խորագիր մը՝ «Դարձուածք դէպի Թուրքիա»: Ծանօթագրութեան մը մէջ  բացատրուած է, որ ան թարգմանութիւնն է անգլերէն  «Turning towards Turkey» անգլիագիր յօդուածին:

April 27, 2025

Սակաւաբանութեան ուրոյն ենթատեսակ մը կը կազմեն այն կառոյցները, որոնց մէջ դերանունը կամ որեւէ փոխանուն զուրկ է անհրաժեշտ յղումէ: Ծանօթ իրողութիւն է, որ դերանուն մը կամ փոխանուն մը  ըստ ինքեան իմաստ չունի:

April 21, 2025

Ասոնք կը ներկայացնեն այնպիսի կառոյցներ, որոնցմէ ի բաց կը   ձգուին,  առհասարակ անվարժութեան, իսկ շատ յաճախ ալ անուշադրութեան ու մոռացութեան բերումով այնպիսի տարրեր, որոնք անհրաժեշտ են խօսքի ճիշտ ձեւաւորումին ու  ընկալումին:

April 13, 2025

Հաւաքական սակաւաբանութեան մեծագոյն իրագործումներէն կը հանդիսանան միւաորեալ նախադասութիւնները: Այսպէս կը կոչենք այն նախադասութիւնները, որոնք խտացումն են երկու կամ աւելի անկախ նախադասութիւններու:

April 6, 2025

Աշխարհիկ եւ հոգեւոր գրաւոր խօսքի  ընդհանրացումով եւ հրապարակագրութեան զարգացումին զուգահեռ լեզուներու մէջ յառաջացաւ սակաւաբանութեան  ուրոյն մշակոյթ  մը:

March 30, 2025

Այս խորագիրին տակ կը գտնենք այնպիսի կառոյցներ, որոնք յառաջացած են ժամանակի ընթացքին՝ անցնելով հաւաքականութեան բովէն, ընկալելի դառնալով անոր բոլոր անդամներուն, կոփուելով ու յղկուելով անկէ եւ մեծապէս նպաստելով լեզուի որակին:

March 24, 2025

Աշխարհաբարը բոլորովին պարզացուցած է յոգնակիի կազմութիւնը՝ որդեգրելով  (ն)եր միասնական  մասնիկը, որ ժողովրդախօսակցական շատ հին ակունքներ ունի:

March 16, 2025

«Ն» բաղաձայնով օժտուած էին գրաբարի բոլոր բայանունները՝ ազատումն, անջատումն, բաբախումն, խոստումն, ուսումն եւ այլն. ասոնք հազարներով աշխարհաբար անցան առանց բառավերջի «ն»-ի՝ ազատում, անջատում, բաբախում եւ այլն:

March 12, 2025

Պայքար (թիւ 412)             ***Բարեփոխումների օրակարգը հետ է մնում:             ---Բարեփոխումների օրակարգը յետ է մնում:             ***ֆէօտալական             ---ֆէոտալական...նախընտրաբար՝ աւատապետական

March 10, 2025

Պատմական սակաւաբանութիւն (բ) Սակաւաբանական մեծ փոփոխութիւններ կրեցին գրաբարի բառամթերքի բայական շերտի հազարաւոր բառեր, որոնց աշխարհաբարեան կառոյցը զգալիօրէն  տարբեր է գրաբարինէն:

March 5, 2025

   Շեշտը,- աշխարհի բոլոր լեզուներու բոլոր շեշտերը,- արտասանական բնական երեւոյթի մը դրսեւորումն է, որ մարդ արարածը կ’իւրացնէ մայրենի  լեզուին  հետ զուգահեռ, դպրոց երթալէ շատ առաջ:

March 3, 2025

Սակաւաբանութիւնը ոճաբանական այն յարատեւ  ու համատարած  օրէնքն է,  որ խօսողը կը մղէ  թօթափելու  լեզուէն այնպիսի  բաղադրիչներ,  որոնք ենթադրաբար անհրաժեշտ չեն:

February 23, 2025

Այսօր փորձենք բանաստեղծութեան սուրբ զօրութեամբ մեր մտքերն ու հոգիները մռայլող  համաշխարհային թոհուբոհին արձակուրդ տալ: Թէկուզ... մէկ օրով:

February 21, 2025

Ինքս ալ երկար փորձած էի հայացնել այդ բայը ու յանգած էի այլազանել-ին, որ այնքան ալ հեռու չըլլալով հանդերձ՝ կը կարծեմ թէ չունի բազմազանել-ին ճշգրտութիւնը:

February 19, 2025

Գեղարուեստական կրկնութեան առարկայ կրնան դառնալ կարգ մը հնչիւններ եւս, եւ այս հնարքին դիմած են ինչպէս օտար, այնպէս ալ հայ բանաստեղծները՝ թէկուզ Նարեկացիէն սկսած.

February 14, 2025

Կրկնաբանութիւնն ու աւելորդաբանութիւնը փակած են մեր լրագրոներէն ոմանց օձիքին,  եւ անոնք կը կենակցին հաշտ ու ներդաշնակ, մինչ  կարելի էր նուազագոյն ճիգով ու մանաւանդ փշուր մը...  ճաշակով ձերբազատիլ անոնցմէ:

February 12, 2025

Այս կրկնութիւններէն ոչ մէկը կը խորշեցնէ ընթերցողը, ոչ մէկը տաղտուկի եւ ձանձրոյթի նուազագոյն զգացումը կը յառաջացնէ անոր մէջ: Բանաստեղծը իր ներաշխարհի փոթորիկին ճարտարօրէն բաժնեկից կը դարձնէ զինք ընկալողը:

February 6, 2025

  Ուրիշ-ը անորոշ դերանուն է եւ իբրեւ դերանուն՝ խօսքի մէջ կը փոխարինէ նախապէս արտասանուած ու ծանօթ բառ մը՝ ընդհանրապէս  գոյական:

February 2, 2025

Գեղարուեստական կրկնութեան ամենէն աւելի տարածուած ու ծանօթ տեսակը յանգերգն է, որ ոտանաւորի մը իւրաքանչիւր տունի աւարտին կրկնուող մէկ  տողն է, երբեմն երկու տող...

January 29, 2025

Մէ՛կ հասկացութիւն, երե՛ք կէտադրութիւն ---Որքա՜ն կարօտ ունինք քեզի հայոց բանակ (28/1/2025, էջ 3): ---Տօնդ շնորհաւոր՝ հայկական բանակ (անդ): ---Տօնդ շնորհաւոր, հայո՛ց բանակ (անդ)

January 27, 2025

Հակառակ այն մեծ բծախնդրութեան, որ մեր մատենագիրները ի գործ դրած են՝ խուսափելու համար կրկնութիւններէ, այսուհանդերձ միշտ կարելի չէ եղած պայքարիլ անոնց դէմ:

January 22, 2025

Ի պատիւ անոնց, նման խուսափումը պատահականութիւն չէր, այլ խորապէս գիտակցուած արարք մը:

January 19, 2025

Ահա այս «հանգամանքներու» բերումով ալ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը վերածուած  է տառադարձական  անիշխանական քաոսի մը, որ անարգել ու անպատիժ կը քաշքշուի...

January 16, 2025

Նման կրկնութիւններ շատ դիւրաւ կը սպրդին, իսկ անոնց սրբագրութիւնները այնքան ալ դժուար չեն, պայմանաւ որ գրողը յանձն առնէ գրածը վերընթերցելու:

January 12, 2025

Գրաբարեան հայցականը՝ զոր,  կը շարունակէ յաջողապէս սպրդիլ մեր հայագէտներու արծուաբիբ տեսողութենէն ու գրաւել որ-ի տեղը:

January 6, 2025

Յարաբերութիւն-ն ու փոխյարաբերութիւն-ը իմաստային որեւէ տարբերութիւն չունին:

January 2, 2025

Տառադարձական խեղաթիւրումի  աւանդոյթը կը շարունակուի անարգել ու անպատիժ, զգաստութեան ու ինքնասրբագրման  առանց որեւէ նշոյլի:

December 29, 2024

Ձեր յօդուածը երկու համակարգչային էջէ աւելի թող չըլլայ. այլապէս միշտ պիտի վտանգուի Ձեր պայծառ մտքի արգասիքի ընթերցումը:

December 25, 2024

Խորհրդային կարգերու օրով եւ չվշտացնելու համար թուրք աղբարիկները, թուրք-ը  դարձուցած  էին տաճիկ: Եւ ահա աւանդոյթը պահուած է:

December 18, 2024

Շատ տխուր է, գիտնալ, որ այսքան անպաշտպան ու  լքեալ  է հայերէնը, համարեա քուրջի կտոր մը ըլլար ան, որ որեւէ կարկտանի, իմա՝ սրբագրութեան  արժանի չէ այլեւս:

December 13, 2024

Զգուշանալ/զգուշացնել, ինչպէս օրինակներէս նկատեցինք, կը նշանակէ հեռու կենալ կամ կեցնել բանէ մը, որ միշտ ալ բացասական կ’ընկալուի:

December 9, 2024

Դերանուանական կրկնութիւններ. կրկնութիւններու այս տեսակին կը հանդիպինք մասնաւորաբար թարգմանական գրականութեան մէջ: