Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութիւնը

«Այո՛, ան փոքր երկիր էր, բայց Լիբանան կրնար այդ մէկը ընել»

"Մայրի 3" հրթիռը՝ արձակման պատրաստ, Տըպայէի ծովեզերքէն: (Լուսանկարի աղբիւրը՝ Մանուկ Մանուկեանի, BBC-էն)
"Մայրի 3" հրթիռը՝ արձակման պատրաստ, Տըպայէի ծովեզերքէն: (Լուսանկարի աղբիւրը՝ Մանուկ Մանուկեանի, BBC-էն)

Գիտութեան ակումբէն դէպի ազգային ծրագիր

Հայ ընտանիքի մէջ, Երուսաղէմ ծնած Մանուկ Մանուկեան փոքր տարիքէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է տիեզերքի եւ հրթիռներու նկատմամբ: Ան կրթաթոշակ կը ստանայ Թեքսասի համալսարանին մէջ հետեւելու ուսողութեան ճիւղին, եւ հազիւ աւարտած, անոր կ’առաջարկուի ուսողութիւն եւ բնագիտութիւն դասաւանդել Պէյրութի Հայկազեան քոլէճին (ներկայիս Հայկազեան համալսարան) մէջ: Ան նաեւ կը նշանակուի խորհրդատու գիտութեան ակումբին, որ հետագային կը վերանուանուի իբրեւ Հայկազեան Քոլէճի Հրթիռային Ընկերութիւն (Haigazian College Rocket Society-HCRS): Սկզբնական շրջանին վեց ուսանող միայն կ’անդամակցի ընկերութեան, որուն հիմնադրութեան պաշտօնական թուականը կը նկատուի Նոյեմբեր 1960-ը: Բոլոր անդամները, ներառեալ անոնց դասախօսը՝ Մանուկը, քսաննոց տղաք էին:

Հրթիռային ընկերութեան նպատակները զուտ գիտական եւ կրթական էին: Ընկերութիւնը առիթ կը ստեղծէր գործնապէս ներգրաւուելու ժամանակի համաշխարհային գիտական աշխատանքներուն մէջ, եւ կիրառական դասաւանդութեան միջոցով, Մանուկ կը յուսար իր ուսանողներուն մէջ խանդավառութիւն ստեղծել գիտութեան եւ արհեսագիտութեան նկատմամբ:

Ընկերութիւնը ստիպուած էր բաւարարուելու սահմանափակ միջոցներով եւ աղբիւրներով: Մանուկ յաճախ իր սեփական աշխատավարձը կը գործածէր՝ հրթիռներու պատրաստութեան անհրաժեշտ քիմիական նիւթերն ու պիտոյքները գնելու համար: Խմբակը նախ կը սկսի «մանուկ հրթիռներ» պատրաստելով, ինչպէս  Մանուկ ինք կը սիրէր անուանել. անոնց երկայնքը չէր անցներ կէս մեթրը: Հրթիռներու արձակման սկզբնական փորձերը կը կատարուէին Լիբանանի լեռներուն վրայ գտնուող ուսանողներու ընտանեկան պարտէզներուն մէջ, ապա՝ Պէյրութի հիւսիս-արեւելքը գտնուող շոճիի անտառներէն մէկուն մէջ: Շարք մը փորձերէ ետք, ի վերջոյ, այս մանուկ հրթիռները որոշ հեռաւորութիւն մը կը կտրեն: Շարունակական փորձերուն պատճառով, հրթիռներուն չափը երթալով կը մեծնայ: Ապրիլ 1961-ի, Հայկազեան քոլէճի գրեթէ բոլոր ուսանողները կը բարձրանան արձակման համար ճշդուած վայրը՝ ականատես դառնալու նորագոյն հրթիռի թռիչքին: Հրթիռին արձակման ուղղութիւն ճշդուած էր անմարդաբնակ հովիտ մը, բայց վառելէն ետք, Ընկերութեան գործածած պարզունակ արձակիչը կ’իյնայ ետեւ եւ հրթիռը կը թռչի հակառակ ուղղութեամբ եւ էջք կը կատարէ լեռներու գագաթին գտնուող եկեղեցիի մը մուտքին մօտ՝ առանց վնասներ պատճառելու: Հակառակ այս արկածին, Մանուկին հաշիւներով, հրթիռը հասած է շուրջ մէկ քիլոմեթր բարձրութեան՝ զայն դարձնելով տեղական արտադրութեամբ շինուած ժամանակակից առաջին հրթիռը, որ արձակուած է Միջին Արեւելքի մէջ:

Նման իրադարձութիւն աննկատ չէր կրնար մնալ, եւ յաջորդ օրը Լիբանանեան բանակը կը կապուի Մանուկին հետ եւ կը պահանջէ, որ հետագայ փորձերը կատարուին աւելի ապահով եւ աւելի վերահսկելի պայմաններու մէջ: Երիտասարդ տեղակալ Եուսէֆ Ուահպէի, նոյնպէս քսաննոց, կը յանձնարարուի օժանդակել գիտութեան ակումբին՝ իբրեւ ձգաբանութեան մասնագէտ: Հրթիռներու արձակումները կը շարունակուին Սաննին լեռան վրայ գտնուող ռազմական հրետանային կեդրոնին մէջ՝ նախքան Տպպայէի ծովափնեայ վայր տեղափոխուելը: Այս համագործակցութեան բերումով, հրթիռները կը զարգանան ըստ բարդութեան եւ ըստ չափի: Կ’արտադրուին երկաստիճան, ապա երեք փուլային հրթիռներ, որոնց իւրաքանչիւրը կը թռչէր աւելի բարձր եւ աւելի հեռու, քան նախորդները:

Հրթիռի ծրագրին մասին լուրերը շատ արագ կը տարածուին Լիբանանի մէջ, եւ ան շուտով կը դառնայ ազգային հպարտութեան աղբիւր: Նախագահ Ֆուատ Շեհապ բացայայտ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայկազեան Քոլէճի Հրթիռային Ընկերութեան, եւ Ընկերութիւնը ընդունած ատեն կը յայտարարէ, որ Կրթութեան նախարարութիւնը դրամական յատկացումներ պիտի կատարէ 1962 եւ 1963 տարիներուն համար՝  Ընկերութեան գիտական աշխատանքներուն օժանդակելու նպատակով: Այս լայն օժանդակութեան եւ ազգային ներգրաւուածութեան մթնոլորտին մէջ, Հայկազեան Քոլէճի Հրթիռային Ընկերութիւնը կը վերանուանուի Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութիւն, իսկ Հայկազեան քոլէճը կը սկսի ճանչցուիլ իբրեւ «հրթիռներու քոլէճ»: Նկատի առնելով, որ մայրիի ծառը Լիբանանի ազգային խորհրդանիշն է, բոլոր հրթիռները կը կոչուին Մայրիի Հրթիռներ (կամ արաբերէն «արզ»): Հրթիռարձակումները անմիջապէս կը դառնան հանրային իրադարձութիւններ եւ կը ներգրաւեն հարիւրաւոր հանդիսատեսներ, որոնք կը դիտեն հրթիռներուն թռիչքը դէպի Միջերկրական ծով:

Մայրի հրթիռներ կ’արձակուին Լիբանանի անկախութեան օրուան՝ 22 Նոյեմբերի առիթով, 1963 եւ 1964 թուականներուն: Մայրի III եւ Մայրի IV հրթիռները ունէին 7 մեթր երկայնք՝ 1270 քիլոկրամ ծանրութեամբ, կրնային հասնիլ մինչեւ 325 քմ. բարձրութեան եւ ունէին մօտաւորապէս 1000 քմ հասողութիւն: Հրթիռները կը տողանցեն Պէյրութի փողոցներուն մէջ, եւ այդ երկու տարուան ընթացքին, կը հրապարակուին յուշադրոշմաթուղթեր:

Լիբանանի Հրթիռներու Ընկերութեան վերջին հրթիռարձակումը տեղի կ’ունենայ 1966-ին: Cedar VIII հրթիռը կ’արձակուի Տպպայէէն Միջերկրական ծովուն ուղղութեամբ, եւ յաջողութեամբ կը կտրէ անջրպետի միջազգայնօրէն ընդունուած սահմանը՝ Քարմըն գիծը: Այնուամենայնիւ, ան էջք կը կատարէ Կիպրոսի մօտ, եւ հազիւ վրիպելով կիպրական ջուրերուն մէջ գտնուող բրիտանական պատերազմական նաւ մը, որ կը հետեւէր լիբանանեսն այս հրթիռարձակումին՝ կ’իյնայ ծովը: Ընկերութեան արտադրած հրթիռները արդէն նուաճած են նոր մակարդակ մը, ինչ որ միջազգային ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ: Լիբանանեան վերջին հրթիռը՝ Մայրի X- ը, կ’արձակուի լիբանանեան բանակին կողմէ, 1967-ին, որմէ ետք, լիբանանեան հրթիռներու այս ծրագիրը վերջնականապէս կը դադրի:

Զուարճալի տուեալներ

* Մանուկ Մանուկեան միայն պսակաւոր գիտութեանց վկայական  ունէր, երբ կը հիմնէ ու կը ղեկավարէ Հայկազեան Քոլէճի Հրթիռային Ընկերութիւնը: Մագիստրոսի վկայականը կը ստանայ Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութեան ծրագրին գործադրութեան ընթացքին, իսկ դոկտորականը՝ 1966-ին Լիբանանը ձգելէ ետք:

* 1962-էն սկսեալ, «Կեցցէ Լիբանանը» պատգամը սփռող ռատիօհաղորդիչներ կը տեղադրուին հրթիռներու կոնացաւ յառաջամասին մէջ: Այս գաղափարին նմանօրինակին կը հանդիպինք 1977-ին արձակուած ամերիկեան Վոյէճըր 1 եւ 2 տիեզերանաւերուն մէջ, որոնք կը կրէին ոսկեզօծ պղնձեայ ձայնապնակներ՝ երկրէն քաղուած կեանքի ձայներով:

* Խորհրդային Միութեան եւ Ամերիկացիներուն նման, որոնք կենդանիներ կը ղրկէին դէպի ուղեծիր, Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութիւնը Միքի անունով մուկ մը կը մարզէ նման առաքելութեան համար: Անոնք կը ծրագրեն մուկը «բնակեցնել» կոնաձեւ յառաջամասին մէջ՝ առ ի պատրաստութիւն անոր «դէպի տիեզերք ճամբորութեան»: Մանուկ կնոջմէն կը խնդրէ փոքրիկ օդապարիկ մը պատրաստել Միքիի ապահով էջքին համար: Երբ կինը կը հասկնայ, թէ ինչո՞ւ համար է օդապարիկը, ան կտրականապէս կը մերժէ, եւ Միքին չի կրնար դառնալ այն տիեզերագնացը, որ պիտի ժամանակւորապէս ըլլար:

 Մրցակցութիւն մեծերուն հետ

Այն ինչ որ Լիբանանի Հրթիռներու Ընկերութիւնը 1960-1966-ի միջեւ կրցած է իրագործել, իսկապէս ուշագրաւ է եւ ոգեշնչող: Հայկազեանը երիտասարդ քոլէճ էր, որ հիմնուած էր Հրթիռներու ընկերութեան ստեղծումէն ընդամէնը հինգ տարի առաջ: Քոլէճը ունէր փոքրաթիւ ուսանողութիւն, ինչպէս նաեւ՝ նիւթական սահմանափակ միջոցներ՝ նման յաւակնոտ ծրագիրներ իրականացնելու համար: Սակայն, ան ունէր վճռական եւ խանդավառ ուսուցիչ մը եւ մեծ ձգտումներու տէր ուսանողներ, որոնք պատրաստ էին երազելու մեծ եւ նոր բան մը փորձելու:

1960-ական թուականներուն, դէպի անջրպետ ուղուելու մրցակցութիւնը հիմնականօրէն սահմանափակուած էր Մ. Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ, սակայն հոս կար փոքր Լիբանան մը, որ կը փորձէր իր սեփական տեղը գրաւել անջրպետային համաշխարհային ծրագիրներուն մէջ: Եւ այդ ձցտումը իրապէս կրնար վերածուիլ իրականութեան, եւ այդ՝ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ: Անջրպետ հասնող հրթիռի առաջին յաջող փորձը կատարուած էր Գերմանիոյ մէջ, 1942-ին: Պատմութեան մէջ, երկրի ծիրին մէջ դարձող առաջին արբանեակը՝ Սփութնիք 1-ը, հաստատուած էր Խորհրդային Միութեան կողմէ, 1957-ին: Էքսփլորըր 1-ը առաջին ամերիկեան արբանեակն է, որ արձակուած էր 1958-ին: Իսկ Եուրի Կակարին առաջին մարդն էր, որ կը հասնէր անջրպետ, 1961-ին: Հետեւաբար, Լիբանանի պէս մարդկային, նիւթական եւ արհեստագիտական սահմանափակ միջոցներ ունեցող երկիր մը, երբ կը յաջողէր հրթիռը հասցնել ուղեծիրի բերանը, իսկապէս շատ հպարտառիթ իրագործում պէտք է նկատել: Կ’արժէ նշել նաեւ, որ լիբանանցիներու այս խումբը հիմնականօրէն բաղկացած էր ուսանողներէ, եւ ոչ թէ հանրածանօթ գիտնականներէ:

Պէտք է սակայն ըլլալ իրապաշտ եւ ընդունիլ, որ Լիբանան ի վիճակի չէր հասնելու հոն, ուր մեծ պետութիւններ հասան իրենց իրագործումներով, բայց այն փաստը, որ ան կը յաջողէր իր սեփական միջոցներով պատրաստուած հրթիռներ արձակել, արդէն բաւարար է ընդգծելու Լիբանանի անջրպետային ծրագրին ներուժը եւ հաւականութիւնը հետագայ նուաճումներու, անշուշտ եթէ շարունակուելու առիթ տրուէր անոր:

Լիբանան կամովին չհրաժարեցաւ իր անջրպետային ծրագիրէն, այլ՝ ճնշումի տակ: Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութիւնը ոչ միայն տեղական հետաքրքրութիւնը շարժած էր, այլ նաեւ գրաւած միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը: Օտար դեսպանատուներու «մշակութային կցորդները» ուշադիր կը հետեւէին հրթիռարձակումներուն, եւ Հայկազեան քոլէճին մէջ, Մանուկ Մանուկեանի գրասենեակը պարբերաբար կը լրտեսուէր եւ անոր պատկանող թուղթեր կը քննուէին:

Հրթիռներուն երկար հասողութեամբ ըլլալու իրողութիւնը կը հետաքրքրէր դրացի երկիրներն ու արտաքին ուժերը, եւ անոնցմէ ոչ մէկը կ’ուզէր, որ Լիբանան իր գիտական յառաջխաղացքը օգտագործէ զինուորական նպատակներով: 1967-ին, Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնները խորհուրդ կու տան Լիբանանի դադարեցնելու իր անջրպետային ծրագիրը:

Չիրականացած ներուժ եւ մոռցուած պատմութիւն

Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութիւնը սկսաւ իբրեւ գիտական ծրագիր, եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ անոր բռնի դադրեցումը: Լիբանանեան բանակը արդեօ՞ք հետաքրքրուած էր այս ծդագրով՝  գիտական հետազօտութիւններու օգտագործումով նաեւ ռազմական հրթիռներ մշակելու, այո՛, այդպէս էր: Եւ այս մէկը մնայուն վէճի առարկայ էր Մանուկ Մանուկեանին հետ, որ կտրականապէս դէմ էր անջրպետային ծրագիրը օգտագործելու ռազմական նպատակներով: Հակառակ այն իրողութեան, որ ծրագիրը մնաց զուտ գիտական եւ կրթական, այսուհանդերձ, այս նախաձեռնութան ճակատագիրը վճռեց աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը:

Բնականօրէն, հրթիռներու պատրաստութեան համար կիրարկուած գիտութիւնը կարելի էր օգտագործել նաեւ զինուորական հրթիռներ ստեղծելու համար, բայց Լիբանանը իր բանակին համար հաւանական զէնք զարգացնելու իրաւունքէն զրկելու միտումով, երկրին մէջ գիտական նշանակալից հետազօտութիւններն ալ խափանուեցան: Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութիւնը կը ներկայացնէր նաեւ ազգային նախաձեռնութիւն մը՝ դրական շարժում մը, որուն շուրջ համախմբուած էին քաղաքացիները, եւ կառավարութիւնը զօրավիգ կը կանգնէր անոր: Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ յառաջդիմութիւն եւ բարգաւաճում կը խոստանար:

Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութեան անդամներուն մեծ մասը գաղթեց. անոնցմէ իւրաքանչիւրը յաջող ասպարէզ մը ունենցաւ, ներառեալ՝ NASA-ի մէջ: 1966-ին, Մանուկ Մանուկեան մեկնեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր կը շարունակէ դասաւանդել: 2011-ին, նոր սերունդ մը հարաւային Ֆլորիտայի համալսարանի ուսանողներէն, իմանալով Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութեան մասին, Մանուկէն կը խնդրէ ղեկավարել նմանօրինակ հրթիռային ընկերութիւն մը: Հաւատարիմ մնալով իր վաղ համոզումներուն, Մանուկ կը համաձայնի՝ պայմանով, որ իր ուսանողները հրթիռային հետազօտութիւններու նկատմամբ որդեգրեն նոր եւ նորարար մօտեցում մը, որ կը գերազանցէ Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութեան տասնամեակներ առաջ արձանագրած նուաճումները: Առ այդ, կը ստեղծուի Օդագնացագիտութեան եւ Հրթիռագիտութեան Ընկերութիւնը (SOAR), որ կ’ուսումնասիրէ նոր արհեստագիտութիւններ՝ անջրպետային գիտութիւններու յառաջդիմութեան օժանդակելու համար:

Դէպքերու տարբեր զարգացումով, SOAR-ը կրնար հիմնուիլ Լիբանանի մէկ այլ համալսարանին մէջ: Զոհը միջազգային ոտնձգութիւններու, նաեւ ներքին պայմաններու բերումով, Լիբանան այսօր հեռու է նման ծրագիր վերսկսելէ: Աւելի ցաւալի է այն, որ Լիբանանի պատմութեան այս փայլուն էջը գրեթէ յիսուն տարի ամբողջովին մոռացուած էր: Շնորհիւ բեմադրիչներ Ճոաննա Հաճիթոմըսի եւ Խալիլ Ժորեյճի, Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութիւնը լոյս աշխարհ վերադարձաւ 2013-ին: Անոնց այս նախաձեռնութիւնը հիմնականօրէն կը վայելէր Մանուկ Մանուկեանի աջակցութիւնը, որ հեռատեսութիւնը ունեցած էր պահելու Լիբանանի Հրթիռային Ընկերութեան արխիւային բոլոր նիւթերն ու լուսանկարները՝ քաջ գիտնալով, որ այս պատմութիւնը պէտք է փաստագրուէր եւ փոխանցուէր գալիք սերունդներուն:

Մանուկ եւ իր ուսանողները կը հաւատային, որ միայն կրթութեան եւ հետազօտութեան միջոցով կարելի է հասնիլ խաղաղութեան եւ կայունութեան: 1960-ական թուականներու երիտասարդ գիտնականներու այդ խումբը շատ չի տարբերիր ներկայիս զարգացող տեղացի հետազօտողներէն: Երկուքն ալ երազներ ունին եւ ձգտումներ, իսկ երիտասարդութեան հիմնական թելադրանքը՝ ըլլալ քաջ ու նախաձեռնող: Ինչպէս Մանուկ ինք կ’ըսէ. «Լիբանան փոքր երկիր էր, բայց կրնար այդ մէկը ընե»: Թերեւս, օր մը, այդ մէկը վերստին իրականութիւն կը դառնայ:

Անգլերէնէ թարգմանեց Վարուժան Թէնպելեան

Վանա Քալենտէրեան Պէյրութ, Լիբանան հաստատուած կենսահնագէտ է: Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան եւ Էտինպուրկի (Սկովտիա) համալսարանները, Medical Laboratory Sciences (B.S.) եւ Human Osteoarchaeology (M.S.) ճիւղերուն մէջ, յաջորդաբար: PhD-ը ստացած է Հոլանտայի Կրոնինկըն համալսարանէն, Հնագիտութեան մէջ,: Կը մասնակցի հնագիտական ծրագիրներու՝ Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս, կեդրոնացած է մարդկային մարմիններու հին մնացորդացի եւ հին պատմութեան մէջ յուղարկաւորութեան կերպերու ուսումնասիրութեան վրայ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x