Մասնագիտութեամբ քլինիքական եւ ընկերային հոգեբան Վերա Սիսեռեան ներկայիս կը ղեկավարէ Հայաստանի մէջ “Oղակ” ընկերային հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է կրթութեան եւ ընկերահոգեբանական աջակցութեան միջոցով հզօրացնել կիներուն դերը եւ դիրքը հասարակութեան մէջ: Հեղինակ է մանկական շարք մը գիրքերու, ընկերային հոգեբանութեան նուիրուած յօդուածներու:
Դժուար աշխատանք է խումբը առողջ պահելը, մանաւանդ, որ այդ գործընթացը կրնայ սպառնալ մեկուսացումով եւ լուսանցքայնացումով այն բոլոր անդամներուն, որոնք կը փորձեն առողջ պահել խումբը՝ հարցադրումներով, դիմադրութեամբ, վերլուծումներով...