Խոստացեր էի Շաքէ Մանկասարեանին, որ իր արեւմտահայերէնի վերածած հեքիաթները պիտի անպայման թոռնիկիս կարդամ, երբ Ամերիկա վերադառնամ: Եւ ալ այդպէս սկսայ: Բայց մեղքս չպահեմ: Երեխան կարծես ես եղայ, որովհետեւ մէկ էջ կարդալէս վերջ՝ թոռնիկիս խաղալիք մը տալով՝ շարունակեցի ես ինծի համար կարդալ: Տարուեցայ: Ամբողջ գիրքը կարդացի, 101 էջ, 18 հեքիաթ, մէկը միւսէն լաւ: