AI-ի դարուն՝ թուային ինքնութիւնը ընդդէմ մարդկային ու ազգային ինքնութեան

Ազգային ինքնութիւններու մասին խօսելու ատեն, մենք պէտք է նաեւ ուշադրութիւն դարձնենք կարեւոր, բայց առայժմ չշօշափուող հարցի մը՝ թուային միջավայրին։ Ներկայիս, թուային միջավայրը դարձած է մարդու առօրեային անբաժանելի մէկ մասը՝ ուժեղագոյն ազդեցութեամբ եւ ներկայութեամբ։ Այս երեւոյթը կարեւոր է ոչ միայն բարոյախօսական, միջանձնային շփման եւ այլ տեսանկիւններէ, այլեւ ազգային ինքնութեան ընկալման դիտանկիւնէն։ Խնդրայարոյց է այն, որ, ըստ էութեան չհասկնալով, թէ ինչ է ինքնութիւնը եւ անոր ուղղուած բազմաթիւ կիսատ-պռատ մեկնաբանութիւններով «ենթադրեալ ինքնութիւն» բացայայտելու փորձերու արանքին կայ սովորական մարդու թուային միջավայրը, ուր ան կը վերափոխուի անդառնալիօրէն եւ այդ թուային միջավայրը կ’ազդէ նաեւ անոր՝ ոչ միայն իր անձին ու հոգեբանութեան, այլեւ ազգային ինքնութեան ընկալման վրայ։ AI-ի մուտքը մեր կեանքէն ներս բազմաթիւ հարցեր կը յառաջացնէ եւ այդ հարցրերը պատասխաններ կը պահանջեն։

AI-ի մուտքը մարդկային կեանքէն ներս ոչ միայն փոխած է եւ կը շարունակէ փոխել մեր սեփական անձին ընկալման չափանիշները, այլեւ ընդհանուր հասարակական հասկացողութիւնները։ Երեւակայեցէք, երբ մարդը չի գիտեր, թէ ինք ով է, ապա ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալ թէ ի՞նչ կը ներկայացնէ իր պատկանած հասարակութիւնը, ազգը կամ նուազագոյնը՝ խումբը։ Ընդ որում, եթէ մարդը ինքնարտայայտութեան հարց ունի որպէս ընկերային արարած, երբ ան ձեւով մը փորձ կը կատարէ լուծելու իր սեռային, զգացական, մտաւորական խնդիրները, որոնք հոգեբանութեան եւ փիլիսոփայութեան բազմաթիւ տեսութիւններու քննարկման առարկայ են, ապա ինչպէ՞ս ան պիտի վերաբերի իր էթնիք պատկանելիութեան հետ։

AI-ը չունի ազգութիւն, կրօնական կամ բարոյական որեւէ չափանիշ։ AI-ի բազմաթիւ գործիքներ տակաւին զերծ կը մնան բռնութեան, սեռային եւ այլ տեսարաններ նկարագրելէ կամ պատկերացնելէ (թէեւ կան նաեւ չգրաքննուած AI գործիքներ), բայց անոնք պայմանաւորուած են միայն տուեալ երկրին օրէնքով, այլ ոչ թէ ազգային առանձնայատկութիւններով։ Ազգութիւն չունեցող AI-ը համահարթ ու համահաւասար կ’ընդունի բոլոր ազգութիւններն ու կրօնները՝ իւրայատուկ Էսփերանթօ մը (Միջազգային լեզու մը ստեղծուած Լուտվիկ Զամենհոֆի կողմէ 1887-ին՝ իբրեւ դիւրին ուսուցուող, հաղորդակցութեան չէզոք լեզու մը տարբեր ազգերու միջեւ) նաեւ էթնիք միջավայրի համար։

Ինչպէ՞ս պիտի դրսեւորուի «ազգայինը» թուային միջավայրի մէջ։ Աստիճանաբար թուային միջավայրին մէջ կլանուող մարդը ինչպէ՞ս պիտի վերաբերի իր էթնիք ընկալումին։ Մինչեւ հիմա, էթնիք առանձնայատկութիւնները բնորոշուած են լեզու-կրօն-տարածք-միջավայր եւ մշակութային այլ առանձնայատկութիւններով։ Էթնիք ընկալումները դիտարկուած են որպէս տուեալ էթնոսի քաղաքակրթական ձեռքբերումներուն հիման վրա ստեղծուած աշխարհայացքներ, իսկ ա՞յժմ։ Ինչպէ՞ս պիտի տարբերակուին «նոր ձեռքբերումները»։ Ինչո՞վ հայը առանձնացնել ֆրանսացիէն։

Անգլիացի գրող Օլտէս Հաքսլի, խօսելով ժամանցի եւ հաճոյքի մասին, կը նշէ, որ նախորդ դարերուն ժամանց ու հաճոյք ըսուածը որոշ չափով մտային աշխատանք կ’ենթադրէր՝ ներկայացումներ, օբերա, առակներ, տօնական ծիսակատարութիւններ եւ այլն, ֆիզիքական եւ մտաւորական որոշակի միջավայր ունէին, մտային որոշակի ունակութիւններ կը պահանջէին եւ արուեստը արուեստ կը նկատուէր, երբ զայն հասկնալու համար մարդը հոգեկան եւ մտային ջանք պէտք էր գործադրեր՝ պարզն ու բարդը տարբերելու համար, իսկ հետագային մարդոց հրամցուեցան նորութիւններու թերթեր, շո-պիզնէս ու սինեմա, ռատիո, որ արդէն որեւէ ճիգ չէր պահանջեր։ Մարդիկ կրնային ժամերով պաստառին նայիլ ու չմտածել։

Հիմա վիճակը աւելի սրած է։ AI-ի պարագային, մենք ունինք ոչ թէ պարզ ապրանք մը, այլ ՈՉ ՈՔԻ կողմէ ստեղծուող ապրանք մը: Ապրանք մը, որ կը ստեղծուի անձնական, էթնիք, կրօնական, տարածքային ինքնութիւն չունեցող ալկորիթմի մը կողմէ: Անոր համար ամէն ինչ միեւնոյնն է: Ազգային ինքնութիւնը որպէս քաղաքակրթական ձեռքբերում՝ մարդուն եւ անոր պատկանած խումբին դարերու պայքարն ու սեփական սխալներու, ձեռքբերումներու փորձն է: Անիկա իրլանտացին կ’առանձնացնէ չինացիէն: Արուեստական բանականութեան պարագային, այդ բոլորը կը վերանան: Անիկա կրնայ ստեղծել իրավիճակ մը, միջավայր մը, որեւէ բան, ուր տարբեր ազգերու, կրօններու ներկայացուցիչներ կը դառնան միանման ու համահաւասար, համահարթ: Հոն կը վերանան բոլոր իւրայատկութիւնները: Հոն անհատ մարդը ոչ միայն կը կորսնցնէ իր եզակիութիւնը, այլեւ՝ իր ազգային ինքնութիւնը:

Օրը օրին ռոպոթացող եւ մտաւորական ընդունակութիւններ չպահանջող թուային միջավայրին մէջ, մարդ արարածը ինչպէ՞ս պիտի ընկալէ ինքզինք եւ իր ազգութիւնը: Ի՞նչ առանձնայատկութիւններ ձեռք պիտի բերէ եւ ի՞նչ պիտի կորսնցնէ: Ի՞նչ նորութիւններ պիտի արձանագրէ, ի՞նչ փոփոխութիւններ ձեռք պիտի բերէ մարդը եւ ինչէ՞ պիտի հրաժարի: Արժէքային այն փոփոխութիւնները, որ տեղի կ’ունենան մարդուն մէջ արուեստական բանականութեան (AI) հետեւանքով, ինչպէ՞ս պիտի ազդեն անոր էթնիք դատողութեան ու գիտակցութեան վրայ: Էթնիք արժէքները, որոնք դարերով ձեռք բերուած քաղաքակրթական հետեւութիւններ են, այժմ առճակատման մէջ կը գտնուին վայրկեաններու մէջ ստեղծուող նկարներու, երաժշտութեան, երգի հետ: Հայուն համար որքանո՞վ Կոմիտասը պիտի շարունակէ արժէք ներկայացնել:

AI-ը, մրցելով մարդուն հետ, զայն կը զրկէ ստեղծարարութեան եզակիութենէն․ մարդը, որ միակն էր մոլորակին վրայ իր ճանչնալու եւ գիտակցելու, գնահատելու եւ մեկնաբանելու կարողութեամբ՝ այլեւս առանձին չէ: Իրեն հետ կը մրցի իր իսկ ստեղծած AI-ը, որ միջին մարդէն հարիւրաւոր անգամ աւելի տեղեկացուած է ու արագ: Արդեօք մարդը պիտի դիմանա՞յ այս մրցակցութեան: Արդեօք մարդը պիտի շարունակէ՞ հաւատալ արժէքներու, ինչպէս՝ ազգ, հայրենիք, բարոյականութիւն, աստուած: Արդեօք մարդը ինքզինք թուայնացնելով` չ’այլասերե՞ր իր գիտակցութիւնը ոչ միայն որպէս մարդ, այլ որպէս էթնիք ներկայացուցիչ: Որքանո՞վ հայուն համար հայ ըլլալը պիտի մնայ սեփական առանձնայատկութիւն, եթէ ամէն օր իր դիրքերը ամրապնդող AI-ին համար ազգային առանձնայատկութիւնը որեւէ նշանակութիւն չունի: Եւ այս բոլորին հետեւանքով թուայնացող ինքնութիւնը արդեօ՞ք պատրաստ պիտի ըլլալը պայքարելու իր ազգային իրաւունքներուն եւ արժէքներուն համար, ինչպէս նախապէս կ’ընէր: Ազգային գաղափարախօսութիւնները, ազգային նպատակները, հայեցակարգը, լեզուական նրբութիւնները, արուեստի ու մշակոյթի էթնիք ձեռքբերումները ոչինչի կը վերածուին թուային միջավայրին մէջ, ուր կը ձեւաւորուի ինքնութեան նոր տեսակ մը, որ չունի ազգային կամ կրօնական, ցեղային ու լեզուական եզակիութիւն: Այլեւս չկան բարձր ու ցած մշակոյթներ, կայ քանի մը վայրկեանի մէջ վերարտադրուող նորութիւն մը, որ նաեւ կրնայ եզակի թուիլ: Արդեօք այս պարագային սեփական պատմութիւնը պիտի շարունակուի՞ նկատուիլ ազգային ճակատագրի շարունակուող փուլ եւ համաշխարհայնացումը ի վերջոյ մարդը պիտի չմիաւորէ՞ մէկ ընդհանուր թուայնացած «հայրենիքի» մը մէջ որպէս մէկ միասնական թուայնացած էթնոս:

Երբ ուշադրութիւն դարձնենք գիտաերեւակայական ֆիլմերուն, ուր հակաիւթոպիթ ապագայի մը մէջ, մարդը կը հակադրուի ռոպոթին կամ ալկորիթմին, ապա կը նկատենք, որ այդ ֆիլմերուն ու գիրքերուն մէջ մարդու էթնիք, ազգային կրօնական, լեզուական առանձնայատկութիւնները մէկ կողմ դրուած են: Անոնք այլեւս չկան: Մարդը արդէն տեսակ մը կռիւ կը մղէ, մարդը կորսնցուցած է իր բազմաշերտ առանձնայատկութիւնները եւ այժմ բանականութիւնը կը պայքարի բանականութեան դէմ: Նկատի առնելով թեքնաբանական զարգացումները եւ արագութեան կարեւորութիւնը, ապա մարդը հաւանաբար կորսնցնէ հմտութիւններու պատերազմը:

Եթէ ապագային AI-ը մարդասիրական «իրաւունքներէ» ելլելով մեզի պարտադրէ հրաժարիլ ազգային առանձնայատկութիւններէ՝ զանոնք համարելով անընդունելի դասակարգում, ապա որքա՞ն ամուր կ’ըլլայ ազգային մեր ինքնագիտակցութիւնը, երբ մենք հոգիով ու մտքով կ’ապրինք թուային միջավայրի մէջ: Որքա՞ն արագ մենք կը հրաժարինք մեր կրօնական, մշակութային եւ ի վերջոյ ազգային ինքնութիւններէն: Եւ այդ պարագային, ի՞նչ կամ ո՞վ կը դառնանք մենք: Եթէ մարդը ինքն իրմով ընկերային արարած է եւ որպէս տարբերակիչ նշան այլ մարդոցմէ՝ ունի սեփական անունը, խմբային, ազգային պատկանելութիւնը, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ մարդուն ապագայի տարբերակիչ նշանը, եթէ այդ պիտի չըլլայ իր լեզուական, կրօնական ու ազգային առանձնայատկութիւնները: Ու ի՞նչ կը պատահի հայոց պատմութեան ու ազգային նպատակներուն: Անոնք կը վերափոխուին որպէս թուային, արուեստական առանձնայատկութիւններու՞, թէ՞ կ’արխիւացուին թուային աղբանոցին մէջ որպէս մարդկութեան պատմութեան անցեալի մէկ այլ երանգը, որ կ’ըլլայ պարզապէս արձանագրուած ու արդէն ոչ կիրառելի փաստ:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x