Բազմաթիւ են նախաձեռնութիւնները յիշելու եւ գովաբանելու մօր մը անզուգական դերն ու նուիրումը։ Հայրերու համաշխարհային օրուան առթիւ սակայն, անհրաժեշտ է ընդգծել նաեւ հօր մը հիմնական դերը, ինչպէս նաեւ՝ յարգանքի մեր տուրքը մատուցել այն դէմքերուն, որոնք հայոց պատմութեան մէջ արժանաւորապէս նկատուած են հայրեր՝ կերտելով մեր ազգային դիմագիծն ու մշակոյթը։
Հայրը թաքուն հերոս մըն է, որ թէեւ շատ չ’արտայայտեր իր զգացումները, սակայն յաւիտեան իր սրտին մէջ կը պահէ իր հոգեհատոր զաւակները ու կը փորձէ լաւագոյնս տալ անոնց եւ լաւագոյն կեանքն ու ապագան ստեղծել անոնց համար։ Այո՛, շատ ճիշդ է թէ հայրը տան սիւնն է, բայց ան նաեւ ընտանիքին զրահն է, որ իր յանդգնութեամբ կը պայքարի ու կը զոհուի զայն պաշտպանելու ամէն տեսակ պատուհասէ ու վտանգէ։ Ան իր կեանքի փորձառութենէն մեկնելով, կը փոխանցէ ցուցմունքներ, խրատներ ու պատգամներ, որոնք մեծ դեր կ’ունենան ձեւաւորելու զաւակին անհատականութիւնը։
Երեխայի մը համար իր անմիջական ընտանիքը կը կազմէ իր միակ շրջանակը, ուր մեծնալով իր հօր կամ մօր տիպարը օրինակ կ’առնէ եւ ամէն ճիգ կը թափէ անոնց նմանելու։ Նոյնն է պարագան մշակոյթին, որ իր բոլոր յատկութիւններով կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ կը կերտէ ժողովուրդի մը նկարագիրն ու ապագան։ Մշակոյթի մը հիմնական գործօններն են լեզուն, կրօնքը, պատմութիւնը եւ արուեստները, եւ իւրաքանչիւր ճիւղ ունի իր հիմնադիրն ու մշակը, իր ՀԱՅՐԸ:
Հայկ Նահապետը թէեւ կը յիշուի առասպելական դրուագներով, սակայն ան հայ ազգատոհմի իսկական նախաՀԱՅՐՆ է` ծոռը Նոյ նահապետին եւ հայ ազգի անուան ծագումը կապուած է անոր։ Հայկ նահապետի ազատատենչ ու անկախ ոգին որդեգրած ենք ազգովին ու կը գոյատեւենք։
Կարելի չէ հայ մշակոյթը կերտած հայրերը յիշել առանց նշելու Մովսէս Խորենացին՝ մեր պատմաՀԱՅՐԸ։ Ան 5-րդ դարու ամենայայտնի եւ բազմավաստակ դէմքերէն է, որուն աշխատանքը պատահական չէ, այլ ամբողջ կեանքի մը նուիրումն է հայ ժողովուրդի պատմագրութեան գործին։ Առանց պատմութեան ազգ մը կը դառնայ դիւրաբեկ եւ այլասէր, սակայն շնորհիւ Խորենացիի ազգանուէր աշխատանքին, հայութեան առիթ ընծայուած է ծանօթանալու իր հսկայ անցեալին եւ հետեւելու հերոսներու օրինակին։
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ թէեւ բազմաթիւ են յիշատակելի հոգեւոր հայրերը եւ մեծ է անոց թողած հոգեկան ժառանգութիւնը, սակայն կ’արժէ յիշել երկու անուններ, որոնք հիմնական առաջնորդները կը նկատուին հայոց հաւատքին։ Մենք հայերս հպարտ ենք որպէս քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ընդունած առաջին ազգ, շնորհիւ Գրիգոր Լուսաւորիչի, որ քրիստոնէութեան հիմնաքարը դրաւ եւ լուսաւորեց ողջ հայ ազգը, ու դարձաւ անոր առաջին ՀԱՅՐապետը: Հոս նաեւ յիշատակելի է Վարդան Մամիկոնեանի ցուցաբերած հաւատարմութիւնը քրիստոնէութեան հանդէպ, որ ամրապնդեց հայոց հաւատքը։ Հետեւաբար, եթէ Գրիգոր Լուսաւորիչ սիւնն է հայոց հաւատքին, ապա Վարդան Մամիկոնեան` անոր խարիսխը։
Անտարակոյս լեզուն մշակոյթի մը հիմնական գործօններէն է։ Եթէ մենք այսօր կը վայելենք ինքնուրոյն գիր ու գրականութիւն, զայն կը պարտինք Մեսրոպ Մաշտոցի, որ հարստացուց մեր մայրենին եւ դարձաւ ՀԱՅՐԸ մեր գրաւոր գրականութեան:
Երաժշտութիւնը կը նկատուի մշակոյթը բնորոշող արուեստի հիմնական տարրերէն մէկը, ուստի տեղին է նշել Կոմիտաս վարդապետի անզուգական դերը, որ ոչ միայն յօրինած է երաժշտութիւն ու շարականներ, այլեւ հսկայական աշխատանք տարած է հաւաքելու ժողովրդական տոհմիկ երգեր։ Շնորհիւ Կոմիտասի, անմահացած են մեր հազարամեայ մեղեդիները, հետեւաբար ան կոչուած է հայ երաժշտութեան ՀԱՅՐԸ եւ փրկարարը։
Երբ համաշխարհակայացման ալիքները կը սպառնան մեր ազգային ինքնութեան, իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է պահել հայկական արժէքները ու ապրիլ որպէս հազարամեայ հայ ազգի հարուստ մշակոյթի ժառանգորդ։
Կը շնորհաւորեմ բոլոր հայրերը իրենց տօնին առթիւ։ Հազար փառք անոնց հերոսական ջանքերուն։