Տօնդ շնորհաւոր՝ հայկական բանակ

Ամէն տարի, 28 Յունուարին, կը տօնախմբենք մեր ազգային բանակի հիմնադրութեան օրը: Չենք կրնար անտարբեր մնալ: Համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան տարեդարձը:

Յստակ է, թէ երկրի մը բանակը իւրայատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք ստեղծող կամ հիմնող երկրի ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ:

Ուստի կը կարծեմ, որ հայկական բանակի օրուան յիշատակումը առաջին իսկ հերթին մեր երկրին խաղաղութիւնը գնահատող, եւ անոր սահմանները ապահով պահողները երախտագիտութեամբ յիշելու օրն ու առիթն ալ է:

Որովհետեւ, մեր երկրի բանակը մեր պատիւն ալ է:

Ու եթէ բանակի մը հիմնական կորիզը անոր անդամներն են, ուստի կրնանք ըսել, եթէ բանակի մը գլխաւոր հիմքը ընտանիքն է:

Միւս կողմէ սակայն, պէտք է նաեւ աւելցնել, թէ ազգեր, պետութիւններ, ժողովուրդներ ոչ միայն իրենց երկրի խաղաղութեան, այլ նաեւ նոր հողատարածքներ ձեռք ձգելու որդեգրումներէն ու ծրագիրներէն մեկնած, առաջին իսկ հերթին մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են իրենց երկրին բանակին, անոր քանակին եւ որակին, ու հզօրացման աշխատանքներուն: Անոր շարքերուն միշտ կարգապահութիւն սահմանած ու պարտադրած են: Նոր զէնքերով եւ մարդուժով զինած են զայն:

Եւ որովհետեւ բանակի մը մեծագոյն արժէքը՝ զինուորին կամ ծառայողին կեանքն է, ուստի ամէն առիթներով մարդիկ, բանաստեղծներ, գուսաններ եւ երգիչներ երգեր ու տաղեր հիւսած են, ոտանաւորներ նուիրած: Իր կարգին երկրին մամուլն ալ յօդուածներով ու պատմուածքներով ջատագոված է իր բանակին յաջողութիւններն ու սխրագործութիւնները: Իսկ նոյն այդ երկրին ղեկավարները, առ ի երախտագիտութիւն՝ միշտ մեծարած են իրենց բանակի արժանաւորները, յատուկ մետալներով կամ յուշարձաններով եւ յուշակոթողներով: Նոյնիսկ երկրի մեծ քաղաքներու գլխաւոր պողոտաներն ու փողոցները իրենց բանակին ծառայող հերոսներու անուններով յիշատակած:

Սփիւռքի տարածքին թէ հայրենի հողերուն վրայ ապրող կամ գոյատեւող հայեր, մեր կեանքի հեւքին հետ, միշտ մօտէն կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն ու անոր տագնապներուն:

Մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկան է հայ բանակը: Ոչ մէկ կասկած եւ տարակուսանք:

Ուստի անսակարկ պէտք է անոր զօրակցիլ: Միշտ արդիական դարձնել, զինել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Աջակցիլ եւ անոր ցաւերուն կարեկցիլ: Անոր կողքին կենալ: Գործնականապէս զօրավիգ կանգիլ: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել նաեւ մեր յոյսերը:

Մեր ժողովուրդը, պատիւ իրեն, միշտ ալ բարձր գնահատած է հայ բանակին ու հայ զինուրին հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր հարցերով, սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ՝ ընդհակառակն, միշտ խանդավառուած է անոր յաջողութիւններով:

Որովհետեւ ազգովին կը հաւատանք, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքը: Որովհետեւ մեր բանակը նաեւ իր մէջ պահ ունի իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:

Հայկական բանակն ու անոր անպարտելի մարտիկներն են որ այսօր խաղաղ երկինք կ’ապահովեն մեր հայրենիքին:

ի սրտէ բարի մաղթանք մը մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ նուիրեալներուն:

Տարեդարձդ շնորհաւոր՝ հայկական հզօր եւ քաջարի բանակ ու բանակայիններ:

Մեր բանակը մեր ազգային պատիւն ու յաղթանակն ալ է:

Փառք ու պատիւ մեր մարտունակ բանակին, յաղթանակ կերտող զինուորին եւ իր արիւնը հայրենիքի հողի պաշտպանութեան թափող նահատակ եւ մարտիրոսացած հայուն եւ մեր բանակի մեծ ու փոքր բոլոր զինուորականներուն:

Գէորգ Պետիկեան (ծն. 1943, Հալէպ, Սուրիա) իր ետին ունի աւելի քան յիսնամեայ մանկավարժական, կրթական, գրական, հայ հանրային եւ հասարակական բեղուն գործունէութիւն՝ Դամասկոսի, Հալէպի, Պէյրութի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Աւարտած է Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական բաժինը:
Ցարդ հրատարակած է արձակ գրութիւններու 9 հատորներ, հեղինակած է թատերգութիւններ եւ չափածոյ գործեր, հայկական միօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն յատուկ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասագիրքեր: Աշխուժօրէն կ’աշխատակցի սփիւռքահայ մամուլին, ուր անցած տասնամեակներուն լոյս տեսած են անոր հարիւրաւոր յօդուածներն ու գրական ստեղծագործութիւնները:
Անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան, պարգեւատրուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով (2015-ին) ։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x