Տեսակէտ. մետալին միւս կողմը ներկայացնելու թեկնածու

Պետրոս Մանուկեան, լիբանանահայ պլոկըր

Ես կը կարծեմ, որ մենք որպէս հայ համայնքի զաւակներ կը պատկանինք հոգեւոր մէկ զգացական բարոյական մարմինի եւ, հետեւաբար՝ փոխկապակցուած ենք, որովհետեւ որ կը կիսենք նոյն կենսական օրկանը, որ մեր յուզական գիտակցական աշխարհն ու միտքն է. հետեւաբար մեր գաղափարները երբեք պէտք չէ դիտուին որպէս մասնաւոր կամ անձնական բացառիկ սեփականութիւն մը: Մենք բոլորս կը կրենք բարոյական եւ ազգային պարտաւորութիւնը եւ պարտականութիւնը կիսելու եւ քննարկելու, հետեւաբար մեր ազգային համայնքին վերաբերեալ քննարկուող որեւէ գաղափար զանգուածներու լայն հանրութեան սեփականութիւնն է եւ, հետեւաբար, մենք բոլորս իրաւունք ունինք եւ պարտաւոր ենք քննարկել ուրիշներու կողմէ թողարկուած որեւէ գաղափար` մեր հաւաքական գաղափարները զարգացնելու հեռանկարով:

Եւ մենք կը փորձենք աւելցնել մեր կարծիքը, մեկնաբանութիւնները եւ դիտարկումները: Այս մէկը պէտք չէ դիտարկուի եւ դիտուի որպէս ժխտելու, հակասելու կամ հակադրելու դրդապատճառ մը կամ մտադրութիւն մը:

Ուստի, երբ գաղափար մը կը յառաջանայ այլ հայու մը կողմէ, տարբեր գաղափար ներմուծելու արձագանգը` ես կը շեշտեմ տարբերը, ոչ թէ հակառակ եզրոյթը, որովհետեւ կը կարծեմ որ հայերը երբեք պէտք չէ դիտեն կամ զիրար տեսնեն որպէս տարակարծիք, այլ որպէս տարբեր եւ եզակի` յատուկ, եւ այս կենդանութեան նշան մըն է, որ մենք կենդանի ազգ մըն ենք. նման արձագանգի բացակայութիւնը կրնայ նշանակել միայն մէկ բան, որ մենք մահամերձ ազգ ենք եւ կ’ուղղուինք  դէպի անդամալուծութիւն` մահ ու մոռացում:

Որպէս այդպիսին, ես տեսայ չափազանց հետաքրքրական այժմէական յօդուած մը.

https://darperag21.net/%d5%ab%d5%b6%d5%b9%d5%b8%d5%9e%d6%82-%d5%b6%d5%b8%d6%80-%d5%bd%d5%a5%d6%80%d5%b8%d6%82%d5%b6%d5%a4%d5%a8-%d5%b0%d5%a5%d5%bc%d5%b8%d6%82-%d5%af%d5%a8-%d5%b4%d5%b6%d5%a1%d5%b5-%d5%a1%d5%a6%d5%a3%d5%a1/

Ինչը կը կարծեմ, որ կը շօշափէ չափազանց արդիական, այժմէական եւ կենսական խնդիր մը, որ կը քննարկէ հայկական սփիւռքը: Ես շեշտեցի հայկական սփիւռք եզրոյթին վրայ, որովհետեւ արդար եւ առարկայկան ըլլալու համար՝ կը կարծեմ, որ հայկական սփիւռքը կը տառապի քանի մը խնդիրներէ՝ շատ բարձր եւ ակնյայտ ձեւով քան հանրապետութիւնը` խնդիրներ, որոնք կը զարգանան եւ գրեթէ սկսան վերածուելու ճգնաժամի: Այսօր հայկական աւանդական կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան եւ խանդավառ նոր սերունդներուն միջեւ ճեղքերը կը բազմապատկուին, անջրպետը կ’ընդլայնի եւ կը խորանայ, իսկ անհասկացողութիւններն կը մնան անհարթ եւ ընդհանրապէս զուրկ հետապնդումներէ:

Ես նաեւ չեմ սիրեր օգտագործել հին սերունդ/նոր երիտասարդ ապագայ սերունդ հասկացողութիւնը, որովհետեւ այս եզրը ոչ ճշգրիտ կը համարեմ` եւ կը կարծեմ, որ ան  հին եւ երիտասարդ սերունդի հարց մը չէ, այլ խնդիրը այլ տեղ է:

Ես ամբողջական յարգանքով կարդացի յարգարժան պարոններու եւ տիկնանց տեսակէտները այս յօդուածին մէջ, եւ անոնք արտայայտած են իմաստուն եւ արժէքաւոր միտքեր: Վստահ եմ, որ անոնք անկեղծ են եւ խելացի, իմաստուն եւ փորձառու իրենց արտայայտութիւններուն մէջ, բայց ես խորապէս տպաւորուած էի մէկ եզրակացութեամբ եւ յօդուածի ներսի այն յայտարարութեամբ` ուր փայլուն կերպով կ’ըսուի, որ ան կը ներկայացնէ դրամին միայն մէկ կողմը եւ շուտով հնարաւորութիւն եւ առիթ կու տայ ուրիշ մարդկանց` արտայայտելու իրենց սեփական գաղափարները՝ դրամին միւս կողմի գաղափարները:

Եթէ չ’ըլլար այս յայտարարութիւնը, ես թերեւս այս աստիճան խթանուած ու խանդավառ չէի զգար  կապ հաստատել կայքէջին հետ: Ես գտայ, որ այս մօտեցումը կը վկայէ նախաձեռնութեան ոգին` խախտելու աւանդականը՝ յօդուածը չպահելու ձեւականութեան սահմաններու մէջ, որը կրնայ մնալ աւանդականի, դոկմայի կաշկանդուածութեան սահմանափակումներուն եւ սահմաններուն ներքեւ:

Եւ ես կը կարծեմ, որ թապուներու, ձեւականութիւններու, աւանդականին մէջ մնալու մօտեցումը ամենավատ գործօններէն մէկն է` այն հիմնական պատճառներէն մէկը, զոր մենք այսօր պէտք է քննարենք աւանդական ղեկավարութեաններու եւ հայկական կենդանի ուժերու եւ տառերու միջեւ առկայ անջրպետին վերաբերեալ: Ըս կը կարծեմ, որ այս բացը հետեւանք է եւ ոչ թէ  հանգամանքներու դրսեւորում:

Ուստի ես կը փափաքին դիմելու որպէս յաւակնոտ թեկնածու` ներկայացնելու մետալին միւս կողմը` փորձելով կոտրել թապուները, աւանդականը եւ կաշկանդուածութիւնը:

Նախ` յարգարժան ներկայացուցիչները կարծես թէ կը փորձեն իրավիճակը բնութագրել որպէս հանգամանքներու եւ պարագաներու հետեւանք, բայց ես համաձայն չեմ այս եզրակացութէան, վերլուծութեան կամ կիսաեզրակացութէան:

Յօդուածը նախ եւ առաջ կ’ենթադրէ, թէ այն խնդիրը, որ ժամանակին ամենայն հաւանականութեամբ պայմանաւորուած էր այն հանգամանքնով, թէ անոնք որոնք կը մնային ղեկավարութեան վրայ` կը կառչէին անոր, եւ ընտանեկան կապերու եւ առանձնայատուկութիւններու մօտեցումով կը կառավարէին մեքանիզմը, թէ ո՞վ պէտք է ըլլայ որոշ դիրքի վրայ. հոս կայ խոստովանութիւն մը, թէ այս հարցը առկայ էր հին ժամանակներէն ի վեր եւ կը գիտակցի, որ հաւանաբար այս իրավիճակը դեռ առկայ է այսօր, բայց կարծես կը փորձէ ենթադրել տալ, թէ այսօր այս մէկը վճռորոշ գործօնը չէ եւ կան այլ գործօններ, որոնք աւելի շատ  պատասխանատու են այս ճեղքին/անջրպետին` ես համաձայն չեմ այս մօտեցումին: Խորքին մէջ, հին ժամանակներուն ընթացքին, իմ կարծիքովս, այս մէկը կարող էր ունենալ թերեւս 40% ազդեցութիւն, բայց մեր օրերուն, եթէ ուշադիր նայինք` կը տեսնենք, որ այս մօտեցումն ու մտածելակերպն ունին շատ աւելի ուժեղ բացասական ազդեցութիւն, ես պիտի ըսէի նոյնիսկ 80%, կրկնակի:

Ընդհանուր ակնարկ մը Լիբանանեն ներս մեծագոյն կուսակցութեան` ան ունի շատ կիրթ, նուիրուած եւ հաւատարիմ անդամներ, սակայն իր կուսակցական ընտանիքեն դուրս գործիչներ ընտրեց որոշակի մարտահրաւէրներու համար իբրեւ թեկնածու. շատերերու մօտ ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, թէ այդ մէկը պայմանաւորուած է այն նկատողութեամբ, որ ամենահզօր գործիչը կ’ուզէր մնալ եւ հանդէս գալ որպէս կեդրոնական մտաւորական զարգացած գործիչ: Աւելի ուշ, որդեգրուածներէն մէկը, որ դուրսէն եկած էր գաղափարական ընտանիք՝ լքեց այդ ուժը` վնասելով թէ ուժին եւ թէ լիբանանահայ համայնքին:

իմ կարծիքովս, երեւոյթը ունի առնուազն երկու-երեք գործօն: Ատեններ կարգ մը ղեկավարներ կարծես կը գերադասեն, որ իրենց հաւատարիմները մնան/դառնան/վերածուին  կոյր հետեւորդներու եւ զուգահեռաբար ոչ շատ զարգացած մտաւորական մակարդակներու վրայ: եւ եթէ այս երկու յատկութիւնները միանան, առաջնորդը այդ պարագային կը պահանջէ ունենալ ինչ-որ երաշխիք, թէ ինք  լիակատար վերահսկողութիւն կ’ունենայ նոյնիսկ հեռու ապագային: Դուք կրնաք լիբանանահայերուն հարցնել եթէ անոնք համաձայն են նման տպաւորութեան կամ ոչ:

Կը կարծեմ թէ այս է մահաբեր գործօններէն մեկն է, որ յանգեցուց լիբանանեան համայնքի խարխլման: Մեր կուսակցութիւնները, որոնք մեր սիւներն ու հիմքերն են` կը սովորեցնէին մեզ գաղափարական քաղաքական ուղենիշներ եւ սկզբունքներ, այսօր շատերը կարծես դադրած են հետեւելէ ուղեցոյցներուն՝ հաւանաբար «անհրաժեշտութեան պահանջներէ ելլելով: Հաւանաբար «չափազանց ժողովրդավարութիւնը կը վնասէ» սկզբունքով, կը կարծեմ` մենք ստեղծեցինք երկաթեայ կարգապահութեան եւ նուիրուած հաւատարմութեան կարգախօսերր` անտեսելով անհրաժեշտ գաղափարական եւ մտաւոր հասունութիւնը: ժամանակի ընթացքին այդ մէկը հիասթափեցուց մտաւորական դասը:

Միւս կողմէ, խօսքը քաղաքական կրթութեան պակասին մասին չէ: Դուք կրնաք անտեսել ձեր համախոհները գաղափարականօրէն կրթելու առաջադրանքը, բայց այսօր մենք ունինք բաւական կիրթ սերունդ մը: Այս ինթըրնեթի դարն է եւ դիւրին է լուսաւորուիլ եւ լուսաբանուիլ` ծանօթանալու համար գաղափարական չափանիշներնու ու ուղեցոյցներու: Մենք պէտք է խոստովանինք, որ մեր հին սերունդը չունի ինթըրնեթի այդքան հմտութիւններ եւ գիտելիքներ: Հետեւաբար, կը կարծեմ, որ խօսքը ղեկավարութեան թերագնահատման մասին է մեր մտաւորականներու մեծ տոկոսի կարողութիւններուն, որոնք կրնան զանազանել ու տարբերել կեղծ գաղափարները եւ ճշմարիտ չափանիշները՝ յատկապէս գիտակցելով արեւմտեան արժէքներու եւ քաղաքական գաղափարական չափանիշներու արժէքին:

Ես տեսայ նաեւ գաղափարներ, որոնք կարծես թէ կը փորձեն խնդիրը բնութագրել որպէս այլ հանգամանքով, որ այս տնտեսական ընկերային ճգնաժամին հետեւանք է: Ես նոյնպէս նոյն ձեւով կը մտածէի, բայց հիմա կը կասկածիմ որ նոյնիսկ այս ճգնաժամին ընթացքին մարդիկ դեռ կ’ընեն այն նոյնը, որուն նկատմամբ անոնք ունին կիրք ու սէր (passion): Խորքին մէջ, երբ մարդիկ շահագրգռուած են` կը գտնեն ուղի մը, միջոջ մը, ուստի այս ինծի համար աւելի շատ արդարացում կը թուի ըլլալ, պատրուակ, պատճառաբանութիւն: Եթէ տնտեսական ճգնաժամը հեռու կը պահէ նոր սերունդը ազգային հասարակական կեանքին մէջ գործօն, աշխուժ մնալու՝ նոյնը նայեւ պէտք է խանգարեր ներկայի ղեկավարները, մինչդեռ այդ մարզին մէջ ես երբեք մասնակցութեան պակաս չեմ տեսներ ղեկավարներու կ’ողմէ: Ճիշտ ընդհակառակն` կը նկատեմ եմ, որ աւելցած է շահագրգռութիւնը:

Ես տեսայ նաեւ հակասական միտք մը, որ ենթադրել կու տայ, թէ կարեւոր եւ կենսական է թոյլ տալ, որ նոր արիւնը գործնականօրէն մասնակցի ազգային գործունէութեան, «թոյլ տալ» անոնց, ես տեսայ:

Նաեւ հակասական տեսակէտ մը որ կ’ենթադրէ, թէ կարեւոր եւ կենսական է թոյլ տալ որ նոր արիւնը գործնականօրէն մասնակցի ազգային գործունէութեանը, թոյլ տալ անոնց ստանձնելու առանցքային պաշտօններ, բայց թէ իրենք ալ նոյնպէս պէտք է ըլլան քիչ մըն ալ համբերատար, պէտք է ըլլանք նաեւ արդար եւ աջալուրչ եւ անհրաժեշտ է անկեղծ գնահատականներ` համապատասխան անձին պատշաճ դիրքի վրայ տեղադրելու համար:

Բայց մենք բոլորս գիտենք, որ այս փայլուն սկզբունքը միայն տեսական կարգախօս է, որուն անկեղծութեան շատերը այլեւս համոզուած չեն, բայց գործնականօրէն յաճախ այդպէս չէ: Կան անձեր որոնք համբերատար եւ նուիրեալ եղած են իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին, բայց մնացած են թաքնուած անյայտ զինուորներ, եւ յաճախ մարդիկ որոնք տակաւին քիչ բան ըրած են ապացուցելու իրենք զիրենք, որ իրենց որակով արժանի չեն առաջնորդող պաշտօններու` նոյնիսկ ժամանակէն շատ առաջ բարձր պաշտօններ վաստակած են` միայն այն պատճառով, որ կը վայելեն աջակցութիւնը մտերիմ հովանաւորներու: Եւ ով որ կը փորձէ այլ բան առաջարկել, ինծի համար, իմ կարծիքովս՝  կ’ակնկալմ է, որ մենք միամիտ ենք եւ յաճախ գաղափարական խումբերը վճարեցին գինը եւ կորսնցուցին որոշակի իշխանութիւն` միայն անհատներու իշխանութեան համար, ու տուժեցին հաւաքականութիւնները եւ լիբանահայ համայնքը: Այս է իմ համեստ կարծիքս:

Չե՞նք տեսնէր այսօր արդեօք բազմաթիւ սենարիոներ, պարագաններ, երբ վեթերան առաջնորդը, որ հետամուտ է մենաշնորհել լուսարձակներու` հակուած է պնդելու, որ ինք  յայտնուի այն վայրեր, ուր «երեւնալ կայ»: Պարզապէս նայեցէք ձեր շուրջը եւ կը տեսնէք տասնեակ նմուշներ, եւ այս միայն հատուածի մը առանձին պարագան չէ. առկայ է ամէն մարզերուն մէջ, ամէն տեղ: Այս մեր հայերուն եւ մարդկային բնորոշ յատկութիւն մըն է, յամենայնդէպս մարդկային է, մարդկային բնազդն ու բնութիւնն է, բայց մեր ազգը ահաւոր սուր տագնապ կ’ապրի եւ մենք չենք կրնար մենք մեզի թոյլ տալ այս «երեւնալու պերճանքը»՝ մեր պատմութեան այս վճռորոշ արտակարգ ահազանգելի պահուն:

Նաեւ կայ ճակատագրական եւ կործանարար գործօն մը` հանդուրժողականութեան խիստ սուր ծայրայեղ ահաւոր բացակայութիւնը: Այս երեւոյթին գծով կ’արժէ նշել յատկապէս, օրինակի համար, բաց բանավիճելու եւ քննարկելու խիզախութեան բացակայութեամբ: Ուստի, ես շատ յաճախ երկխօսութեան կոչ ուղղած եմ իմ բազմաթիւ գաղափարակիցներուն, որոնցմէ շատեր ես մտերիմ եղբայրներ կը նկատէի, բայց ցաւօք սրտի՝ վերաբերմունքը հետեւեալն էր. “ ի՞նչ կը ներկայացնես դուն մեզի բախտատմամբ, որ քեզի հետ ինչ-որ բան քննարկենք: Ինչո՞ւ կը կարծես, թէ մենք քեզ պարտական ենք կամ պարտաւոր քեզի հետ բանավիճելու կամ քննարկելու: Մենք փորձառու ենք, մենք հին ենք այս ասպարէզին մէջ»:

Եւ այդ կուսակցական տոկմաթիզմը` «հնազանդութեան տուն» փաստօրէն կարճատես հասկացողութիւնը, որ կը վանէ ու խրտչեցնէ երիտասարդները մանաւանդ երբ կը տեսնեն կուսակցական այլ անդամներ, որոնք կ’ընտրեն դառնալ հլու հնազանդ եւ նոյնիսկ ատեններ պատեհապաշտ կամ կոյր հետեւորդ:

Կը կարծեմ որ եթէ մենք պէտք է կոտրենք թապուները` անհրաժեշտ է շատ անկեղծ, ազնիւ եւ բաց երկխօսութիւն եւ քննարկում կատարել մեր ղեկավարութեան եւ մեր տինամիք կենդանի ուժերուն միջեւ: Պէտք է պատրաստ ըլլալ երկողմանի զոհաբերութեան, բայց թանկոյի համար անհրաժեշտ է երկու կողմ: Այնքան ատեն որ ունայնութիւնը, եսը, յամառութիւնը եւ սին փառքը կանգնած են խոչընդոտ ճամբուն վրայ` ոչինչ կարելի է իրականացնել:

Արդիւնքը՞` մենք տեսանք տխուր հետեւանքները: Մարտահրաւէրներու ժամանակ մեր պատմական սիւներն ու հիմքերը չափազանց մեծ դիրք  կորսնցուցին անհատներու դիմաց:

Ով որ կը կ’արծէ, կ’ենթադրէ, թէ այդ արդիւնքը հաճելի է մեզի համար` չարաչար կը սխալի: Մեր հետապնդածը մեր համայնքներու բարգաւաճումն ու առողջութիւնն է: Թէեւ մենք կը փափաքինք օգնել, բայց մենք չենք կրնար այդ մէկը ընել, նոյնիսկ դռները կը փակուին մեր առջեւ ու կը մերժել եւ կ’անտեսեն ու կ’արհամարհեն մեր մեկնած ձեռքը:

Ես կարդացի նաեւ շատ համարձակ յայտարարութիւն մը, թէ կ’ընդունի որ եղած են բազմաթիւ սխալներ, որոնք վանած ու խրտչեցուցած են մեր տինամիք ուժերը, այս մէկը գնահատելի եւ ողջունելի քայլ մըն է: Ես բացասական եւ յոռետես մնալ չեմ ուզեր եւ կ’ողջունեմ այս` յուսալով, որ հաշտութիւններն ու միասնականութիւնն կը գերակշռեն եւ կը տիրապետեն:

Ի վերջոյ, անգամ մը եւս կը կրկնեմ կոչս: Մենք պէտք է բացուինք, խօսինք բաց եւ անկեղծ. երկխօութիւն եւ քննարկում՝  երկկողմանի զիջումներ պահանջող գործընթաց մը:

Պետրոս Մանուկեան

Լիբանանահայ պլոկըր

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x