8 Մայիս 2025-ին, «Տարբերակ21» հրապարակեց Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի «Սփիւռքի կառոյցները միայն բեմ չեն կրնար ըլլալ» խորագրեալ յօդուածը: Դոկտ. Չիլինկիրեանի այս յօդուածը պարզապէս սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւններուն ուղղուած քննադատութիւն մը չէ։ Ան կոչ մըն է՝ հիմնուած հետազօտութեան, իրապաշտ դիտարկումի եւ նոր սերունդի կարելիութիւններուն հանդէպ խոր հաւատքի վրայ։ Անոր անդրադարձը առարկայական գնահատում մըն է եւ ահազանգ կը հնչեցնէ սփիւռքահայ հաւաքականութիւններուն, որ եթէ արմատական ինքնաքննութեան, ինքնաքննադատութեան եւ վերանորոգման միջոցներու չդիմեն, չճշդեն առաջնահերթութիւնները, անխուսափելիօրէն պիտի դառնան լուսանցքային ու ի վերջոյ՝ խամրին:
Դոկտ. Չիլինկիրեանի ախտաճանաչումը եւ կացութեան գնահատումը ինքնանպատակ չէ. ան ոչ միայն կը մատնանշէ կառոյցներու մաշումը, այլ կը գծէ վերաթարմացման ուղի մը՝ հիմնուած լսելու, ներառելու եւ նորարարութեան վրայ։ Երիտասարդներու կարիքներուն վրայ դրուած շեշտը, այս գրութիւնը կը դարձնէ աւելի քան այժմէական։ Թէեւ համայնքային կառոյցները պատմական դերակատարութիւն ունեցած են մշակութային եւ ընդհանրապէս ինքնութեան պահպանման մէջ, մերօրեայ երիտասարդութիւնը՝ ձեւաւորուած համաշխարհայնացման, թուային յեղափոխութեան եւ աշխարհայեացքներու թոհուբոհին մէջ, պիտի չկարենայ ներգրաւուիլ առանց հիմնարար փոփոխութեան։
Դոկտ. Չիլինկիրեան մեզի կը յիշեցնէ, որ կառոյցները իրենք նպատակը չեն, այլ՝ միջոցը։ Միութիւն մը, կազմակերպութիւն մը, կուսակցութիւն մը պէտք է ծառայէ որպէս կամուրջ մը՝ նպաստելու իր մշակոյթն ու իր արմատները փնտռող սփիւռքահայուն՝ վերագտնելու ինքզինք հաւաքական շրջագիծի մը մէջ։ Երբ այդ կառոյցները կը վերածուին ինքնանպատակ հաստատութիւններու, անոնք կը կորսնցնեն իրենց կենսունակութիւնը եւ գոյութեան իրաւունքը։ Ցաւալին այն է, որ այս ճշմարտութիւնը ընդհանրապէս բացակայ է սփիւռքեան քննարկումներէն. յաճախ՝ թապու, երբեմն՝ մերժելի ըստ էութեան:
Ներկայացուած թիւերը եւ ուսումնասիրութիւնները՝ Մոնթրէալէն, Արժանթինէն, Լիբանանէն, Ամերիկայէն ու Եւրոպայէն, բարացուցական են։ Երիտասարդներուն զգալի մէկ մասը անջատուած կը զգայ, անտարբեր է ու պատկանելիութեան զգացում չունի աւանդական կառոյցներու հանդէպ։ Բայց այդ զգացողութիւնը անպայման այլասերութիւն չ’ենթադրեր։ Այս սերունդը հետաքրքրուած է իր պատմութեամբ, մշակոյթով, արուեստով։ Պարզապէս, զայն պէտք է լսել, ոչ թէ միայն «վերէն վար» հրահանգային ու խորք չունեցող, հինցած ու մաշած ուղղութիւններ փոխանցել. վերջ տալ «պէտք է»-ներու յորդորներուն…
Բացայայտօրէն գաղափարներու տագնապ գոյութիւն ունի։ Տասնամեակներով գործած մօտեցումները չեն համապատասխաներ նոր սերունդի ակնկալութիւններուն։ «Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կ’ենթադրեն որ եթէ իրենք որոշ ծրագրեր յղանան եւ ստեղծեն՝ գեղեցիկ աֆիշներով եւ խելացի շուկայնացումով (marketing-ով), երիտասարդները ինքնաբերաբար պիտի «կլանեն» զանոնք», կ’ընդգծէ դոկտ. Չիլինկիրեան։ Այս մօտեցումը արդիւնաւէտ չէ այլեւս։ Մեր երիտասարդները կը փնտռեն իմաստ, մասնակցութիւն եւ լսելիութիւն։
Անհրաժեշտ է նշել, որ Չիլինկիրեան միայն ախտաճանաչում չի կատարեր, այլ նաեւ լուծումներ կ’առաջադրէ։ Անոր կոչը՝ հիմնելու երիտասարդական խորհուրդներ, բաց ֆորումներ, հետազօտութեան վրայ հիմնուած ծրագրեր եւ առցանց ու արհեստագիտական հարթակներ, վերացական յղացքներ չեն, այլ շօշափելի առաջարկներ: Անոնք անյետաձգելի հրամայականներ են այն կառոյցներուն համար, որոնք կ՚ըսեն, թէ մտահոգ են սփիւռքահայ հաւաքականութիւններու ապագայով։
Այս առիթով, լուսարձակի տակ կ’ուզենք առնել նաեւ Հրաչ Չիլինկիրեանի մէկ այլ յօդուածը՝ «Հայկական փափուկ ուժը» սփիւռքի մէջ»՝ նոյնպէս հրապարակուած «Տարբերակ21»-ի մէջ, 6 օգոստոս 2023-ին:
Կարեւոր է նաեւ փափուկ ուժի (soft power) գաղափարը որդեգրել երիտասարդները ներգրաւելու միտող ծրագիրներուն մէջ:
Փոխանակ ապաւինելու միայն իշխանական ժամանակավրէպ ձեւերու կամ նուիրապետական կառոյցներու, նոյիսկ երբեմն քողարկուած «կարծր ուժի» (ճնշումի, ազգային պաշտօնաբաշխումի եւ պաշտօնազրկումի զանազան ձեւերով), փափուկ ուժը՝ հիմնուած ներգրաւելու, համոզելու կարողութեան, մշակութային եւ արժէքներու փոխազդեցութեան ու փոխներգոծութեան վրայ, կրնայ դառնալ վերաթարմացման ազդու միջոց մը։ Ան առիթ կը ստեղծէ երիտասարդ ու զարգացած սերունդին՝ իր ժամանակակից նկարագիրն ու համաշխարհային յարաբերութեանց մէջ հմտութիւնը ներդրելու միաժամանակ ի նպաստ համայնքային շահերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Փափուկ ուժի աշխատանքային ոճը որդեգրելով, անոր կառուցային խորք տալով՝ սփիւռքեան աւանդական թէ նորաստեղծ կազմակերպութիւնները կրնան անցում մը կատարել պահպանողական հինցած ու մաշած համակարգէն, ուր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը բեռ չեն այլեւս, այլ՝ հարստութիւն, պատնէշ չեն, այլ՝ կամուրջ։