Շաբաթ մը Հայքին մէջ

Շաբաթ մը Հայքին մէջ

Հայրենի երիտասարդ գիտնական Հրանդ Խաչատրեան կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գիտական, կրթական եւ գործարար ոլորտներու նորութիւնները՝ շաբաթական կտրուածքով: Հրապարակումներուն կարեւորութիւնը կը կայանայ նաեւ անոր մէջ, որ հեղինակը կը լուսաբանէ կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք յաճախ պատշաճ ուշադրութեան չեն արժանանար զանգուածային լրատուական միջոցներուն կողմէ:

October 20, 2021

«Առաջատար հետազօտութիւններու մրցոյթ»ին արդիւնքները․․․ From Moon to Mars միջոցառումը․․․«Ճարտարագիտական շաբաթ»․․․ Արմաթ գիտաշխանոցներ․․․ EPAM մասնաճիւղ Գորիսի մէջ․․․․ GDG DevFest Վանաձորի մէջ․․․ Աջափնեակի մեթրոյի կայարանի կառուցում․․․եւ այլ նորութիւններ։

October 16, 2021

Կայացաւ reArmenia 1.0 միջոցառումը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան reArmenia-ի համահայկական համագործակցութեան տեսլականը, այդ տեսլականին շուրջ հաւաքուած մարդոց խումբը, հարթակին մէջ արդէն ներկայացուած ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները:

October 8, 2021

Շուտով կը գործարկուի reArmenia համագործակցութեան եւ դրամահաւաքի հարթակը:

September 22, 2021

«Թումօ»ն յայտարարեց, որ մեկնարկած է «Թումօ Հայաստան» ծրագիրը: Կը նախատեսուի քանի մը տարուան ընթացքին հաւաքել 50 միլիոն ամերիկեան տոլար, որուն շնորհիւ պիտի կառուցուին 16 նոր «Թումօ» կեդրոններ եւ 110 «Թումօ տուփեր» Հայաստանի տարածքին: Եմենիճեան ընտանիքը արդէն տրամադրած է առաջին 10 միլիոնը:

September 16, 2021

Հայկական մատենագրութեան թուանշային գրադարանը (digilib) յայտարարեց, որ աւարտած է Յակոբ Օշականի գրաւոր ժառանգութեան թուայնացումը․

September 8, 2021

Աւարտեցաւ Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակին «իԳործ» ծրագիրին առաջին տարին, որուն ծիրին մէջ 19 տարբեր երկիրներէ 55 սփիւռքահայեր եկան եւ աշխատեցան Հայաստանի պետական մարմիններուն մէջ: Առնուազն 14-ը որոշած են մնալ Հայաստան եւ շարունակել աշխատանքը: Արդէն սկսած է երկրորդ տարին, նոր մարդոցմով:

September 3, 2021

Picsart ընկերութիւնը 130 միլիոն ամերիկեան տոլարի ներդրում մը ապահոված է Softbank-էն եւ այլ մեծ հիմնադրամներէ: Այսպիսով, ընկերութիւնը կը գնահատուի շուրջ $1.5 միլիառ տոլար: Ասիկա առաջին դէպքն է, որ Հայաստանի մէջ ծնած արհեստագիտական ընկերութիւն մը կ’անցնի մէկ միլիառ տոլարի շուկայական արժէքը:

August 27, 2021

Սեպտեմբեր 1-էն սկսեալ «Թուային սերունդ» նախաձեռնութիւնը կը սկսի թուային գործիքներու (Office, Google Drive եւ այլն) դասընթացք մը, շատ աժան` 2900 դրամի արժէքով: Պէտք է հասնիլ անոր, որ ամբողջ բնակչութիւնը կարենայ այս բոլոր գործիքները անկաշկանդ օգտագործել:

August 18, 2021

 Armenians Forward Together-ին ներկայացուած ամենամեծ անակնկալը ինծի համար Zartnir նախաձեռնութիւնն էր, որուն նպատակն է Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ստեղծել գիրք կարդալու խմբակներ: Կ’ընտրեն դպրոցներ, կը նուիրեն գիրքեր եւ կը կազմակերպեն ամէնշաբաթեայ քննարկումներ կարդացած գիրքերուն շուրջ: Patreon-ի մէջ դրամահաւաք ունին. https://www.patreon.com/zartnir

August 11, 2021

Կայացաւ հայկական արտադրանքի արտածման ուղղուած BuyArmenian.com հարթակի պաշտօնական բացումը:

August 5, 2021

«Գիտունիկ» առցանց դպրոց անունով հարթակ մը կայ, ուր Հայաստանէն կը միանան դասաւանդողներ (դաշնակէն մինչեւ լեզուներ եւ ուսողութիւն), որոնք շատ յարմար գիներով դասեր կը մատուցեն, Սփիւռքէն կը միանան այդ դասերու մասնակիցներ, միեւնոյն ժամանակ Սփիւռքէն բարձր դասարաններու դպրոցականներ կը փորձեն լեզուներ սորվեցնել Հայաստանի երեխաներուն:

July 29, 2021

SoloLearn ընկերութիւնը, որ ծրագրաւորման ուսուցման բջիջային յաւելուածներ կը սարքէ, 24 մլն ԱՄՏ ներդրում ստացաւ ամերիկեան հիմնադրամներէն:

July 21, 2021

SASTIC նախաձեռնութիւնը կը փնտռէ հայկական ընկերութիւններ, որոնք կարիք ունին իրենց տուեալներու օգտագործման, մեքենայական ուսուցման կիրառութիւններու մասին խորհրդատւութեան․ կը նախատեսուի SASTIC-ի անդամներու հանդիպում մը, Երեւանի մէջ:

July 15, 2021

Մէկ տարի ընդմիջումէ ետք, դարձեալ կայացաւ «Պարքեմփ»ը: Կը կարծեմ, որ շատ օգտակար էր. միա՛յն ես շուրջ 30 նոր ծանօթութիւն կազմակերպեցի տարբեր բարեկամներուս միջեւ:

July 9, 2021

Կայացաւ Tech Week Artsakh միջոցառումը Ստեփանակերտի մէջ: 1400-է աւելի գրանցուած մասնակից կար, երեք օր իրար ետեւէ դասախօսութիւններ ու քննարկումներ լեփ-լեցուն դահլիճներուն մէջ, խիստ յագեցած օրակարգով:

July 9, 2021

Երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագիրի շրջագիծին մէջ ամփոփուեցաւ փոքր գիտական սարքերու եւ նիւթերու մրցոյթը: Կը նախատեսուէր 12-13 յայտ ֆինանսաւորել, բայց 50-էն աւելի յայտ կար, ու Գիտութեան կոմիտէն համաձայնեցաւ այլ աղբիւրներէ եւս գումարներ տրամադրել: Այդպիսով, պիտի ֆինանսաւորուի 24 յայտ:

July 6, 2021

Սփիւռքի Յանձնակատարի գրասենեակը եւ Repat Armenia հիմնադրամը հայրենադարձութեան ուղեցոյց մը պատրաստած են. կ’արժէ նման բաներ շատ պատրաստել` Սփիւռքի մեր ընկերներուն տարբեր ոլորտներու մէջ ներգրաւելու կերպերը պարզ ցոյց տալու համար:

July 6, 2021

3-5 Յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ Tech Week Artsakh միջոցառումը. ծրագիրը կ'ընդգրկէր մասնագիտական համաժողովներ, «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի հիմնադրութիւն, գաղափարներու մրցոյթ, կրթական ծրագիրներ:

June 18, 2021

Հայրենի երիտասարդ գիտնական Հրանդ Խաչատրեան կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գիտական, կրթական եւ գործարար ոլորտներու նորութիւնները՝ շաբաթական կտրուածքով: Հրապարակումներուն կարեւորութիւնը կը կայանայ նաեւ անոր մէջ, որ հեղինակը կը լուսաբանէ կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք յաճախ պատշաճ ուշադրութեան չեն արժանանար զանգուածային լրատուական միջոցներուն կողմէ: