Չմոռնանք մեր իրական հերոսները՝ «Սամուել»ն ու «Գէւորգ Մարզպետունի»ն

Ամէն անգամ երբ մենք ետ կը նայինք դէպի պատմութեան խորքերը եւ մեր հայեացնքները կը յառենք այն լուասուոր եւ յուսատու կերպարներուն, որոնք իրենց անձով ու գործունէութեամբ հայոց պատմութեան կարեւորագոյն դրուագները կերտած են կամ ամբողջ դարաշրջանի մը համար կեդրոնական դեր կատարած, մենք աւանդաբար կը զրուցենք մեր արքաներուն, զօրավարներուն հետ, կը դիմենք մեր փիլիսոփաներուն ու մեծ մտաւորականներուն: Մենք կը փորձենք անոնց կերպարներով ոգեշնչուիլ, անոնց գործունէութիւնը մեզի համար օրինակ սահմանել:

Շատ յաճախ, անձամբ ալ չենք նկատեր մեր եւ անոնց միջեւ եղած սկզբունքային տարբերութիւնները: Մենք չենք նկատեր, որ Գարեգին Նժդեհի կամ Տիգրան Մեծի մասին խօսելու ատեն, մենք կը վերցնենք անոնց գործունէութեան լաւագոյնը եւ ուղղակի կը փորձենք տեղաւորել մեր առօրեային մէջ, ինչ որ անսպասելի է ու անիրական: Մենք չենք տեսներ ու չենք հասկնար մեր հերոսները իրենց ակունքներով: Մենք զանոնք կը տեսնենք արդէն իսկ իրենց բարձունքին վրայ ու երբ կը համեմատենք մեր, կը թուի, թէ չնչին առօրեային հետ անոնք այնքան անհասանելի ու բարձր են թուան, որ երբեմն խորթ կը դառնան: Յիրաւի դժուար է դիմել արքաներու արքայ Տիգրանին, ան բոլորովին այլ աշխարհի ու իրականութեան մարդ էր, այլ չափանիշներու ու սկզբունքներու տէր: Բայց մենք ունինք գրական երկու հերոս, որոնցմէ մէկը առնուազն իրական է, իսկ միւսը եթէ ոչ իրական, ապա վստահ ունի իր նախատիպը, որոնք, կ’ենթադրեմ, շատ մօտ են մեր սրտին ու հոգիին: Նախ իրենց գործողութիւններով եւ ապա` սկզբուքներով: Անոնք Րաֆֆիի «Սամուել»ն ու Մուրացանի «Գէւորգ Մարզպետունի»ն են:

Ո՞վ են անոնք: Սամուելն ու Մարզպետունին ամենաճիշդ հայրենասէրներն են: Անոնք արքայ ու գերհզօր իշխաններ չեն, անոնք չունին դաշնակիցներ, հարստութիւն, ազդեցութիւն: Անոնք իրենց գործունէութեամբ իսկ վատթարագոյն դրութեան մէջ են, երբ պայքարելու նուզագոյն ցանկութիւն իսկ գոյութիւն չունի:

Սամուելը դաւաճան իշխանի մը զաւակն է: Անոր հայրն ու մայրը դաւաճանած են քրիստոէնութեան եւ հայրենիքին: Սամուելը գրեթէ չունի զինակիցներ, ան մեծ ճակատամարտեր չէ յաղթած, ան արքայ չէ եւ մեծ բանակներ չունի, ան հզօր ռազմագէտ չէ: Սամուելը ազնուական է եւ կրկնակի ողբերգութիւն կ’ապրի: Անոր երկիրը ոտնակոխ եղած է թշնամիին կողմէ, իսկ հայրն ու մայրը դաւաճաններ են: Սամուելը ամբողջական հոգեկան դժոխքի մը մէջէն անցնելէ յետոյ, ծանրագոյն ողբերգութիւնները ապրելէ ետք, կը սպանէ իր հայրն ու մայրը, որովհետեւ անոնք դաւաճանած են Հայաստանի, անցած են թշնամիին կողմը: Սամուելը չի յաղթանակեր, փառք չի վաստկիր, ան իր վրայ կը վերցնէ անէծքներուն ծանրագոյնը՝ ծնողասպանութիւնը:

Գէւորգ Մարզպետունի պարզ իշխան մըն է: Ան եւս կը տեսնէ իր երկրին ծուատումը ամէն կողմէ, ամէնուր դաւաճանութիւն եւ ուրացում: Թագաւորը յուսահատ է, մէկ կողմ քաշուած, իշխանները լքած են զինք ու ամէն մէկը իր անկիւնը քաշուած, թշնամին կը նուաճէ երկիրը եւ այդ դեռ չի բաւեր, քաղաքացիական պատերազմ կը հասուննայ իշխաններուն միջեւ, ծանրագոյն հակադրութիւն խումբ մը այլ իշխաններու եւ արքային միջեւ: Մարզպետունի իշխանը հարուստ չէ, մեծ զօրք ու հնարաւորութիւններ չունի: Անվերջ պայքարելէ յետոյ ան լրիւ առանձին է, իր կողքը ոչ ոք ունի բացի իր մէկ-երկու թիկնապահէն ու որդիէն: Գէւորգ իշխանը կ’որոշէ յարձակիլ թշնամիին վրայ՝ առանց զօրքի: Մեծագոյն ջանքերով ան ընդամէնը 20 հոգի կամաւոր կը գտնէ եւ այդ փոքրաթիւ խումբով կը յարձակի բազմահազարանոց թշնամիին վրայ: Եւ այդ յարձակումը յոյս կը վառէ հայոց սրտերուն մէջ:

Ըստ էութեան, Սամուելն ու Գէւորգ Մարզպետունին մեր նուազագոյն գնահատուած եւ ամենէն շուտ մոռցուած հերոսներն են: Մենք կը սիրենք հեռուէն նայիլ փայլատակող փառքին, բայց երբ մենք ընդհանրապէս կը խուսափինք նոյնիսկ ծանր խօսքէն, ուր մնաց դիմենք սարսափելի ծանրութեամբ քայլերու: Մեր այժմեան կամքը մեղամոմի նման փափուկ է ու դիւրաբեկ, մեր միտքերը շփոթի մէջ են, մեր գործողութիւնները կուրացած ու հարուածը՝ թոյլ:

Ու այս պահուն մենք ոչ միայն մեծ գաղափարադիր Նժդեհ-ասատրեան զոյգը պէտք է յիշենք, կամ արքայից-արքայ Տիգրան, յաղթող Վարդան պահանջենք, այլ փորձենք հասկնալ այն կերպարները, որոնք գործած ու առաջ գացած են այնպսի սարսափելի վիճակներու մէջ, որ անոնց միայն ձախողութիւն եւ անյաջողութիւն սպասած է: Ի վերջոյ, Սամուել եւ Մարզպետունի կերպարները այսօր առաւել քան արդիական են: Որովհետեւ մենք ունինք թոյլ ու թշուառ հոգեկան իրավիճակ մը, այսօր միայն կիսատ-պռատ բանաւոր խօսք կը զարգանայ, մինչդեռ մենք կը սարսափինք անձնական պտասխանատուութենէ ու որեւէ կարծր գործողութենէ: Մեզմէ քանի՞ հոգի այսօր պատրաստ է քանի մը հոգիով ազգային պայքար սկսիլ Մարզպետունիի նման՝ չնայած ընդհանուր աղէտին, չնայած, որ նոյնիսկ թագաւորը մէկ կողմ քաշուած է ու անթիւ թերութիւններ ունի: Մարզպետունին երկար-բարակ չի քննարկեր, ան չի մեղադրեր արքան, այս ու այն իշխանը, անոր համար հայրենիքը աւելի ծանր կը կշռէ, քան մնացեալ բացարձակապէս ամէն ինչը: Մարզպետունին քարսիրտ ինքնասպան մը չէ: Ան շատ լաւ կը գիտակցի, որ ձախողիլն ու կոտորուիլը աւելի իրական հեռանկար է, ան որպէս ծնողք հոգեկան մեծ պայքարի մէջ է, երբ կը գիտակցի, որ քանի մը ժամ յետոյ սպասուող կռուին մէջ իր որդին ամենայն հաւանականութեամբ կը նահատակուի ու ինքը ոչ մէկ ձեւով չի կրնար խանգարել այդ բոլորը: Բայց ան զոհասեղանին  կը դնէ ամէն ինչ, ամենաթանկը՝ ինքզինք ու իր որդին:

Սամուելի կերպարը աւելի մռայլ է ու ահաւոր: Այդ լռակեաց երիտասարդը գրեթէ խելագարութեան կը հասնի տեսնելով, թէ իր շուրջը ինչ կը կատարուի: Եթէ Գէւորգ Մարզպետունին ունէր իր հաւատարիմ որդին, ապա Սամուելը չունի մէկը: Իր հայրն անգամ, որ իր առաջնորդն ու յենարանը պիտի ըլլար՝ պետական դաւաճան է ու թշնամիին զօրքը կ’առաջնորդէ դէպի Հայաստան: Սամուելի ողբերգութիւնը թէ՛ ազգային է, թէ՛ անձնական: Այդ տրաման լուսաւոր աւարտ չի կրնար ունենալ: Հեքիաթ մը չէ, ուր դաւաճանը յանկարծ ուշքի գայ եւ յանկարծական հերոսութիւն մը կատարէ: Ո՛չ: Ոչ ոք չի զղջիր, ոչ մէկ լաւ բան կայ: Հայրենիքը կը կործանի է եւ զայն խորտակողներէն մէկը իր ծնողներն են: Սամուել այլ ելք չի գտներ, քան հարն ու մայրը սպանելը: Ու այս արիւնոտ տրաման կ’աւարտի ծանր ու հոգեցունց կերպով: Մենք չենք գիտեր, թէ Սամուել յետոյ ո՞ւր կ’երթայ, ի՞նչ կ’ընէ: Թերեւս ան կը շարունակէ պայքարիլ կամ, չդիմանալով իր անձնական դժոխքին ծանրութեան՝ անձնասպան կ’ըլլյ: Չենք գիտեր: Մենք միայն կը գովենք «կեցցէ՛ Սամուելը, որ իր հայրենիքը ծնողներէն աւելի կը սիրէ ու գիրքը կը դնենք մէկ կողմ, յետոյ երբեմն կ’ըսենք «ապրին Րաֆֆին ու Մուրացանը, շատ լաւ գիրքեր գրած են»:

Սամուելն ու Մարզպետունին այսօր այն կերպարներն են, որ պէտք է դառնան հայրենասիրութեան չափանիշ: Անոնք այն կերպարներն են, որով մենք կրնանք չափել մեր անձնազոհութիւնն ու կամքը, մեր հոգեբանութիւնը, մեր ազգային ու անձնական հոգեկան վիճակն ու հաւասարակշռութիւնը: Անոնք այն կերպարներն են, որ կը գործեն «վատէն աւել վատ» իրավիճակի մէջ: Անոնք այն կերպարներն են, որ ստիպուած են կատարելու սարսափելին:

Ընդ որում, կարեւոր է հասկնալ նաեւ շատ կարեւոր երեւոյթ մը: Այդ մէկը Սամուելի ու Գէւորգ իշխանի ներքին հոգեկան պայքարն է: Մարդը որքա՞ն զօրեղ կամք պիտի ունենայ, որ կարողանայ այդ անձնական դժոխքը անցնել, չխելագարիլ, չյուսահատիլ: Որքա՞ն ամուր հոգեկան աշխարհ պէտք է ունենայ, ի՞նչ աստիճանի ներքին տառապանք պիտի յաղթահարէ, որ կարողանայ նախ չխելագարիլ, յետոյ` արդէն գործել:

Մեզմէ քանի՞ հոգին կրնայ նման աստիճանի դժոխք վերապրիլ: Մեզմէ քանի՞ հոգին կրնայ գէթ տեսական մակարդակով փորձել հասկնալ Սամուելն ու Գէւորգ իշխանը:

«Սամուելը» եւ «Գէւորգ Մարզպետունին» պարզապէս գիրքեր չեն, անոնք ռոմանթիք ու խենթ հայրենասիրութեան մասին չեն: Այդ գիրքերը նախ եւ առաջ անձնակական ծանր տրամաներ են, յետոյ` արդէն յանդուգն մարտահրաւէր՝ սեփական անձին ու մնացեալ աշխարհին: Րաֆֆին ու Մուրացանը մեզի մեծ գործեր են նուիրած, անոնք մեզ զինած են պահապան-հրեշտակներով, կամ եթէ կ’ուզէք՝ պահապան-դեւերով, որոնք պատրաստ են ամէն ինչի՝ ամենախիզախէն մինչեւ աննկարագրելի ոճիրի՝ յանուն հայրենիքի: Սամուելն ու Գէւորգ իշխանը ըստ էութեան, ընկերաբան հոգեբան Էրիք Ֆրոմէն տասնամեակներ առաջ պատասխանած անոր «ունենա՞լ, թէ ըլլալ» հարցին: Անոնք նախընտրեցին ըլլալ այդ հայրենիքը, դառնալ այդ հայրենիքը եւ դառնալ անոր ծանրագոյն ու մութ պահապանները:

Ցաւալի է, որ մենք հիանանք Թօնի Սթարքով (Avengers, the Iron Man), որ ինքզինք կը զոհէ, կամ Պոլվար Ֆորտրակոնով (Warcraft, RPG խաղ), որ կամաւոր կը նստի սառոյց գահին՝ ինքզինք զոհելով, որ չարիքը դուրս չգայ, բայց կը մոռնանք մեր իրական հերոսները, որոնք ոչ թէ տարօրինակ ու երեւակայական դեւերու հետ կը կռուին հեքիաթի մը մէջ, այլ հոս, մեր պատմութեան խորքին, ու կը պայքարին ու կը յաղթեն նախ իրենք իրենց, ապա կ’ելլեն ամբողջ աշխարհին դէմ:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x