Նուաստացնելո՞վ «բարձրանալ», թէ՞ բարձրացնելով բարձրանալ

Թամար Աբովեան

Կեանքին մէջ բաներ կիրառելու կամ գործադրելու պատշաճ ձեւեր կան. նոյնիսկ օգնութեան ձեռք երկարելը իր պատշաճ ձեւը ունի: 

Շատ մը երկիրներու կառավարութիւններ, որոնք իրենք զիրենք կը յարգեն, ընդլայնեցին իրենց ջանքերը, որպէսզի գումարներ տրամադրեն իրենց քաղաքացիներուն՝ դիմագրաւելու համար Քորոնա ժահրին ստեղծած տնտեսական տագնապը: 

Մօտաւորապէս 90 երկիրներ մշակեցին կանխիկ յատկացումներու ծրագիրներ, որոնց միջոցով անոնք ուղղակիօրէն «գումարներ զետեղեցին ժողովուրդին գրպաններուն մէջ»: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, մօտաւորապէս 90 միլիոն մարդ 1,200 տոլարի չէքեր ստացան Թրամփի կառավարութեան 2 թրիլիոն խթանիչ փաթեթէն: Հոնկ Քոնկ խոստացաւ 1,280 ամերիկեան տոլար՝ տասնութ տարեկանէն վեր եղող մշտական բնակիչներուն: Ճափոն որոշեց 930 տոլար տրամադրել իւրաքանչիւր քաղաքացիի: 

Այլ երկիրներ որոշեցին համաշխարհային նուազագոյն եկամուտի (universal basic income) գաղափարը կիրառել: Սպանիան ծրագրեց ներդնել անպայմանական երաշխաւորուած եկամուտի դրութիւնը (unconditional guaranteed income)՝ ցած եկամուտ ունեցող երեք միլիոն քաղաքացիներուն համար եւ մտադրեց պահել այս ծրագիրը նոյնիսկ համավարակէն ետք: Շատ մը այլ երկիրներ ընդլայնեցին արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող կարգ մը ծրագիրները: Օրինակ, Չինաստանի կառավարութիւնը յանձնարարեց տեղական իշխանութիւններուն դիւրացնել կանխիկ յատկացումներու՝ արդէն իսկ գործող դրութենէն օգտուելու պայմանները, ի շահ ցած եկամուտ ունեցող ընտանիքներուն:

Մասնագէտներու համաձայն, այսպիսի ծրագիրներ կը նպատակադրեն անմիջականօրէն «գումար դնել մարդոց գրպաններուն մէջ», որպէսզի անոնք կարելիութիւն ունենան հոգալու իրենց հիմնական կարիքները: «Համավարակի կացութեան մէջ, նման ծրագիրներու առաջադրանքն է թոյլ տալ մարդոց, որ օգնեն իրենք զիրենք եւ հեռու մնան ծայրայեղ աղքատութենէ», կ՛ըսէ այս ոլորտի մասնագէտ Էտուըրտ Էլտըն:

Կանխիկ յատկացումներու ծրագիրներուն մասին կատարուած հարիւրաւոր ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ անոնք յաջող ծրագիրներ են: Ուսումնասիրողներ կ՛ըսեն, որ այդպիսի ծրագիրներ պակսեցուցին աղքատութիւնը եւ անհաւասարութիւնը, նուազեցուցին մահացութեան մակարդակը ու բարձրացուցին մարդոց տոկունութիւնը:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ պետութիւններ կ՛աշխատին, կը ծրագրեն եւ ամէն միջոց ի գործ կը դնեն, որպէսզի բեռ մը իջեցնեն իրենց քաղաքացիներուն ուսերէն: 

Արդեօք ի՞նչ ըրաւ Լիբանանի կառավարութիւնը: Նստաւ ու ծրագրե՞ց, թէ ի՛նչ ձեւեր որդեգրէ, որպէսզի հանգիստ պահէ իր քաղաքացիները: Այո՛, Լիբանանի կառավարութիւնը ծրագրեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի «իր գլխուն ճարին նայի» եւ «եթէ եղունգ ունի՝ գլուխը քերէ»: Այլ խօսքով՝ աւելի դժուարացուց արդէն իսկ տագնապալի կացութիւնը եւ շա՜տ մը ուրիշ ողբերգութիւններու պատճառ դարձաւ: Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ վանեց երազելու, ծրագիրներ մշակելու եւ տեսլականներ ունենալու «յոյսը» ու ժողովուրդը հասցուց անգործութեան, չքաւորութեան, մուրացկանութեան… 

Լիբանանի կառավարութիւնը իր քաղաքացիները հասցուց այնտեղ, ուր մեծամասնութիւնը սկսաւ «նպաստ»ներու սպասել, որպէսզի ապրի ու գոյատեւէ: Քաղաքացին շուարեցաւ՝ ո՞ւր արձանագրէ իր անունը, ո՞ր կեդրոնը երթայ, որպէսզի օգնութիւն ստանայ: Ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները օգնութեան ձեռք երկարեցին ժողովուրդին: Ի՛նչ ըսենք. շնորհակալութիւն եւ հազար փառք այդ կազմակերպութիւններուն: Անհատական օգնութիւնները անմասն չմնացին այս բոլորէն:

Ո՞ւր մնաց Լիբանանի հայ համայնքը Լիբանանի «հզօր» պետութեան մէջ: Վերջերս հանդիսաւոր կերպով յայտարարուեցաւ (այնտեղ ուր անուն շահիլ կայ՝ հանդիսաւոր ձեւերով կ՛ըլլան յայտարարութիւնները), որ մեծ գումար մը պիտի տրամադրուի հայերուն: Ուրկէ՞ կարելի պիտի ըլլար վերցնել որոշուած գումարը: Պարզուեցաւ, որ իւրաքանչիւր անձ իր ծուխի եկեղեցին պիտի ուղղուէր: Լուրը մէկը միւսին փոխանցելով, հասնողը ինքզինք գտաւ «որոշուած այդ վայրերուն» դռներուն առջեւ:

Եկէ՛ք մտնենք այդ վայրերէն մէկը. հոն պատահածը հաւանաբար լաւ պատկեր մը տայ միւս վայրերուն մէջ պատահածներուն մասին: 

Այսպէս՝ կը տեսնենք ընդամէնը մէկ անձ, որ պատասխանատւութիւն ստանձնած է մեծաթիւ մարդոց անունները արձանագրելու: Քիչ անց, այդ «պատասխանատուն», աճապարանօք աշխատանք մը ունենալու պատճառաբանութեամբ, ներողութիւն կը խնդրէ ժողովուրդէն եւ կը հեռանայ՝ անշուշտ ետ դառնալու խոստումով: Ժողովուրդը ստիպուած «ոչխարի պէս կը սպասէ»: Պատասխանատուին վերադարձին՝ պոռալ, կանչել, հրել, հրմշտկել … ընթացքին, կարգ մը առանձնաշնորհեալ՝ «ուասթա» ունեցող անձեր կը յաջողին ամբոխը ճեղքել ու մտնել եւ արձանագրել տալ իրենց անունը: Յանկարծ ի յայտ կու գայ, թէ նախապէս իրենց անունները արձանագրած անձերը պէտք չունին անգամ մը եւս արձանագրուելու: Խե՛ղճ ժողովուրդ: Սպասողական վիճակէն եւ ստեղծուած իրարանցումէն անհանգիստ եղող-եղողի, իսկ եզրակացութիւն՝ «ամէն մարդ տուն թող վերադառնայ եւ հայկական ռատիոկայանէն մտիկ թող ընէ առնուելիք քայլերուն մասին». այդպէս կը փոխանցուի ժողովուրդին:

Իբրեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ, հարց կու տամ․ այսքան նուաստացում եւ արժանապատւութեան ոտնակոխում շատ չէ՞ մարդոց համար:

Ներողութիւն, բայց արդեօ՞ք մտադրուած եւ որոշուած բան մը «գլուխ հանելու» պատշաճ ձեւեր չեն մնացած մեր համայնքի պատասխանատուներուն մօտ: Արդեօ՞ք ժողովուրդը նուաստացնելով հաճոյք կը զգան՝ այսօ՛ր գործի գլուխ անցած մարդիկ: Արդեօ՞ք ժողովուրդը նուաստացնելով իրենք զիրենք աւելի «բարձր» կը զգան կարգ մը մարդիկ…

Անհասկնալի է, թէ մինչեւ այսօր չքաւոր հայերուն անունները ինչու չկան պատկան մարմիններուն քով: Միայն ընտրութեան ժամանա՞կ դուռ-դուռ կը զարնուի՝ անուանացանկերը շտկելու կամ ամբողջացնելու համար…։ Ընդգծենք․մարդիկ տեսան, որ պատասխանատուները չեն գիտեր պատրաստ գումարը մարդոց ձեռքը հասցնելու պատշաճ ձեւերը: Կարծես ատիկա հետաքրքրական իսկ չէ անոնց համար։

Թամար Աբովեան

Պէյրութ, Լիբանան


Խմբագրութեան կողմէ.

2021 Հոկտեմբեր 12-ին հրապարակուեցաւ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին հաղորդագրութիւնը, որ կ՛առնչուի գրութեան մէջ արծարծուած օժանդակութիւններու բաշխման խնդրին: Ստորեւ կը հրապարակենք այդ հաղորդագրութիւնը.

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ – ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ի գիտութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, այսու կարեւորութեամբ կը տեղեկացնենք, որ արդէն իսկ պիտի սկսինք կաթողիկոսարանին ճամբով, շրջան առ շրջան բաժնել վեհափառ հայրապետին կողմէ լիբանանահայութեան օժանդակութեան համար յայտարարուած դրամական նպաստը:

Հետեւաբար, ջերմապէս կը թելադրենք բոլորին, որ առանց անհարկի խճողումներ ստեղծելու, ամէն մարդ համբերութեամբ սպասէ Ազգային առաջնորդարանի հեռաձայնին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Subscribe
Տեղեկացում
guest
1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Արմէն
Արմէն
3 years ago

Եղան նաեւ ուրիշներ, որոնք Ֆեյսպուքի վրայ տեղադրեցին նպաստընկալներու նկարները եւ բաշխումի գործընթացէն պատկերներ, մոռնալով “Երբ ողորմութիւն կ’ընէք ձախ ձեռքը թող չգիտնայ աջին ըրածը” աստուածաշնչեան պատգամը

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x