Նոր գիրք. «Լռեցուած ոճիրը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին երեխաներու բռնի տեղափոխումը»

Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը (ՀՑԹՀ) ընթերցողներու լայն շրջանակին կը ներկայացնէ «The Silenced Crime: Forcible Child Transfer During the Armenian Genocide» («Լռեցուած ոճիրը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին երեխաներու բռնի տեղափոխումը») գիրքը, խմբագրութեամբ՝ ՀՑԹՀ-ի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեանի։

Գիրքին մէջ ամփոփուած են խմբագրողին, ՀՑԹՀ-ի – այլ գիտաշխատողներ՝ Ռեգինա Գալուստեանի, Նարինէ Մարգարեանի, Շուշան Խաչատրեանի, Ռոբերտ Թաթոյեանի, Յարութիւն Մարութեանի, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ պատմաբան, ՀՑԹՀ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ռեմոն Գէորգեանի ուսումնասիրութիւնները։ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին հետ համագործակցաբար հրատարակուած այս գիրքը Brill | Schöningh հրատարակչութեան նոր՝ Armenian History and Culture (Հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ https://brill.com/view/serial/AHUC) շարքի անդրանիկ հատորն է։ Շարքի խմբագիրներն են Աշոտ Հայրունի եւ Ռոբերտ Սուքիասեան։

Հեղինակներու հետազօտութիւնները նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հայ երեխաներու բռնի տեղափոխման եւ ձուլման տարբեր երեւոյթներուն՝ որպէս հայ ինքնութեան դէմ ուղղուած երիտթուրքական վարչակազմի համակարգուած գործողութիւն։ Հայ երեխաները դարձան ցեղասպանական աւելի լայն ռազմավարութեան թիրախ՝ բռնի կերպով կտրուելով իրենց արմատներէն, տեղափոխուելով իսլամադաւան ընտանիքներու կամ պետական որբանոցներու մէջ։ Կառավարական հրամանագրերու եւ շարքային քաղաքացիներու նախաձեռնութիւններու համակարգուած գործադրութեամբ՝ երեխաներու ազգային ինքնութիւնը համակարգուած կերպով կը ջնջուէր՝ կրօնափոխութեան եւ անձնական տուեալներու փոփոխութեան, երեխաներու իրական ծագումը սքողելու միջոցով։ Պատմական, իրաւական, կրօնական, մարդաբանական, վիճակագրական եւ ընկերաբանական տեսանկիւններէ գիրքը կը ներկայացնէ երեխաներու բռնի տեղափոխումը որպէս Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական բաղադրատարր, նաեւ կ’անդրադառնայ այդ երեխաներու ազատագրման, իրենց հայկական ինքնութեան վերադարձնելու ջանքերուն։
Գիրքին ելեկտրոնային տարբերակը կարելի է գտնել հետեւեալ յղումով՝ https://brill.com/display/title/71069, իսկ տպագիր օրինակը լոյս կը տեսնէ Մայիս 12-ին։

Քաղուածաբար՝ «Նոր Յառաջ»էն

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x