Կարօ Տէրունեան
Քիչեր լսած են հայութեան նուիրուած անձնաւորութիւններէն՝ Միս Մարթա Ֆրիրսընի մասին:
Ազնուական ընտանիքի մը զաւակը, ան ծնած է Լոնտոնի արուարձաններէն Չէլսիի մէջ, 31 Յուլիս 1868-ին: 1895ի հայկական ջարդերուն լուրը հազիւ իր ականջներուն հասած, ան կ’որոշէ անձամբ ուղուիլ հայկական շրջաններ եւ հայ որբերը խնամել: 1897ին նախ զինք կը տեսնենք Մարաշի մէջ, ուր կը ծարայէ իբրեւ Միս Սամընտի օգնական: Միս Մարթա հոն որոշ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէ եւ լեզու կը սորվի: Կը հրաւիրուի Այնթապ՝ Մարտին բլուրի որբանոցին պատասխանատուութիւնը ստանձնելու: Ան մաս կը կազմէր (Friends of Armenia) «Հայաստանի Բաերկամներ» անգլիական ընկերակցութեան:

Այս գործը ձեռնհասօրէն կը շարունակէ մինչեւ 1915: Երբ Թուրքիա կ’որոշէ պատերազմին մասնակցիլ, ան կը ստիպուի երկիրը թողուլ ու Եգիպտոս տեղափոխուիլ: Պատերազմին ընթացքին, ան մօտէն կը հետաքրքրուի Եգիպտոս ապաստանած շուրջ 5000ի Ճէպէլ Մուսացիներու եւ այլոց վիճակով՝ մասնաւորաբար գործ հայթայթելով հայ կիներուն:
Զինադադարէն քիչ ետք, Միս Ֆրիրսըն կը վերադառնայ Այնթապ: Շատ չանցած Այնթապի հերոսամարտը կը սկսի, եւ ինք 1920ի ամառը՝ Յունիս 22ին, հայ որբերուն հետ կը փոխադրուի Պէյրութ, եւ քանի մը ամիս յետոյ ալ Լեռնալիբանանի Շիմլան Գիւղը: Հոս երկու հաստատութիւններու՝ որբանոցին եւ ծերանոցին ծանր բեռը կը ստանձնէ քսան երկար տարիներ, որբանոցը՝ իր 300ի մօտ մանուկներով, եւ ծերանոց-անկելանոցը՝ 50ի մօտ ծերունիներով ու որբեւայրիներով: 1940ին, քաղաքական կացութեան պատճառով, ան կը ստիպուի հաստատութիւնը փակել: Երբ Դաշնակից Բանակը Լիբանան մուտք կը գործէ, Միս Ֆրիրսըն անմիջապէս գործի կ’անցնի եւրոպացի իր հայրենակիցներուն օգնելու նախանձախնդրութեամբ: Ռայագի, Պրումանայի ու Ալէյի մէջ ան քանթիններ կը բանայ զինուորներուն համար: Հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին (75), երբեմն սպասուհիի մը պէս զովացուցիչ եւ կերակուր կը բաշխէ զինուորներուն:
Քանի մը տարի ետք քանթինները կը գոցէ եւ Պէյրութ կը հաստատուի, սակայն կաթուածը պատճառ կ’ըլլայ որ անշարժանայ եւ անկողնի ծառայէ: Այս միջոցին բարեբախտութիւնը կ’ունենայ վայելելու իր երկու նախկին աղջիկներուն՝ Տիկ. Հայկուհի Քէյվանեանի եւ Օր. Լուսիա Արըգեան խնամքը: Երբ իր հայրենիքը վերադառնալու առաջարկ կը ներկայացուի իրեն, կ’ըսէ. «արեւելիքի մէջ աւելի բաեկամներ ունիմ քան Անգլիոյ մէջ, եւ կը նախնտրեմ կեանքիս վերջին օրերը հոս անցնել»: Միս Ֆրիրսընի այս փափաքին գոհացում կը տրուի: Ան կը մահանայ 8 Փետրուար 1950-ին: Յաջորդ օրը՝ Փետրուար 9ին, հայ եւ տեղացի բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը կը փութայ Անկլօ-Ամերիկեան եկեղեցին, վերջին յարգանքը մատուցելու այս մեծ նուիրեալին:
Միս Մարթա Ֆրիրսընի նախկին սաներէն՝ Պ. Պ. Աճէմեան հետեւեալը կ’ըսէ անոր մասին:
«Մեր երկար տարիներու զննութենէն կ’ուզենք մեր տպաւորութիւնները ներկայացնել, վեր առնելով իր նկարագրին յատկանշական գիծերը: Նախ՝ իր տքնաջան աշխատութիւնը շատ ուշագրաւ էր: Գրագիր կամ հաշուակալ չէր պահեր. ինք անձամբ կը կատարէր այդ բոլորը: Իր անձնական գործերէն զատ ամենէն հասարակ գործերն ալ կը զիջանէր ընելու, զոր օրինակ խոհանոցի մէջ աշխատիլ, սենեակները մաքրել, եւն:
Յետոյ, անձնուրաց մէկը ըլլալով՝ կը ջանար նոյն բանին վարժեցնել իր պաշտօնեաներն ու մանուկները: Տարիներով, շաբաթը մէկ անգամ չոր հաց ուտելով, հնդիկ տղայ մը կը խնամէինք հեռաւոր Ասիոյ մէջ: Հայ Աւետ. կարգ մը եկեղեցիներու ծախքին մասնակցած ենք գոնէ մէկ պատուհանը շինել տալու չափ դրամ տալով: Մեր շրջանակի հիւանդանոցներու եւ այլ բարեսիրական հաստատութեանց Ծնունդի նուէրները պաշտօնեաներու եւ մանուկներու կողմէն կը տրամադրուէր»:
Ազունիէի Ազգային Բուժարանին մէկ սենեակը անոր կողմէ նուիրուած է եւ մինչեւ հիմա կը կրէ իր անունը՝ Martha W. Frearson:
Միս Ֆրիրսըն խօսքով ու գործով ազդեցիկ անձնաւորութիւն մըն էր: Որեւէ շրջանակի մէջ իր գաղափարը եւ խօսքը կը յարգուէր: Այնթապի թուրք կառավարիչը եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ ակնածանք ունէին անոր հանդէպ: Երբ անգլիական բանակը Այնթապ կը հասնի, Միս Ֆրիրսըն անմիջապէս բարեկամութիւն կը հաստատէ հրամանատարին հետ՝ յօգուտ հայերուն, ու երբ կը պատրատուէր հեռանալու Կիլիկիայէն, ան կը հեռագրէ Անգլիոյ օրուան վարչապետ Լոյտ Ճորճին՝ խնդրելով, որ անգլիական բանակը Կիլիկիան չպարպէ՝ ի նպաստ հայ բեկորներուն:
Կ’ըսուի որ Միս Ֆրիրսըն շատ կարեւորութիւն կու տար տիսիբլինի. մօրմէն իրեն ժառանգ մնացած էր այդ: Կը պատմէր թէ երեք տարեկան հասակին կանոնաւոր եկեղեցի կ’երթար եւ հոն ամբողջովին լուռ եւ ամենայն հանդարտութեամբ կը նստէր ամբողջ պաշտամունքին տեւողութեան: Օր մը, եկեղեցիին մէջ ոտքերը ասդին անդին շարժելուն համար, մայրը զինք երկու ժամ աթոռի մը վրայ կայնելու դատապարտեր էր: Ան աւելի կարեւորութիւն կու տար կրթութեան քան թէ ուսման: Աշակերտներու մրցանակ տրուելու պահուն աւելի կը ծափահարէր վարքի մէջ բարձր նիշ առնողներուն քան թէ դասերու մէջ յաջողածներուն:

Սակայն Միս Ֆրիրսընի որբանոց պահելու էական նպատկներէն մէկը եղած է «մանուկները աստուածապաշտութեան վարժեցնել եւ զանոնք Տէրոջը խրատովը մեծցնել: Ինքը անձամբ մանուկ տարիքէն (7-8 տարեկան) սկսած էր Տէրը եւ անոր խօսքը սիրել, եւ ջերմապէս կը փափաքէր որ նոյնը ընեն իր խնամքին յանձնուած մանուկները: Ուստի, առտու եւ իրիկուն ընտանեկան աղօթք կ’ըլլար, Ս. Գիրք եւ երգարան ստանալու համար տասնեակ մը սաղմոսներ եւ հարիւրէ աւելի համարներ գոց սորվիլ պէտք էր», կը պատմեն իր հարազատները:
Շուրջ կէս դար, մօտ 2000 հայ որբեր եւ կարօտեալներ կը վայելեն Միս Ֆրիրսընի հոգածութիւնը: Անոր յարկին տակ միաժամանակ պատսպարուողներուն թիւը 150-350ի միջեւ կը տարուբերէր: Ասոնք յաւէտ երախտապարտ են իրեն:
Ան ըսած է. «Կը սիրեմ ձեզ Քրիստոսի սիրով եւ այդ սէրն էր որ զիս պահեց ձեր քով: Թող որ ամէնքս ալ այդ սիրոյն մէջ աճինք: Առաջին տարին որ ձեր քով եկայ, մայրս վախճանեցաւ, հետագայ տարիներու ընթացքին հինգ եղբայրներս եւ հինգ քոյրերս բաժնուեցան ինձմէ: Հիմա ես մինակ մնացեր եմ մեր ընտանիքէն. սակայն մինակ չեմ զգար քանի այս զաւակներս ունիմ իմ շուրջս եւ ձեզ՝ իմ սիրելի բարեկամներս»:
Իմանալով, որ տակաւին Լիբանանի Շիմլան գիւղին մէջ տակաւին կան հետքերը հայ որբանոցին, որոշեցի այցելել այդ գիւղը եւ ձեւով մը «պեղել» այդ հետքերը. չէի գիտեր որ հետաքրքրական անակնկալներ կը սպասէին ինծի:
2019-ին այցելեցի Շիմլան գիւղի քաղապետին, որուն միջոցաւ ծանօթացայ Պր. Ճորճ Ապաճեանին: Ճորճը պատմեց, թէ ինք զաւակն է Մէլքոն Ապաճեանին, որ կնոջը հետ միասին եղած են Այնթապի անգլիական որբանոցին խոհարարն եւ խոհարարուհին եւ ապա Այնթապի հերոսամարտին ընթացքին, կարճ զինադադարի ատեն, որբերուն հետ միասին, 1920–ին, նախ գալով Պէյրութ վրաններու տակ, ետքը փոխադրուած են Շիմլան: Հետագային, Ապաճեանները հիմնած են պանթոկ մը (Hotel Melkon, 1930): Ճորճը ինծի պատմեց ինչ որ կը յիշէր որբանոցին մասին, եւ ըսաւ թէ ներկայիս գիւղին մէջ գտնուած փոքր այգին նախապէս եղած է հայ որբերու գերեզմանը: Քաղաքապետը զիս տեղեկացուց որ մինչեւ այսօր, այդ այգիին պաշտօնական կալուածագիրը Միս Մարթա Ֆրիսրսընի անունով է:

Բաւական պրպտումներէ ետք կարողացայ գտնել Միս Մարթայի գերեզմանը: Անոր աճիւնները կը գտնուին Անկլօ-Ամերիկեան գերեզմանատան մէջ եւ իր տապանաքարին վրայ կայ հետեւեալ գրութիւնը.
IN LOVING MEMORY
Of
MARTHA W. FREARSON
BORN IN LONDON JULY 31 1868
DIED IN BEIRUT FEB. 8 1950
ERECTED BY HER GRATEFUL
CHILDREN AND HELPLERS
————
THY WORK SHALL BE REWARDED
JER. 31:16
A MOTHER TO ARMENIAN CHILDREN