2020-ի պատերազմէն եւ 2023-ի Արցախի բռնի հայաթափումէն ետք, հայ հասարակութեան մտքին մէջ սկսան զարգանալ հարցեր, թէ այդ քոչուոր ատրպէյճանցիները ինչպէ՞ս կրցան յաղթել նստակեաց հայերուն: Հարցին ձեւաւորումը կատարուեցաւ խիստ պարզունակ ձեւով, եւ սկսան քննարկուիլ ոչ թէ այն պատճառները, որոնք առաջնորդեցին հայ-ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական ու տնտեսական հաւասարակշռութեան խախտումին, այլ այն, թէ քոչուորական ծագում ունեցողը սկզբունքով պիտի չկարենար յաղթել նստակեաց երկրագործին: Այս մէկը անհեթեթ մօտեցում մըն է, որ աշխուժօրէն շրջանառութեան մէջ դրուած էր 44-օրեայ պատերազմէն շատ առաջ եւ կը շարունակուի նաեւ հիմա: Մինչդեռ հարցը, զոր պէտք էր տալ, ոչ թէ քոչուորի յաղթանակին կամ նստակեացի պարտութեան մասին պէտք էր ըլլար, այլ ունենար խիստ սթափ եւ հաշուարկային բնոյթ:
Քոչուոր-նստակեաց համեմատութիւններու առանցքային մոլորութիւններէն մէկն այն է, որ մենք մինչեւ հիմա հակուած ենք կարծելու, թէ հայերը չեն պարտուիր, որովհետեւ մենք հոս ապրած ենք դարերով եւ կայանալով որպէս ժողովուրդ, կայացուցած ենք մեր պետականութիւնները, իսկ ատրպէյճանցիները պիտի պարտուէին, որովհետեւ անոնք իրենց պետութիւնը նուէր ստացած էին, որովհետեւ որպէս ժողովուրդ չեն կայացած եւ այդ կարգի այլ «որովհետեւներ»: Զարմանալի է, բայց այդ քննարկումներուն յաճախ կը մասնակցին նաեւ գիտական շրջանակի դէմքեր, որոնք լրջօրէն կ’առաջադրեն մշակութային հարցեր եւ կը փորձեն փիլիսոփայութիւնն ու մշակոյթը հակադրել զինուորական եւ տնտեսական ուժին:
Բացի այն իրողութենէն, որ այդ քննարկումները ոչ մէկ արդիւնք չեն տար եւ միայն կը շոյեն սեփական Ես-ը, անոնք նաեւ իրականութիւնը չտեսնելու միջոց կը հանդիսանան: Ատրպէյճանցիները արհամարհական քոչուոր անուանելէ առաջ, մենք պէտք է ընդունինք շատ պարզ, բայց դժուարամարս երեւոյթ մը. ազգերն ու պետութիւնները միշտ չէ, որ կը կայանան հայկական-դասական ձեւով: Այսինքն պարտադիր չէ, որ որեւէ ցեղային միութիւն երկար դարեր ապրի իրեն արիւնակից այլ ցեղային միութիւններու հետ, միաւորուի, դառնայ մէկ ժողովուրդ եւ յետոյ միայն կայացնէ իր համազգային պետութիւնը, այսինքն իր փոքրիկ ցեղապետութիւններն ու քլանները համախմբուին վարչական մէկ իշխանութեան ներքեւ: Մենք ընդհանրապէս որդեգրած ենք ինքնութեան կայացման այդ սկզբունքը եւ կը հաւատանք, որ ժողովուրդը, ազգն է, որ պետութիւն կը ստեղծէ: Բայց մենք ոչ մէկ ձեւով չենք ուզեր ընդունիլ, որ կրանյ պատահիլ (ընդ որում շատ յաճախ) հակառակը, որ նախ ստեղծուի պետութիւնը, իսկ յետոյ՝ նոր ժողովուրդը:
Եթէ այս տողերը զարմանք կը յառաջացնեն, այդ մէկը նշան է միայն այն իրողութեան, թէ մենք որքան անգէտ ենք համաշխարհային իրողութիւններու հանդէպ եւ որքան տգէտ՝ ինքնութեան մասին խօսելու ժամանակ: Եւ հոս միայն Ատրպէյճանը չէ, ուր պետութիւնը ինք կը կայացնէ ազգը: Աշխարհի տարածքին տասնեակ նման պետութիւններ կան, որոնք իրենք կը գոյացնեն ժողովուրդը: Բազմաթիւ են օրինակները, երբ ոչ թէ ժողովուրդը կամ ազգը կը դառնայ պետութեան ստեղծման վճրորոշ ազդակը, այլ հակառակը՝ պետութիւնը կը դառնայ տուեալ ժողովուրդի ինքնութեան կարեւոր մէկ մասը: Վերցնենք օրինակ Ամերիկեան ցամաքամասը: Քանի՞ ազգային պետութիւն ծանօթ են մեզի եւ անոնցմէ քանի՞ն կայացած է հայկական-դասական ձեւով: Գրեթէ ոչ մէկը: Ամերիկեան ցամաքամասի պետութիւնները հրաշալի օրինակ կը ծառայեն այն իրողութեան, որ պետութիւնը եւս կրնայ ազգ գոյացնել: Պրազիլ, Արժանթին, Փարակուէյ, Ուրուկուէյ, Վենեզուելլա եւ այլն: Որո՞նք կ’ապրին այդ երկիրներուն մէջ: Փարակուէյցինե՞ր, վենեզուելլացինե՞ր: Ո՛չ: Այնտեղ կ’ապրին Լատին Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդներու եւ նուաճող սպանացիներու, փորթուգալացիներու եւ եւրոպական այլ ժողովուրդներու միախառնումէն յառաջացած սերունդեր, որոնք ունին սպանական, հոլանտական, փորթուգալական եւ այլ ծագումներ: Եւ Ուրուկուէյը կամ Փարակուէյը չունին հազարամեակներով հոն կայացած մէկ ու միասնական ժողովուրդ մը, ինչպէս օրինակ հայերը Հայաստանի մէջ: Բայց մեր միտքէն չ’անցնիր արհամարհական խօսիլ Գոլոմպիոյ կամ Միացեալ նահանգներու մասին, զանոնք անուանել եկուորներ, հայհոյել եւ ըսել, որ անոնք ինքնութենէ զուրկ շուներ են եւ ազգ չեն, որովհետեւ չեն անցած այն ճամբով, որմէ անցած ենք մենք: Ներկայիս ամերիկեան ցամաքամասի երկիրները բաւական յաջող ազգային քաղաքականութիւն կը վարեն եւ այդ պետութիւնները տարբեր կշռոյթով, բայց հաստատօրէն կը գոյացնեն ազգային ինքնութիւններ, որոնք արդէն աւելի կամ պակաս չափով ունին ազգային բաւարար ինքնքգիտակցութիւն: Կամ օրինակ շատերու երազանքի երկիրը նակտուող Միացեալ Նահագները: Ան դասական օրինակ մըն է, թէ պետութիւնը կրնայ ազգ կայացնել: Միացեալ նահագները, որուն ժողովուրդը կը ներկայացնէ աշխարհի տասնեակ ազգերու եւ ժողովուրդներու խառնուրդ մը, արդէն իսկ ունի «ամերիկացի» ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ ամերիկացին պակաս հպարտ չէ իր ամերիկացի ըլլալուն համար այնպէս, ինչպէս հայը հպարտ է, որ ինք հայ է: Մանաւանդ, եթէ նկատի առնենք, որ ամերիկեան պետութեան ազգային քաղաքականութիւնը այնքան զօրաւոր է, որ անգլիացիներու անգլերէնը դարձած է ամերիկեան ինքնութեան նշաձողերէն մէկը, անոնց super–հերոս (Marvel, DC եւ այլն) կերպարները, ֆիլմերը, քոմիքսները ոչ պակաս ազդեցութիւն ունին ամերիկացիներու ինքնութեան ձեւաւորման վրայ, որքան եւ հայկական Վահագնը կամ Սասունցի Դաւիթը, իսկ երբեմն ալ` անոնք աւելի ցանկալի են նոյնիքն հայերու համար քան սեփականը:
Բացի ասկէ, աշխարհի մէջ քիչ չեն օրինակները, երբ ո՛չ միայն տարածքը կամ պետութիւնը ինքնութիւն կու տայ ժողովուրդին կամ անոր մէկ հատուածին, այլեւ շրջանային իրավիճակները, կրօնը եւ այլն: Օրինակ սերպերու մէկ հատուածը՝ իսլամականացումի եւ աշխարհաքաղաքական շրջանային իրավիճակի ազդեցութեան տակ, վաղուց արդէն ինքզինք կ’անուանէ իսլամ, թէեւ ազգային առումով, անոնք սերպ են:
Նոյնը կարելի է ըսել ատրպէյճանցիներու պարագային: Կովկասեան թաթարներու եւ տարասեակ թրքական քոչուոր ցեղերու եւ տարածաշրջանի բնիկներու մէկ մասին հետ միաձուլուած եւ «ատրպատական» ու «ալպանիա», «աղուանք» տեղանունները իրենց համար էթնիք անուններ դարձուցած ատրպէյճանցիները արդէն ունին ազգային ինքնագիտակցութիւն մը, որուն պահապանը Ատրպէյճան պետութիւնն է: Ու այս պահուն պատմական արդարութեան նայողները շատ քիչ են, եւ նայողներն ալ՝ թերահաւատ: Այո՛, ատրպէյճանցիները չեն կրնար իրենց ինքնութեան հարստութեամբ եւ հզօրութեամբ համեմատուիլ հայերու հետ, բայց միթէ այդ իրողութիւնը խանգարե՞ց, որ անոնք յաղթեն մեզի վերջին տարիներուն:
Ինչո՞ւ այս քննարկումը: Շատ պարզ այն պատճառով, որ մենք ետ մնացած ենք աշխարհէն, ետ մնացած ենք կարեւոր իրադարձութիւններէն, մեր մտածողութիւնը քարացած է, ինքնութեան մասին մեր պատկերացումները` աղաւաղուած: Մենք կարողութիւնը չունինք ճանչնալու մենք զմեզ եւ չենք կրնար հասկնալ, թէ ո՞վ կանգնած է մեր դիմացը: Մենք կ’ապրինք արդէն սպառած պատկերացումներով եւ քննարկումներով, մինչդեռ մեր թշնամիները յաջողութեամբ կը լուծեն այն խնդիրները, զորս մենք նոյսնիսկ չենք ալ նկատեր:
Մեզի ոչ միայն նոր խօսոյթ եւ գաղափար հարկաւոր է, այլեւ թարմացած ու սթափ աշխարհայեացք, որովհետեւ միայն այդ կերպով կը յաջողինք հասկնալու, թէ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ մեր շուրջը: Որպէսզի ոչ թէ ուշացած արձագանգներ տանք արդէն կատարուած փաստերուն, այլ կարենանք ազդել իրադարձութիւններու վրայ, այլապէս մենք միայն կրնանք արձագանգել՝ ուշացած ու թոյլ:
Իսկ արձագանգը կեանքի ու ապագայի նշան չէ: Աւերակներն ալ կրնան արձագանգել: