Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը ամիսով Լոնտոնէն Հայաստան բերուած է Անահիտ դիցուհիին պրոնզէ արձանին պահպանուած հատուածը` գլուխը, թեւը: Եւ ինչպէս միշտ, խնդիրները սկսան: Անահիտ աստուածուհիի արձանին Հայաստան գտնուիլը երկու խնդիր յառաջացուցած է: Երկուքն էլ յիմար բաներ են, բայց կա՛ն, հետեւաբար զանոնք պարզապէս անտեսելը այնքան ալ ճիշդ պիտի չ’ըլլար:
Առաջին խնդիրը այն է, որ իրենք զիրենք քրիստոնեայ համարող մարդոց մէկ մասը իսկական խաչակրաց արշաւանք սկսած է արձանին ու անոր ցուցադրութեան դէմ: Անոնց հիմնական առարկութիւնը այն է, որ պէտք է մերժել այդ արձանը, որովհետեւ այդ մէկը կռապաշտութիւն է, իսկ մենք քրիստոնեայ ենք: Չես գիտեր ինչպէս, բայց մարդիկ կրօնը կը շփոթեն մշակոյթի հետ եւ յառաջացած է բաւական պարզունակ, բայց գոյութիւն ունեցող հակասութիւն մը: Բոլորը շատ կը սիրեն հպարտանալ Տիգրան Մեծով, բայց երբ խօսքը կը վերաբերի Տիգրան Մեծի ժամանակուայ աստուածուհիին, ապա մարդոց մէկ մասը կը մերժէ զայն: Այսինքն Տիգրան Մեծը պատմութիւն է, իսկ Անահիտ աստուածուհին՝ կռապաշտութիւն: Այդ մարդիկը, որոնք դէմ են արձանին ու ցուցադրութեան՝ կը նշեն, որ Անահիտ ընդամէնը կուռք մըն է եւ քրիստոնեան պէտք չէ այցելութեան երթայ կուռքին, քանի որ․․․ու կը մէջբերեն Աստուածաշնչէն տողեր առ այն, որ «․․․քեզի համար կուռքեր մի շիներ երկրի վրայ»: Մարդոց մէկ մասին այս մերժումը այնքան անհեթեթ է թուի, որ պարզապէս կը ծիծաղին ու կ’անցնին, իսկ Անահիտին դէմ կանգնողներուն կը թուի, թէ իրենք ինչ որ կարեւոր բան մը կը փրկեն: Աւելին, անոնց կարծիքով, Քրիստոս մեզ պիտի պատժէ, որովհետեւ իրական աստուածը ձգած կ’երթանք կուռքին մօտ:
Դատելով Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններու կարգավիճակէն ու տարածաշրջանի աներեւակայելի անկայունութենէն, բոլորովին զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ օր մը Ատրպէյճան յարձակի, կամ, իր թեքթոնիք բնոյթով ծանօթ լեռնաշխարհին մէջ երկրաշարժ պատահի, այդ ատեն բոլոր մերժողները պիտի մեղադրեն «կռապաշտները», որ կուռքին այցելութեան գացին ու Տիրոջ զայրոյթը շարժեցին մեր վրայ: Իրօք, որ այս տեսակէտը քննադատութեան չի դիմանար, ըստ էութեան քննադատութիւն ալ չկայ, բայց խնդիր մը կայ: Մարդոց մէկ մասը իրօք հաւատացած է, որ Անահիտին արձանը տեսնելը կռապաշտութիւն է: Այսինքն մարդոց մէկ կարեւոր մասը ոչ միայն տեղեակ չէ իր ազգին պատմութեան ու մշակոյթին, ոչ միայն պատրաստ է սեւցնելու ու մէկ կողմ նետելու զայն, այլեւ պատրաստ է պայքարելու անոր դէմ: Անահիտի արձանին մերժումը նոյնիքն այդ պայքարն է սեփական պատմութեան ու մշակոյթին դէմ: Իսկ այդ կը նշանակէ, որ մեր հասարակութեան մէկ մասը վտանգ կը ներկայացնէ ինք նիրեն: Եթէ այս անգամ այդ կ’արտայայտուի Անահիտի արձանին ձեւով, ապա ան միշտ կրնայ արտայայտուիլ նաեւ այլ ձեւերով:
Մեր մօտ սովորական դարձած դարերու պատմութիւն ունեցող եկեղեցիներու պատերը այլանդակելը, վրան տառեր փորագրելը, այլ խօսքով՝ պղծելը: Անոր մէկ այլ արտայայտութիւնն էր Երեւանի Էրեբունիի հնարավայր-ամրոցի պատերուն գարշելի տարբեր մակագրութիւններ ձգելու եղկելի սովորութիւնը: Անահիտի արձանը միայն մէկ փոքր արտացոլանքն է այս ամբողջ ախտին: Եւ այս ոչ թէ պայքար է յանուն քրիստոնէութեան, այլ պայքար յանուն տգիտութեան, որովհետեւ միայն տգիտութիւնը կրնայ պայքարիլ մշակոյթի եւ արուեստի, այս պարագային նաեւ պատմութեան դէմ, որովհետեւ Անահիտը նաեւ մեր պատմութիւնն է: Անահիտը մեր քանդակագործութեան, մշակոյթի, կրօնի պատմութեան մէկ մասն է: Կարելի չէ հիանալ պատմութեան միայն մէկ երեսով, կարելի չէ փառաբանել Տիգրան Մեծը ու մերժել Անահիտը: Ու այն ինչ որ կը կատարուի այսօր հասարակական որոշ խումբերի մօտ, սարսափելի է, որովհետեւ Անահիտի դիւականացումը ու անոր արձանը պատմական-մշակութային դաշտէն կրօնական անիմաստ կռիւի ներքաշելը կ’արժէզրկէ թէ՛ քրիստոնէական մեր ըմբռնումը, թէ՛ սեփական մշակոյթի ու պատմութեան հանդէպ մեր յարգանքը: Ալ ինչպէ՞ս թուրքերէն պատմութիւն եւ մշակոյթ պահպանել պահանջես, եթէ դուն ինքդ զանոնք առաջին մերժողն ես ու դիւականացնողը: Անահիտի արձանին դէմ խօսողները գոնէ գիտե՞ն, որ հայերը մինչեւ քրիստոնէութիւն ընդունիլը, նաեւ երկու հազար տարի եւ աւելի ապրած, ստեղծագործած ու քաղաքակրթական սեփական նուաճումներ արձանագրած են: Մոռնա՞նք մենք զմեզ: Դէպի միջնադա՞ր կ’ուղղուինք: Դէպի հաւատաքննութի՞ւն: Այլակարծութեան մերժումի ամենէն այլանդակ ձեւը, որ ուղղուած է նոյնիքն մեր դէմ: Ընդ որում այս անհեթեթ մոլեկրօնութեամբ, «քրիստոնեաները» լեզու կը դնեն ընդդէմ տարատեսակ խումբերու, որոնք շատ լաւ պտուղներ կը քաղեն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ իրենց պայքարին մէջ:
Անահիտի արձանին կապուած երկրորդ հարցը անոր ցուցադրութեան գինն է՝ 5000 հազար դրամ՝ շուրջ 13 ամերիկեան տոլար: Մուտքի այս գինը առանձինն առած կը թուի մեծ չըլլալ, բայց, նկատի առնելով հայկական դրամի արժեզրկումն ու սղութեան մնայուն աճը, ամէն մարդ չի կրնար այդ գումարը վճարել եւ մտնել թանգարան: 5000 դրամը որոշ հայ ընտանիքներու համար մէկ-երկու օրուայ համեստ սնունդի գումար է, յատկապէս, երբ նկատի առնենք նուազագոյն աշխատավարձը՝ 75 հազար դրամ: Այսինքն եթէ միջին թիւով ընտանիք մը ուզէ երթալ Անահիտին արձանը տեսնելու, պիտի վճարէ 15 կամ 20 հազար դրամ: Այս մէկը իսկապէս վրդովեցուցիչ է: Պատմութեան թանգարանը իրաւունք չունի Անահիտի արձանը «վարձու տալու» այցելուներուն: Ոչ բոլորը կրնան այդ գումարը վճարել, իսկ եթէ ան բոլորին հասու չէ, ուրեմն ի՞նչ՝ միայն ունեւորներու համա՞ր է: Անահիտը միայն հարուստի՞ն պատմութիւնն ու մշակոյթն է: Աւելի գռեհիկ է այն, որ միայն Անահիտի արձանին համար պիտի վճարես 5000 դրամ: Եթէ տոմս գնած ես միւս սրահները այցելելու, ապա իրաւունք չունիս Անահիտի արձանը տեսնելու. առանձին պիտի վճարես անոր համար: Այն զեղչերն ու արտօնութիւնները որ կան դպրոցականներու ու թոշակառուների համար՝ չեն գործադրուիր: Անահիտի արձանը տեսնելու համար պէտք է վճարել այդ 5000 դրամը:
Այս մէկը ինքնըստինքեան խայտառակութիւն է: Այսինքն հայոց պատմութեան որոշ հատուածներ աժան են, որոշ հատուածներ՝ ոչ: Աշխարհի հնագոյն կօշիկը, որ յայտնաբերուած է Հայստանի մէջ, Լեւոն 2-րդ Մեծագործ արքայի դաշոյնը, Տիգրան Մեծի դրամները եւ ընդհանրապէս ամբողջ պատմութիւնն աւելի «աժան է», քան Անահիտին արձանը, որ Հայաստան բերուած ընդամէնը քանի մը ամիսով: Ու հետաքրքրական է, թէ որքան գումար «կը հաւաքէ Անահիտը»:
Այս ծաղրա՞նք է, թէ՞ չարչիութիւն: Որո՞ւ մտքէն անցած է ընդհանրապէս գումար սահմանելը: Անահիտին արձանը Երեւանի մէջ միայն քանի մը ամիս պիտի մնայ: Անոր հետագայ պահպանութիւնն ալ ստանձնած են բրիտանացիները: Ուրեմն ո՞վ թոյլ տուած է առանձին գումար սահմանելու: Թերեւս արդարացնեն, որ բրիտանացիներէն զայն վերցնելը որոշ ծախս կ’ենթադրէ կամ արձանին նկատմամբ պատասխանատուութիւնը այնքան մեծ է, որ ան յատուկ պայմաններով պէտք է պահուի: Յետոյ ի՞նչ: Այդ զո՞վ կը հետաքրքրէ: Բերած էք, ուրեմն թոյլ տուէք, որ ան բոլորին հասանելի ըլլայ: Ի վերջոյ, ան մեր բոլորին պատմութիւնն է՝ թէ՛ մեծահարուստ պիզնեսմենին, թէ՛ անտուն թափառականին: Եւ մանաւանդ հիմա, երբ մշակոյթի ու պատմութեան նկատմամբ շատերը նուազ հետաքրքրութիւն ունին ու նման արժէքաւոր ցուցանմուշը առիթ պէտք է հանդիսանար, որ բոլորը, յատկապէս դպրոցականները պարտադիր բերեն տեսնելու, հիանալու, սեփական պատմութեան մէկ այլ կտորին ծանօթացնելու:
Արդէն իսկ կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք վճռականօրէն կը յայտարարեն, որ պիտի չերթան արձանը տեսնելու՝ «սկզբունքային որոշում», որովհետեւ չեն ուզեր յիմարի տեղ դրուիլ ու չարչիական մանրավաճառութիւնը քաջալերել: Լաւ կ’ըլլայ, որ այս բոլորին պատասխանատուները ուշքի գան ու թէկուզ ուշացումով, բայց հանեն այդ ամօթալի 5000-ները: Անահիտը պիզնես-ծրագիր չէ, զայն ոչ թէ պէտք է վերավաճառել, այլ՝ քարոզել, ցուցադրել, հասանելի դարձնել: