Մենք ոչ միայն թուղթէ շերեփը պահեցինք, այլեւ երկաթի փոխարէն լաթ վերցուցինք

AI generated

Վերջերս, Երեւանի մէջ, Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի հետ, որ կը նկատուի Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան առաջատար մասնագէտ մը: Հանդիպումին ընթացքին, Աքչամ ներկայացուց իր տեսակէտը Թուրքիոյ ժողովրդավարական պետութիւն դառնալու անհրաժեշտութեան մասին: Բանակաբար քննարկուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման ու մերժման մօտեցումները: Բազմաթիւ հարցեր արծարծուեցան, շատ մը ձեւակերպումներ եւ ենթադրութիւններ եղան այս կամ այն ուղղութեան, մօտեցման մասին, բայց ես առաւելաբար մէկ հարց կ’ուզէի տալ Աքչամին՝ հարց մը, որ թէ՛ անորոշ էր, թէ՛ բաւական որոշակի: Հարցս ոչ թէ այն, էր թէ արդեօ՞ք երբեւիցէ Թուրքիան կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը կամ ինչպէս կը ճանչնայ, ի՞նչ հատուցում պատրաստ է տալու կամ քննարկելու, այլ՝

-Ի՞նչ է Թուրքիոյ ուզածը:

Թաներ Աքչամը քանի մը երկվայրկեան լռութենէ յետոյ պատասխանեց բաւական երկար, որուն հիմնական իմաստն այն էր, թէ Թուրքիա կ’ուզէ, որ հայերը հասկնան, թէ Թուրքիա Ցեղասպանութիւնը երբեք պիտի չճանչնայ (առնուազն այսօրուայ Թուրքիան), պատրաստ չէ որեւէ հատուցում տալու, իսկ ինչ որ եղած է, եղած է ու հայերը պիտի համակերպին այդ բոլորին:

Մնացածը գեղարուեստական էր: Աքչամ, որ իր խօսքին մէջ բազմիցս նշեց, որ տեղի ունեցածը ամենայն խնամքով նախապատրաստուած ու ծրագրուած Ցեղասպանութիւն էր, նաեւ քանի մը հետաքրքրական բան պատմեց Թուրքիոյ մասին` նշելով, որ Թուրքիա ներկայիս ունի Հիթլերի նացիական ռեժիմին նման դրութիւն մը, ուր հայերը, հրեաները անձնագրուած են «քոտաւորուած» ու ըստ էութեան դասակարգուած են որպէս երկրորդ «տեսակի» ստորին ժողովուրդներ: Ներկայացուց նաեւ ուրիշ բազմաթիւ ծանօթ ու անծանօթ փաստեր: Աքչամ նաեւ քանի մը օր առաջ տուած իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշած էր, որ ցեղասպանութիւնը կատարուած էր այն նպատակով, որ կանխէր հայկական երկու նահանգներուն մէջ բարենորոգումներու գործադրութիւնը, որովհետեւ բոլորը վստահ էին, որ այդ բարենորոգումները պիտի յանգէին Արեւմտեան Հայաստանի ինքնավարութեան, ապա եւ անկախութեան: Ըսած էր նաեւ, թէ թուրքերը ուզելով կամ չուզելով բնաջնջած էին ամբողջ ժողովուրդ մը, որովհետեւ արդէն իսկ կորսնցուցած էին Եգիպտոսը, Յունաստանը, Պուլկարիան, Ռումանիան եւ չէին կրնար նաեւ կորսնցնել Հայաստանը, քանի որ Հայաստանի կորուստը կրնար գերեզմանաքարը դառնալ Օսմանեան Կայսրութեան, որ առաջին համաշխարհային պատերազմին, երեք ճակատներու վրայ պարտութիւն կրած էր, իսկ 1914-ին, ռուսերը հայերուն ինքնավարութիւն խոստացած էին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Տեսակ մը տհաճ արդարացում:

Հիմա գանք բուն հարցին: Հարցը հոս ոչ թէ Աքչամով հիանալ-չհիանալն է, այլ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հայկական ու թրքական մօտեցումներու՝ զիրար հակասող տրամաբանութիւնը: Մենք Ցեղասպանութեան մասին խօսելու ատեն, միշտ իրարու կը խառնենք ճանաչումն ու հատուցումը` պատկերացնելով, որ եթէ Թուրքիա ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, ապա ինքնաբերաբար նաեւ պիտի հատուցէ (Սեւրեան Հայաստան, կողոպտուած գումարներու, քանդուած շարժական եւ անշարժ գոյքերու դիմաց նիւթական հատուցում զոհերու իրաւայաջորդներուն եւ այլն):

Բայց մենք սովորաբար հարց չենք տար մենք մեզի, թէ Թուրքիան ի՞նչ կ’ուզէ: Մինչդեռ այդ հարցը շատոնց պէտք է տուած ըլլայինք, ոչ թէ այն պատճառով, որ թուրքերու զգացումները շատ կարեւոր եւ գնահատելի են, այլ գոնէ հասկնալ, թէ Թուրքիա ի՞նչ միտքեր ու մօտեցում ունի հայոց Ցեղասպանութեան հարցով (զուտ մերժելը մէկ կողմ թողած, որ հասկնալի է): Այդ կրնայ մեզ յուշել, թէ մեր պահանջատիրութեան հարցով, ե՞րբ ու ի՞նչ ռազմավարութիւն որդեգրենք՝ հաշուի առնելով, թէ ի՞նչ կը կատարուի նոյնիքն այդ Թուրքիոյ մէջ, որմէ մենք պատմական արդարութեան վերականգնում կը պահանջենք: Իսկ ի՞նչ կ’ուզէ Թուրքիան:

Թուրքիա այլեւս չի հերքեր Ցեղասպանութիւնը, հերքելը իմաստ չունի: Կարելի էր հերքել, եթէ անոր մասին խօսէին միայն հայերը, բայց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են տասնեակ երկիրներ, ընդ որում այնպիսի հզօր երկիրներ, ինչպէս օրինակ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ այլն: Եւ ի՞նչ: Մեծ չափով ոչինչ: Մենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը դրինք նման ճամբու վրայ, նաեւ Թուրքիոյ հնարաւորութիւն տուինք հասկնալու, որ Ցեղասպանութիւնը հերքելը անիմաստ է, որովհետեւ չհերքելը եւս ոչինչով կը պարտաւորեցնէ: Թուրքերը կ’ըսեն այո, նախորդ դարասկզբին ինչ որ դաժան կացութիւն մը տիրած է ու նաեւ հայերը տուժած են ու այդ բոլորը ողբերգութիւն է եւ այլն: Մնացեալը արդէն ձեւակերպումներ են: Բացառուած չէ, որ «ժողովրդավարացման» ճամբով ընթացող Թուրքիան օր մը ճանչնայ նաեւ Ցեղասպանութիւնը, երբ արդէն անոր պէտքը չըլլայ ալ:

Ու հայերը, յանկարծ օր մը կը հասկնան, որ թուրքերը չեն ալ հերքեր Ցեղասպանութիւնը, պարզապէս չեն ընդունիր, որ այդ իրենց մտածածն ու իրագործածն է: Ու որքան ալ Աքչամը կամայ թէ ակամայ հիմնաւորէ Ցեղասպանութեան պատճառները, միեւնոյնն է, թուրքերը Ցեղասպանութիւնը չեն ճանչնար առաջին հերթին ոչ թէ անոր համար, որ հայերուն փող ու հող չտան (թուրքերը այդ մէկը նոյնիսկ չեն ալ քննարկեր), այլ առաջին հերթին իրենց հանրապետական ինքնութիւնը չաղաւաղելու համար: Անոնք պիտի չուզեն ըսել, որ իրենց հպարտութիւնը համարուող հանրապետութիւնը կառուցուած է հայկական ոսկորներու վրայ: Այդ հարուած է թրքական ինքնութեան: Այնպէս ինչպէս Մ. Նահանգներու մէջ պաշտօնապէս չեն ճանչնար, թէեւ շատ լաւ գիտեն, որ երիտասարդ ամերիկեան հանրապետութիւնը ոչնչացուցած է բնիկ ամերիկացիները, այնպէս ալ թուրքերը պիտի չճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բայց քանի որ հերքելն անիմաստ է եւ Ցեղասպանութիւնը շատերու կողմէ ճանչցուած է, հոսանքին դէմ լողալու փոխարէն թուրքերը ընդամէնը կը փոխեն այդ հոսանքին ուղղութիւնը: Այսինքն թուրքերը այնպէս կ’ընեն, որ հայերը իրենք հիասթափին ու յուսահատին Ցեղասպանութեան ճանաչման հեռանկարէն, ընդունին, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը այնպէս, ինչպէս հայերը կը պատկերացնեն, անհնարին է: Առաւելագոյնը, որուն թուրքերը այսօր պատրաստ են, անգամ մը եւս յայտարարելն է, որ նախորդ դարասկզբին տեղի ունեցած ողբերգութիւններու ընթացքին նաեւ հայեր տուժած են եւ վերջ, այսինքն այն, ինչ արդէն կ’ընեն: Ինչ որ պատահած է՝ պատահած է: Այս է թուրքերուն ուզածը:

AI generated

Մենք պարզօրէն պէտք է հասկնանք այդ, թէկուզ մէկի փոխարէն տասը Աքչամ գիրք գրէ ու փաստէ այն, ինչ որ բազմիցս փաստուած է, գործնական արդիւնք չկայ: Ի՞նչ է Թուրքիոյ ուզածը. այն, որ հայը հիասթափի, արժէզրկէ անոր պահանջը, դարձնէ ոչ նիւթական, ոչ գործնական զգացական ու հնչուն բան մը, որը միշտ կարելի է յիշել ու ոչ աւելին: Յատկանշական է, որ 2020-ի պարտութիւնն ու 2023-ի Արցախի կորուստը հայերու մեծ մասը թեւաթափ են ըրած: «Ալ ի՞նչ Արեւմտեան Հայաստան, եթէ Արցախը չկարողացանք պահել» միտքը ունի իր ցաւոտ ու զզուելի, բայց նաեւ ինչ որ առումով հիմնաւոր տեղը:

Իսկ հիմա Ցեղասպանութեան հարցով մեր պատկերացումները թարմացնելու մասին: Անկախ անկէ, որ հասարակութեան մէկ մասը կողմ է դրօշներ այրելուն, միւս մասը՝ ոչ: Մենք պէտք է Ցեղասպանութեան ոգեկոչման աւելի թարմ ու գործնական միտք ունենանք: Առաջին հերթին ունենալ օրէնք մը Ցեղասպանութեան յիշատակումի մասին: Ամէն տարի, ապրիլի 24-ին իրականացնել որեւէ կրթական հաստատութեան վերանորոգում ու բացում, ընկերայնօրէն խոցելի խաւին համար որեւէ արդիւնքի ապահովում, գործարանի բացում, արտադրութեան հիմնում եւ տասնեակ այլ երեւոյթներ: Ամէն տարի ապրիլի 24-ին պակսեցնել անօթի ու անգրագէտ հայերու թիւը, աւելցնել կուշտ ու գրագէտ հայերու թիւը, պակսեցնել մաշած դպրոցները, աւելցնել նորորգուած ու կառուցուած դպրոցները: Այսինքն ամէն տարի ապրիլի 24-ին Հանրապետութեան տարածքով ամրացնել ու պահպանել այն, ինչ որ փորձ կատարուած է արմատախիլ ընելու 1915-ին (աւելի լայն ընդգրկումով 1890-ականներէն մինչեւ 1920-ականներ): Այդ օրը չունենալ առանձին կուսակցական կամ խմբային երեւոյթ, ունենալ համապետական ու համազգային երթ: Ոչ մէկ գիշերային ակումբ ու խաղատուն չաշխատի այդ օրը, փոխարէնը օրը լեցուած ըլլայ նաեւ գիտաժողովով, վերլուծութեամբ, քիչ մը պարզ մարդկային հիւմանիզմով, որ հայերը փորձեն ցուցաբերել իրարու հանդէպ․․․․այնպիսի օր մը ունենանք, որ ցոյց տայ, որ հայերը կոտորուած ու անթաղ մեռել չեն, այլ ապրելո՛ւ կամք ունեցող, որ պիտի ապրի՛ն ու կ’ապրի՛ն արդէն:

«Իսկ հատուցո՞ւմը»,- կը հարցնեն աւելի յամառ մարդիկ:

Իսկ կրնա՞նք: Կրնա՞նք ինչ որ բան պարտադրել Թուրքիոյ: Գործնականօրէն, գետնի վրայ, կրնա՞նք պարտադրել, ստիպել, համոզել: Ոչ թէ իրարմէ պահանջել ու իրարու հայհոյել, այլ պահանջել, ստիպել, ստանալ: Առայժմ չենք կրնար: Թերեւս դեռ երկար ժամանակ ալ չկարողանանք: Թուրքիոյ ուզածն ալ այդ է: Ունենալ թոյլ հարեւան Հայաստան, որ ոչինչ կարենայ պահանջել, որ միայն աղմուկ կը բարձրացնէ, ուրիշ ոչինչ:

Եթէ մենք իրաւ լուրջ ծրագիրներ ունինք Ցեղասպանութեան հարցով, ապա նախ պէտք է կայանայ Հայաստանը: Եթէ Հանրապետութիւնը չդառնայ ուժեղ ու իր կամքը պարտադրող պետութիւն, ապա կրնանք քիլոմեթրով դրօշներ այրել ու հայհոյել այնպէս, որ պատերը կարմրին: Այդ ոչինչ կը փոխէ:

Ի վերջոյ պատմութիւնը դաժան դասեր տուած է: Խրիմեան Հայրիկը մեզի պատգամեց երկաթէ շերեփ ունենալ՝ թուղթի փոխարէն: Մենք ոչ միայն թուղթէ շերեփը պահեցինք, այլեւ երկաթի փոխարէն լաթ վերցուցինք․․․․որ միջկուսակցական հրաձգութիւններու ժամանակ աւելի հայրենասէր երեւանք՝ վիճելով թէ Ցեղասպանութեան ժամանակ ո՞ր կուսակցութենէն աւելի մարդ սպանուած է, ուրեմն անոնք աւելի հայրենասէր են: Հիմա ալ տափակ վէճ առաջ կ’երթայ, թէ հանրապետութենէ՞ն աւելի շատ են զոհուած, թէ՞ Արցախէն:

Նման եղանակով կարելի՞ է հող ետ բերել:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x