1918-ի մայիսեան հերոսամարտերուն մասին մենք շատ խօսած ենք, եւ ամէն անգամ նոր բան մը կը նկատենք կամ կը մոռնանք: Մինչդեռ այդ օրերուն կապուած որեւէ մանրուք պէտք է յիշել, ուսումնասիրել ու ներկայացնել, որովհետեւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ այդ օրերուն, ոչ թէ պարզապէս պետականութեան վերականգնում էր, այլեւ ունէր համաշխարհային նշանակութիւն, բայց որուն մասին մենք քիչ կը խօսինք: Սովորաբար կը նշենք երկու երեւոյթ՝ այն, որ Առաջին հանարապետութեան ստեղծումով ի վերջոյ ընդհատուեցաւ քանի մը դար տեւող ստրկական շղթան եւ որ այդ հերոսամարտերով հնարաւոր դարձաւ վերջնական բնաջնջումէ փրկել հայ ժողովուրդը , քանի որ անկէ առաջ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ արդէն իսկ 1890-ականներէն սկսեալ զանգուածային ջարդերը եւ 1914-17 թուականներուն տեղի ունեցած սոսկալի Ցեղասպանութիւնը հայաթափած էին Հայաստանը ու կարգը հասած էր Հայաստանի Արեւելեան հատուածին:
Այդ բոլորը ճիշդ են ու մենք չենք սխալիր անգամ մը եւս նշելու զանոնք: Բայց քանի որ այդ մասին բոլորը գիտեն (խօսքն ի հարկէ նորմալ մարդոց մասին է), եկէք փորձենք հասկնալ, թէ բացի այդ բոլորէն ուրիշ ի՞նչ նշանակութիւն ունեցած են մայիսեան հերոսամարտերը, որոնց մասին մենք կա՛մ չենք գիտեր, կա՛մ չենք խօսիր: Աւելի լաւ պատկերացնելու համար, թէ ինչպէս ստեղծուեցաւ այնպիսի վիճակ մը, որ թուրքերը գրեթէ Էջմիածին մտած էին, փորձենք հակիրճ ներկայացնել Առաջին համաշխարհային պատերազմի որոշ դրուագները:
Նախ, նշենք, որ 1918-ին դեռ չէր աւարտած Առաջին Համաշխարհային պատերազմը, որու ճակատներէն մէկն ալ մեր տարածաշրջանն էր: Այդ սոսկալի սպանդը, որուն զոհ գացին միլիոնաւոր մարդիկ, անընդհատ կ’ընթանար փոփոխական յաջողութիւններով: Ճակատամարտերու ժամանակ, յատկապէս արեւելեան եւ արմտեան ճակատներուն վրայ, ամէն կողմէ կը սպանուէին նուազագոյնը քանի մը հարիւր հազար հոգի: Իրավիճակը թէժ էր նաեւ հարաւի մէջ՝ Եգիպտոս, Սուրիայ, Պաղեստին, Լիբանան, ինչպէս նաեւ՝ Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ:
7 յունուար 1915-ին, Կարպաթեան լեռներուն մէջ, ռուսական բանակը, որ մէկը միւսին ետեւէն կը ջախջախէր աւստրիական գունդերը, գրեթէ սպառած էր իր հրետանային պաշարը եւ ճակատի այդ հատուածին վրայ, ռուսական վտանգը չէզոքացնելու նպատակով, Աւստրո-հունգարիոյ օգնութեան հասան գերմանական մեծաթիւ զօրքերը՝ զօրավար Օկիւսթ ֆոն Մաքընսընի գլխաւորութեամբ: Ռուսական զօրքերը՝ մեծաթիւ եւ լաւ զինուած գերմանական գունդերուն դիմաց, արդէն ստիպուած էին ապրիլին նահանջելու, որ պատմաբաններու կողմէ բնորոշուեցաւ որպէս «մեծ Նահանջ»: Ռուսական զինամթերքը այնքան քիչ էր, որ աւստրիական 300 հրետանային հարուածին ռուսերը կրնային պատասխանել մէկ կրակոցով: Անոնց մօտ նաեւ գրեթէ սպառած էին հրացանային փափուշտները: Հետեւանքը. ռուսերը ստիպուած լքեցին Լվովը, Պշեմիշը (Przemysl), գեթէ ամբողջ Կալիցիան, այսինքն 1915-ի գրեթէ բոլոր նուաճումները՝ այդ բոլոր ժամանակը տալով մէկ ու կէս միլիոն զոհ ու վիրաւոր: Այդ սարսափելի պարտութիւնները ազդեցին նաեւ ներքաղաքական առումով: Ռուսերը յուլիսին նահանջեցին նաեւ Արեւելեան Փրուսիայէն: 1915-ի արդէն աշնան ռուսերը նահանջած էին Լեհաստանէն, Լիթուայէն ու Պելառուսիոյ մէկ մասէն:
Թուրքիան, որ վերջին տարիներուն Գերմանիոյ հետ սերտ յարաբերութիւններու մէջ էր, պատերազմի մտաւ 1914-ին: Թրքական զօրքերը ծանր պարտութիւններ կրեցին ռուսերէն. 1916-ի դրութեամբ, ռուսերը թուրքերէն նուաճած էին գրեթէ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը, հասած էին Երզնկա, հիւսիսէն՝ Տրապիզոն:
Ռուսիոյ մէջ, 1917-ի տեղի ունեցաւ Փետրուարեան յեղափոխութիւն, որուն պատճառով Ռոմանովներու ընտանիքը գահազրկուեցաւ, հաստատուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն, որ յայտարարեց, թէ պատրաստակամ է շարունակելու պատերազմը մինչեւ յաղթական աւարտ: Գերմանական զօրքերու արեւելեան ճակատի հրամանատար իշխան Լէոբոլտ Պաւարացիի մարտի 22-ին կատարած հաշտութեան առաջարկը կտրուկ մերժում ստացաւ: Ռուսերը կ’երազէին գրաւել նաեւ Կ․ Պոլիսը եւ վերահսկողութիւն հաստատել Վոսփորի եւ Տարտանելի վրայ: Մինչ Անգլիան ու Ֆրանսան Սայքս-Փիքոյի գաղտնի համաձայնագրով որոշած էին պատերազմէն յետոյ Թուրքիան իրարու միջեւ բաժնել: Աւելին, 1918 հոկտեմբերին թուրքերը միայն հարաւային ճակատին վրայ, ճգնաժամային այնպիսի իրավիճակի մէջ կը գտնուէին, որ հոկտեմբերի 30-ին բրիտանացիներու հետ յունական Մուտրոս կղզիին վրայ, ըստ էութեան անձնատուութիւն ստորագրեցին:
Բայց մինչ այդ, թէեւ ժամանակաւոր կառավարութիւնը կոչ կ’ուղղէր շարունակելու պատերազմը, Ռուսիոյ քաղաքական անկայնութիւնը, ծանր պատերազմն ու սովը ստեղծած էին քաոսային տրամադրութիւններ: Արեւելեան ու կովկասեան ճակատներուն վրայ, ռուս զինուորները չէին ուզեր շարունակել պատերազմը եւ կը պահանջէին խաղաղութիւն կնքել: 1917-ին, ռուսերը յաջողեցան յառաջնալ արեւելեան ճակատին վրայ, բայց գերմանացիները յաւելեալ 16 զօրաբաժիններ տեղափոխելով՝ ստիպեցին նահանջել: Վերխովսքին խորհուրդ կու տար կառավարութեան խաղաղութիւն կնքելու գերմանացիներուն հետ՝ նկատի առնելով, որ ռուսերը այլեւս ի վիճակի չեն շարունակելու պատերազմը: Անոր կոչէն հինգ օր ետք, հոկտեմբերին, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ յեղաշրջում մը եւ իշխանութիւնը ստանձնեցին բոլշեւիկները, որոնք առաջնահերթութիւն համարեցին խաղաղութեան կնքումը: Խաղաղութեան բանակցութիւնները Քառեակ Միութեան հետ սկսան 1917 նոյեմբերի 30-ին. պայմանագիրը ստորագրուեցաւ դեկտեմբերի 2-ին, որով ռուսերը պատաւոր էին մեծ ջիջումներ կատարելու: Դեկտեմբերի 5-ին, Անդրկոմիսարիատի կողմէ Երզնկայի մէջ թուրքերուն հետ կնքուած զինադադարին հետեւանքով, ռուսական զօրքերը սկսան հեռանալ Արեւմտեան Հայաստանէն, իսկ յետոյ նաեւ ամբողջ Անդրկովկասէն: Թուրքերուն յանձնուեցաւ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը, ինչպէս նաեւ Արտահանը, Կարսը, Պաթումը: 1918 յունուարին, գերմանացիները ռուսերէն պահանջեցին նահանջել՝ զիջելով մօտ 150 հազար քառ/քմ տարածք, ապա անցան յարձակումի: Փետրուարին գերմանական եւ աւստրո-հունգարական զօրքերը կրկին յարձակման անցան ամբողջ ճակատի երկայնքով եւ բոլշեւիկները համաձայնեցան անոնց բոլոր պահանջներուն՝ զիջելով շուրջ 1 միլիոն քառ/քմ տարածք` Լեհաստանը, Մերձպալթեան տարածքները, Ֆինլանտան, Ուքրանիան, իսկ հարաւի մէջ, թուրքերուն զիջած էին ամբողջ արեւմտեան Հայաստանը: Ռուսիան պարտաւորուեցաւ որպէս ռազմատուգանք նաեւ վճարելու 6 միլիառ գերմանական մարք, որ կը կազմէր շուրջ 900 թոն ոսկի: Եթէ դեկտեմբերին միայն կովկասեան մէկ հատուածին մէջ կար 158 հազար ռուս զինուոր, ապա մէկ ամիս յետոյ մնացած էր հազիւ 17 հազար, որուն մեծ մասը նաեւ հեռացաւ ճակատէն: Անդրկովկասի մէջ չընդունեցին բոլշեւիկեան իշխանութիւնը եւ Թուրքիոյ դէմ պատերազմի մէջ մտան: 1918 յունուարի 28-ին, թուրքերը անցան յարձակումի, իսկ նախկին հսկայական ռուսական զօրաբանակին փոխարէն` Տրապիզոնէն Պաքու կանգնած էին միայն նօսր հայկական ջոկատները: Ապրիլին ստեղծուած Անդրովկասի Ժողովրդական Դաշնային Հանրապետութիւնը մէկ ամիս դիմացաւ ու փուլ եկաւ ներսէն, իսկ այդ միջոցին, թուրքերը արագօրէն առաջ կը շարժէին: Թուրքերը նպատակ ունէին վերցնելու ամբողջ Անդրկովկասը, գրաւելու Պաքուն, դուրս գալու Հիւսիսային Կովկաս, շարժելու դէպի Միջին Ասիայ: Թուրքերը յստակ հասկցուցած էին հայերուն, որ անոնք կը խանգարեն իրենց ծրագիրները: Այդ մէկը կը նշանակէր, որ հայերը պէտք է ոչնչանան կամ առնուազն հասնին այնպիսի աննշան մակարդակի, որ այլեւս երբեք չկարենան որեւէ ձեւով դէմ կանգնելու թուրքերուն: Թրքական 50 հազարնոց «Կարս» զօրաբանակը երեք ուղղութեամբ թափանցած էր Արեւելեան Հայաստան: Վրացիները գերմանացիներու հովանաւորութիւնը ընդունած էին, կովկասեան թաթարները՝ (ներկայիս ատրպէյճանցիները) թուրքերունը: Եւ եթէ յիշենք, որ գերմանացիները ռուսերուն ստիպած էին նահանջելու այնպէս արագ, որ մայրաքաղաքը Փեթերապուրկէն տեղափոխուած էր Մոսկուա, իսկ թուրքերը հսկայական արագութեամբ կը յառաջանային հարաւէն, ապա քաղաքացիական պատերազմով զբաղած Ռուսիոյ շատ չէր մնացած գոյատեւելու, քանի որ գերմանացիները արեւելքէն, իսկ թուրքերը հարաւէն կրնային մէկ հարուածով ոչնչացնել բոլշեւիկեան իշխանութիւնները ու անդամահատել Ռուսիան: Այդ մէկը խանգարեցին հայերը, որոնք մայիս ամսուն երեք մեծ ու շուրջ 6 փոքր ճակատամարտերով կանգնեցուցին թրքական յարձակումները՝ ոչ միայն փրկելով հայ ժողովուրդին կեանքը, թուրքերուն պարտադրելով ապրելու կամքը եւ այնպէս, որ տակաւին մայիսի 25-ին հայերու հետ բանակցութիւններու ատեն հայերը արհամարհող թուրքերը ընդամէնը չորս օր ետք, արդէն պատրաստ էին ճանչնալու հայերու անկախութիւնն ու պետութիւնը, այլեւ անգնահատելի օժանդակութիւն ցոյց տալով Անթանթին՝ ըստ էութեան իրենց ուսերուն վերցնելով Քառեակ Միութեան յառաջխաղացքին կասեցումը Կովկասի մէջ:
Ահա այս իրավիճակը կը տիրէր աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ 1918 մայիսին՝ հերոսամարտերէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ:
Ուրիշ անգամ երբ անդրադառնանք մայիսեան հերոսամարտերուն, պէտք է յիշենք, որ այդ օրերուն, երբ աշխարհը կը վերաձեւակերպուէր, ժողովուրդ մը՝ ցեղասպանութեան եզրին կանգնած, ոչ միայն կանգնեցուց պատմութեան մեծ ուժերը, այլեւ դրաւ իր պետութեան հիմքը՝ սեփական ուժերով, առանց արտաքին օգնութեան՝ միաժամանակ կանխելով աշխարհի կարելի մէկ այլ տարբերակ: