Ենթադրենք որ հրաշքով մը Հայաստան առնուազն ժամանակաւորապէս փրկուեցաւ զինուորական վտանգի տակ ապրելու իր դարաւոր անէծքէն ու առկախուեցաւ անոր սթրեսային առօրեան: Վերջապէս ժամանեց խաղաղութիւնը: Այլեւս գոյութիւն չունի սահմաններու ու հողերու որեւէ տագնապ, ու վերջապէս Հայաստանի համար կարելիութիւն կը ստեղծուի խաղաղ ապրելու:
Ուրկէ՞ պիտի սկսինք:
Վստահ չեմ, որ մենք պատրաստ ենք խաղաղութեան: Մենք այնքա՛ն երկար պատերազմի հոտ շնչած ենք, որ նոյնիսկ վարդերը մեզի համար վառօդ կը բուրեն, իսկ կակաչները կը նոյնանան արեան հետ: Մենք պատրաստ չենք խաղաղութեան` այն առումով, որ եթէ վաղը յանկարծ խաղաղութիւն հաստատուի, կրնայ պատահիլ, որ մենք արագօրէն փուլ գանք՝ աւելի արագ, քան պատերազմներու ժամանակ: Որքան ալ անտրամաբանական հնչեն այս բոլորը, բայց խաղաղութիւնն ալ իր վտանգները ունի, այնպէս ինչպէս ազատութիւնը, անիշխանութիւնը եւ որեւէ բացարձակ երեւոյթ: Հանրապետութեան գոյութեան երեք տասնամեակները զուգահեռ ընթացան Արցախի համար մղուած պայքարով ու Արցախի անունով կատարուած գռեհիկ ոճիրներով: Հիմա ալ խեղդող ու ճնշող ազդեցութիւն ունեցող սահմանազատման գործընթացն է, որ կրկին կ’ընկալուի հակադիր ծայրայեղականութեամբ` դրախտային խաղաղութիւն կամ դժոխային տանջանք համեմատութիւններով:
Բայց եթէ կէս-խաղաղութիւն, կէս-պատերազմ իրավիճակին մէջ, մենք ընդհանուր թշնամիին եւ ընդհանուր վտանգին դէմ առնուազն բնազդային մակարդակով ու ենթագիտակցական մօտեցումներով համախմբուեցանք (շատ խաբուսիկ բառ մը, որուն պէտք է վերապահութեամբ մօտենալ), ապա խաղաղութեան պարագային, մենք իրարու հետ ըլլալու եւ հայկականը պահելու առիթ ընդհանրապէս չունինք:
Մեր քաղաքական ու հասարակական միտքը շատոնց պետականութիւն չի շնչեր: Մենք միայն դադարներ կու տանք ճակատամարտերու միջեւ, իսկ պատերազմը անվերջ կը թուի: Մեր քաղաքական միտքը մնայուն փրկութեան դուռ փնտռելու ու չկործանուելու մղումներ որդեգրած է: Հայերը պարզապէս չեն գիտեր, թէ արդեօ՞ք գոյութիւն ունի աշխարհի ու կեանքի մէջ այնպիսի տարածք ու ժամանակ, երբ պատերազմ չկայ, երբ կոտորած չկայ ու փրկութիւն փնտռելու պատճառ նաեւ չկայ: Արդեօք մենք «ազգ-բանակ» ըսուածը պիտի շարունակե՞նք պահել: Եթէ այո՛, ապա որո՞ւ դէմ, եթէ ո՛չ, ապա ինչո՞վ պիտի փոխարինենք զայն:
Մենք նոյնիսկ կէս-պատերազմ, կէս-խաղաղութիւն վիճակին մէջ, չենք զլացած այլասերելու ու փտածութիւն դրսեւորելու որքան որ կարելի է, ապա ի՞նչ պիտի ընենք խաղաղութեան պարագային: Կը թուի, թէ խաղաղութիւնը այնքա՛ն անիրապաշտ ու անհասանելի երազանք մըն է, որ մենք կը պայքարինք պայքարելու համար: Խաղաղութեան փնտռտուքը դարձած է ուրուականի որս մը, վազք մը ծիածանի ետեւէն, որուն ոչ մէկ ձեւով կարելի է հասնիլ: Անգլիացի գրող Քրիսթոֆըր Փրիսթ իր «Շրջուած աշխարհ» (Inverted World, 1974) գիրքին մէջ կը նկարագրէ հասարակութիւն մը, որուն միակ նպատակը կարելի լաւագոյն, իտէալական կէտին հասնիլն է: Եւ անոնք վիթխարի երկաթուղիներու վրայ դրուած իրենց քաղաքը անվերջ առաջ կը շարժեն, որ հասնին այդ իտէալական կէտին, եւ որքան արագ կը շարժեն քաղաքը, այնքան աւելի անհասանելի կը դառնայ այդ իտէալական կէտը: Ի վերջոյ հասկնալի կը դառնայ, թէ ան պայքար է պայքարի համար, որ վերջակէտ չունի: Բայց խելագարած այդ վազքը դադրեցնելը կարելի չէ, ուրեմն պիտի վազես, մինչեւ շունչդ փչելը, որովհետեւ վազելէն բացի, ուրիշ բան չես գիտեր: 1994-ին, Robert Zemeckis իր «Ֆորեսթ Կամփ» (Forrest Gump) ֆիլմին մէջ լաւապէս ցոյց կու տայ այդ իրավիճակը, երբ կը վազես վազելու սիրոյն:
Ցաւալի է, բայց մինչեւ հիմա մեզ քիչ թէ շատ սթափ պահած է վտանգի զգացումը: Իսկ խաղաղութիւնը շատ իւղոտ ուտելիք է մեզի համար:
Օրինակ, ի՞նչ պիտի առաջադրեն, ինչպէ՞ս պիտի ապրին քաղաքական կուսակցութիւնները: Ի տարբերութիւն Եւրոպայի, ուր կուսակցութիւններ յառաջացան որպէս ընկերային սկզբունքներ առաջադրող երեւոյթներ, հայ իրականութեան մէջ երեք կուսակցութիւններն ալ ստեղծուեցան հայ ժողովուրդի փրկութեան համար՝ թէեւ միահիւսուած ընկերային գաղափարներով: Ու 1991-ին ալ հայկական բոլոր կուսակցութիւններուն խօսոյթը Հայ Դատն էր, Թուրքիա-Ազրպէյճան, պատերազմ եւ այլն: Կուսակցութիւնները ի՞նչ պիտի առաջադրեն երբ խաղաղութիւն ըլլայ: Հայոց պետութիւնը ի՞նչ նպատակներով ու առաջնահերթութիւններով պիտի ապրի, եթէ ստիպուած չըլլայ ամենօրեայ մաքառումներով զբաղիլ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ազգային, պետական հայեցակարգը: Ի՞նչ պիտի առաջարկենք աշխարհին, ի՞նչ պիտի պահանջենք աշխարհէն, ի՞նչ տեսակ յարաբերութիւններ պիտի մշակենք ուրիշներու հետ: Ինչպէ՞ս պիտի զարգանայ մեր գրականութիւնն ու արուեստը, եթէ անկէ դուրս գայ պատերազմական ու հայրենակործան երանգը: Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր տեղը աշխարհի մէջ: Արդեօ՞ք այդ խաղաղութիւնը պիտի չարագացնէ մեր կազմակերպական ճգնաժամը: Ի դէպ, ոչ այնքան անծանօթ տեսակէտ մը գոյութիւն ունի, որ Խորհրդային միութիւնը կարողացաւ դիմանալ ու շուտ չփլուզուիլ այն պատճառով, որ երկրորդ աշխարհամարտին ստիպուած էր համախմբել իր ուժերը՝ չմեռնելու համար, իսկ յաղթանակը անոր կեանքին նոր փայլք տուաւ: Բայց Խորհրդային միութիւնը կործանեցաւ խաղաղութեան ժամանակ, ոչ թէ պատերազմի: Կործանեցաւ՝ թէեւ ունէր աշխարհի մեծագոյն զինանոցը, մեծագոյն բանակներէն մէկը, ամենամեծ տարածութիւնը, ահագին հարստութիւններ: Բայց կործանեցաւ, որովհետեւ ներքուստ դատարկ էր: Գուցէ նաեւ մենք:
Համաձայն եմ, որ որոշ առումով, այս բոլորը կրնան անհեթեթ թուիլ, արծարծուած հարցերը` եւս: Բայց նայէցէք մեր իրականութեան: Արդեօ՞ք ան ամբողջովին հասկնալի ու տրամաբանական է: Արդեօ՞ք այն բոլորը, զորս կատարած ենք մինչեւ հիմա լրիւ արդարացուած եղած են ու գիտակցուած անհրաժեշտութեամբ: Մենք, որ չենք հասկցած ո՛չ յաղթանակին ու ո՛չ ալ պարտութեան արժէքը, ինչպէ՞ս պիտի հասկնանք խաղաղութեան իմաստը:
Մենք պիտի զարգանանա՞նք խաղաղութեան ժամանակ, թէ՞ արմատացած կաշառակերութիւնն ու ու անմակարդակ կենցաղավարութիւնը այլեւս թոյլ պիտի չտան, որ մենք դուրս գանք մեր ներքին այլանդակուած ներաշխարհէն: Թերեւս այդ ժամանակ մենք այլեւս այսքան հայ ըլլալու պահանջ պիտի չունենանք: Երբ վտանգի զգացումը անցնի, թերեւս մենք այլեւս չհասկնանք ալ, թէ ինչը պահենք, իսկ ինչը` ոչ: Չէ որ այդ մէկը գոնէ վերջին երեսուն տարին մենք չհասկցանք: Մենք չենք հասկցած, թէ խաղաղութիւնը մեր ինչին է պէտք, մեզի հաճելի սկսած է թուիլ այս կիսաբանտային ու կիսապատերազմական վիճակը: Եթէ մենք հասկնայինք խաղաղութեան իմաստն ու արժէքը, մենք շատոնց այնպէս կ’ընէինք, որ պատրաստուինք խաղաղութեան: Խաղաղութեան, ոչ թէ զիջումներու ու հող յանձնելու: Մենք նման անամօթութիւն չէինք դրսեւորեր եւ Հանրապետութիւնը չէր փուլ գալ այսօր` պարտուած ու թուլցած: Որովհետեւ կը գիտակցէինք, թէ ինչո՞ւ խաղաղութիւն կը ցանկանք ու ինչ պիտի ընենք խաղաղութեան ժամանակ: Բայց ո՛չ: Մենք մեզի շատ լաւ կը զգանք այս իրավիճակին մէջ: Մենք յարմարած ենք այս վիճակին: Մենք խաղաղութիւն չենք ուզեր, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ ան ինչ է: Մեր տեսած միակ խաղաղութիւնը ուրիշին պարտադրած շղթան է. խաղաղութեան հայկական ձեւը գոյութիւն չունի:
Ուրեմն ի՞նչ: Ուրախանա՞նք, որ խաղաղութիւն պիտի չըլլայ ու մենք դեռ պիտի շարունակենք անվերջ թշնամիներ ընդունիլ ու ճամբել: Որ մենք մի՛շտ պիտի ապրինք զինուորի գիտակցմամբ: Որ մեր հայրենիքը մի՛շտ պիտի գտնուի յարձակման վտանգի տակ, իսկ հայ տղամարդը` զէնքի հետ պիտի քնանայ:
Քաւ լիցի, այս բոլորը որեւէ մէկը իբրեւ ծաղրանք չառնէ կամ զիջումային քողարկուած տրամադրութիւն: Այլ պահանջ մը, որ մենք վաղուընէ առաջ հասկնանք, թէ ո՞վ ենք եւ ի՞նչ կ’ուզենք: Որպէսզի նաեւ մե՛նք պարտադրենք մեր ուզածը թշնամիին, որպեզի ան մեզի համար օրակարգ չթելադրէ, որպէսզի մեր առաքելութիւնը մեր թշնամին չորոշէ, այլ՝ մե՛նք: Մենք մեզի հասկնանք, թէ ի՞նչ կ’ուզենք եւ ինչպէ՞ս: Որովհետեւ քանի դեռ մենք չենք հասկնար այդ ամենէն կարեւորը, թշնամիները պիտի շարունակեն մեզի համար վաղուան փլանը գծել, թէ որու դէմ պայքարինք ու որքա՛ն: Որ իրենք որոշեն, թէ մենք ե՞րբ կռուինք, ե՞րբ չկռուինք: Ի վերջոյ, հայ ազգը միայն զինուոր չէ: Նաեւ փիլիսոփայ է, գիտնական է ու մշակոյթ: Քաղաքակրթութիւն է հայ ազգը, երեւոյթ է: Եւ այդ բոլորը մենք պիտի չկորսցնենք, որովհետեւ մեր գլխուն, այդ ալ քանի հազար տարիէ ի վեր, տարատեսակ «դամոկլեան սուրեր» կախուած են:
Խաղաղութիւնը զօրաւորին մենաշնորհն է: Դիտեցէք աշխարհը: Զօրաւոր եւ ինքնավստահ երկիրներուն մէջ խաղաղութիւն կայ: Անոնք կրնան պատերազմիլ, յաղթել, պարտուիլ, բայց ուրիշին հողին վրայ, ուրիշին հաշւոյն, մինչդեռ մենք կը շարունակենք մնալ տարածաշրջանի սուսերամարտիկը (gladiator), որ արդէն քանի մը հազար տարիէ ի վեր անվերջ կը կռուի, թշնամիները կը փոխուին, կռիւը կը մնայ:
Կը մնայ միայն յուսալ, որ ի վերջոյ Հայոց աշխարհին մէջ խաղաղութիւնը կը հաստատուի որպէս հայութեան ձեռքբերում մը ու ոչ թէ օտարի պարտադրանք, որ խաղաղութիւնը կ’ըլլայ կարելիութիւն մը եւ ոչ թէ ակամայ հետեւանք, որ խաղաղութիւնը մենք պիտի նուաճենք, որովհետեւ կը հասկնանք, թէ ինչո՞ւ համար խաղաղութիւն կ’ուզենք եւ ի՞նչ պիտի ընենք խաղաղութեան պարագային: Մենք այդ բոլորը պիտի ընենք վաղուընէ առաջ, ու այսօր պիտի որոշենք, թէ ի՞նչ կ’ուզենք վաղուան համար: Վաղուընէ անդին՝ այլեւս ընելիք չունինք: