Հայրենասիրութիւնը կենդանական բնազդ չէ միայն պարոնա՛յք, միայն զգացական ու վերացական չէ…

Առհասարակ մարդու եւ հասարակութեան կեանքին ուղեկցող բազմաթիւ երեւոյթներ դուրս կը մնան քննական տեսանկիւնէ եւ կը հետաքրքրեն միայն գիտնականները: Բազմաթիւ պարագաներու, մենք կարծես, թէ չենք գիտակցիր, թէ այնպիսի երեւոյթներ, ինչպէս երգը, ծիծաղը, արդարացումը, յոյսը որքան կարեւոր են եւ ինչպիսի ճշգրտութեամբ կ’արտացոլեն մարդու եւ հասարակութեան իրական տրամադրուածութիւնը եւ հաւատքը, սկզբունքային մօտեցումը այս կամ այն երեւոյթին նկատմամբ: Մինչդեռ վերը թուարկուածները յաճախ կը հանդիսանան պատճառ ու հետեւանք որեւէ առողջ կամ անառողջ երեւոյթի շարունակական զարգացման: Շատ կը պատահի, որ մենք կը զարմանանք, թէ ինչո՞ւ բան մը այսպէս պատահած է եւ ոչ այնպէս ու չենք գիտակցիր, որ իրականութեան մէջ, մենք «հոգուով սրտով» դէպի այդ գացած ենք եւ ստացած այն, ինչ որ խորքին մէջ ցանկացած ենք: Մարդը միշտ կը հասնի անոր, որ կը ցանկայ, բայց ոչ միշտ կը հասկնայ, թէ իրապէս ի՞նչ ցանկացած է: Եւ նաեւ կ’արդարանայ անով, որ իր քովի մարդը եւս նոյն յիմարութիւնը կ’ընէ, ինչո՞ւ միայն զինք կը մեղադրեն:

Վերցնենք օրինակ վերջին տասնամեակներու ընթացքին տարածուած «երգ-երաժշտութիւնը», որպէս այդպիսին ի՞նչ արժեհամակարգ գերակշռող եղած է հայկական show biz-ին մէջ: Ի՞նչ արժեհամակարգ գերակշռող է մեր ֆիլմերուն ու ֆիլմաշարերուն մէջ: Ի՞նչ ստացած  է միջին հայը պատկերասփիւռի եւ համացանցի «ոչ պաշտօնական» կրթութեան հետեւանքով:

Բացի չնչին բացառութիւններէ, երբ երգերը եղած են իրօք նուրբ ու ըսելիք ունեցող, իրօք գաղափար տարածող, հայկական show biz-ի մէջ «արտադրուող» երգերու հսկայ մասը եղած է կենցաղային ամենէն ցած մակարդակի սիրոյ մասին` համեմուած ռուսական էսդրատային եւ արաբական-թրքական մուղամի շունչով: Նոյն կերպ եւ ֆիլմաշարերը եւ աւելի ուշ ժամանակներուն յայտնուած կենցաղային զաւեշտները (սիթքոմները): Ի տարբերութիւն երգերուն, այստեղ ոչ միայն նոյն ամենաաժան սիրային տրաման է տիրական, այլեւ քրէական պատկերացումներն ու անոր ոչ այն է գովերգումը, ոչ այն է քարոզը: Սիթքոմներուն մէջ ալ տարածուած է ամենաաժան ու նուաստացուցիչ հիւմըրը: Կրկին, քիչ բացառութիւնները մէկ կողմ, երբ կարելի եղած է քիչ թէ շատ որակեալ արդիւնք ստանալ, սիթքոմներու ճնշող մեծամասնութիւնը նողկալի հիւմըրի եւ հովանաւոր ապրանքանիշի ամէն հինգ վայրկեանը մէյ մը կրկուող տեսարանն է:

Մեր հասարակութեան մէջ տարածուած հիւմըրի մակարդակը եւս եղած է ու կը մնայ շատ ցած: Հիւմըրը, որ իր ձեւով կ’ենթադրէ մեղմ (կայ նաեւ անոր սեւ տարբերակը) ու զաւեշտալի նկարագրութիւնը բացասական երեւոյթներու նկատմամբ, կամ անոնց ծիծաղելի մեկնաբանութիւնը, այսինքն նպատակ ունի այդ երեւոյթը ծաղրել ու հասկցնել անոր մերժելի, ոչ ընդունելի ըլլալը, հայկական ընկալումին մէջ հասած է անհեթեթութեան ու ապսուրտի: Հիւմըր կը նկատուի նուաստացումը, գռեհկութիւնը, հայհոյանքը, խաբէութիւնը, կեղծիքը: Ընդ որում ոչ թէ կը ծաղրեն այդ երեւոյթները, այլ նոյնիքն հիւմըրը կը մատուցուի այդ ձեւով: Սիթքոմներու եւ մենաներկայացումներու մէջ (որ հանրապետութեան մէջ վերջին տարիներուն անտանելի կերպով շատցած են) հիւմըրի մատուցման ձեւն է մեծ մասամբ գռեհիկ ու նուաստացուցիչ: Սիթքոմներու կերպարները մշտապէս կը ստեն, կը կեղծեն, երբեմն կը գողնան, կը դաւաճանեն եւ այլն: Անեքթոտներու մէջ գլխաւոր հերոսը սովորոաբար կա՛մ կը գռեհկացնեն կա՛մ կը նուաստացնեն: Ծիծաղ կը շարժէ ոչ թէ երեւոյթին ծաղրական մեկնաբանութիւնը, այլ երեւոյթին նկատմամբ որքան հնարաւոր է աւելի հայհոյախառն կամ տափակ մօտեցումը: Ես տեղեակ չեմ, թէ արդեօ՞ք աւելի մեծ եւ շատ հնարաւորութիւններ ունեցող հասարակութիւններու պրագային նաեւ նման կերպով տարածուած են այդ բոլորը, բայց հայկական հասարակութեան մակարդակին մասին այդ բոլորը շատ բան կ’ըսեն: Եթէ արեւմտեան բազմամիլիոննոց հասարակութիւնները կրնան իրենք իրենց թոյլ տալ ամէն բանէ ունենալ՝ թէ՛ գռեհկութիւն ու հայհոյանք, նուաստացում ու աժան մօտեցում, թէ՛ միաժամանակ աւելի կիրթ, զուսպ ու բարձր մակարդակ, ապա հայկական 2․5-3 մլն-ոց հասարակութեան մէջ ահռելի չափերով այդ բոլորին տարածումը ի վերջոյ կը բերէ ու կը յանգեցնէ նոյնիքն այն վիճակին, երբ հասարակութեան ողջ մակարդակը կ’իջնէ անհաւատալի ցած աստիճանի:

Երբ քէֆերն ու խրախճանքը կը դառնան գլխաւոր զբաղում, երբ զուարճանալու այլ տարբերակ, քան սնունդ եւ խմիչք, սեռային տեսարանները, կենդանական բերկրանքով պարերը կը դառնան զուարճանք բառին հոմանիշ: Հանրապետութեան մէջ նոյնիսկ տարածուած արտայայտութիւն մը կայ, ըստ որուն, երբ կ’արդարացուի համատարած մուղամ ու ռապիզ երաժշտութիւնը, կը նշուի․ «դուն հարսանիքի ժամանակ ռոք երաժշտութեամբ կը պարե՞ս»: Այս արտայայտութիւնը փոքր, բայց ցայտուն ապացոյցն է այն բանին, որ հայ հանրութիւնը նոյնիսկ տեղեակ չէ որ զուարճանքը կամ ժամանցը կրնայ (եւ եղած է) նաեւ հոգեղէն եւ զուսպ ըլլալ: Նոյնիսկ անկարելի կը դառնայ պատկերացնել, որ կար ժամանակ, երբ ժամանցը մտաւոր ջանքեր կը պահանջէր, երբ ժամանց ապահովելու համար պէտք էր որոշակի մտաւոր պաշար ունենալ, փորձել մտածել, ինչ որ արժէքաւոր բան մը ընել: Բայց հիմա աժանութեան դարն է, որքա՛ն աւելի ցած, այնքա՛ն աւելի տարածուած: Եւ այդ բոլորը արտադրողները անվերջ նոյն բանը կ’արտադրեն եւ կը ստիպեն մարդոց, որ աւելի շատ վաճառեն ու գումար աշխատին՝ մարդոց իմացական կարողութիւնները փոքրացնելու եւ ճնշելու հաշուին: Ու երբ այդ նոյն հասարակութիւնը դէմ յանդիման գտնուի մեծ խնդրի մը, զարմացած ու դառնացած հարց կու տայ, թէ այդ ինչպէ՞ս պատահեցաւ: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլար, պարոնա՛յք: Չէք գիտե՞ր, որ հայրենասիրութիւնը կենդանական բնազդ չէ, միայն զգացական ու վերացական չէ, այլեւ մտաւոր ջանքեր պահանջող: Որ հայրենասիրութիւնը պէտք է նաեւ գաղափարական ըլլայ, հասկնալի, տեսանելի, այլ ոչ թէ պարզապէս բնազդ: Եւ երբ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ երիտասարդները դուրս կը մնան ազգային գործերէն ու գաղափարական դաշտերէն, հարկաւոր է հասկնալ, թէ ի՞նչ առօրեայի մէջ կ’ապրին ու ի՞նչ են կը ստանան հասարակութենէն այդ նոյն երիտասարդները: Ան, որ առաւօտէն իրիկուն կը լսէ մեր թուարկած կենցաղային սիրոյ երգերը, կը դիտէ քրէա-գողական ֆիլմերը, կը ծիծաղի նուաստացման ու գռեհկութեան վրայ, ան, մեծ մասամբ կը ձեւաւորէ իմացական մակարդակ մը, ճաշակի դրութիւն մը, ուր աւելի բարդ ու խրթին երեւոյթները տեղ չունին, այլ ընդունելի են միայն հեշտութիւն ու ջերմութիւն ապահովող զգացականները:

Հայաստանի բանակին մէջ, որով մշտապէս հիացել ենք, պաշտել ու սրբութեան-սրբոց համարել, մշտապէս զարգացած են տարատեսակ ախտեր. այն բոլորը ինչ որ մարդիկ ստացած են հասարակութենէն, իրենց հետ բերած են բանակ ու զայն աւելի խտացուցած: Այն վերը թուարկուածները, որոնք աճած ու զարգացած են հասարակութեան մէծ, կը բերուին նաեւ բանակ ու աւելի կը խտանան հոն: Օրինակ հայրենասիրութեան հոմանիշ համարուող քամիքազի տրամադրութիւնները: Բանակին մէջ կար (ցաւոք սրտի հիմա եւս) անձնասպանի տրամադրութիւններուն համապատասխան երգեր, զորս կ’երգեն ու կը լսեն շատ շատերը եւ դեռ ուրիշ բան ալ կը գովեն ու յաճախակի արցունք քամելով կ’ըսեն «ձայնդ անսպառ բալայ ջան»: Օրինակ կայ երգ մը, որ կը սկսի այն նկարագրութենէն, որ թրքական դիրքէն գնդացիրը վիրաւորեց մեր ընկերը, այնուհետեւ կը նշուի, որ զիրենք խաբելով բերած են բանակ ու հիմա թէժ մարտ կը մղուի: Երգը կ’աւարտի սարսափելի քառեակով մը, որուն գլխաւոր հերոսը ինքն իր մասին կը նշէ, որ հայր չունի, որ իրեն համար դագաղ պատրաստէ, եղբայր չունի, որ իրեն համար գերեզմանի փոս փորէ, քոյր չունի, որ վրան արցունք թափէ, թող իր մօրը ըսեն մնաս բարով: Այս ե՞րգ է, թէ դանակ, որ մարդոց սրտերէն աւելի շատ արիւն-արցունք քամէ: Եւ սա դեռ հպարտօրէն կ’երգեն մեր զինուորները՝ փոխանակ մարտական ու կատաղի ու վրիժառու երգեր ունենալու, կ’երգեն ճակատագրով դատապարտուածի երգ մը: Երեւի այս ալ հպարտութիւն կը յառաջացնէ, այո՞:

Բայց ի հարկէ միայն այդ երգը չէ: Ի տարբերութիւն այս դժխեմ ու լալահառաչ ողբին, կան աւելի ուրախ ռիթմով տարբերակներ, ինչպէս օրինակ`

«Ղարաբաղի ջուրը սառն է

Մայրը գիտի, որդին սաղ է (ողջ է)

Բայց չգիտի, որ զոհուել է

Խաբէք, ասէք վիրաւոր է»:

Ու ի՞նչ մենք կ’ուզենք ըսել այս եւ նմանատիպ երգերով: Երիտասարդը կ’ուղարկենք բանակ ու «շահիտի» գօտիին նման վրան կը փաթթենք մեռնող զինուորի մասին ճակատագրով նախասահմանուած երգեր եւ դեռ կը մեկնաբանենք, որ «կեցցէ հայ ժողովուրդը, ջան, ջան, ջան»:

Արդեօ՞ք մենք հոգեպէս առողջ ենք: Արդեօ՞ք մենք խելագար չենք, որ մեր ողջ կեանքը լեցուցած ենք կենցաղային-բնազդային երեւոյթներով, ողբով ու լացով ու դեռ կը զարմանանք, թէ ինչո՞ւ հայ երիտասարդը չ’ուզեր բարդ ու խրթին գաղափարաբանական պայքարի մէջ մտնել: Ինչո՞ւ մտնէ, եթէ մէկ կողմէ դժոխային ծանր ու լալահառաչ (կամ հակառակ ծայրայեղութեամբ անտանելի մեծխօսիկ) հայրենասիրական պարտքն է, միւս կողմէ ժամանակակից թրենտային-պլոկային (trendy-blog) աշխարհը, ուր շատ արագ կարելի է դառնալ երգիչ-դերասան ու փող վաստկիլ ծամածռվելով, մերկանալով եւ այլն:

Այս բողոքները սովորաբար կը հակադրուին իմ «լաւատես հայրենակիցներու տրամադրութիւններուն» ու անոնք կը դատապարտեն միշտ այս մռայլութիւնն ու բողոքը: Այո՛, մեր այս քարոզած մշտական բողոքն ու ճշմարտութեան նայելու ցաւոտ միտումը կրնայ խցել ու դառնացնել մեր սրտերն ու հոգին, բայց մինչեւ ե՞րբ ծածկենք մեր կեղտերը: Մի՞թէ այն սարսափը, որ տեղի ունեցաւ Արցախի հետ, այն ցաւը, որ ստացաւ հայը վերջին տարիներուն, տակաւին սթափելու եւ այս համազգային յիմարութիւնները մէկ կողմ դնելու ցուցիչ չե՞ն: Եւ եթէ այս ալ մեզ չի սթափեցներ, ապա ուրեմն ոչինչ այլեւս կրնայ մեզ արթնցնել:

Բայց քանի դեռ ողջմտութիւնը չէ լքած Հայաստանն ու հայերը, մենք պարտաւոր ենք թէկուզ եւ դառնացնող ու ծակող, բայց իրապէս ախտահարած վէրքը սեղմել, որ հասկնանք, թէ այսպէս կարելի չէ շարունակել: Ժողովուրդը, երիտասարդ սերունդը կարելի չէ ողբով ու անմակարդական կենցաղով կերակրել: Հակառակ պարագային, մենք առիթ պիտի չունենաք խուսափելու նոյնին կրկնութենէն:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x