«Համբոներ» ու «Գիքորներ»՝ ազգային ինքնախաբէութեան մեծ հերոսներ

Յիրաւի, Յովհաննէս Թումանեանը հայ ազգի մեծագոյն պատկերագիրներէն է: Անոր իւրաքանչիւր հեքիաթն ու պատմուածքը հայ ժողովուրդին պատկերն է: Այդ պատկերներուն մէջ կ’արտացոլուին թէ՛ ժողովուրդին մեծութիւնն ու իմաստութիւնը, բարութիւնն ու մեծահոգութիւնը, տառապանքն ու չարչարանքները, թէ՛ ալ անմտութիւնը, խեղճութիւնը, չարութիւնը, տգիտութիւնն ու միամտութիւնը: Թումանեանի գործերէն ամէն մէկը կրնայ առանձին դաս մը դառնալ բոլորիս համար, դժբախտաբար մենք տակաւին չենք կարողանար հասկնալ Թումանեանի իրական մեծութիւնը:

Մեր նախկին յօդուածներէն մէկուն մէջ, մենք քննարկած ենք անոր «Քաջ Նազարը», այսօր կ’ուզենք ուշադրութիւն դարձնել ոչ պակաս ծանօթ այլ գործի մը՝ «Գիքոր»ին: Պատմուածքը կը խօսի այն մասին, թէ ինչպէ՞ս խեղճ եւ միամիտ գիւղացի Համբոն իր փոքրիկ որդին` Գիքորը կը տանի քաղաք եւ հինգ տարիով անվճար ծառայութեան կը մտցնէ վաճառականի մը՝ Բազազ Արտեմի մօտ՝ այն յոյսով, որ իր որդին քաղաքին մէջ աչքը բաց կը դառնայ, ճարպկութիւն կը սորվի, թացն ու չորը կը տարբերէ իրարմէ, կարճ խօսքով «մարդ կը դառնայ»: Համբոն իր որդիին վերջին խրատը կու տայ, որ «հացի կտորտանքն ու քարթուն կը տան, կերակուրի թերմացքը կը տան, շատ անգամ էլ իրենք կ’ուտեն, քեզ տալ չեն, բան չկայ, ծառայի կարգն է դա․․․ Օրեր են, կը մթնեն, անց կը կենան․․․»: Բազազ Արտեմը ուրախ է, որ հինգ տարիով մանկահասակ ստրուկ մը ձեռք ձգած է, որուն կրնայ անվերջ աշխատցնել, ծեծել ու նուաստացնել եւ շատ անգամ՝ չկերակրել: Գիքորը, որ մաքուր եւ պարզամիտ երեխայ մըն է, կ’իյնայ հրէշի մը ձեռքը, որ կը քամէ երեխան մինչեւ վերջ: Իր «ծառայութեան» ընթացքին Գիքորը նաեւ լուր կը ստանայ, որ իրենց միակ կովը սատկած է, իր մայրն ու քոյրերը հագնելու հագուստ եւ ուտելու հաց չունին: Անվերջ ծեծուելու, անօթի ու մսած մնալու, մշտապէս նուաստանալու հետեւանքը շատ դառն կ’ըլլայ: Փխրուն Գիքորը կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ քաղաքային հիւանդանոցին մէջ, իսկ հայրը միայն զաւակին հագուստը կը տանի գիւղ, ուր ընտանիքի անդամները կը սպասեն իրենց հարազատին:

Արտաքուստ այս պատմուածքը ընդամէնը նկարագրութիւն մըն է այն հազարաւոր դէպքերուն, որոնք կը պատահէին այդ թուականներուն: Կարգ ու օրէնք արհամարհող վաճառականները եւ հարուստները մշտապէս կը շահագործէին աղքատներն ու խեղճերը եւ յաճախ ոչ մէկ ղրուշ կը վճարէին (բայց արդեօ՞ք միայն այն ատեն): Ու Գիքորին մասին պատմուածքն ալ առանձնապէս իւրայատուկ չի թուիր: Իւրայատուկ ի՞նչ բան կայ ընդհանուր պատմութեան մէջ: Ամբողջ ազգեր սուրէ կ’անցնէին ու ամբողջ ժողովուրդներ կը հեծէին սովի եւ տգիտութեան մէջ, Գիքորը ինչո՞վ առանձնայատուկ էր:

Իսկ առանձնայատկութիւնն այն է, որ Համբոն եւ Գիքորը պարզապէս գիւղական չարքաշ կեանքի մէկ այլ արտացոլանքը չեն, այլ ամբողջ ազգի մը խեղճութեան ու միամտութեան ոսկեայ պատկերը: Համբոն լաւ երազանքներով իր զաւակը ստրկութեան կու տայ եւ կը զոհէ զայն՝ վառ ապագայի յոյսով՝ առանց գիտնալու, որ իր զաւակը սատանային քով բերած է, ոչ թէ աստծոյ, եւ իր որդին իր չարքաշ աշխատանքով ոչ թէ լաւ կեանքի կրնար հասնիլ, այլ միայն՝ մահուան: Համբոն չէր գիտեր այդ բոլորը: Գիքորն ալ չէր գիտեր: Միայն մօր սիրտը կը վկայէր այն մօտալուտ աղէտին մասին, որ ի վերջոյ տեղի ունեցաւ:

Ճակատագրի հեգնանքը այն է, որ եթէ Թումանեան այս պատմուածքով կը զգուշացնէր, խորհուրդ կու տար, ցոյց կու տար, թէ ի՞նչ կը պատահի խեղճութեան եւ տգիտութեան պարագային, ապա մենք՝ ժամանակակից «գերգրագէտեներու» հասարակութիւնը, ամբողջովին անընկալունակ է, թէ ի՞նչ կը կատարուի իր շուրջը ու ինքը ինչպէ՞ս կ’արձագանգէ այդ բոլորին: Այնպէս ինչպէս Համբոն միամիտ հրճուանքով ու պարզամտութեամբ իր զաւակը կը տանէր դէպի կործանում՝ յուսալով, որ լաւ մարդ ըլլալն ու ազնուութիւնը ինչ որ արժէք մը ունին, նոյն ձեւով ալ մենք կը շարունակենք Համբոյին գործը՝ ամէն անգամ մեր ապագան աշխարհի ամենատարբեր «Բազազ Արտեմներուն» վստահելով ու յանձնելով զայն, այն յոյսով, որ օր մը լաւ պիտի ըլլայ: Ու այդ բազազները չեն զլանար մինչեւ վերջ քամելու պայմանական Գիքորը ու մէկ կողմ շպրտելու զինք, իսկ մեզի կը մնան հերթական յուսախաբութիւնն ու լացը: Բայց քանի որ այժմ շահագործող անխիղճ վաճառականութիւնը ոչ թէ կոպիտ խաբեբայ Արտեմի տեսքով հանդէս կու գայ, այլ ՄԱԿ, ԵԱՀԿ, Միջազգային իրաւունք, հայ-ռուսական բարեկամական դաշինք, հայ-եւրոպական երկխօսութիւն անուններով, ապա մեր ժամանակակից Համբոները իրենք զիրենք այնքան ալ պատասխանատու չեն զգար իրենց Գիքորներուն համար: Ու կը շարունակեն զոհել Գիքորը՝ զայն անվարձահատոյց յանձնելով ռուսական, եւրոպական, ամերիկեան բազազներին` այն յոյսով, որ օր մը մեր Գիքորը ետ կու գայ մարդ դարձած, այս պարագային, որ մեր յոյսը կ’արդարանայ, որ ուժն ու հարստութիւնը կու գան Հայաստան, որ մեր խնդիրները կը լուծուին եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն: Գիքորը Համբոյի յոյսն էր, ապագան, ընտանիքը խեղճութեան ցեխէն դուրս հանելու միակ ուժը: Եւ այդ յոյսը մեռաւ անտէրութեան ու սովի, ցուրտի ու մերկութեան մէջ: Նոյնը մենք ենք հիմա: Մենք ոչ մէկ բանով չենք տարբերիր Համբոյէն: Չուխայի փոխարէն բաճկոն հագած, տրեխներու ու ցուպի փոխարէն ինքնաթիռներով եւ էլեկտրական ինքնաշարժներով կը տեղափոխուինք տարբեր բազազների մօտ ու իբրեւ թէ լրջօրէն ինչ որ հարցեր կը քննարկենք: Մեր ժամանակակից բազազները այլեւս չեն հայհոյեր ու չեն ծեծեր, անոնք քաղաքավար կը ժպտան, կը սեղմեն մեր ձեռքը ու օր մըն ալ մեծ քաղաքավարութեամբ կը յայտնեն, որ․․․օրինակ «Արցախը Ատրպէյճանական գերիշխանութիւն ունեցող տարածք է» եւ անթիւ ու անհամար նման դէպքեր:

Մեր համբոները ամէն պարագայի չեն զգաստանար: Աշխարհայեացքները փոքր՝ մրջիւնի նման, միայն փոքր բաները կը տեսնեն, մեծ բաները անտեսանելի են: Աշխարհի մասին անոնց պատկերացումները համբոյանման են՝ միամիտ ու գիւղական, հայրենասիրութիւնը՝ խեղճ գիւղական՝ գաւաթ մը գինիի ու խորովածի, մտահորիզոնը արտէն ու դաշտէն անդին չանցնող:  Պատկերացումները Հայաստանի մասին նոյն խեղճ գիւղական պատկերացումներն են՝ փոքր, մանր-մունր մեքենայութիւններ, վէճեր, թէ ո՞վ ու ի՞նչ հայհոյեց, եւ վերջ: Դիւանագիտութիւնը՝  նոյն մանր ու չնչին պատկերացնումներով, երգ ու բանաստեղծութիւնը՝ քարի, դաշտի ու թուփի գովասանքէն անդին չանցնող: Մեծ ու պետական լրջութիւն գոյութիւն չունի, խորաթափանց ու լուրջ միտք չկայ, կայ միայն Համբոյի չտեսութիւնն ու խեղճութիւնը, Գիքորի հիացումը ամէն տեսակ փայլփլուն մանրուքներու նկատմամբ ու արդէն ծինային յիշողութիւն-խրատը, որ «երբեմն իրենց ուտելիքի թերմացքը կը տան, շատ ժամանակ դա էլ չեն տայ, ոչինչ, ԾԱՌԱՅԻ կարգն էդպէս է, օրէր են կը մթնեն անց կը կենան»: Ու նոյնիքն այդ թերմացքներով ալ կ’ապրինք, կը սպասենք, թէ ո՞վ, ե՞րբ, ի՞նչ կ’ողորմի մեզի, եթէ ոչինչ տան ալ, ոչի՜նչ, կը դիմանանք, մենք հին ժողովուրդ ենք, քարէն հաց քամող, հացին տեղ քար ծամող, այդ քարով մեր ատամները փշրող․․․առանց հասկնալու, որ քարէն հաց քամելը ոչ միայն ուժի պատկեր է, այլեւ անհնարաւոր: Քարէն հաց կը քամեն այն ատեն, երբ հող չունիս, գոյութիւն չունի, խլած են: Ու փոխանակ այդ հողը ապահովելու, մենք նոր քարեր կը ծաղկեցնենք տառապանքով կտոր մը հաց գտնելու յոյսով: Յար եւ նման Գիքորին՝ խեղճութեամբ հպարտացող, տառապանքին յենած:

Համբոն չի կրնար պետական լրջութիւն ունենալ: Համբոն խեղճութեան ու միամտութեան, անուժ կերպար մըն է, նոյնը եւ Գիքորը, որ զոհ կը դառնայ իր հօր յիմարութեան: Հայաստանի ապագան արդէն շատ անգամ զոհ գացած է հերթական համբոներու յիմարութեան, որ ժողովուրդին ապագան ու յոյսը նուիրած է տարատեսակ բազազ Արտեմներու ու դիմացը ոչինչ չէ ստացած, բացի սուտ խոստումներէ: Այնպէս ինչպէս Գիքորին «վաստակը» եղաւ ուրիշներու կողմէ աղբամանը նետուած բուռ մը փայլփլուն անպիտան կոճակներ, այնպէս ալ մենք արդէն երկար ժամանակ է ի վեր, ագահաբար կը հաւաքենք մեզի բաժին ինկած փայլփլուն մանրուքները՝ տարբեր փաստաթուղթեր, դիւանագիտական ժպիտներ, մարդասիրական կոչեր ու հպարտ ենք այդ ամէնով: Մենք զմեզ ամոքուած կը զգանք, երբ Ալիեւի հասցէին սուր բառ կը լսենք: Այդ է կործանած Արցախի ու անոր բռնագաղթուած ժողովուրդին տառապանքին դիմաց ստացուած փոխհատուցումը: Ալիեւը կը համարեն ֆաշիսթ, ինչպիսի մեծ մխիթարանք մեր Համբոյին համար, որ «դիւանագիտական յաղթանակ» տարաւ իր զաւակը մորթած բազազին հանդէպ: Մեր ուղեղներուն մէջ նստած Համբոն նոյնիսկ արցախեան յաղթանակը նուիրեց բազազներուն՝ դիմացը Արցախի մահացած մարմինը ստանալով 2020-ին, որ եւ յուղարկաւորեց 2023-ին: Անկախութենէն ի վեր, մեր համբոները անվերջ փայլփլուն կոճակ-խոստումներ կը հաւաքեն ամբողջ աշխարհէն: Ոչ մէկ բան իրականութիւն դարձած է, ներքին գիտա-մշակութա-մտաւորականութիւնը հաւասար դարձած է «վաստակաւորի» անիմաստ առուծախին, տիրած է ազգային խեղճութիւն ու թշուառութիւն: Քանի դեռ տասնեակ տարիներով հին ընկերներն ու թշնամիները ամենատարբեր հարցեր կը լուծէին իրարու հետ, մեր համբոները նոր բաճկոն-չուխաներ կարել կու տային, կ’ուրախանյին նոր տրեխներուն համար ու քաղաքական ողորմութիւն կը խնդրէին ու կը խնդրեն աշխարհով մէկ, գիքորներն ալ ագահ-ագահ փայլուն կոճակ կը հաւաքէին ու կը հաւաքեն՝ կաշառքներ, վկայականներ, կոչումներ, խոստումներ, կոչեր, անգրագէտ ու անմակարդակ երգ-գրականութիւն-ֆիլմաշարեր թխելով ու խեղճութիւնը, ինքնախաբէութիւնը ազգային դրուածք դարձնելով:

Եթէ չես գիտեր ինչ ըսել, ապա այս է ճշմարտութիւնը:

Մենք պարտութիւն կրած ենք: Հազար անգամ պարտուած: Նոյնիսկ յաղթելու պարագային՝ պարտուած: Համբոյին պէս մաշեցուցած ենք երկիրը, մեր ապագան Գիքորին նման բուռ-բուռ վաճառած ենք՝ տնտեսութիւնն ու գիտութիւնը զերոյի վերածելով, արդիւնաբերական կարողականութիւնը փոխարինած ենք կաղ գիւղատնտեսութեամբ ու տաք եղանակները ժամանելուն պէս կը սպասենք, որ զբօսաշրջիկներ գան ու բուռ մը փայլուն կոճակ փախցնենք անոնցմէ, ուրախանանք յիմար ագահի ընչաքաղցութեամբ` բաւարարելու մեր մեկուսի երջանկութեան դաւանանքը:

Ի՜նչ էինք, ինչ եղանք:

Համբոն Գիքորին քաղաք չէ, դժոխք կը տանէր: Ամէն օր, ամէն օր․․․․արդէն երկար ու ձիգ տասնամեակներէ ի վեր:  

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x