Կրթական մարտահրաւէրներ. կեղծ իրականութիւնը եւ անոր հետեւանքները

Շուրջ 20 օրէ ի վեր, Հայաստանի մէջ մեկնարկած է ուսումնական տարին, եւ արդէն իսկ ամբողջ փունջ մը խնդիրներ ի յայտ եկած են՝ հին ու նոր: Անցեալ գրութեամբ, քիչ թէ շատ ընդհանուր առումով շօշափած էինք կրթական տագնապը՝ մասնաւորաբար համալսարաններու մէջ (բուհեր), այսօր կ’ուզենք ուշադրութիւնը կեդոնացնել դպրոցներու մէջ դրսեւորուող քանի մը հարցերու վրայ:

Առաջին կարեւոր խնդիրը, զոր արդէն իսկ կ’արծարծեն բազմաթիւ ուսուցիչներ՝ դասաւանդման գործընթացի բարդացումն ու դիւանակալացումն է (bureaucratization): Կրթութեան գերատսեչութեան կողմէ կազմուած բազմաթիւ թեմաթիք աշխատանքներ եւ անոնց մասին ուսուցիչներուն պարտադրուող զեկուցումները բաւական մեծ ժամանակ կը խլեն. ուսուցիչները աւելի զբաղած են թուղթեր լեցնելով, քան թէ դաս սովորեցնելով: Հետեւա՞նքը: Թուղթերով ամէն ինչ լաւ կ’երեւի, իսկ իրականութեան մէջ՝ ոչ: Խորքին մէջ, թուղթեր լեցնող ուսուցիչը, որ աւելի վարչական աշխատանքով զբաղած է, քան դաս սովորեցնելով, մեծ ցանկութիւն ունենալով հանդերձ, չի կարողանար առաւելապէս դասի վրայ կեդրոնանալ, որովհետեւ բաւարար ժամանակ չունի․ հարկաւոր է տարատեսակ թուղթեր լեցնել: Կարեւորը թուղթերով ամէն ինչ բնական կը թուի: Եւ ինչպէս միշտ՝ ձեւը կուլ կու տայ բովանդակութիւնը: Տեղին է նշել վրացի բանաստեղծ Պուլատ Օգուջաւայի (մօր կողմէ հայ) հետագայ տողերը՝

«Անկման շրջանի Հռոմէական կայսրութիւնում
Կեանքն ընթանում էր իր հունով,
Կայսրը տեղում էր, զինակիցները՝ կողքը,
Կեանքը հրաշալի էր ըստ զեկուցումների»: 

Յաջորդ մեծ խնդիրը, որ առկայ է Հայաստանի կրթական կեանքին մէջ, կրկնուսոյցներու (tutor, անձնական ուսուցիչ) հիմնարկն է: Այս մէկը նոր երեւոյթ չէ: Գոյութիւն ունեցած է նաեւ Խորհրդային Միութեան շրջանին, բայց անկախութենէն ետք, ան (կրկնուսոյցը) դարձաւ բազմաթիւ ուսուցիչներու ապրելու ձեւը՝ նկատի առնելով, որ պետական աշխատավարձը (նաեւ այժմ) շատ ցած էր: Մէկ կողմ ձգելով այն հարցը, թէ որքանո՞վ ճիշդ է կրկնուսոյց պահելը, երբ դպրոց կայ, ուր ըստ էութեան երեխան պիտի սորվի, պէտք է նշել, որ բազմաթիւ երեխաներ պարզապէս ի վիճակի չեն առանց կրկնուսոյցներու սորվելու: Տարիներ առաջ, կրկնուսոյցները նոյնինք իրենք՝ ուսուցիչներն էին, որ յաճախ կը դառնար կաշառքի ձեւ մը, եւ այն երեխան, որ դպրոցէն ետք կ’երթար նոյն առարկան նոյն ուսուցիչին մօտ սորվելու, կ’արժանանար ուսուցիչին բարեհաճութեան: Այդ մէկը ոչ միայն կը խթանէր ընկերային ահնաւասարութեան դրսեւորումը, այլեւ կը խաթարէր ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնը՝ զայն վերածելով տեսակ մը առեւտրական յարաբերութեան: Բնականաբար կ’առաջանար այլ ծնողներու եւ աշակերտներու դժգոհութիւնը՝ համարելով, որ այդ ուսուցիչը աւելի լաւ աչքով կը նայի իր մօտ առանձին դաս առնող աշակերտին, քան միւսներուն: Հասկնալի է, որ այս երեւոյթը ուղղակիօրէն կը հարուածէր կրթութեան որակը: Միւս կողմէ, դպրոցէն դուրս՝ կրկնուսոյցի մօտ դասի հետեւիլը կը նկատուէր  ընկերային բարձր կարգավիճակ եւ «խելացութեան» աստիճան: Գրեթէ նոյն ձեւով, ինչպէս արեւմտեան հասարակութիւններու մէջ հոգեբանի մօտ երթալը անհրաժեշտութենէն վերածուեցաւ «մոտայի»:

Այժմ կրկնուսոյցները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը անհատական կամ գրանցուած ուսումնական կեդրոններու տեսքով: Բազմաթիւ կրկնուսոյցներ բաւական մեծ աշխատանք կը կատարեն եւ անոնք եւս ունին դպրոցի մասին իրենց կարծիքը: Իսկ տարածուած կարծիքը այն է, որ դպրոցներու մէջ լաւ չեն սորվեցներ, նախակրթարանի աշակերտներուն մէկ մասը անհրաժեշտ չափով գրել ու կարդալ չի գիտեր, բարձր դասարանի աշակերտները կը դժուարանան յատկապէս պատմողական առարկաներու պարագային: Անոնց համար դժուար է ճշգրիտ եւ երկար նախադասութիւններ կազմել, դժուար է գեղարուեստական բարդ նախադասութիւններ կարդալ: Հիմնական պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ ներկայիս շատ քիչ գիրք կը կարդան: Իսկ երբ քիչ կը կարդան, ապա, բնականաբար չեն կրնար նաեւ հարուստ միտք ունենալ, չեն կրնար հեզասահ կարդալ ու պատկերաւոր միտք արտայայտել: Միւս կողմէ ալ աշակերտներու ճնշող մեծամասնութիւնը ամբողջ օրը համացանցով կը զբաղի, ուր կը գերակշռեն օտար բառերն ու հայերէնի օտարաշունչ արտասանութիւնները: Համացանցին մէջ բոլորը ճիգ կը թափեն կարճ գրելու, խուսափելու երկար ու բարդ բառերէն: Սունկի պէս աճող շուկայ եւ վաճառք զարգացնողներու (marketers) եւ անոնց մաս կազմող ընկերային ցանցերու պաշտօնակիցները (SMM) կը խրախուսեն կարճ նախադասութիւններն ու բառակապակցութիւնները, որոնք յարմար կը նկատուին առեւտուրի համար: Բայց չէ՞ որ երեխաներու կրթութիւնը պէտք չէ նոյն ձեւով կատարուի: Տակաւին, կարճ տեսահոլովակները 1 վայրկեանի սահմանը չեն անցնիր: Հոն կը խօսին արագ ու կարճ՝ յաճախ օտար բառերով: Իսկ այդ մէկը կ’ազդէ խօսելու եւ յիշելու կարողութեան վրայ: Անընդմէջ աղաւաղուած համացանցային կիսաանգլերէն, կիսառուսերէն խօսքով ապրող աշակերտներուն համար դժոխային կը դառնայ քանի մը պարզ եզրոյթներու գոց սորվիլը, Րաֆֆի կարդալը:

Խօսիլն անգամ աւելորդ է արեւմտահայերէնի մասին. անոնց համար գրեթէ օտար լեզու է, որմէ ոչինչ կը հասկնան: Այս բոլորը կը յանգեցնեն մէկ վայրկեաննոց յիշողութեան՝ պարզունակ բառապաշարով: Երեխաներու յիշողութիւնը կը փոքրանայ, իսկ դասերու ծաւալը կը մնայ մեծ: Հասկնալի է, որ մէկ էջ պատմութիւն կարդալ-պատմելը արդէն բաւական բարդ է: Աշակերտները կը դժուարանան բնականօրէն ճիշդ խօսելու, կարդալու, արտայայտուելու: Իսկ ի՞նչ մակարդակ կ’ունենան աշակերտները այդ պարագային: Խիստ ցած: Նոյնն է պարագան նաեւ ուսողութեան եւ վերլուծական առարկաներու: Ուսուցիչն ու կրկնուսոյցները հաւանաբար իրաւամբ կը փորձեն իրենց կարելին ընել, բայց պէտք է նշել, որ քիչ չեն նաեւ ոչ-մասնագէտները թէ՛ որպէս ուսուցիչ, թէ՛ որպէս կրկնուսոյց: Ի վերջոյ, նման եղանակով դպրոց «աւարտելէ» ետք, աշակերտը վերջին մէկ երկու տարին լրացուցիչ դասընթաքներու կը հետեւի համալսարան ընդունուելու անհրաժեշտ առարկաները ամբողջացնելու համար:

Մենք կը հասկնա՞նք արդեօք, թէ ընդհանրապէս ինչ կ’ընենք մեր ապագային ու մեր երեխաներուն հետ: Մենք կը հասկնա՞նք, որ անոնք մեր իսկ ձեռքով կը վերածուին ծոյլ, փոքր յիշողութեամբ, վերլուծական բութ մտքով եւ նոյնիսկ բնական ճշգրիտ խօսք կառուցել չկարողացող խառնախօսի: Մենք կը հասկնա՞նք, թէ ինչ կը նշանակէ, որ դպրոցականներու մեծ մասը ի վիճակի չէ նոյնիսկ բարբառային որեւէ բան կարդալու, ուր մնաց Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող մեր հին հայրենիքի տարբեր նահանգներու հայերէնով: Մենք կը հասկնա՞նք, որ նոյնիսկ մեր գրական հայերէնը, մեր ոսկեղենիկ եւ մաքուր, հզօր հայերէնը հայերու համար սկսած դառնալ խորթ բեռ մը, երբ գրագէտ ու մաքուր հայերէն խօսող երեխան ծաղրի կ’ենթարկուի: Մենք կը հասկնա՞նք, թէ ինչ հրէշաւոր ռումբ կը զետեղենք մեր երեխաներու կեանքին մէջ, երբ անոնց կ’արտօնենք առանց փորձառութիւն կուտակելու շփուիլ ամէն տեսակ տեղեկութեան հետ ու կը համարենք, թէ ինչ որ չէ սորված դպրոցին մէջ, թող ամբողջացնէ անձնական ուսուցիչին մօտ:

Իսկ ո՞վ այդ աշակերտին կեանքի դասերը պիտի սորվեցնէ: Ո՞ր կրկնուսոյցը անոր պիտի սորվեցնէ կեանքի բարդ ճանապարհը: Մի՞թէ մենք այնքան անհոգ ենք, որ կրնանք մենք մեզի թոյլ տալ «անտէր» ձգելու աշակերտ-երեխան ու համարել, որ քանի դպրոց կայ, ուրեմն դպրոցն ալ պատասխանատու է աշակերտին համար: Մի՞թէ մենք կը բաւարարուինք այն թուանշաններով, որ աշակերտ-երեխան տուն կը բերէ: Մեզ կը բաւարարէ՞ այդ: Իսկ իրե՞ն: Ուրեմն մենք կրնանք երրրորդ դասարանի աշակերտը մեղադրել, որ գրեթէ գրել-կարդալ չի գիտեր: Արդեօք կրնա՞նք զինք պարզապէս բութ համարել, մեղադրել ուսուցիչը, իսկ յետոյ՝ անձնական ուսուցիչին ըսենք, թէ «դրամ կը վճարենք, ուրեմն թող այնպէս ընէ, որ երեխան վաղը դպրոցին մէջ բարձր նիշ բերէ»:

Իսկ ի՞նչ հասարակութիւն պիտի յառաջանայ հազարաւոր ու տասնեակ հազարաւոր այդ աշակերտներէն, որոնք միշտ պիտի վազեն այլոց փորձառութեան ետեւէն եւ պիտի փորձեն ձեւով մը ստանալ պաշտօնական վկայականը եւ ձեւով մը տեղաւորուիլ սահմանուած «չափանիշերուն» մէջ:

Մենք կրնանք մեղադրել դպրոցը, ուսուցիչը, կրկնուսոյցը, անձնական ուսուցիչը, պետութիւնը, որ քիչ աշխատավարձ կու տայ, կրթական ծրագիրներ պատրաստողները, որոնք կտրուած են իրականութենէն, ծնողները, որոնք անտարբեր են․․․բայց կը հասկնանք, որ այդ ընդամէնը անվերջանալի շղթայ մըն է, ուր մեղաւոր-անմեղի փնտռտուքով տարիներ կը կորսնցնենք, իսկ այդ միջոցին, աշակերտը կը դառնայ մեր փորձերուն, անտարբերութեան, ագահութեան ու անհեռատեսութեան զոհը:

Աւելին, ապշեցուցիչ է մայրաքաղաքին մէջ անվերջ պտըտող գրական խմբակներու, փառատօններու, մրցանակներու եւ նմանատիպ այլ երեւոյթներու շքերթը: Որո՞ւ համար կը գրէք, որո՞նք են ձեր ընթերցողները, որո՞նք են ձեր քննադատները: Ո՞վ պիտի կարդայ ձեզ վաղը, երբ այսօր նոյնիսկ կը դժուարանան մէկ էջ պատմութիւն կարդալու, իսկ ուսանողը կը դժուարանայ իր իսկ դասերը սորվելու: Դուք որո՞ւ համար կը գրէք եւ կը հառաչէք. ձեր ընկերներո՞ւն թէ՞ կողմնակիցներուն: Չնչին փոքրամասնութեա՞ն մը: Դուք, որ իբրեւ թէ կը կարեւորէք մարդն ու անոր աշխարհը եւ յոյզերը եւ կը բողոքէք, որ ձեզի լաւ չեն հասկնար, արդեօք գէթ մէկ անգամ փորձա՞ծ էք դուք ձեզի հասկնալ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս երեխաները կայուն քայերով կը կորսնցնեն իրենց յարգանքն ու սէրը կրթութեան, պատմութեան, գրականութեան նկատմամբ ու միաժամանակ կը կորսնցնեն սորվելու եզակի հնարաւորութիւնը: Անոնք որ նոյնիսկ Վարուժան, Սիամանթօ չեն կարդար (Ալիշանի ու ըսենք Վահէ Հայկի մասին խօսիլն աւելորդ է) ինչպէ՞ս ձեզի պիտի կարդան: Չըլլայ թէ դուք ուրախ էք, որ մակարդակը երթարով կ’իջնէ ու այլեւս մրցակից չէք ունենար:

Աշակերտները այլասերելով մենք անոնցմէ կը պատրաստենք լարուած ռումբեր, որոնք պիտի պայթեցնեն մեր իրականութեան կեղծիքը: Ապագային անոնք պիտի չունենան վճարովի դայեակներ ու երբ անգամ մը եւս հայոց պետութեան ապագայ ղեկավարները տապալին, պէտք է յիշել որ այդ լրջադէմ մարդուն մէջ տակաւին նստած է յանուն թուանշանի տառապող, կրկնուսոյցը կրկնող ու թղթաբանութեան զոհ դարձած փոքրիկ անուշադիր աշակերտը, որ սորվեցաւ միայն մէկ բան՝ խուսափիլ եւ կրկնել: 

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x