Քանի մը օր առաջ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնը, զոր շատեր քննադատեցին, եւ որով ուրիշներ հիացան: Հիացան, որովհետեւ շատ գեղեցիկ ու հետաքրքրական, նաեւ զուարճալի էր: Քննադատեցին, որովհետեւ շատերուն դուր չեկաւ սեռափոխներով (transvestites) Լէոնարտօ տա Վինչիի «Խորհրդաւոր ընթրիքին» բեմադրութիւնը: Ու ինչպէս միշտ, ձեւը շուքի մէջ ձգեց բովանդակութիւնը եւ քննադատութիւնն ու հիացմունքը դրսեւորուեցան առաւելապէս մակերեսային հարցերու շուրջ:
Մինչդեռ ողիմպիական խաղերու քննադատութիւնը ոչ թէ պէտք է ծաւալէր քրիստոնէական զգացումները վիրաւորուած ըլլալուն շուրջ, այլ ի՞նչ նպատակով տեղի կ’ունենան անոնք եւ ի՞նչ է անոնց իմաստը: Ընդհանուր առմամբ, ողիմպիական խաղեր ոչ մէկ փոփոխութիւն չեն բերեր, ոչ ալ կրնան: Միամտութիւն է կարծել, որ քանի մը հազար մարզիկներով հաւաքուիլը եւ իրարու հետ մրցիլը որեւէ կապ ունի խաղութեան կամ մարդկայնութեան, ու արդէն կեղծաւորութիւն է յայտարարել, որ սփորը կը միացնէ մարդիկ, որ այս խաղերը խաղաղութեան խորհրդանիշ են եւ այլն: Որովհետեւ այդպէս չէ: Ողիմպիական խաղերը ղրուշ մը արժէք չունին խաղաղութեան կամ մարդկայնութեան առումով: Թերեւս ինչ որ օգուտ տուած են հին յոյներուն այն է, որ խաղերու ժամանակ փոլիսները (քաղաք-պետութիւնները, ինչպէս՝ Աթենքը, Սփարթան, Կորնթոսը եւ Թեպէն) կը սառեցնէին պատերազմը, բայց հիմա նման բան չկայ: Շահու վրայ հիմնուած մեր աշխարհին մէջ ոչ մէկ մասսայական զուարճանք չի կրնար խաղաղութեան առաջնորդել:
Նմանօրինկ կեղծիք մըն ալ օսքարի մրցանակաբաշխութիւնն էր, երբ ուքրանացի բեմադրիչին օսքար տուին, կարծես ոչ ոք գիտէր, թէ ինչ կը կատարուի հոն եւ միայն այդ ֆիլմով իմացան; Շատ ալ լաւ գիտէին ու մասնաւորաբար ուքրանացիներուն օսքար տուին անոնց «լաւ մեռնելուն համար»: Հիմա ալ Ողիմպիական կրկէս է, բայց ո՛չ կազմակերպիչները, ո՛չ մասնակիցները կաթիլ մը համարձակութիւն ունին ըսելու, որ այդ եւս քաղաքական երեւոյթ մըն է, պիզնես է ու մարդիկ զբաղեցնելու միջոց եւ այդ պատճառով ալ անվերջ ու անտեղի կ’ընդգծեն Ողիմպիական խաղերու «բարձր առաքելութիւնը»՝ իբրեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ եւ այլն:
Կազայի մէջ երեխաներու սպանդը դադրա՞ծ է, պատերազմը աւարտա՞ծ է, աշխարհի հարիւրաւոր վայրերու մէծ ընթացող մարդավաճառութիւնը դադրա՞ծ է, տնտեսական ողբերգութիւնները դադրա՞ծ են, զէնքի արտադրութիւնն ու վաճառքը դադրա՞ծ են․․․․ընդհանրապէս ինչ որ լաւ բան մը պատահա՞ծ է: Անշուշտ ոչ: Ու ոչ ալ լաւ բան պիտի պատահի, որովհետեւ խեղճերուն, թոյլերուն վրայ բոլորը թքած ունին ու միշտ այդպէս եղած է, որովհետեւ մենք, որ երկու ոտքով կը քալենք, տակաւին գիշատիչներ ենք ու ամէն օր կ’անպատուենք բոլոր կրօններն ու գաղափարները, ամէն օր ու ամէն տեղ կը ստորացնենք մարդը, կը նուաստացնենք, կը զրկենք, կը խաբենք, կը կեղծենք, կը ոչնչացնենք: Իսկ քրիստոնեաներու մէկ մասը վրդոված է, որ Լէոնարտոյի նկարը բեմադրուած է սեռափոխներու միջոցով: Այսինքն եթէ այդպէս չպատահէր, բեմադրէին ենթադրենք կրօնական որեւէ այլ նկար, ամէն ինչ լա՞ւ պիտի համարուէր: Կամ նոյնիսկ այդ ալ կարեւոր չէ: Ենթադրենք այդ դրուագը նոյնիսկ գոյութիւն չունենար, եւ թէ ամէն ինչ այնքա՛ն լաւ էր, որ կարգ մը եկեղեցիներ, օրինակ, պիտի օրհնէի՞ն այդ կրկէսը, որովհետեւ ան խաղաղութեան խորհրդանի՞շ է: Ասկէ աւելի մեծ կեղծի՞ք: Աշխարհի տարածքին միլիոնաւորները կը տառապին թերի սնուցման, կրթութեան բացակայութեան, կեանքի վտանգի, հիւանդութիւններու սարսափներու, իսկ քրիստոնեաները ընդամէնը նկարի մը բեմադրութիւնը (դատապարտելի կամ ոչ) վերածած են մեծ պատմութեան, երբ անդին իրական աշխարհի մէջ ամէն բան շատ աւելի վատ է:
Իսկ ի՞նչ կը պատուիրէ Աստուած, զոր ամէն կրօն տարբեր կերպ կ’անուանէ: Չկայ կրօն մը, որ կը խրախուսէ կեղծաւորութիւնը, խաբէութիւնը, այլանդակութիւնը, սպանդը: Չկայ որեւէ քաղաքական կամ հասարակական փիլիսոփայութիւն, որ կը քարոզէ այն ամբողջ այլանդակութիւնը, որ հիմա կը կատարուի ամէն օր եւ ամէնուր:
Ուրեմն ի՞նչ: Հրաժարի՞լ Ողիմպիական խաղերէն: Անշուշտ ոչ, որովհետեւ այդ մէկը ընելու համար մենք առայժմ չունինք ո՛չ գիտակցուած պատճառ, ո՛չ ալ համարձակութիւն: Բանէ մը հրաժարելու պարագային, մենք պէտք է այլ բանով մը փոխարինենք զայն, իսկ մենք տակաւին որեւէ լուրջ բան չունինք: Այսինքն ոչ թէ լուրջ բան, այլ այնպիսի հետաքրքրական եւ մասսայական երեւոյթ մը, որ աւելի լաւ կը զբաղեցնէ մարդիկը, կը կատարէ իր քաղաքական դերը եւ աւելի լաւ գումար կ’ապահովէ, քան Ողիմպիական խաղերը: Դժուար չէ որեւէ համամարդկային լոզունգ յօրինել:
Բացի անկէ, եթէ պայմանաւորուած ողիմպիական խաղերէն հրաժարինք, այդ կը նշանակէ դիմակները հանել եւ մէկ կողմ դնել: Իսկ ի՞նչ կը պատահի այդ ժամանակ: Յայտարարենք, որ թքած ունինք բացարձակ ամէն ինչի վրայ եւ մեզի միայն շահը կ’առաջնորդէ: Այդ մէկը չենք կրնար ընել, որովհետեւ սուտն ու բամբասանքը մարդկային հասարակութիւնը միացնող կարեւոր երեւոյթներէն կը նկատուին: Հետեւեբար, մենք կը շարունակենք մասսայական կրկէսները` ողիմպիական խաղեր, Եւրոներ, աշխարհի խաղեր, Ֆորմուլա-1, Օսքար եւ այդ կարգի բաներ եւ ամէն անգամ կը յայտարարենք, որ այդ բոլորը կը հետապնդեն մարդիկ քով քովի բերելու, միութիւն ստեղծելու, խաղաղութիւն քարոզելու եւ այլ բարձր բաներ…
Եւ ի՞նչ կը ստացուի ընդհանուր առումով: Դիտենք ողիմպիական խաղերը, ցնծանք եւ միաժամանակ սարսափելի լուրեր կարդանք աղէտալի առօրեայ իրադարձութիւններու մասին, բայց միաժամանակ մենք զմեզ համոզենք, որ այդ զուարճանքը միտուած է խաղաղութեան եւ համամարդկայնութեան:
Իսկ եթէ ողիմպիական խաղերու ժամանակ ցուցադրուէր քանի մը հազար երեխաներու սպանդէն որեւէ պատկեր կամ տեսագրութիւն, այդ մէկը աւելի ազդու չէր ըլլա՞ր: Թերեւս ըլլար, բայց այդ պարագային «քէֆը հարամ կ’ըլլար», մինչ այդքան մեծ գումարներ ծախսուած է այդ «շո»ին համար: Այդ բոլոր գումարներուն յատկացումը աւելի կարեւոր բաներու, իրօք կրնար ծառայել համամարդկութեան ու խաղաղութեան: Բայց այդ մէկը երբե՛ք պիտի չպատահի: Միամտութիւն է նման բան մտածելը: Այնպէս, որ չարժէր կեդրոնանալ անկարելիին վրայ:
Իսկ քանի դեռ հարուստները կը զուարճանան, դժբախտները թող շարունակեն մեռնիլ ու տառապիլ: Այդ տառապանքը նոր ու հրաշալի առիթ մըն է, որ նոր ձեռնարկներ կազմակերպուին, նոր լոզունգներ յօրինուին եւ նոր խոստումներ տրուին ծառայելու մարդկութեան, խաղաղութեան ու տակաւին նման շատ բաներու: Որքան շա՛տ ըլլայ տառապանքը, այնքան աւելի շա՛տ կարելի է պայքարիլ անոր դէմ, այնպէս, որ տառապանքները մարդկային հասարակութեան պէտք են: Անոնցմով կարելի է շատ բան ծածկել: Միւս կողմէ ալ մեծ գումարներ շահելու լաւ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ:
Իսկ ի՞նչ կը մտածեն պատերազմող երկիրներուն մէջ: Սովի ու ծարաւի մատնուած երկիրներուն մէջ: Այն երկիրներուն, ուր նոյնիսկ գրել կարդալ չեն գիտեր, ուր մնաց ոլիմպիական խաղերու մասին լսած ըլլան: Պաղեստինցի 5 տարեկան որեւէ աղջնակ հաստատ շատ պիտի զարմանար, երբ լսէր, որ իր ծնողները սպանուելէ ետք, աշխարհի մէջ մարդիկ հաւաքուած են խաղեր խաղելու` յանուն խաղաղութեան: Անիմաստ ու հակասական: Երեխաները ամէն բան կը գիտնան եւ աւելի արագ կը գիտնան: Երեխաները աւելի լաւ կ’անդրադառնան, երբ զիրենք կը խաբեն: Անոր համար ալ սուտն ու կեղծիքը աւելի համոզիչ ու շքեղ են, ինչպէս օրինակ ողիմպիական խաղերը:
Եւ այսպէս, մենք ունինք ընթացիկ շքեղ կեղծիք, մենք ունինք ամէն օր աւելցող տառապանք: Մենք չունինք համամարդկային որեւէ գիտակցութիւն եւ իրօք արդարամտութիւն, որովհետեւ ամէն ինչէ բացի, որքան ալ արդարացումներ ըլլան, որ ողիմպիական խաղերը պիտի կայանան, միշտ ալ աչքերուդ առջեւ են այն դժբախտները, որոնք հնարաւորութիւն չունին օգտուելու անկէ:
Ողիմպիական խաղերը հարուստներու համար են, ոչ թէ բոլոր մարդոց: Ողիմպիական խաղերը ապահով եւ հզօր երկիրներու խաղալիքներն են, ոչ աւելին:
Ու քանի դեռ մարդկութիւնը կը շարունակէ մէկ կողմէ արիւն թափել, միւս կողմէ ցնծալ, քանի դեռ միլիառներ կը ծախսուին կրկէսներու համար, բայց միլիոնաւոր երեխաներ հաց չունին ուտելու, ապա վերստին կը համոզուիս, որ «մարդ արարածը դեռ հեռու է իր կոչման արժանի ըլլալէ եւ չես գիտեր, թէ երբեւիցէ կը հասնի՞ այդ կոչումին, թէ այդ մէկը կը մնայ իմաստուններու եւ դժբախտներու երազանքը»: