«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, 14 Մայիս 2025։
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով, որոնք յաճախ կը լարէին հանդիսատեսը։ Խօսակցական առօեայէն քաղուած բառամթերքի գործածութիւնը ոչինչ կը փոխէր թատերախաղի արժէքէն, այլ աւելի հարազատ կը դարձնէր զայն: Թատերական լուծում մը, որմէ պէտք չէ վախնալ ու խուսափիլ, մեր կարծիքով: Ներկաները, նոյնանալով դերակատարներու վաւերական խաղարկութեան հետ, անգիտակցաբար կը մղուէին հարցադրելու ու զննելու իրենց ներքին պայքարները, հակասութիւնները, վերլուծելու լուռ տագնապները, եւ ակամայ կը միանային մարդու անվերջանալի որոնումին՝ կեանքի իմաստին։
Թատերախաղին առանցքը կը հանդիսանար քոմայի (մահաքունի) մէջ գտնուող հիւանդ մը՝ Հայկը եւ իր շուրջը գտնուող հարազատները՝ յաճախ լուռ, յաճախ պոռթկացող տառապանքներով: Սակայն, «Կեանք»ը աւելին է, քան բժշկական տրամա մը. ան բանաստեղծական արտացոլումն է այն թաքնուած քոմային, քոմաներուն, զորս մեզմէ շատերը կ’ապրին ամէն օր, երբ կը հրաժարին նպատակ մը հետապնդելէ, ստեղծագործելէ, իրենց ներքին ձայնը լսելէ:
Վահէ Պէպէրեանի փիլիսոփայական ըմբռնումը՝ թէ նպատակ հետապնդելէ, ստեղծելէ դադրիլը կեանքէ հրաժարիլ է, խորապէս կ՚արտայայտուի թէ՛ բեմին վրայ եւ թէ՛ ներկայացման գրքոյկով փոխանցուած իր բացատրական խօսքին մէջ։ հոգեմտաւոր քոմայի գաղափարը՝ հիւանդին ֆիզիքական վիճակին զուգահեռ, յատուկ չէ միայն Լոս Անճելըսի, ուր կը պատահին թատերախաղին գործողութիւնները. ան խիստ հարազատ կը թուի, մանաւանդ Պէյրութի նման քաղաքին մէջ, ուր երբեմն գոյապայքարը կրնայ կուլ տալ երազները։ Բայց ան հարազատ է նաեւ ամբողջ մարդկութեան. համամարդկային վիճակ է:
Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ, թատերախաղը կը զարգանար ներգործող կշռոյթով: Լոյսի եւ երաժշտութեան ստեղծագործ կիրառութեամբ, ան յաջողած էր հմտօրէն հաւասարակշռել լռութեան եւ պոռթկումի պահերը՝ յուսահատութեան եւ դիմադրութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը, պայքարը: Զգալի էր, որ իր ցուցմունքներով, ան ոչ միայն կ’առաջնորդէր իր դերասանական կազմը, այլեւ կը շնչէր անոնց հետ, իր իսկ խոստովանութեամբ: Անոր տասնհինգ տարուայ կապը իր «Թեաթրոն» թատերախումբին հետ շօշափելի էր, եւ այս մտերմութիւնը ճառագայթէր բեմէն:
Բեմադրական հնարամիտ ընտրութիւն էր դարձող բեմի օգտագործումը, որ կ՚երթեւեկէր երկու հիմնական միջավայրերու միջեւ՝ հիւանդանոցի սենեակին, ուր հիւանդը անշարժ կը պառկէր, բայց «կեանքը» ներկայ էր հոն, կը շարունակէր շնչել իր հարազատներուն եւ թատերագիր Ռուբէնի հետ իր լուռ ու միակողմանի «երկխօսութեամբ», եւ տան, ուր ան կ՚ապրէր, կը պայքարէր եւ առօրեայ կեանքի տագնապներ կը դիմագրաւէր, կը յանձնուէր, կը վիճաբանէր կնոջը Սոնային հետ, կը դառնար պարտուողական եւ ենթագիտակցութեան ճնշումին տակ, պատճառ կը դառնար արկածի եւ հոգեմտաւոր քոմայէն ետք՝ ֆիզիքական ինքնաքոմայի։ Այս մնայուն փոփոխութիւնը՝ տեսանելի եւ ապրումներու մակարդակներով լոյս կը սփռէր ֆիզիքական անշարժութեան եւ կենսունակ անցեալի, կեանքի եւ պարտուողական ինքնամեկուսացման միջեւ առկայ մարդկային անվերջանալի հակադրութիւններուն վրայ։
Վարպետ Սուրէնը վարպետօրէն մեզի կը փոխանցէր վաւերական թատերագիր Վահէ Պէրպէրեանի փիլիսոփայական աշխարհահայեացքը:
Դերասանական կազմը ամբողջովին տպաւորիչ էր։ Յարութ Մանուկեան (հիւանդապահ Ռուբէնի դերով), Կարէն Տարագճեան (Հայկի եւ թատերագիր Լեւոնի դերերով), Գոհար Քերոբեան (Սոնա՝ Հայկին կինը), վաստակաշատ Այտա Սրապոնեան Մահսերեճեան (Մարի՝ Հայկին մայրը), Հուրի Պապահէքեան (Շաքէ՝ Հայկին եւ Սոնային դուստրը), Սարին Օհանեան Մարգարեան (Արազ՝ Հայկին եւ Սոնային երկրորդ դուստրը) եւ Ռաֆայէլ Կիւմիւշեան (անխօս հիւանդը, մեզ կը յուշէր, թէ լռութիւնը երբեմն կրնայ ամենազօրաւոր ձայնը ըլլալ) լաւապէս յաջողեցան դրսեւորել կերպարներուն հոգեկան վիճակները եւ իրենց հաղորդականութեամբ՝ յաջողեցան հանդիսատեսը պահել լարուած ու նոյնացած բեմին հետ: Վարձքերնիդ կատա՛ր:
Բնականօրէն, յաջող այս ներկայացման շղթան պիտի չամբողջանար առանց օժանդակ անձնակազմի մը, յանձին՝ Հրայր Խտըշեանի (երաժշտութիւն, յօրինում), Կարէն Տարագճեանի (բեմայարդարում), Գօգօ Մկրտիչեանի (բեմայարդարումի իրագործում) Նաթալի Քիւլխանճեանի (գծանկարչական ծրագրող), Մարտիկ Օթճեանի (բեմադրիչի օգնական) եւ Նարինէ ՔԷհէյեանի (բեմավար): Նշենք, որ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեան ստանձնած էր նաեւ լոյսի եւ ձայնի պատասխանատուութիւնը՝ բեմայարդարման իրագործման իր մասնակցութեան կողքին: Ձեր բոլորին վարձքը կատա՛ր:
Հեղինակ Վահէ Պէրպէրեանի ներկայութիւնը այս երեկոյթին ներկաներուն խանդավառութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին։ Վահէն Լիբանան կը գտնուի՝ ներկայացնելու իր մենախօսութիւններէն «PայTs»-ը, սակայն այդ երեկոյ բեմ բարձրացաւ ոչ թէ stand-up comedian Վահէն, այլ այժմէական ու խորաթափանց թատերագիր մը՝ իր ամբողջական մեծութեամբ։
Վահէին «Կեանք»-ը եւ Սուրէն Խտըշեանի անոր բեմադրութիւնը թատերական պարզ ներկայացում մը չէր, այլ ինքնագիտակցութեան հրաւէր, ապրելու եւ ստեղծագործելու կոչ մը՝ ընդդէմ յուսահատութեան եւ հոգեմտաւոր քոմայի։