Ծանօթանանք Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն

Պետրոս Մանուկեան

Թէեւ քաղաքական ճշգրիտ տեղեկութեան փոխանցումը ընդհանրապէս, ըլլա՛յ ներքին, ըլլա՛յ արտաքին ճակատներու վրայ, գրեթէ անկարելի է անոր բնորոշ յարաբերականութեան պատճառով, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող հայկական քաղաքական կուսակցութիւնները կանոնաւորաբար դասակարգելու որեւէ փորձ աւելի կը բարդացնէ այս առաքելութիւնը: Հայկական քաղաքական կեանքը պարզապէս կուսակցութիւններու այլազան խառնուրդ է: «Այլազան» եզրը, սակայն, դժուար թէ պատկերացում մը տայ այն մեծ-մեծ  զանգուածին մասին, որոնք կուսակցութիւններ կը կոչուին Հայաստանի մէջ: Եթէ տեղեկութեանց ամբողջացումի եւ դասակարգումի համար դիմենք լրատուամիջոցներուն, աւելի եւս կը բարդանայ Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւնները ճշդելու եւ զանոնք դասակարգելու աշխատանքը: Կրնամ վստահեցնել, որ այս յօդուածը կրնայ քանի մը տարբերակներ ունենալ, որովհետեւ երբ փորձենք աշխարհահայեացքի եւ ուղեգիծի դասակարգում կատարել, նոյն քաղաքական կուսակցութիւնը կրնայ զետեղուիլ տարբեր վերնագիրներու տակ, երբեմն նոյնիսկ՝ հակասական ուղղութիւններու մէջ:

Այսուհանդերձ, ցանկ մը կազմելու նպատակով պէտք է ձեւ մը որդեգրել: Նախընտրութիւնս կ’երթայ ձախ, կեդրոն (լիպերալներ), աջ կեդրոնամէտ եւ աջ (ազգայնականներ) բնորոշումներուն: Իմ կարծիքովս, աւանդական դասակարգումը գործնական մօտեցում մը չէ եւ միայն կը նպաստէ յաւելեալ շփոթի յառաջացումին: Կրնանք զանոնք բաժնել նաեւ ներքին եւ արտաքին քաղաքական կեանքի մէջ ըստ անոնց դերակատարութեան եւ աշխարհայեացքին:

Ներքին կեանքի մէջ

  • Իշխող կուսակցութիւնը
  • Իբրեւ կառուցողական ընդդիմութիւն ներկայացող կողմեր (մասնաւորաբար արտախորհրդարանական)
  • Բիրտ ընդդիմութիւնը: Այս դասակարգումին տակ ներկայացող կուսակցութիւնները երբեմն հաւասարապէս անհանդուրժող են իրարու նկատմամբ: Զանոնք նաեւ կարելի է բաժանել երկու ենթախումբի.
  • Ընդդիմութիւն խորհրդարանին մէջ
  • Ընդդիմադիր խորհրդարանէն դուրս

Արտաքին քաղաքական առեւելումներ

  • Ուժեր, որոնք կը նկատուին համակիր Ռուսիոյ
  • Ուժեր, որոնք կը նկատուին արեւմտամէտ եւ հակառուս
  • Ուժեր, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացեն իբրեւ ո՛չ արեւմտամէտ, ո՛չ ալ ռուսամէտ

Նախքան կազմելիք ցանկիս վրայ գտնուող քաղաքական կուսակցութիւններու քննարկումը, կ’ուզեմ մատնանշել անսովոր երեւոյթ մը: Նկատի ունենալով, որ Հանրապետութիւնը ունի շուրջ 3 միլիոն ժողովուրդ, ուշագրաւ է այն, թէ աւելի քան 100 խմբակցութիւններ կը պնդեն, որ իրենք կը ներկայացնեն քաղաքական կուսակցութիւն մը եւ դիմած են գրանցման: Մեծ կուսակցութիւններէն ոմանք յաճախ կը նշեն, որ իրենց ընդդիմախօսները հաւանաբար հազիւ 20 գործունեայ անդամ ունին…

Նաեւ, կ’ուզեմ նշել այն հիմնական նկատողութիւններ, զորս քաղած եմ իմ շփումներէս արեւմտահայերու հետ, որոնք Հայաստան վերադարձած են մնայուն բնակութեան համար, եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայերէն, ներառեալ՝ Միջին Արեւելքի հայերը, որ սփիւռքահայերը ընդհանրապէս ծանօթ չեն Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին եւ հոն գործող քաղաքական կուսակցութիւններուն:

Տակաւին, Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու մեծամասնութեամբ տեղի ուեցած հաւաքներու ընթացքին, նշմարած եմ, որ առաջ կը նետուին քաղաքական առաջադրանքներ, որոնք սփիւռքեան մօտեցումներ են եւ չեն պատշաճիր հայաստանեան իրականութեան: Անհեթեթ է նաեւ այն տեսակէտը, թէ սփիւռքահայ կուսակցութիւնները ներգործոն դերակատարութիւն ունին Հայաստանի մէջ: Ապա ինչպէ՞ս բացատրել աւելի քան 100 կուսակցութիւններու առկայութիւնը եւ ընդհանրապէս ընտրութիւններուն սփիւռքահայ կուսակցութիւններու ստացած այն չնչի՛ն համեմատութիւնները:

Սակայն, շատերը կրնան առարկել այս նկատողութեան: Ճշմարտութիւնը այն է, որ հանրապետութեան մէջ ապրող արեւելահայերուն մեծ տոկոսը նուազագոյն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ: Շատ հաւանաբար, կամ գրեթէ հաստատ, Հայաստանի քաղաքացիներուն շուրջ 85%-ը երբեք չէ անդամագրուած որեւէ կուսակցութեան եւ ուղղակի առնչութիւն չունի անոնց հետ:

Վերադառնալով մեր նիւթին, այս եւ յառաջիկայ յօդուածներով կը սկսինք ներկայացնել Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւնները:

Իշխող կուսակցութիւնը. «Քաղաքացիական պայմանագիր»

Իշխանութեան հասած է 2018-ին թաւշեայ յեղափոխութեան շնորհիւ:

Անոնք յաճախ կը բնութագրուին իբրեւ populist, նոր-ազատական (neoliberal): Չէզոքներու համար այս կուսակցութիւնը կը նկատուի որպէս ազատական կուսակցութիւն, կեդրոն:

Կուսակցութիւնը ինք յայտարարած է, որ չունի յստակ գաղափարական «իզմ», ուստի իրենք զիրենք չեն նկատեր, օրինակ, «ազգայնական կամ ընկերվարական»: (մանրամասնութեան համար՝ սեղմել)

Քաղաքացիական Պայմանագիր իշխող կուսակցութիւնը Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ մեծամասնութիւն ապահոված է 7-րդ եւ 8-րդ երեսփոխանական ընդհանուր ընտրութիւններուն՝ վերանկախացումէն ետք: (Պաշտօնական կայքէջը՝ հոս)

Ընտրութիւններ

Ընտրութիւն Դաշինք Ձայներ % Աթոռներ +/– Դիրք Կառավարութիւն
2018 «Իմ Քայլը» 884,456 70.43 82 / 132  77  առաջին Կառավարութիւն
2021 Առանձին 688,761 53.95 71 / 107  11  առաջին Կառավարութիւն

 Խորհրդարանական ընդդիմութիւն

Խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր գոյութիւն ունի, հիմնականը «Հայաստան» դաշինքն է, կայ նաեւ «Պատիւ Ունիմ» դաշինքը:

2021-ի ընտրութիւններուն

«Հայաստան» դաշինք 269,481 ձայն 21.11% 29 Աթոռ
«Պատիւ Ունիմ» դաշինք 66,650 ձայն 5.22% 7 Աթոռ

«Հայաստան» դաշինք (մանրամասնութիւնները՝ հոս)

Նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ այլ խմբակցութիւններու միջեւ դաշինք մը: Այսօր, մեծագոյն ընդդիմութիւնն խորհրդարանին մէջ. ան կը փորձէ բողոքել թէ՛ խորհրդարանին, եւ թէ՛ փողոցներուն մէջ:

Առաջնորդ Ռոբերթ Քոչարեան
Կարգախօս Դէպի ուժեղ Հայաստան
Հիմնադիր Ռոբերթ Քոչարեան

Իշխան Սաղաթելեան (ՀՅԴ)

Վահէ Յակոբեան (ՎՀԿ)

Հիմնադրուած 9 Մայիսի 2021
ՀՀ Ազգային ժողով 29 / 107
Երեւանի աւագանի 0 / 65

Ըստ 20 Յունիս 2021-ին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն, «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքը ստացած է ընդհանուր ձայներու 21.09%-ը, 29 աթոռ, որոնց մէկը ասորական համայնքի ներկայացուցիչ է:

Հայաստան խմբակցութեան ղեկավարն է Սեյրան Օհանեան, քարտուղարը` Արծուիկ Մինասեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (Մանրամասնութիւններ՝ հոս)

ՀՅԴ-ն ընկերվարական կուսակցութիւն է եւ անդամ է Ընկերվար Միջազգայնականին: Ծանօթ է նաեւ իր ազգայնական սկզբունքներով: Ներկայիս մաս կը կազմէ «Հայաստան» դաշինքին: Հայաստանի մէջ զայն կը նկատեն Ռուսիոյ հետ դաշինքի կողմնակից կուսակցութիւն:

Թերթ Ամսագիր «Դրօշակ»
Մետիա
«Երկիր Մետիա»
Հայաստանի Ազգային ժողով 10 / 107
Լիբանանի խորհրդարան 3 / 128
ԼՂՀ Ազգային ժողով 3 / 33
Կայքէջ arfd.am

Պետրոս Մանուկեան

(Շարունակելի)

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x