Լոյս է հարկաւոր հայ ժողովուրդին. խաւարէն միայն աղէտ կը ծնի

Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։ Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց (Ծննդոց 1):

Աւետիք Իսահակեանի «Ամենապիտանի բանը» գործին մէջ, արեւելքցի թագաւոր մը իր երեք որդիներուն կը յայտնէ, թէ գահը պիտի կտակէ անոր, որ իր կառուցած մեծ շտեմարանը կը լեցնէ այնպիսի պիտանի բանով մը, որով երկիրը կը ծաղկի եւ ժողովուրդը կ’երջանկանայ: Անդրանիկ որդին բուռ մը ցորեն կը հանէ գրպանէն եւ կ’ըսէ, թէ հացով կը լեցնէ այդ շտեմարանը, քանի որ հացն է ամենէն պիտանի բանը: Միջնեկ որդին բուռ մը հող կը հանէ եւ կ’ըսէ, թէ հողով կը լեցնէ շտեմարանը, քանի որ հողն է ամենէն պիտանին․ առանց հողի հաց չկայ: Կրտսեր որդին մոմ կը հանէ գրպանէն, կը վառէ զայն եւ կ’ըսէ․

«լոյսով կը լեցնեմ այս ահագին շտեմարանը, իմաստուն հայր, լոյսով միայն: Շատ թափառեցայ, շա՛տ աշխարհներ տեսայ, բայց լոյսէն աւելի անհրաժեշտ ո՛չ մէկ բան գտայ: Լոյսն է ամենապիտանի բանը աշխարհի մէջ: Առանց լոյսի հողը հաց չի ծնիր, առանց լոյսի հողին վրայ կեանք չէր ըլլլար: Շա՛տ թափառեցայ, շա՛տ աշխարհներ տեսայ եւ գտայ, որ գիտութեան լոյսն է ամենապիտանի բանը, եւ միայն գիտութեան լոյսով կարելի է կառավարել աշխարհը»:
Եւ հայրը գահը կը կտակէ կրտսեր որդիին:

Այսօր մենք բոլորս լոյսի կարիք ունինք: Գիտութեան եւ կրթութեան լոյսի իրաւունք, քանի որ նոյնիքն այդ լոյսին բացակայութիւնն ու խաւարը մեզ կը նետեն յետամնացութեան անդունդը, ուր ոչ մէկ միտք կը ծնի, ոչինչ կը զարգանայ: Եւ յետամնացութեան խաւարը աւելի սարսափելի է, քան ամենէն մութ ճահիճը: Մենք, առանց չափազանցութեան, նման ճահիճի մը մէջ ենք` լճացած մեր խաւարին մէջ, ուր երբեմն միայն լոյսի ինչ որ արտացոլումներ կ’երեւին միայն, ուր խաւարը կ’արձագանգէ միայն խաւարին: Եւ այս կաթիլ մը չափազանցութիւն չէ: Ես երջանիկ կ’ըլլայի, եթէ չափազանցութիւն ըլլար, բայց ցաւով կը նշեմ, թէ մենք այսօր դատարկ շտեմարան մըն ենք, որ առայժմ լեցուած է դատարկութեամբ:

Մենք լոյսի կարիք ունենք այնպէս, ինչպէս կէսգիշերին իր սեփական տան մէջ խարխափող մարդը, որ, թէեւ անգիր գիտէ սենեակին չափը, գիտէ ուր ինչ դրուած է, բայց միեւնոյնն է, ոտքերը ձեւով մը առաջ կը շարժէ, կիսակռացած, վիզը` ձգած, ձեռքերը առջեւ պարզած ու միշտ վախով, որ հոն` մութին մէջ միշտ ինչ որ բան մը կայ: Ու երբ մութին մէջ որեւէ բան կը չխկայ, ապա իր իսկ սեփական տան մէջ գտնուող մարդը պատրաստ է նոյնիսկ հաւատալու, որ իր տան մէջ վիշապ կայ: Բայց ահա երբ կը միացնէ լոյսը, ամբողջ սարսափը կ’անհետանայ նոյն պահուն, ամէն ինչ կ’երեւի պարզ ու վախն ալ՝ անհեթեթ :

Բայց եթէ մարդը կրնայ վախնալ կամ ոտքը զարնել որեւէ աթոռի եւ պահարանի նոյնիսկ երբ գիտէ, թէ ուր կը գտնուի լոյսը, ապա տգիտութեան խաւարին մէջ սողացող ժողովուրդը չի գիտեր, թէ յաջորդ քայլին իր ոտքը ինչի՞ կը հանդիպի: Չի գիտեր, թէ արդեօ՞ք փոքր փոս մըն է իր առջեւը, թէ՞ գահավէժ անդունդ մը: Եւ իւրաքանչիւր քայլը կրնայ վերջինը ըլլալ, որովհետեւ մթութեան մէջ չես գիտեր, թէ ուր կ’երթաս: Ժողովուրդը կրնայ կործանիլ իր այդ տեւական մթութեան պատճառով: Եթէ չկործանի ալ, ապա թերեւս դառնայ խաւարասէր, գիշերային որեւէ միջատ կամ կենդանի, որ արդէն կ’ուզէ լոյսէն փախչիլ, որովհետեւ ինք արդէն վարժ է խաւարին:

Նկատա՞ծ էք, որ նոյնիսկ քանի մը վայրկեան զանոնք փակ պահելէ ետք, երբ կը բանանք ձեր աչքերը, ապա դժուար կը յարմարիք լոյսին: Նոյնն է պարագան ժողովուրդին: Երկար ժամանակ խաւարի մէջ մնացած ժողովուրդը կրնայ չյարմարիլ լոյսին, մերժել զայն, փախչիլ անկէ: Խաւարի մէջ ոչինչ կը ծաղկի, ոչինչ կ’ապրի, ոչինչ կը զարգանայ: Խաւարի մէջ չեն ապրիր՝ կը մահանան:

Մենք լոյսի կարիք ունինք, որովհետեւ միայն լոյսի մէջ կրնանք տեսնել մենք զմեզ ու մեր ճանապարհը, մեր աշխարհը: Տեսնել, ուր կը գտնուինք: Միայն լոյսով կրնանք տեսնել ճամբան ու չգահավիժիլ անդունդ: Լոյսը կեանքի գրաւականն է: Եւ այդ լոյսը ժողովուրդին համար` կրթութիւնն ու գիտութիւնն է: Միայն կրթութիւնն է, որ անօրէն ամբոխը կը վերածէ գիտակից ժողովուրդի, այնպէս, ինչպէս, որ խաւարը կրնայ ամենէն բարեպաշտ ժողովուրդը վերածել սատանայապաշտի:

Եւ այսօր մենք բոլորս լոյսի կարիք ունինք որեւէ ժամանակէ աւելի: Եւ այդ լոյսը միայն տառերը ճանչնալը չէ, այլ սկզբունքայնօրէն կիրթ ու գիտակից ըլլալը: Հիմա խաւարը կ’արտայայտուի կիսագրագիտութեամբ, կենցաղային իմաստակութեամբ, գռեհկութեամբ, սինիզմով, այլամերժութեամբ, պատեհապաշտութեամբ եւ այլն: Հիմա մարդիկ կարդալ գիտեն, ի տարբերութիւն անցեալ դարերու: Բայց ի՞նչ պէտք է կարդան անոնք: Եւ հայոց մտաւորականները կամ անոնք, որ իրաւունք ունին այդ անուամբ հպարտանալու, արդեօք կը գիտակցի՞ն, որ ճիշդ այս պահուն իրենց դիմաց կը կործանի սերունդ մը եւս: Արդեօք կը գիտակցի՞ն, որ պարզապէս գիրք գրել ու մէկ կողմ քաշուիլը բաւարար չէ: Որովհետեւ միայն լոյսը այլեւս բաւարար չէ, լոյսը պէտք է մեծցնել, շատցնել, բազմապատկել: Որովհետեւ մարդիկ իրենք իրենց պարզ չեն երթար լաւին ետեւէն, եթէ անոնց այդ լաւը չսորվեցնեն, չուսուցանեն: Բոլորն են կը հասկնան, որ մանուկներուն Քանթ չեն դասաւանդեր: Մանուկներուն համար նոյնն են Քանթն ու Խիկար Իմաստունը: Կը նշանակէ, թէ Քանթ կը կարդայ ան, որ այդքա՛ն իմաստուն է դարձած: Բայց ո՞վ պիտի կրթէ, ո՞վ լոյսի մասին պիտի խօսի: Ո՞վ, ո՞ր մտաւորականը այնքա՛ն քաջ է, որ նաեւ ուսուցանելու խիզախութիւն ունի: Որովհետեւ, եթէ իր ժողովուրդը անգէտ մնայ, ապա պիտի չհասկնայ զինք, նոյնիսկ եթէ ան նոր «Ֆաուսթ» մը ստեղծած է:

Յիսուս Քրիստոս մարդիկ փրկելու եկաւ Ուսուցիչի եւ ոչ թէ պարզապէս իմաստունի կերպարով: Ան եկաւ իր վարդապետութեամբ, եկաւ սորվեցնելու, եկաւ ցոյց տալու չարն ու բարին: Ան եկաւ ո՛չ միայն մեր մեղքերը քաւելու, այլ ընտրութեան իրաւունքէն բացի, ճանչնալու հնարաւորութիւն տալու մեզի. որ մարդը հասկնայ լոյսի ու խաւարի տարբերութիւնը: Եւ ճիշդ մեր մեծ Ուսուցիչը մեզի սորվեցուց եւ սորվեցնելէն բացի, պատգամեց, որ միւսներն ալ երթան, քարոզեն լոյսը, ճշմարիտը, որովհետեւ իր աստուածային մեծութեանը յատուկ բարութեամբ գիտէր, որ չի կրնար դատել մէկը, որ ծանօթ չէ լոյսին:

Եւ այժմ, մենք կրնա՞նք պնդել, որ հիմա բոլորը կը ճանչնան լոյսը ու սիրեն զայն: Արտաքուստ, ծիսական առումով՝ թերեւս: Բայց այս ի՞նչ դժբախտութիւններ կը պատուհասեն մեզ ու մեր հայրենիքը: Կրնա՞յ ըլլալ որ լոյսը ճանչցող ժողովուրդ մը ինքնակամ իր ճակատագիրը կը վերածէ սարսափի ձորի: Եւ ինչո՞ւ չի ճանչնար: Ո՞ւր են անոր ուսուցիչները:

Եւ այս բոլորին միակ պատճառը այն է, որ մենք այսօր ականակիր խաւարի մատնուած ենք: Ու չկան անոնք, որոնք ոչ թէ կը գրեն ու կը ստեղծագործեն իրենք իրենց համար, այլ անտէր չեն թողուր իրենց ժողովուրդը, կը կրթեն զայն, կը դաստիարակեն: Երիտասարդներն ու պատանիները ի սկզբանէ չեն համարեր անիծուած այլասերածներ, որոնց կը հետաքրքրէ միայն սեռային այլանդակ կեանքն ու դրամին գայթակղիչ ճամբան, որուն հասնելու համար բազմաթիւ արժանապատւութիւններ կը խորտակուին: Արդեօ՞ք դեռ մեր մէջ կան անոնք, որոնք կը փորձեն իրենց ժողովուրդը կրթել, գիտութեան լոյսով լուսաւորել անոնց վաղուան ճանապարհը, որ վաղը մենք հասկնանք, թէ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը ուր կը տանինք: Կը տանինք դարուփոս ճամբաներո՞վ, թէ՞ արդէն հասած ենք անդունդի եզրին:
Եւ, վաղը, հերթական սարսափի մը շեմին, մեզմէ քանի՞ հոգին ինքզինք պատասխանատու պիտի նկատէ այն աղէտին համար, որ իր գլխին շարունակաբար կը բերէ խաւարի մէջ մնացած մեր ժողովուրդը: Եւ դեռ քանի՞ անգամ մեր ժողովուրդը պիտի տառապի սխալելով ու տապալելով, մինչեւ որ իր իմաստունները զայն ալ յիշեն ու մեռելները յիշելու ժամանակ՝ ողջերը չմոռնան:

Լեհ գրող Հենրիք Սենքեւիչի «Յո՞ երթաս» (“Quo Vadis” – 1896) գիրքին մէջ (լեհերէնէ թարգմանած է ազգագրագրէտ Ստեփան Լիսիցեան), երբ Պետրոս առաքեալ մահէն պրծելու համար խոյս կու տայ Հռոմէն, անոր կ’երեւի Քրիստոսը, որ դէպի Հռոմ կ’ուղղուէր: Պետրոս ապշահար կը հարցնէ․ «յո՞ երթաս (ո՞ւր կ’երթաս) Տէ՛ր» եւ Պետրոսի ականջին կը հասնի տխուր ու քաղցր ձայն մը, որ կ’ըսէր.

– «Կ’երթամ Հռոմ երկրորդ անգամ խաչուելու»:

Պետրոս կը հասկնայ Քրիստոսի անուղղակի թելադրանքը ու կը վերադառնայ Հռոմ՝ ընդուելով, որ իրաւունք չունի թողելու իր ժողովուրդը, որովհետեւ Քրիստոսն ալ զիրենք չէր լքած: Եւ արդեօ՞ք մեր մէջ կ’արթնանան անոնք, որոնք կը հասկնան, թէ իրաւունք չունին թողելու իրենց ժողովուրդը, որովհետեւ ան կրնայ կորչիլ տգիտութեան խաւարին մէջ:

Եւ կ’արթննա՞ն արդեօք:

Եւ դեռ քանի՞ անգամ պիտի խաչուի Քրիստոսը:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Գեղամ
Գեղամ
6 months ago

Ցավո՜ք, միայն հարցեր են բարձրացվում, իսկ լուծումների առաջարկներ չկան: Բոլորն էլ կամ մեծ մասը գիտե, որ խավար է, բայց ինչպե՞ս այն ցրել:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x