Ինքնախաբէութեան Արուեստը (Յուշեր՝ համալսարանական կեանքէ)

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Համալսարանի դասախօսներու գրասենեակներուն զուգահեռ նրբանցքին մէջ, ծանօթ-անծանօթ դէմքեր, բազմաձայն աղմուկ, դասապահերու ուշացած արագընթաց քայլեր, ու յանկարծ․․․ ժպիտ մը։ Յասմիկին ժպիտն էր, իր փայլուն աչքերուն մէջէն շողացող։

—Լի՛զա, դուն հո՞ս ես,— ըսաւ ան, երբ զիս տեսաւ Միսիս Ֆէյին գրասենեակը։

—Այո՛ Յասմիկ, կէս ժամէն ազատ կ՛ըլլամ եւ գաֆիթերիան կը տեսնուինք,— ըսի սերտ բարեկամուհիիս։

Ութսունական թուականներուն, խառնափնդոր սահմանագիծ մը Պէյրութը բաժնած էր Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու։  Անցման կէտը մտատանջութիւն եւ սարսափ կը յարուցէր անցորդներուն։ Սահմանագիծին բոլորտիքը՝ շատ մը արձակազէներ իրենց մարդ «որսալու» գործընթացին մէջ աշխոյժ էին։  Նշանաւոր եւ մեծ համալսարանները ընդհանրապէս արեւմտեան Պէյրութի մէջ կը գտնուէին, իսկ արեւելեան Պէյրութի կարգ մը շրջանները, յարաբերաբար, աւելի ապահով ըլլալով՝ շատ մը համալսարաններ, փոքր մասնաճիւղ մը հաստատած էին հոն։ Այդ օրերուն, ինծի համար ալ աւելի յարմարաւէտ էր արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող համալսարան մը յաճախել:

Փոքր էր մեր համալսարանը, սակայն զեղուն էր կեանքով ու եռանդով։ Կեանքի ամենահետաքրքրական շրջադարձերը յաճախ կը ծաւալին համալսարանի բակին մէջ։ Հոն է, երբ առաջին անգամ սորվեցանք ազատ մտածել, բանավիճիլ, ապագայի երազներով հմայուիլ, հաւանաբար սիրահարիլ․․․

Տարիները անցան, բայց այդ բակին ծառերը, գարնան արեւով ողողուած պատուհանները, որոնց ընդմէջէն հայացքդ կը թաւալի դէպի շողշողուն ապագայ․ ուսանողական անհոգ ծիծաղը, իւրաքանչիւր դասախօսի յատուկ արտայայտութիւնները տակաւին կ՛ապրին յիշողութեանս բոլոր անկիւններուն մէջ։

Մեր համալսարանի «համբաւ» վայելող դասախօսներէն մէկն էր Միսիս Ֆէյը․ միջին տարիքի, սրամիտ, աշակերտներուն հարցերը հոգածութեան առարկայ դարձուցած եւ բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած ոււսուցչուհի մը։ Ան երկու նիւթ դասաւանդած էր ինծի եւ գրեթէ լաւ ճանչցած էր զիս։ Համալսարանի թատրոնի խումբին մէջ ալ միասին աշխատակցած էինք։ Օր մըն ալ ըսաւ.

—Լի՛զա, ես ուսանողուհիի մը պէտքը ունիմ, որ իմ բացակայութեանս՝ գրասենեակիս գործերը ստանձնէ. հեռաձայնին պատասխանէ, ժամադրութիւններս դասաւորէ․․․ կրնա՞ս ազատ ժամերուդ ստանձնել այս պատասխանատուութիւնը։

Միսիս Ֆէյին խօսքերը, անկեղծ ըլլալու համար, փաղաքշական ազդեցութիւն մը ունեցան․ մտածեցի, թէ որքա՜ն վստահութիւն ունէր ինծի հանդէպ։ Առաւել՝ յարմար առիթ մըն էր ուսանողներուն եւ դասախօսներուն հետ յաւելեալ շփում ունենալու։

—Անշո՛ւշտ,— ըսի ուրախութեամբ եւ յաջորդ օրն իսկ ստանձնեցի իմ նոր «պաշտօնս»։

Երկու օր ետք, դէպք մը պատահեցաւ, այն օրը, երբ Յասմիկը զիս տեսած էր գրասենեակին մէջ։ Ուրեմն ուղղուինք դէպի գաֆիթերիա, հանդիպելու Յասմիկին։

Գաֆիթերիան՝ համալսարանին ամենէն խճողուած վայրն էր։ Այլազան ու ախորժաբեր ճաշի բոյրերը եւ մտերմիկ զրոյցները, ջերմ մթնոլորտ մը կը ստեղծէին եւ կարծես «ներս հրաւիրելու» ներգործութիւն մը ունէին ուսանողներուն վրայ։ Վիգէնն ու Նելլին գլուխ գլխի տուած կը խօսակցէին։ Քիչ մը անդին, Սահարը, Ռուլան եւ Սամիրը նիւթի մը շուրջ կը ծիծաղէին։ Յասմիկին պատմեցի, թէ երկու օրէ սկսած եմ աշխատիլ Միսիս Ֆէյին գրասենեակը եւ թէ այդ օրը անհաճոյ դէպք մը տրամադրութիւնս փոխած էր։

Ուսանող մը, որուն հարեւանցի կը ճանչնայի եւ որուն անունն իսկ չեմ յիշեր, գրասենեակէն ներս մտաւ եւ քիչ մը կմկմալէ ետք ըսաւ։

—ըսելիք մը ունիմ, բայց խօսքը մեր մէջ․․․

—Այո,— ըսի։

—Ես Միսիս Ֆէյին դասաւանդած մէկ նիւթի գրաւորին շատ ցած նիշ մը առած եմ․ կարծեմ պիտի ձախողիմ այդ նիւթին մէջ եւ առաւել ընդհանուր միջինս վայրէջք պիտի կատարէ։ Կրնա՞մ ուսուցչուհիին նիշի տետրակին մէջ նիշս փոխել։

Այլայլեցայ անոր ըսածին վրայ, ապա պահ մը ինքզինքս շտկելով՝\

—Երբե՛ք,— ըսի ջղայնացած։

Նախապէս նիշերը ձեռագիր կը գրուէին․ իսկ Միսիս Ֆէյին նիշերու տետրակը միշտ իր գրասեղանին վրայ էր։ Այդ երկու աշխատանքային օրերու ընթացքին, ես ինքզինքիս թոյլ չէի տուած նոյնիսկ բանալու այդ տետրակը։

—խօսքը մեր մէջ թող մնայ, բայց իրապէս պիտի ձախողիմ,— ըսաւ։

Միսիս Ֆէյը ինծի վստահած է իր գրասենեակը․ Ինչպէ՞ս կրնամ զինք խաբել․․․անկարելի է․․․աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ յաջորդին դասերդ պէտք եղածին պէս պատրաստես,—ըսի։

Քանի մը անգամ նոյն յանկերգ կրկնելէ ետք, նկատեց թէ ես հաստատ եմ իմ որոշումիս վրայ, քիչ մը տատամսեցաւ եւ ապա ճարահատ հեռացաւ։

—Անհաւատալի՛ է,— ըսաւ Յասմիկը։

—ի՜նչ ուսանողներ կան,—ըսի,—որոնք նուազագոյն արժանապատուութիւնն իսկ չունին։

Յաջորդ օրը, երբ Միսիս Ֆէյը գրասենեակ վերադարձաւ, բան չըսի պատահարին մասին․ չուզեցի խնդիրը աւելի կնճռոտել։ Վստահ էի, թէ հարց պիտի տար, թէ ո՞վ է այդ ուսանողը  եւ թէ այդ դէպքը ի՜նչ բացասական անդրադարձեր պիտի ունենար։

Համալսարանը քեզի կը նախապատրաստէ «իրական» կեանքի։ Կը ձեւաւորէ մտածողութիւնդ, պատասխանատուութիւնդ եւ աշխարհայեացքդ։ Սակայն կը հանդիպիս տարբեր նպատակով համալսարան յաճախող ուսանողներու։ Շատեր լուրջ հետեւողներ են համալսարանի ծրագիրին  եւ մտադրած են փայլուն ապագայ մը կերտել։ Ոմանք վստահ չեն, թէ ինչու համալսարան կը յաճախեն, իսկ ուրիշներ ինքնախաբէութեան մը զոհն են։

Այսօր որքա՜ն ինքնախաբէութիւն կայ մեր շուրջը։ Մարդ ինչո՞ւ կը խաբէ․ Ինչ որ կը համընկի իր ցանկացածին, այդ կ՛ընտրէ, նոյնիսկ եթէ իրականութիւնը հակառակն է։ Կ՛աղաւաղէ ճշմարտութիւնը՝ յաղթահարելու իր վախերը, անապահովութեան կամ կեանքի դաժան իրողութիւնները։ Որքան ալ ինքնախաբէութիւնը ժամանակաւոր հանգստութիւն տայ, անոր կուտակումը կրնայ խորացնել ներքին բաժանումը մեր իսկ «եսին» հետ։ Երբ մարդ կը հաւատայ իր սուտին, այդ սուտը կ՛ընդունի ճշմարտութեան դիմակով, կը դառնայ ամենավտանգաւոր խաբեբան։ Հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար, մարդ իրականութիւնը կը խեղաթիւրէ։

Այս տեսակ անձեր կարողութիւնը չունին իրականութիւնը եւ անոր անդրադարձերը ընդունելու, որովհետեւ իրականութիւնը կը հակասէ իրենց ակնկալիքներուն․․․։ Ինքնախաբէութիւնը՝ «լաւ» զգալու միջոց մըն է, բայց երանի՜ գիտնան, թէ որքա՜ն սուղ պիտի վճարեն սուտին հետեւանքները կրելով․․․

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

 

 

 

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x