Ինչպէ՞ս կարելի է մեծ մտածող դառնալ

Սոյն յօդուածը կը պատկանի Financial Times-ի սիւնակագիրներէն Սայմըն Քիւփըրի գրչին եւ լոյս տեսած է 22 Մայիս 2025-ին: Քիւփըր, ծանօթ իր խորաթափանց ու բազմաբնոյթ մեկնաբանութիւններով, կը խօսի լաւագոյն մտածողներու յատկութիւններուն մասին եւ կը ներկայացնէ անոնց յատուկ մտային սովորութիւնները, որոնցմէ կրնանք բոլորս սորվիլ՝ խելախօսի (smartphone) այս հիւծող ժամանակաշրջանին։ Յօդուածը կու տանք թարգմանաբար։

Սայմըն Քիւփըր

Մարդոց մեծամասնութիւնը երթալով աւելի բթամիտ կը դառնայ։ Մեծաւ մասամբ խելախօսի պատճառով, այսօր կ՚ապրինք ուշադրութեան նուազումի, կարդալու, թուաբանական կարողութիւններու եւ լեզուական դատողութեան անկումի ժամանակաշրջան մը։ Բայց ինչպէ՞ս կարելի է շրջել այս հոսանքը։ Ես ներկայացուցած եմ լաւագոյն մտածողներէ քաղուած եօթը մտային սովորութիւններ։ Ճիշդ է, այս մարդիկը այլ մակարդակի մտածողներ են։ Համակարգչային փոխաբերութեամբ, անոնց բարձր «մշակման հզօրութիւնը» թոյլ կու տայ իրենց մշակելու բազմաբնոյթ տուեալներ` արագ եւ խորքային։ Այլ խօսքով, անոնք ունին մտաւոր գերունակութիւն։ Այդուհանդերձ, մենք կրնանք շատ բան սորվիլ անոնց մեթոտներէն։ Այս սովորութիւնները կրնան պարզ հնչել, բայց քիչերն են, որ կ՚ապրին անոնց համաձայն:

Գիրք կարդացէ՛ք։ Գիրքը տակաւին աշխարհի բազմաշերտ բարդութիւնները փոխանցող լաւագոյն արհեստագիտութիւնն է։ Այդ բարդութիւնը կը հակակշռէ գաղափարախօսական պարզացումները։ Մարդիկ, որոնք կ’ուզեն պարզացնել աշխարհը, կը նախընտրեն առցանց դաւադրական տեսութիւնները։

էքրաններ (պաստառ, screen) շատ մի՛ գործածէք։ Այդ ձեւով շատ աւելի ժամանակ կ՚ունենաք գիրք կարդալու, եւ ձեր մտքին մէջ կը ստեղծուին միջանկեալ պահեր, երբ ան անգործ կը մնայ, կը թափառի ազատօրէն եւ կը կազմէ նոր կապեր։ Տարուին, Նիցչէ եւ Քանթ այսպիսի պահեր ապրած են քալած ատեն, զբօսանքի պահուն։ Կենսաքիմիագէտ Ճենիֆըր Տաուտնա կ՚ըսէ, թէ իր ներշնչումները կը ստանայ «լոլիկի բոյսերուս շուրջ մոլախոտերը մաքրելու ժամանակ» կամ քունի մէջ։

Կատարեցէ՛ք ձեր սեփական աշխատանքը, ո՛չ աշխարհին։ Լաւագոյն մտածողները շատ ժամանակ չեն կորսնցներ դրամ վաստկելու կամ հեղինակութեան աստիճանը բարձրանալ փորձելով։ Ճենիֆըր Տաուտնան լքեց Պըրքլին եւ Genentech կենսաքիմիական ընկերութեան միացաւ՝ հոն նորագոյն գիտական հետազօտութիւններու բաժինը ղեկավարելու: Սակայն, երկու ամիսէն վերադարձաւ Պըրքլի՝ գիտական լիակատար ազատութեան կարիքը զգալով, եւ վերջ ի վերջոյ շահեցաւ քիմիագիտութեան Նոպելեան մրցանակը՝ CRISPR ծինային խմբագրումի գործիքը համահնարելուն համար։

Եղէ՛ք բազմաբնոյթ։ Նախապատերազմեան Վիեննան ծնունդ տուաւ մտածողներու սերունդի մը՝ Ֆրոյտ, Հայէք, Քըրթ Կէօտել եւ անկրկնելի բազմագիտակ Ժան վոն Նոյմըն։ Քաղաքին համալսարանի կառուցուածքը նպաստեց այս մտաւոր բեղմնաւորութեան։ Առարկաներու մեծ մասը կը դասաւանդուէր կա՛մ իրաւաբանական, կա՛մ փիլիսոփայական բաժիններուն մէջ, եւ մասնագիտութիւններուն միջեւ խստօրէն ճշդուած սահմաններ չկային։ Ռիչըրտ Քոքեթ իր Vienna: How the City of Ideas Created the Modern World գիրքին մէջ կը գրէ. ««գիտական» եւ «մարդկայնական» նիւթերու միջեւ կամայական բաժանում չկար. ամէն ինչ «փիլիսոփայութիւն» էր՝ իր մաքուր իմաստով՝ հիմնարար հարցերու ուսուցում»։

Հայէք, օրինակ, «տան մէջ ուսանած էր բուսաբանութիւն՝ գրեթէ մասնագէտի մակարդակով։ Այնուհետեւ իրաւաբանութեան վկայական առաւ, համալսարանէն քաղաքական գիտութիւններու դոկտորական կոչում ստացաւ, բայց… իր համալսարանական ժամանակին մեծ մասը հոգեբանութիւն կը սորվէր՝ նախքան հռչակաւոր տնտեսագէտ մը դառնալը»։

Մասնագիտական փակ շրջանակները ճեղքելը կը հակասէ ակադեմական արդի համակարգին։ Իւրաքանչիւր գիտակարգի մէջ կուտակուած հսկայ գիտելիքը կը պահանջէ աննախադէպ մտային հմտութիւն եւ վերամշակման կարողութիւն։ Սակայն մէկ բնագաւառի մէջ ձեռք բերուած ըմբռնումները կրնան արմատապէս փոխել ուրիշ մը։ Հոգեբան Տանիել Քահնըման արժանացաւ տնտեսագիտութեան Նոպելեան մրցանակին՝ մարդուն ոչ-տրամաբանական վարքագիծին վերաբերող իր բացայայտումներուն համար։

Եղէ՛ք փորձարարական (empiricist), բայց մի՛ մոռնաք արժեւորելու գաղափարները։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, Իսայա Պերլին առաջին քարտուղարի պաշտօնը կը վարէր Բրիտանիոյ դեսպանատան, Ուշինկթընի մէջ։ Ամերիկայի քաղաքական կացութեան մասին անոր փորձարարական շաբաթական զեկոյցները հոյակապ վկայութիւններ էին աշխարհի այն ժամանակուայ իրականութեան մասին: Անոնք այնքան կը տպաւորեն Ուինսթըն Չըրչիլը, որ փափաք կը յայտնէ անձամբ հանդիպելու անոր։ (Թիւրիմացութեան մը հետեւանքով, Չըրչիլ ճաշի կը հրաւիրէ ոչ թէ Իսայան, այլ երաժշտահան Իրվինկ Պերլինը։ Իրվինկ Պերլին շփոթի կը մատնուի, երբ Չըրչիլ հարց կու տայ իրեն՝ «Երբ կը կարծէք, որ Եւրոպայի պատերազմը պիտի աւարտի՞»:)

1944 Մարտին, Իսայիա Պերլին  ռմբակոծիչ օդանաւով մը Ուաշինկթընէն կը վերադառնայ Լոնտոն։ Ան պարտաւոր էր ամբողջ թռիչքին ընթացքին թթուածնային դիմակ կրելու, չէր կրնար քնանալ՝ շնչահեղձ ըլլալու վտանգով, եւ չէր կրնար կարդալ, որովհետեւ լոյս չկար։ «Մարդ կը մատնուի սարսափելի վիճակի: Անհաւատալի բան էր. ես ստիպուած էի մտածելու եօթը կամ ութ ժամ անընդհատ», կը յիշէր ան։ Այդ երկար միջանկեալ պահուն Պերլին կ’որոշէ գաղափարներու պատմաբան դառնալ։ Վերջ ի վերջոյ, ան կը գրէ դասական դարձած աշխատութիւններ՝ «Ոզնին եւ աղուէսը» (1953) եւ «Ազատութեան երկու հասկացողութիւնները» (1958)։

Միշտ ենթադրեքէ՛ք, որ կրնաք սխալիլ։ Միջակ մտածողները կը նախընտրեն հաստատել իրենց նախնական ենթադրութիւնները։ Այս «հաստատման կողմնակալութիւնը» կը խանգարէ, որ անոնք հասնին նոր կամ աւելի խոր ըմբռնումներու։ Իսկ Տարուին՝ ընդհակառակը, միշտ փաստարկներ կը ձեւակերպէր իր իսկ տեսութիւններուն դէմ։

Միշտ սորվեցէ՛ք բոլորէն։ Միայն միջակութիւններն են, որ չափահաս դառնալով կը պարծենան, թէ 18 տարեկանին ո՛ր համալսարանը յաճախած են։ Անոնք կը կարծեն, թէ խելքը ընդհանրապէս բնածին է ու անփոփոխ։ Սակայն ճշմարտութիւնը այն է, որ մարդ կեանքին ընթացքին կրնայ աւելի կամ պակաս խելացի դառնալ՝ կախեալ, թէ որքան լրջօրէն կը մտածէ։ Լաւագոյն մտածողները միշտ պատրաստ են սորվելու ուրիշներէ՝ անկախ անկէ, թէ անոնք ինչ տարիք կամ ընկերային դիրք ունին։ Կը յիշեմ ընթրիք մը, ուր ամենէն քիչ խօսողներն ու ամենէն ուշադիր մտիկ ընողները երկու Նոպելեան մրցանակակիրներն էին։

Թարգմանութիւն՝ Վ. Թէնպէլեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x