Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեան 19 մայիս 2025-ին հիւրընկալուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ՝ հանրային յատուկ հանդիպումի մը համար: Փաթափութեանի հետ հանրային զրոյցը վարեց փորթուկալցի գիտական լրագրող Սառա Սան՝ հանդիսատեսին եզակի հնարաւորութիւն տալով ծանօթանալու դոկտոր Փաթափութեանի անձնական եւ ակադեմական ուղիին՝ Պէյրութէն մինչեւ Քալիֆորնիա, ու անոր գիտական նուաճումներուն, որ յանգեցաւ 2021 Բնախօսութեան եւ Բժշկագիտութեան Նոպէլեան Մրցանակի տիրացումին:
Լիբանան ծնած ամերիկահայ Քալիֆորնիաբնակ առաջատար միջազգային գիտնականը առաջին անգամ կապ հաստատած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան որպէս ուսանող 1985-ին՝ կրթաթոշակ ստանալով Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքէն։ Կրթանպաստին շնորհիւշ ան իր համալսարանական ուսումը սկսաւ հանրայայտ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Այդ առաջին քայլը՝ կրթաթոշակի ձեռագիր դիմումնագիրով, մեկնարկեց ուղի մը, որ զինք տարաւ տարբեր ցամաքամասեր եւ վերափոխեց հանրութեան պատկերացումները մարդուն զգայական համակարգին մասին:
Արտեմ Փաթափութեան խօսեցաւ իր կեանքին եւ գիտական հետազօտութիւններուն մասին՝ անդրադառնալով նաեւ տեղահանութեան ու վերափոխումի մարտահրաւէրներուն: Անոր կեանքի պատմութիւնը դիմադրողականութեան, հետաքրքրասիրութեան եւ համայնքային կայուն կապերու պատմութիւն մըն է՝ Լիբանանի մէջ հայկական դպրոց յաճախելէն մինչեւ քաղաքացիական պատերազմը, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ UCLA-ի եւ Caltech-ի իր անցած ակադեմական ուղին:
Նոպէլեան մրցանակի արժանացած անոր հետազօտութիւնները կը կեդրոնանան ջերմաստիճան եւ հպում զգացող կենսաբանական ընկալիչներու վրայ: Այս յայտնագործութիւնները լայնածաւալ հետեւանքներ ունին ջղաբանութեան եւ բժշկութեան համար՝ լուսաբանելով թէ մեր մարմինները ինչպէ՛ս կը փոխազդեն ֆիզիքական աշխարհին: Դոկտոր Փաթափութեան ներկայիս ջղաբանութեան դասախօս է Scripps Research հիմնարկին մէջ, եւ հիմնական հետազօտող՝ Howard Hughes Medical Institute-ի մէջ. երկուքն էլ համաշխարհային ճանաչում ունեցող կենսաբանութեան հետազօտական կեդրոններ են:
Լիզպոն այցին ժամանակ, Դոկտոր Փաթափութեան հանդիպեցաւ նաեւ Հիմնարկութեան նախագահ՝ Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժոյին եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի այլ անդամներու հետ: Ան այցելեց Կիւլպէնկեան թանգարանի ցուցահանդէսները, ինչպէս նաեւ՝ ժամանակակից արուեստի թանգարանը: Յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ գիտութեան ոլորտի ներկայ կրթաթոշակառուներու եւ Փորթուկալի հայ համայնքի որոշ անդամներու հետ: Արտեմ Փաթափութեան կը ներկայացնէ հայկական Սփիւռքի փորձառութեան լաւագոյն օրինակներէն՝ ցեղասպանութենէն վերապրածներու թոռ, որ կը դիմագրաւէ ինքնութեան մարտահրաւէրներ ու արհաւիրքներ, եւ բարձրագոյն մակարդակով կը նպաստէ համաշխարհային գիտելիքին։
Հարցազրուցավար Սառա Սան հանրային զրոյցը հարստացուց գիտական լրատուութեան իր խոր փորձառութեամբ։ Անոր մտածուած եւ դիպուկ հարցումները օգնեցին կենդանացնելու գիտնականին կեանքի պատմութիւնը՝ լուսաբանելով անոր նուաճումները, աշխարհահայեացքը, հիւմորը եւ համեստութիւնը։
Այս միջոցառումները ոչ միայն գիտական եւ ակադեմական գերազանցութեան անդրադարձ էին, այլեւ վառ օրինակներ՝ բարձրագոյն կրթութեան ընծայած հնարաւորութիւններու երկարաժամկէտ դրական ներգործութեան։ Դոկտոր Փաթափութեան հայազգի երկու Նոպէլեան մրցանակակիրներէն մէկն է, որոնք 1980-ականներուն Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքէն կրթաթոշակ ստացած են։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը շարունակէ բարձրագոյն կրթութեան կրթաթոշակներ տրամադրել՝ օգնելով հազարաւոր ուսանողներու եւ հետազօտողներու։ Ամեն տարի Բաժանմունքը մինչեւ մէկ միլիոն Եւրօ արժողութեամբ կրթաթոշակ կը տրամադրէ։
Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան Լիզպոն այցելեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան եւ Շամպալիմօ հիմնադրամի համատեղ հրաւէրով. Շամպալիմոյի մէջ Փաթափութեան ելոյթ ունեցաւ մայիսի 20-ին՝ աւելի մանրամասն բացատրելով իր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները եւ անոնց արդիականութիւնը բժշկական աշխարհին համար։
Քաղուածաբար՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի կայքէջէն՝ https://bit.ly/3HvZPel