Զգո՛յշ, «փափուկ ամբողջատիրութիւնը» կը քանդէ հաւաքական մեր կեանքը

Ժամանակակից աշխարհին մէջ, գաղափարներու եւ կարծիքներու ազատ արտայայտութեան իրաւունքը կը նկատուի ժողովրդավարութեան հիմնաքարներէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը: Սակայն, քաղաքական կեանքի մէջ յաճախ կը նշմարենք «ազատական» երեւոյթներուն ետեւ թաքնուած վերահսկողութեան աւելի նուրբ ձեւ մը, զոր պիտի կոչենք «փափուկ ամբողջատիրութիւն»: Այս եզրը բնականօրէն նորութիւն մը չէ, այլ կը կիրարկուի քաղաքական օտար գրականութեան մէջ, բայց հայ իրականութեան մէջ գրեթէ ներկայ չէ ո՛չ իբրեւ եզր, ո՛չ ալ իբրեւ բացատրութիւն՝ թէեւ լայն կերպով կը կիրարկուի հեղինակութիւն ունեցող բոլոր շրջանակներուն կողմէ, պետական, կուսակցական, յաճախ միութենական ու թաղային իշխանութիւններու կողմէ:

Ի տարբերութիւն բացայայտ քաղաքական ճնշամիջոցներու կամ ահաբեկող ձեւերու, գերակայութիւն եւ տեսակէտ պարտադրելու այս ձեւը ի գործ կը դնէ բարոյական չափանիշներ` ընդհանրապէս պատմական կամ գաղափարական հիմքերով, զորս մարդիկ կը վախնան հատելէ: Այս նուրբ մօտեցումը կրնայ նո՛յնքան արդիւնաւէտ ըլլալ այլախոհութիւնը, այլակարծութիւնը ճնշելու եւ հանրային խօսոյթի վրայ ազդելու՝ շատերը առաջնորդելով ինքնագրաքննութեան եւ հեռու պահելով զանոնք իրենց իսկական մտածածը արտայայտելէ:

«Փափուկ ամբողջատիրութիւնը» կը ծաղկի բարոյական եւ գաղափարական սահմաններ ստեղծելով ու պարտադրելով զանոնք: Իշխանութիւններ, քաղաքական կուսակցութիւններ եւ որոշ հեղինակութիւն վայելող խմբակցութիւններ ու ազդեցիկ անձեր կը զեղծեն պատմութիւն եւ չափանիշեր, եւ կը թելադրեն այն, թէ ի՞նչ բան ընդունելի է ըսել… կամ նոյնիսկ մտածել: Այս բոլորը կը կատարուին ոչ թէ ուղղակի սպառնալիքներով կամ բռնութեամբ, այլ ընկերային հարկադրանքի եւ մշակութային գրաքննութեան միջոցով: Ընկերային պարտադրանքը կը վերաբերի գործադրուող ճնշումի ձեւերուն՝ շրջապատը որոշ համոզումներու կաղապարին մէջ պահելու միտումով:

Այս անուղղակի ճնշումները, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, յաճախ կը կիրարկուին նոյնիսկ բարեկամներու միջեւ, անհրաժեշտ պարագային կը դիմուին մշակութային արժէչափերու կամ կը ստեղծուի, կը պատրատուի կանխամտածուած հանրային կարծիք մը, որմէ շեղիլը կը դառնայ մեղքի համազօր: Այս անուղղակի ճնշումները կը ստիպեն շատերը գործելու այնպէս եւ որդեգրելու այնպիսի կեցուածքներ, զորս այլապէս պիտի մերժէին՝ պարազապէս խուսափելու շրջապատի դժգոհութենէն, հանրային ամօթանքէ, օտարուելէ՝ «ծուռ աչքով» նայուելէ, ինչպէս կ’ըսեն: Անհատներ որոնք կը համարձակին դուրս գալու այս գիծերէն, վտանգի տակ կը դնեն իրենց ընկերային դիրքը, եթէ մտահոգ են անոր պահպանումով. կրնան նոյնիսկ ասպարէզային վնասներու ենթարկուիլ՝ պաշտօն կամ յաճախորդ կորսնցնելով: Հետեւա՞նքը, շատեր այս անտեսանելի գիծերը անցնելու վտանգներուն փոխարէն` կ’ընտրեն լռութիւնը:

«Փափուկ ամբողջատիրութեան» կիրարկումի եղանակները ընդհանրապէս հիւսուած կ’ըլլան հասարակական կառոյցներու հետ: Լրատուամիջոցներ, կրթական հաստատութիւնները եւ ընկերային ցանցերը յաճախ հիմնական դեր կը խաղան յաւէրժացնելու բարոյական այս շինածոները: Ընտրովի ու կողմնակալ լրատւութեան եւ գաղափարական զատուած կարգախօսերու միջոցով այս հաստատութիւնները կը պարտադրեն նախաձեւուած եւ ընդուելիի վերածուած այս նորմերը: Ընկերային ցանցերը կը բազմապատկեն անոնց ներգործութիւնը, ուր ամբոխային մտածելակերպը արագօրէն կը դառնայ տիրական, եւ այլախոհ ձայները կը խեղդուին դատապարտումի ալիքի մը մէջ:

Այս երեւոյթը յատկապէս մտահոգիչ է, որովհետեւ ան կը գործէ բարոյականութեան եւ ընդհանրական բարիքի քօղին տակ: Ենթարկուածութիւն ստեղծելու այս ճնշումը չի ներկայացուիր իբրեւ քաղաքական խաղ, այլ իբրեւ հասարակական որոշ արժէքներ պահպանելու հրամայական մը: Այս հնարամտութիւնը կը դժուարացնէ խաղին բացայայտումը եւ անոր ընդդիմանալը, որովհետեւ որեւէ ընդդիմութիւն կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ յարձակում լայնօրէն ընդունուած սկզբունքներու դէմ: Հետեւաբար, զանգուածները, իրենց դրածոյ տրամաբանութեամբ, կը դառնան պարտադրուած իրավիճակի մը պահպանման մեղսակիցները, ընդհանրապէս անգիտակցաբար:

«Փափուկ ամբողջատիրութեան» ազդեցութիւնը շատ մեծ է: Երբ մարդիկ կը վախնան արտայայտելէ իրենց իսկական կարծիքը, հանրային քննարկումը ո՛չ միայն կը դառնայ աղքատ, այլեւ թունաւոր ու հայհոյաքներով լեցուն, գերազանցօրէն յետադիմական: Նորարարութիւնն ու յառաջդիմութիւնը, որոնք կը զարգանան տարբեր գաղափարներու ազատ փոխանակումով, կը խեղդուին: Կարեւոր եւ վիճելի հարցերը կը մնան անլոյծ, որովհետեւ պարտադրուած բարոյական արուեստական կանոնները իրե՛նք կ’որոշեն, թէ ո՞ր հարցերը արժանի են քննարկումի: Աւելին, ընկերային-հասարակակակ հետեւանքներու վախը կրնայ առաջնորդել ինքնագրաքննութեան, երբ անհատներ կ’իւրացնեն այդ սահմանափակումները եւ այլեւս չեն ալ մտածեր այլընտրանքային տեսակէտներու մասին:

«Փափուկ ամբողջատիրութեան» երեւութապէս կիրարկած նուրբ միջամտութիւններուն եւ անոր գործած աւերներուն ճանաչումն ու դիմակալումը կենսական նշանակութիւն ունի հաւաքականութիւններու յառաջդիմութեան համար: Անոր դիմաց, քննական մտածողութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան յարմար ենթահողի, միջավայրի ստեղծումը, ուր տարբեր կարծիքներ կը հանդիպին ու քննականօրէն կ’արծարծուին, շատ կարեւոր է հանրային առողջ խօսոյթ յառաջացնելու: Լրատուամիջոցները պէտք է առաջնահերթութիւն տան անաչառութեան եւ խուսափին գաղափարական միակերպութիւն պարտադրելէ: Ընկերային հարթակները պէտք է խթանեն յարգալից խօսակցութիւններ եւ պաշտպանեն օգտատէրերը, բոլորը օգտատէրերը՝ նախատինքներէ եւ հայհոյանքներէ. արհեստագիտութիւնը կրնայ նպաստել: Տակաւին, անհատներ իրե՛նք կրնան պայքարիլ եւ հակազդել «փափուկ ամբողջատիրութեան» լուռ բռնադատութեան՝ կասկածի տակ առնելով պարտադրուած բարոյական նորմերը եւ ստեղծելով ազատ եւ յարգալիր արտայայտուելու տարածքներ:

Անհեթեթ է ժողովրդավարութեան, ոչ ալ միասնականութեան մասին խօսիլ, երբ «փափուկ ամբողջատիրութիւն» կը կիրարկուի մեր իրականութեան մէջ:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
3 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Varty Tanielian
Varty Tanielian
11 months ago

Պարոն Թէնպելեան,
Ալին Եագուպեանի առցանց ներկայացուած հարցազրոյցը “Bullying” -ի մասին՝ տեղի եւ յատկացուած ժամանակի խտութեան պատճառով, չէր կրնար մանրամասնօրէն խօսիլ այս «ախտ»-ին մասին, ինչ որ դուք սքանչելիօրէն կատարած էք ձեր յօդուածով:

Մենք պարկեշտ ու անկաշառ հոգեմտաւոր համակարգ չունինք,- փորձե՞ր էք նախակրթարանի աշակերտէն ի՛ր կարծիքը արտաբերել ի՛ր ինքնութեան մասին – պիտի լսէք ամէն օր «գոց սորվեցուած բաներ», որուն իմաստն ու խորքը իրեն համար անհասանելի են: Այսինքն՝ մանուկը կը սկսի առաջին դասարանէն իսկ իր մտածածը չըսել, որովհետեւ իր «ինքնուրոյն կարծիք» ունենալը չէ քաջալերուած, ոչ՝ տունէն եւ ոչ ալ՝ դպրոցէն: «Ինք ո՞վ է որ, կարծիք դրսեւորէ:»

Իմ համեստ կարծիքով, ահա թէ ուրկէ պէտք է սկսիլ: Ուսուցչական ասպարէզին մէջ «դասաւանդման լիովին չիւրացուած մէթոտ» ըսուածն է խարանուածը, փոխանակ՝ ուսուցչի մասնագիտացման մէջ նեառրուելիք անբաժանելին՝ մանուկի «հոգեմտաւոր կառոյցը» մշակող գիտութիւնը: Նոյն գիտութիւնը պէտք է մանուկին խողովակով հասանելի դարձնել բոլորին – տուն, ակումբ, խաղավայր, եւայլն, եւ թերեւս, օր մը, մեր ակումբներուն մէջ, հայը իր միտքը արտայայտէ առանց իր նայուածքով ստուգելու թէ որո՞նք կը բաժնեն կամ ոչ՝ իր կարծիքը, թէկուզեւ ճմռթկուած հայերէնով:
Վարդի Դանիէլեան

Գեղամ
Գեղամ
6 months ago

Վերացական է, օրինակներով չամրապնդված, հետևաբար ոչ հավաստի: Եթե անհասցե է, ապա ո՞վ պիտի ընդունի իր սխալը և ձգտի ուղղվել:

3
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x