Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով (Ե. մաս)

Յարութիւն Քիւրքճեան

Հետագայ հինգերորդ մասով, Քիւրքճեան խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ սփիւռքահայ գաղութներու մէջ առկայ մշակութային օտարումին մասին՝ օրինակ առնելով Պուրճ Համուտը, ուր ցայտուն է հայ ժամանակակից գրականութեան մը բացակայութիւնը, որ կ’արտայայտէ համայնքին ներկայ կեանքն ու անոր հարուստ ու խայտաբղէտ առօրեան: Իսկ եղած գրական գործերը կա՛մ չափազանցօրէն կ’անդրադառնան անցեալին, կա՛մ չեն կարողանար առնչուելու ժամանակակից հարցերու՝ մշակութային զգալի պարապ մը ձգելով:
Քիւրքճեան կը ձաղկէ գրականութեան մէջ Պուրճ Համուտի ժողովուրդին պայքարները, խօսած լեզուն՝ փողոցինը՝ «արկոն», մշակոյթները եւ իւրայատուկ մթնոլորտը ներկայացնելու այս ձախողութիւնը: Հայկական սփիւռքի անցեալ տասնամեակներու կեանքը՝ իր բոլոր մարտահրաւէրներով, փոփոխութիւններով ու զարգացումներով, փաստօրէն անցած է առանց գրաւոր արձանագրութեան կամ խեղաթիւրուած գրականութեամբ: Գրական այս պարապը, կը վիճարկէ Քիւրքճեան, զրկուածութեան ձեւ մըն է, որ սփիւռքահայ հասարակութիւնը կը հեռացնէ իր սեփական ինքնութենէն եւ կը խզէ ներկայ իրականութիւններէն: Ան կոչ կ’ուղղէ նոր տեսակի գրականութեան մը ստեղծումին, որ հում է, բարդ եւ հաւատարիմ հայկական սփիւռքի ներկային՝ դուրս գալով հնամաշ աւանդութիւններէն եւ ամբողջովին նուիրուած այսօրուայ, թերեւս քաոսային, բայց կենսունակ կեանքին: Նորարարութիւնը աւանդութեան հակադրելու փոխարէն՝ Քիւրքեան կ’ընդգծէ, թէ ինչպէ՛ս իսկական նորարարութիւնը յաճախ կը յառաջանայ նոյնինքն աւանդութեան խոր ըմբռնումէն: Աւանդութեան ենթադրեալ պաշտպանները, սակայն, կը մերժեն փոփոխութիւնները՝ կրկնելով նոյն սխալները՝ դատապարտելով օտար ազդեցութիւնները՝ միաժամանակ անտեսելով իրենց շրջապատին մէջ զարգացող նոր իրականութիւնները:
Տակաւին, ի՞նչ սփիւռքի մասին է խօսքը, երբ մէկ գաղութը չի ճանչնար միւսը։ Հակառակ երբեմն սփիւռքը մշակութային ու ազգային մէկ պարունակի մէջ ընդգրկող խօսոյթներուն, նոյնիքն Պուրճ Համուտի հայութիւնը օտարացած եւ անջատուած է աշխարհի միւս հայ գաղութներէն, ինչպէս՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի: Այս օտարումը աւելի կը շեշտուի նոր սերունդի մը բացակայութեամբ, որ ունակ է ընդունելու թէ՛ տեղական իրականութիւնները, եւ թէ՛ բացուելու եւ կապուելու աւելի լայն աշխարհին ու հայաշխարհին: Նոր սերունդ մը ընկերաբաններու, մտաւորականներու եւ գրողներու, որոնք կ’ուսումնասիրեն սփիւռքի բարդութիւնները՝ ոչ թէ հայկականութիւնը պահպանելու միտումով, այլ ստեղծելու անոր նոր տարբերակը՝ որակայինը: Պէտք է կեդրոնանալ նորարարութեա՛ն, ստեղծագործութեա՛ն վրայ, եւ ոչ թէ՝ պահպանումի:
Ապա, Քիւրքճեան ֆրանսահայ գաղութը կ’առնէ որպէս կենդանի օրինակ, թէ ինչպէ՛ս հայերը կրնան ձուլուիլ՝ առա՛նց կորսցնելու իրենց ինքնութիւնը։ Հիմնուելով Ֆրանսայի մէջ իր սեփական փորձառութեան վրայ, ան ցոյց կու տայ, թէ ֆրանսահայը ինչպէ՞ս կրցած է նորաստեղծ ինքնութիւն մը զարգացնել՝ աւանդութիւնը միաձուլելով արդիականութեան: Ֆրանսահայերը յարմարած են իրականութեան եւ պահպանած իրենց մշակութային արմատները՝ հակադրուելով անխուսափելի ձուլման առասպելին: Քիւրքճեան կը հաւատայ, որ ինքնութեան պահպանումը կը կատարուի նորարարութեամբ եւ ստեղծագործական յարմարեցումով, եւ ոչ թէ ինքնանպատակ հայապահպանումով:
Այս բոլորին լոյին տակ, Քիւրքճեան կը ներկայացնէ ֆրանսահայ Ժոսլինը՝ արեւելեան գիտութիւններու հետեւող ուսանողուհին, որ ներքին տագնապ մը կ’ապրի իր ինքնութեան շուրջ: Ժոսլին ինքզինք կտրուած կը զգայ իր հայկական արմատներէն՝ բռնուած ժառանգուած աւանդութիւններու եւ արդիականութեան միջեւ: Անոր պատմութիւնը կը ներկայացնէ սփիւռքահայերու առջեւ ծառացած աւելի մեծ մարտահրաւէր մը. լարումը վերացական անցեալին եւ մշակութային նորարութենէ զուրկ ներկային միջեւ: Քիւրքճեան դիտել կու տայ, որ սփիւռքի գոյատեւումը ոչ թէ կախեալ է հայկականութեան պահպանումէն, այլ անոր նորաստեղծումէն՝ աւանդութիւնը միաձուլելով ժամանակակից գաղափարներու։

Վ. Թ.

Աղաղակող դրսեւորումներէն մէկն ալ օտարումի այս ընդհանուր վիճակին, սոսկական պահպանումի պարզացնող, հաշմող ազդեցութեան մշակութային զանազան վերնակառոյցներու՝ superstructureներու չգոյութիւնն է մեր գաղութին մէջ: Առաջին հերթին չգոյութիւնը իսկապէս այժմէական, այսինքն մեր այժմէութենէն բխող գրականութեան մը։ Չեմ գիտեր անցած էք իմ քաղաքիս՝ Պուրճ Համուտի փողոցներէն։ Անդրադարձա՞ծ էք որ «հայկական» այս քաղաքը չունի իր սեփական գրականութիւնը: Իր փողոցներուն մէջ ձիու սայլերն ու Ռոլզ–Ոոյսերը իրարու կը հանդիպին, իր մթնոլորտին մէջ ալիքները Պիթըլներ, Սապահ ու Պատալեան կը փոխադրեն, հազարաւոր հայ մանուկներ հայերէն ու արաբերէն եւ անգլերէն կը սորվին իր 3-4 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան վրայ, – ու Պուրճ Համուտը չունի իր իսկական առօրեայէն բխած գրականութիւն, իր տիպարներով, իր արկոյով, իրեն դրուող ընկերային, մարդկային խնդիրներու հարցադրումով։ Ես չեմ խօսիր պահպանում-ձուլում բեւեռներուն միջեւ տեղաւորուող էջերու կամ տաքուկ պատմուածքներու մասին, որոնք տարեց հերոսներու կամ տարիքէ ու ժամանակէ դուրս ապրող տիպարներու բերնով Աւանդութիւնը կը կրկնեն – անցեալի ոգեկոչում, անցեալէն վերապրող բարքերու սեւեռում. նոյնիսկ ներկայէն վերցուած նիւթերու պարագային, գրողի ոչ միայն գրական թեքնիքը, այլեւ ընդհանուր աշխարհիմացութիւնը կը պատկանին անցեալին: Քաղաքաբնակ մարդու, մեքենաներու շղթայի մը մէջ օրը ու կեանքը անցընող մարդու քիչ մը կարծր, անողոք, շարժանկարային առարկայականութիւնը բացակայ է այդ գործերէն: Այլ հարց, որ իսկական ենթակայականութիւնը՝ subjectivitéն՝ նոյնպէս եւ նոյնքան բացակայ է Պէյրութ տպուող «գրականութենէն» անանուն ամբոխներէն ծնող մենակեացի ներասոյզ ենթակայականութիւնը։ Ի հարկէ, չի բաւեր ասոնg համար լիբանանեան կերակուրներու կամ գիւղերու անունները դնել հատորի մը էջերուն, ոչ ալ, երկրորդ պարագային, խորհրդածական քանի մը տող արտադրել մեր երկրի սա կամ նա բնանկարին առջեւ: Երեւոյթը աւելի խորը եւ աւելի հեռուն կ’երթայ: Ամբողջ խառնուածքի մը, զգայնութեան ու ժամանակաշրջանի ոգիի հարցեր կը դրուին: Նոյնիսկ 1968ին, Պուրճ Համուտցին, Սփիւռքցին առհասարակ՝ չեն ապրիր իրենց Ներկան, իրենց Այժմէութիւնը այնքան մը վաւերականութեամբ, որ կարենային զայն Երկրորդ աստիճանի վերապրումի նիւթ դարձնել նաեւ, այսինքն զայն ընկալել կամ մերժել գրականութեան մակարդակին։ Վաւերականութիւն մը, ուր համադրուած ըլլային վերի յարկի Մարաշցի մեծ մայրիկին ապրումներն ու Համրայի երթեւեկի խճողումները, Նոր Սիսի ցեխը ու օթօրութի եզերքին ջախջախուած օթոյէն ծաւալող անհեթեթը։ Սինեմա Արաքսի առջեւ խօսուող արաբաթրքահայերէն արկօն ու ճազ նուագող տղոց մոլուցքը Շաբաթ-գիշերուան, Ռաս- Պէյրութի տասնվեցերորդ յարկի մը պատուհանէն ներս։ «Պնակ մը կերակուր»ի մասին գրուած խմբագրականը, եւ Թիրոյի քէմփի դռներէն փայլփլող պաստառը հեռատեսիլի։ Որովհետեւ Պէյրութի հայը կ’ապրի այս բոլորը. խառնիխուռն, մէկը միւսին վրայ, ապօրինիի նեղացուցիչ ապրումով մը։ Կիսկատար, «փախստական» ձեւով։ Եւ, ահա, չի կրնար գրականութեան վաւերացումը շնորհել այդ կեանքին: Ահաւոր զրկանքի մը, Օտարումի մը գինով ։ Որովհետեւ ահաւոր, հրէշային – առանց բառերու հետ խաղալու – երեւոյթ է գրականութենէ զրկուած հաւաքականութիւն մը։ Փնտռեցէ՛ք դուք 1940ի, 1950ի, 1960ի Պուրճ Համուտները՝ հարիւր հազարը անցնող այս գաղութի մինչեւ այսօր մամուլի տակէ հանած բոլոր էջերուն վրայ։ Փնտռեցէք թաղականներու ու ցեխի Պուրճ Համուտը, ներգաղթի Պուրճ Համուտը, հեռատեսիլի Պուրճ Համուտը։ Էջ մը, ուր անոնցմէ մէկը կամ միւսը տրուած ըլլայ իր իսկական ցեխին, իր վաւերական տագնապանքներուն կնիքով։ Երկու, երեք լեզուով խօսող մարդու, քաղաքակրթութիւններու քառուղիի մը բերանը նետուած, եւ իր հետ բերած աւանդի փոխակերպման պատասխանատու մարդու երկունքին կնիքով: Այս բոլորի ենթադրած նոր մէկ զգայնութեամբ նաեւ. քիչ մը կարծր, անգութ, բայց մանաւա՛նդ բարդ։ Եւ ո՛չ 1890ական միամակարդակ «իրապաշտութեամբ» մը։ Հաւանաբար չէք գտներ դուք այդպիսի էջ մը։ Եւ հաւանաբար բոլոր այդ Պուրճ Համուտներն ու Հալէպները, իրենց գաղտագողի, մաքսանենգուած, բռնօրէն պարզացուած բայց ի վերջոյ ապրուած գոյութիւններով՝ անմիջական գոյութեան մակարդակին – կորսուած գացած են։ Այս մտածումը, անվերադարձ կորուստի այս զգայութիւնը տաժանելի, տառապեցնող կը դառնայ՝ ամեն անգամ որ կ’անցնիմ 1968ի Պուրճ Համուտի, 1968ի «հայկական» Պէյրութի փողոցներէն։ Անվաւեր ու օտարեալ այդ կեանքը ի վերջոյ մեր կեանքն է, մեր միակ ու անփոխարինելի ներկան: Եւ մեր գրականութիւնը, մեր կարելի գրականութիւնը անկէ միայն կրնայ գալ։

Եւ չի կրնար օր մը չգալ այդ գրականութիւնը: Աւելորդ է հոս տուրք տալը գրական ամուլ բանավէճի, «հին»ի ու «նոր»ի խնդիր յարուցանել: Նորարարութիւնը արդէն ինք չի հակադրուիր աւանդության, առհասարակ: Նորարարական կեցուածքը բարդ է, ներադրութիւններով հարուստ, ու մեկնակէտի՛ն իսկ՝ աւանդութեամբ (չնոյնացնել աւանդապաշտության հետ) պատուաստուած։ Աւանդութեան կարծեցեալ պաշտպաննե՛րն են, որ ընդհակառակը պարզ, միամակարդակ ու ոչ-ճկուն վարդապետականութեամբ՝ dogmatismenվ իրենց դիրքերուն կը հակադրեն նորարարութիւնը։ Եւ շարքո՜վ կու գան բոլոր «դասական» դիտողութիւնները – «օտար» ազդեցութիւն, այս կամ այն -ismeի կապկում, անպարարութի՜ւն: Մարդ կը զարմանայ, կ՛ընդվզի՝ տեսնլով այն անգիտակից, մունջ համակերպութիւնը, որմով սերունդները կ’ընդունին… կրկնել նոյն դերերը, գրականութեան պատմութեան բեմին վրայ, նո՛յն յամառութեամբ, նո՛յն սին կիրքով. զոհ դառնալով նոյն անբովանդակ, կե՛ղծ հակադրումներուն։

Հակառակ ամեն բանի՝ չի կրնար օր մը չգալ այդ գրականութիւնը։ Տալու Սփիւռքի մեր Պուրճ Համուտները՝ իրենց այլազանութեամբ, իրենց ֆոլքլորային ապայժմէութեան ու նոյնքան ֆոլքլորային արդիականութեանը մէջ, իրենց ապրած օտարումով ՝ պահպանումի եւ ձուլումի առասպելներով, եւ վերջապէս՝ իրենց ակնկալած, սպասած Հայաստեղծութեան հոր ստորոգութեամբը, catégorieով։

Եւ այս գաղութներն են, այս գաղութն է, որ ամենէն աւելի ինքն իրեն իրաւունք կու տայ այսօր խօսելու… Սփիւռքի անունով – իր բոլոր ճառերով, բոլոր յօդուածներով ազգային-մշակութային իր գործունէութեանը մէջ, իր մամուլին մէջ: Բայց Լիբանահայը. օտարեալ, ինքզինք չճանչցող լիբանահայը ո՞ր չափով կը ճանչնայ Ալֆորվիլը, Ուոթըրթաունը, Ֆրէզնօն, Քորտոպան. առանց խօսելու Սկիւտարի, Հելիոպոլսոյ, Նոր Գիւղի կամ Նոր Ջուղայի մասին: Կա՞յ աւելի մեծ հակասութիւն, աւելի մեծ ինքնախաբութիւն ու կեղծիք, քան խօսիլ Սփիւռքի անունով, երբ այդ Սփիւռքը վերացականութիւն է միայն ձեզի համար, հեռուն անորոշ տեղ մը ձուլուող անանուն զանգուած մը։ Երբ չէ ան՝ առիթ հաղորդութեան, փոխադարձ ճանաչումի եւ փոխանակութիւններու: Պուրճ Համուտը, Պէյրութը ե՞րբ պիտի տան ամբողջ Սփիւռքը ստանձնելու ատակ սերունդ – սերունդ, որ բազմատարր, բազմորակ, բազմամակարդակ այս հաւաքականութեան ընդմէջէն փնտռէ ինքզինք եւ հայութեան նոր որակ մը։ Դուք կը տեսնէ՞ք այդ սերունդը, կոչումով ժողովրդարաններու, ընկերաբաններու այդ սերունդը, որ առաքելութեամբ պիտի մեկնի դէպի Արեւմուտքի երկիրները, ճանչնալու եւ վերապրող խմբաւորումները հայ զանգուածներու, գիտնականի անխառն կիրքով ու անկաժէ մարդու շահախնդրութեամբ միաժամանակ։ Եւ այդ ուսմունքը պիտի վերածէ տեսութեան ։ Արգասաբեր տեսութիւն, որուն փրաքսիսը՝ կիրարկումը՝ ըլլայ Հայաստեղծում մը, ո՛չ հայապահպանում, երբե՛ք հայապահպանում:

Հապա ձուլո՞ւմը, պիտի հարցուի։ Իմ ճանչցածս, ուսումնասիրածս, ըսի՝ Ֆրանսան եղաւ: Գաղութ մը, որուն ընդմէջէն կարելի է հասկնալ այն երեւոյթը, որ մենք Արեւելքի մէջ սովոր ենք ողբերգութիւն, սպիտակ ջարդ եւ դեռ չգիտեմ ի՛նչ կոչել, բայց որ առարկայականօրէն Սփիւռքահայու կացութիւն կը կոչուի պարզապէս:

Սխալ չհասկցուիմ, դարձեալ։ Այդ կացութեան անժխտելի իրողութիւնը չէ՛ որ կ’ուզեմ ժխտել։ Բայց հարցը այն է, թէ ո՛ր չափով այդ կացութիւնը մեր ստեղծագործութիւնը չէ, մեր կեցուածքին եւ ընտրութեան արդիւնքը չէ։ Դեռ մինչեւ է՞րբ հաւատալ ճակատագրի առասպելին: Որովհետեւ, այո՛, «ձուլում»ը Ֆրանսայի մէջ արդիւնքն է ո՛չ ֆրանսական մշակոյթի կլանող ուժին, ոչ ալ… մեր ճակատագրին, այլ պահպանումի միթոսին, առասպելին, խուճապին: Եւ ճանաչումի, ինքնաճանաչումի չգոյութեան: Այս վերջին հաստատումը նոր փաստեր պահանջելու չափ ծանրակշիռ է հաւանաբար։ Փորձեմ պատմել ու հասկնալ, թէ ի՛նչ կ՛ապրին, ինչպէս կ՛ապրին խումբ մը սփիւռքահայ ուսանողներ, մեր թուարկութեան 1968 տարուան ընթացքին «արեւմտեան կողմն» Սփիւռքի։

– Այժմէական հետաքրքրութի՞ւն. չէ: Հոս կու գամ, որովհետեւ լսած եմ թէ ձեր Միութիւնը իր հանդիպումներուն հայ մշակոյթի շուրջ ուսումնասիրութիւններ կը ներկայացնէ, իսկ կը հետաքրքրուիմ հայ մշակոյթով, որովհետեւ արեւելագիտութեան կը հետեւիմ:

Փարիզի մէջ, ուսանողական միութեան մը հանդիպումը. հայկական ակումբի մը մէջ: Քանի մը պէյրութահայ ուսանող, մէկ պոլսահայ, մէկ–երկու պարսկահայ…: Առաւել՝ քանի մը ֆրանսահայ տղաք, գիտակից հայկականութեան մթնոլորտի մը մէջ կազմաւորուած. բացառութիւններ: Ասիկա՝ խումբի կորիզը։ Որուն վրայ ահա կու գան աւելնալու «նոր»եր։ «Ձուլուած» աղջիկներ ու տղաք: Հրաւիրած ենք զիրենք, եւ ահա կը ծանօթանամ «արեւելագէտ» այս աղջկան. կը հանդիպիմ իր առողջ, անողոք անկեղծութեան:

Ուրեմն բնաւ չես գտնուած հայկական շրջանակի մէջ:

— Չէ՛: Անշուշտ ընտանիքս կայ, բայց… բայց հոն ալ տարբե՛ր է. չեմ գիտեր՝ պիտի հասկնա՞ք զիս, բայց ըսեմ, որ ընտանիքիս մէջ հայկական խնդիրները ոչ մէկ ատեն այժմէական ու անմիջական նշանակութիւն են ունեցած: Ըսել չեմ ուզեր, որ չէ խօսուած, ընդհակառակը, միայն խօսուած է։ Իսկ ընտանիքը անմիջական գործնական նշանակութիւն ունեցած է միայն իբր տնտեսական ազդակ, կամ ընթացիկ առօրեայ, ուր միւս խօսքերը ոչ մէկ ձեւով չէին իրագործուեր։ Ոչ ոք կար ինծի ցոյց տալու անոնց այժմէական արժէքը, անշուշտ եթէ ունէին այժմէական արժէք…

– Վերացականութեան մէջ ապրած ես։ 

– Այո՛, ու ամբողջ պատանեկութիւնս պայքար մը էղած է այդ վերացականութեան դէմ: Հետեւանք՝ կեանքէս դուրս քշած եմ, կամ քշել փորձած, այն բոլոր բաները, որ սխալ ու վանողական կը գտնէի ծնողներուս աշխարհին մէջ։ Բառերէն կը խորշիմ…

– Իսկ արեւելազիտութի՞ւնը… 

Առաջին Ժպիտը՝ պրկուած դէմքին վրայ. պզտիկ աղջկան ժպիտ մը։ 

–  Կ’ընդունիմ, յանցանքի վրայ բռնեցիր զիս: Ընդհանրապէս կ՛ըսեմ, որ արեւելագիտութիւնը դրական գիտութիւն մըն է, միւս բոլոր գիտութիւններուն պէս: Քեզի չեմ համարձակիր ճիշդ նոյնը ըսել միւս խոստովանութիւններէս ետք, բայց ճշմարտութիւնը շատ ալ հեռու չէ։ Այո՛, գիտութիւն մը, որքան ալ հայերէնի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնս միայն գիտական եղած չըլլայ մեկնակէտին։ Հայերէնին հայերէն ըլլալը չէ որ գրաւած է զիս – արդէն մոռցած եմ գիտցած քանի մը բառ խօսակցական հայերէնս։ Այլ, այս գիտակա՛ն կալուածին մէջ, իր դրակա՛ն ըլլալը, այժմէական ըլլալը…

– Գիտական առարկայի՞ այժմէականութիւն… 

Ինչո՞ւ չէ։ 

– Եւ հաւատացէ՛ք, որ Ժոսլինը միակը չէ այս պայքարին մէջ. անցեալէն ժառանգ մնացած բառերու հեւքոտ ներկայի մը միջեւ առկախ։ Իր աւանդութիւնը նորելու անատակ հաւաքականութեան մը, եւ գլխապտոյտ տուող այժմէականութեան մը միջեւ։ Ժոսլինը միակը չէ. տասը հազար են անոնք, քսան տարեկանէն քիչ մը վար ու քիչ մը վեր, Փարիզի շրջանին մէջ ատոր եռապատիկն են՝ ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին: Ատոր հնգապատիկը, եօթնապատիկը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Վիճակագրութիւն չունիմ անշուշտ ձեռքս։ Սփիւռքը, իր միջնադարին մէջ, վիճակագրութիւն չի ճանչնար: Եւ թող կորսուին ձեռնածալ ողբասացները, ասպարէզով յոռետեսները, (ասպարէզով լաւատեսները գերադասելի չեն անշուշտ…), ազգային աւանդութեան գանձապահները։ Ես չեմ խօսիր ձեռքի մը մատներու վրայ համրուող այն երկուքին, երեքին մասին, որոնք հոս կամ հոն գիտցեր են ստեղծել հայութեան նոր որակ. որակ՝ որ միայն աւանդութեան ու նոր պայմաններու կրկնակ տիրապետումէն կը ծնի։ Ստեղծել, ու ո՛չ պահպանել. ստեղծումը արդէն կը պահպանէ, իսկ պահպանումը… բա՛ն մըն ալ չի պահպաներ պահպանումը. ո՛չ իսկ ինքզինք: Բայց ես չանցնիմ անդին՝ պատմիչի իմ դերէս: Վերադառնամ Ժոսլինին եւ միւսներուն:

Նախորդ բաժինը (Դ. մաս) կարելի է կարդալ այս կապով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x